Շիրին Սէյքալի Պաղէստինի մասին

Պողա­զիչի Հա­մալ­սա­րանի քա­ղաքա­գիտու­թեան եւ մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու, ըն­կե­րաբա­նու­թեան եւ պատ­մութեան բա­ժին­նե­րու դա­սախօս­նե­րու միաս­նա­կան ջան­քե­րով ամէն տա­րի կը կա­յանայ «Հրանդ Տին­քի յի­շատա­կին մար­դու իրա­ւունքնե­րու եւ խօս­քի ազա­տու­թեան բա­նախօ­սու­թիւն» մը։

Այս տա­րի բա­նախօ­սելու հրա­ւիրո­ւած է Գա­լիֆոր­նիա Հա­մալ­սա­րանի Սան­թա Պար­պա­րայի պատ­մութեան բաժ­նի դա­սախօս փրոֆ. Շի­րին Սէյ­քա­լի։

Ան ծա­նօթ է հիմ­նա­կանին Պա­ղէս­տի­նեան խնդրի եւ առ­հա­սարակ ալ Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի ան­ցուդարձնե­րու մա­սին իր հրա­տարա­կու­թիւննե­րով։

Սէյ­քա­լի միաժա­մանակ կը վա­րէ Սթենֆրդ Հա­մալ­սա­րանի հրա­տարա­կած «Պա­ղէսի­նեան Ու­սումնա­սիրու­թիւններ» անուն պար­բե­րակա­նի հա­մախմբագ­րի պաշ­տօ­նը։

Ար­ցանց բա­նախօ­սու­թեան ըն­թացքին փրոֆ. Շի­րին Սէյ­քա­լի լսա­րանին պի­տի ուղղէ «Պա­ղէս­տի­նի պատ­մութիւ­նը եղեռ­նէ վե­րապ­րե­լու մա­սին ի՞նչ կը սոր­վեցնէ» հար­ցումը եւ իր պա­տու­մը պի­տի յի­շէ հա­րիւ­րա­մեայ պատ­մութեան մը լոյ­սին տակ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ակա­նատե­սու­թիւնը, այս նիւ­թով գրա­կանու­թեան ապա­հոված հարստու­թիւնը եւ ներ­կա­յի ու ապա­գայի փո­խազ­դե­ցու­թիւննե­րը։

Պո­ղազի­չի Հա­մալ­սա­րանի Հրանդ Տին­քի յի­շատա­կի ձօ­նած այս բա­նախօ­սու­թիւննե­րու շար­քի առա­ջինը կա­յացած էր 2008-ին։ Մին­չեւ օրս իրեն բա­նախօ­սու­թիւննե­րով ներ­կա­յացան Արունտա­թի Ռոյ, Նոան Չոմսքի, Նաօմի Քլայն, Էն­ճը­լա Տէյ­վիս, Վան­տա­նա Շի­վա, Էթին Պա­լիպար, Էյալ Պայզման, Շար­զատ Մա­յորք եւ այլ անո­ւանի ակա­դեմա­կան­ներ, փի­լիսո­փաներ ու մար­դու իրա­ւունքի պաշտպան­ներ, առ­ցանց բա­նախօ­սու­թեան կա­րելի է հե­տեւիլ 546871 գաղտնա­գիրով կամ ալ Պո­ղազի­չի Ակա­դեմիայի «եու­թուպ»եան էջի մի­ջոցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ