Այս տարի 8-րդ անգամ 6 Մայիս Երկուշաբթի օր, Ճեմ Գարաճա Մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայացաւ Իւսթիւն Աքմենի անուան ձօնուած թատերական մրցանակներու տուչութեան հանդէսը։
Շայլան Աքմենի գլխաւորած դատակազմը 2023-2024 գեղարուեստական տարեշրջանի բեմադրութիւնները դիտելով կայացուցին իրենց գնահատումը։ Այսպէս Նշան Շիրինեան եւ Սերփիլ Թամուր արժանացան «Յարգանք վարպետին», Մեհմետ Էսադօղլու, Համիթ Տեմիր եւ Կիւլ Կէօքէր «Պատուոյ», Անի Իփէքքայա, Սուլհի Թեքնիքէր եւ Այսան Սիւմերճան «Վաստակ»ի մրցանակներուն։
Քեմալ Պաշարին յանձնուեցաւ յատուկ մրցանակ մը եւ փրոֆ. Այշեկիւլ Եիւքսել ալ պարգեւատրուեցաւ թատերաքննադատներու պատուոյ մրցանակով։
Տիյանա Չիլինկիրեան «Յոյս ներշնչող դերասանուհի» մրցանակը նուաճեց «Յանկարծ» թատերախումբի բեմադրած «Իմ Սիրտը Լեռներում է» թատերախաղի դերակատարութեամբ։
«Տարուայ բեմադրիչը» մրցանակին արժանի գտնուեցաւ Էրհան Թունա, «Թրոյացի Կանայք» թատերախաղով։