SARKIS SEROPYAN

Sarkis Seropyan

Հայրենագիտութիւն-Հայրենասիրութիւն-2

 Մեր նախորդ, այս շարքի առաջին յօդուածին մէջ, հետեւելով Ռաֆֆիի հերոսներու ոտնահետքերուն, պտըտած էինք Վանայ ծովու արեւելեան կողմի Հաւաձորն ու Հայկաբերդ կոչուած բլուրին վրայի մնացորդները։ Թէեւ այս յօդուածաշարքով Վանի, աւելի ընդարձակ իմաստով Վասպուրական աշխարհի մէջ դեռ քանի՜ քանի տեղեր ունինք հանդիպելիք եւ իրենց առասպելներուն հետ հաղորդուելիք, ինչպէս օրինակ՝ Շամիրամայ առուն, Անգղ գետը, Բարդողիմէոսի վանքն ու Ձորադիրի Ս. Էջմիածինը, Վան-Տոսպը իր Այգեստանով, Վարագայ սարով։ Այսուհանդերձ մենք նպատակ չունենալով որոշ ուղղութեան մը հետեւելու, նիւթէ նիւթ, քաղաքէ քաղաք պիտի անցնինք, քանի որ զբօսաշրջական պտոյտ մը պիտի չներկայացնենք։ 

Մինչ այդ, 1975 թուին կատարած մեր Արեւելեան առաջին պտոյտին, կը շրջէինք այժմ Կիւրփընար կոչուած ջրառատ գիւղաքաղաքը, որուն սարերէն բխող առատ ու քաղձրահամ ջուրը ակունքն է եղեր ուրարտուցի թագաւոր Մենուայի ձեռակերտ ջրանցքին, որ մօտ 50 Քմ. ճանապարհ կտրելով կը հասնի մինչեւ Վան եւ Արտամեդ, ջրելու համար այդ շրջաններու այգիներն ու ծառաստանները։

Շինական հայ ժողովուրդին սեփական ձեռքերով կառուցուած այս արուեստական գետակը տեղ-տեղ բլուրներ ճեղքելով, տեղ-տեղ ալ կառուցուած թումբերու վրայէն անցնելով, կամուրջով մը կը ցատկէ Խոշաբ ալ կոչուած Անգղ գետին քանի մը մեթր բարձրէն, հասնելու համար իր նպատակին։   

Եկուր տես որ հայ ժողովուրդը Մենուայի ջրանցքի շինութիւնը վերագրեր է Ասորեստանի թագուհիին ու կոչեր՝ Շամիրամայ առու, որը տեղացի քուրտի բերնին մէջ վերածուեր է՝ «Շամրամ արքը»ի։

Բայց մենք հոս կը կտրենք այս նիւթը եւ Ասլանի եւ Ֆարհատի հետ կ՚ուղղուինք Բաղէշ ու կը ծանօթանանք այն օրերու քաղաքին հետ։

 (Շար. 2)

Յառաջիկայ յօդուած.- Քարեղէն քաղաքը՝ Բաղէշ կամ Պիթլիս