Զօրակցութեան իմաստալից նախաձեռնութիւն

Լեւոն Վարդուհեանցիներու Սանուց Միութիւնընիւթական որոշ դժուարութիւններու առջեւ գտնուող Հրանդ Տինք վարժարանին օժանդակելու համար գտած է յարմար եղանակ մը։ Այսպէսով անոնք որոշած են Սուրբ Զատկի տօնի նախօրեակին արհեստական ձուեր ներկել եւ անոնք ղրկել դպրոց, որպէսզի աշակերտները վաճառեն եւ հասոյթը յատկացնեն հայաստանցի աշակերտներուն։

Այս տարի կազմութեան աշխատութիւններու մէջ գտնուող Լեւոն Վարդուհեանցիներու Սանուց Միութիւնը արդէն սկսած է ազգանուէր ծառայութիւններ կազմակերպելու։ Միութեան վարչութիւնը նիւթական որոշ դժուարութիւններու առջեւ գտնուող Հրանդ Տինք վարժարանին օժանդակելու համար գտած է յարմար եղանակ մը։ Այսպէսով անոնք որոշած են Սուրբ Զատկի տօնի նախօրեակին արհեստական ձուեր ներկել եւ անոնք ղրկել դպրոց, որպէսզի աշակերտները վաճառեն եւ հասոյթը յատկացնեն հայաստանցի աշակերտներուն։ Նշենք որ այս աշխատութեան ձեռնարկող խումբը Բարեկենդանին ալ խրախճանք մը կազմակերպած էին ի նպաստ Հրանդ Տինք վարժարանին։

Այսպէս 29 Մարտ Կիրակի օր Լեւոն Վարդուհեան դպրոցի շրջանաւարտներու միութիւնը Հրանդ Տինք վարժարանի սաներուն հետ պիտի ձեռնարկեն ձուաներկի։ Նոյն օրը պիտի բեմադրուի նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի պատմութիւններէն «Շունն ու Կատու»ի ներկայացումը։