PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Որջոյն կամաւոր հայերուն

Չարը դատապարտուած է վայրագութեան, վայրագութիւնն ալ իր կարգին կը ծնի չարիքը։ Անհուն պարոյր մըն է այս, որ շրջելով հասարակութեան մէջ կը փորձէ արմատ արձակել, թունաւորելով ամբողջ ընկերային կեանքը։ Այդ թոյնի բաղադրիչներէն մէկն ալ կասկածամտութիւնն է։ Կասկածամտութիւնը՝ որ իր արտադրած հարցականներով գիտութեան զարգանալուն առիթ կ՚ընձեռէ, ընկերային կեանքէ ներս կրնայ նաեւ աւերիչ հետեւանքներ ունենալ։ Կասկածամիտը միշտ շփոթի մատնուած է։ Երբեք չի համոզուիր խօսակցին ըսածներէն։ Ան ամենապարզ նիւթերու մէջ իսկ կը փնտռէ յետին նպատակ։ Նոյնիսկ վերապահ է սովորական բարեւի հանդէպ։ «Արդեօք ի՞նչ նպատակով բարեւեց զիս։ Փոխանցելո՞ւ եմ իր բարեւին, թէ ոչ չլսել ձեւացնեմ»։ Ծիծաղելի կրնայ թուիլ, բայց շատ են այս տեսակի կասկածամիտները։ Պատճառը յստակ է, խաբուելու վախը։ Արար աշխարհ դաւադրութեան հեռանկարով դիտողի վախն է այս։ Կը կարծէ թէ մարդիկ գործ, բան չունին զինք խաբելու ելած են։ Մտքէն իսկ չանցներ «զիս խաբելով ի՞նչ կը շահին» հարցումը։

Իրողութիւն մը եւս կայ։ Այս տեսակ կասկածամտութեամբ տառապողները իրենք արդէն վտանգ կը ներկայացնեն ողջամիտ հասարակութեան համար։

Այս բոլորը մտաբերեցինք Եշիլգիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր եկած էինք մեր ուրախութեան բաժինը առնելու այդ օր կայանալիք հաւաքական մկրտութեան առիթով։ Տպաւորիչ էր պատկերը։ Տարիքները տասով 75-ի միջեւ 12 տէրսիմահայեր մեծ յուզումով կը սպասէին մկրտութեան խորհուրդի կատարման։ Եկեղեցւոյ երէցը Տէր Տրդատ բացատրութիւններ կու տար իրենց եւ անոնց կնքահայրներուն։ Բոլորն ալ համբերութեամբ աւարտած էին Պատրիարքարանի պահանջած վեցամսեայ քրիստոնէութեան դասընթացքը։ Մկրտուելով մաս պիտի կազմէին թրքահայ հետզհետէ նոսրացած հասարակութեան։ Պիտի կարենային մեր դպրոցներուն մէջ ուսանիլ, մեր եկեղեցիներուն մէջ պսակուիլ եւ երբ օրը հասնի յուղարկաւորուիլ եւ հայոց գերեզմանատունը թաղուիլ։ Անոնց համար կարեւոր էր այս բոլորը։ Բայց մենք կը մտաբերէինք այդ բոլորին պատահաբար արժանացողներու անփոյթութիւնը։ Ինչ զարմանալի, այս վերջիններուն համար նշանակութիւն չունէր այն բոլոր բարոյական արժանիքները, որոնց համար ահա այս 12-ը պատրաստ էին բազում զոհողութիւններու։ Բայց եկուր տես որ պատահական հայերը լուրջ վերապահութիւն ունին կամաւոր հայերու նկատմամբ։ «Արդեօք ինչո՞ւ հայանալ կ՚ուզեն։ Ի՞նչ կ՚ակնկալեն մեր եկեղեցիին անդամակցելով»։ Ապա դարձեալ իրենք կը գտնեն այս հարցումներուն պատասխանները։ «Կը տեսնէք շուտով կը մասնակցին մեր հաստատաութիւններու ընտրութիւններուն, որպէսզի կեղեքեն ազգային հարստութիւնը»։

Թրքական առածը կ՚ըսէ որ «մարդ ինք ինչ որ է, դիմացինն ալ նոյնը կը կարծէ»։ Ափսոս որ այս հաստատումը կ՚արդարանայ վերի օրինակներուն մէջ։ Իրենք խիստ կասկածելի եղողները կասկածով կը դիտեն նաեւ ամէն երեւոյթ։ Ոչ ոքի համար բացառուած չէ չարագործութեան հաւանականութիւնը։ Բայց այդ ո՞ր միտքն է որ նման հաւանականութեան համար մեղադրանքի տակ պիտի դնէ ժողովուրդի կարեւոր մէկ խաւը, որ պարզապէս ունեցած է իր նախնեաց սրբութիւններ վերադառնալու կամքն ու գիտակցութիւնը։

Մենք սրբազան կը դասենք այդ կամքը եւ մեր ամբողջ ուժով կը պայքարինք զայն ձախողեցնելու համար աշխատողներուն դէմ։