PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Էրտալ Էրէն անմահ է

Որքանով իրաւացի է մեր ժամանակներու մէջ յորդառատ անձրեւներու բերմամբ պատահած հողասահքը աղէտ կոչել եւ այս աղէտէն տուժածներուն ալ խորհուրդ տալ Աստուծոյ գթութեան ապաստանիլ։

Գիտութիւնը հասած է այն բարձունքին, ուր աղէտ կոչուածը շատ անգամ կանխատեսելի վտանգէ մը աւելին չէ։

Քանի մը օր առաջ Հոփայի մէջ պատահածն ալ կարելի է այս շրջանակի մէջ դիտել։ Երկրաֆիզիքոսներ ահազանգած էին նման փորձանքի մը հաւանականութիւնը յուշելով։ Նոյնպէս քաղաքաշինութեան մասնագէտներ ու երկրաչափեր ալ ահազանգ հնչեցուցած էին Հոփայի գետերու հոսքի ուղղութեան փոխուելուն, կամ Սեւ ծովեան ծովափեայ ճանապարհին կառուցումին տեղի տալիք վտանգներու մասին։ Սակայն դրամապաշտութեան նոր հոսանքը այդ ազդանշանները լսելու մտադիր չէր։ Վերջապէս հարստութիւնը պիտի կուտակուէր բնութիւնը կեղեքելով։ Այնքան ոգեւորուած էին որ շահոյթի ակնկալութենէ, իրենք զգուշացնող գիտնականները անվարան մեղադրեցին ազգադաւութեամբ։ Վերջապէս երկիրը ուժանիւթի կարիք ունէր եւ շատ բնական է որ այդ կարիքը ապահովուէր երկրի գետերը ցամքեցնելով։ Մէկ կողմ թողունք գետերը, աչք տնկեցին գետակներու, արուներու ջուրերուն իսկ։ Փորձեցին հաստ պատերու ետին ամբարել Չորոխի կամ Ֆուրթունայի յորդահոս ջուրերը։ Միւս կողմէ ծովափնեայ ճանապարհաշինութեամբ արգելք հանդիսացան այդ նոյն գետերուն ծով հասնելուն։ Սակայն փորձուած իրողութիւն է, բնութիւնը ձեւով մը ետ կ՚առնէ իրմէ գողցուածը։ Եւ Թուրքիոյ մէջ այդ փորձութիւնը անհամար անգամներ կրկնուելով հանդերձ միշտ գերիշխողը եղաւ շահի ակնկալութիւնը։

Այս վերջին փորձութեան զոհ գացածներու թիւը հասած է տասնի։ Ութը մեռեալները արդէն ստուգուած են եւ անյայտ կորած երեք հոգիյէ ալ յոյսը կտրուած։ Լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդեն մահացածներուն անունները, որոնց մէջ մէկը յատկապէս ուշագրաւ է։ Ջրհեղեղի զոհերուն մէջ կը յիշուի 17 ամեայ Էրտալ Էրէն Կէտիք անունը։ 17-ամեայ Էրտալ Էրէնը մեզ կը յուշէ մօտաւորապէս 35 տարի առաջ զօրավար Քէնան Էվրէնի բռնակալութեան տարիներուն կախաղան հանուած մի այլ 17 ամեայ Էրտալ Էրէն։ Անմեղ դէմքը կը յայտնուի մեր յիշողութեան մէջ, որ պատանի հասակին մէջ տիրացած էր հասուն մարդու մը գիտակցութեան։ Պարզած էր իրական հերոսի մը նկարագիրը։ Բանտախցիկէն մինչեւ կախաղան երկարող ճանապարհի վրայ 17 ամեայ պատանին այնքան հսկայացած էր որ զինք կախողները, մահապատժի դատապարտողները, այդ պատիժին գործադրման համար դիտումնաւոր կերպով ծննդեան թուականը բարձրացնողները փոքրացած, փոքրացած, գաճաճի վերածուած էին։ Այսոր ոչինչ կը նշանակէ իրենց անունը։ Իսկ Էրտալ Էրէն այս երկրի վրայ ապրող անհամար Տէնիզներու, Մահիրներու, Ուլաշներու, Չայաններու ու վերջապէս Ֆիտէլներու կամ Փարամազներու հետ կը շարունակէ ներշնչման աղբիւր դառնալու։

Այս սիւնակներու վրայ նախապէս ալ գրած ենք, չարագործութիւնը բազմաբնոյթ է։ Արդի դրամապաշտութիւնը մարդկանց յանապազօրեայ հացը յափշտակելով չի կրնար բաւարարուիլ։ Ինքնագործ սարքի մը նման է ան, որուն բանելուն համար միակ խթանն է շահը եւ աւելի շահը։ Այդ նպատակին համար ինչպէս որ կ՚անտեսէ մարդկանց կեանքը, նոյն անփութութեամբ կը կեղեքէ նաեւ բնութիւնը։ Ուրեմն մարդու արժանապատուութեան, կիներու ազատութեան, անասուններու իրաւունքներուն համար մղուած պայքարի սահմանին մէջ պիտի մտնէ նաեւ բնութեան պահպանումը։