Եկեղեցիներն ալ ռմբակոծեցին

Տիյարպէքիրի Սուր թաղամասին մէջ 80 օրերէ ի վեր կը շարունակուի պաշարման վիճակ։

Այս թաղի բնակիչներուն համար խստիւ արգիլուած է տունէն դուրս ելլալ։ Մերթ ընդ մերթ ձեռք բերուած թոյլտուու­թիւննե­րու պա­հերուն քա­ղաքի բնա­կիչ­նե­րը կը փոր­ձեն իրենց տու­նե­րը լքե­լով աւե­լի ապա­հով տե­ղեր փախ­չիլ։ Քա­նի մը օր առաջ պաշ­տօ­նապէս յայ­տա­րարուեցաւ որ վերջ գտած են Սու­րի մէջ շա­րու­նա­կուող բա­խումնե­րը։ Սա­կայն պա­շար­ման վի­ճակը եւ փո­ղոց ել­լե­լու ար­գելքը դեռ կը շա­րու­նա­կուի ամե­նայն խստու­թեամբ։ Հա­յոց վե­րանո­րոգուած Սուրբ Կի­րակոս Եկե­ղեցին ալ կը գտնուի բա­խումնե­րու ան­մի­ջապէս կեդ­րո­նը։ Հե­տեւա­բար մեծ մտա­վախու­թիւն կը տի­րէ եկե­ղեցի­ներուն ալ աւե­րուած ըլ­լա­լու մա­սին։ Նոյ­նիսկ Սուրբ Կի­րակո­սի թա­ղական­նե­րը աւե­լի քան եր­կու ամիս է որ չեն կրցած մտնել եկե­ղեցի­ներուն գտնուած վայ­րը։ Նա­խորդ շաբ­թու մէջ հասարակական կայքերու մէջ լու­սանկար մը շրջա­նառու­թեան մտաւ, ուր կը տես­նուէր քան­դուած Սուրբ Սար­գիս Հայ Կա­թողի­կէ Եկե­ղեցին։ Նկա­րին մէջ յստա­կօրէն կ՚երե­ւար թէ ինչպէս փլած է եկե­ղեց­ւոյ պա­տերը։ Հա­կառակ որ իշ­խա­նամէտ մա­մու­լը այս աւեր­նե­րը յա­մառօ­րէն կը վե­րագ­րեն «ահա­բեկիչ»նե­րու յար­ձա­կումնե­րուն, նկար­նե­րը տես­նե­լով կա­րելի է հա­մոզուիլ որ նման վնա­սուած­քը կա­րելի չէ հայ­դուկնե­րու օգ­տա­գոր­ծած աւե­լի նուազ կոր­ծա­նիչ զէնքնե­րով։ Յա­ճախա­կի կապ կը պա­հենք եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թեան հետ, որոնք եւս կը վկա­յեն թէ աւե­րը կա­յացած է բա­նակի միաւո­րումնե­րու ռմբա­կոծու­թեամբ։ Սուրբ Կի­րակո­սի թա­ղական­նե­րէն Կաֆ­ֆուր Թիւրքայ եկե­ղեցիին վի­ճակին մա­սին տե­ղեկու­թիւն ստա­նալու հա­մար դի­մած է Կու­սա­կալու­թեան, բայց գո­հացու­ցիչ պա­տաս­խան մը չէ ստա­ցած։ Կու­սա­կալը յայտնած է թէ ինք ալ տե­ղեկու­թիւն չու­նի եկե­ղեց­ւոյ վի­ճակէն։ Կ՚ար­ժէ յի­շել թէ վե­րանո­րոգուած այս եկե­ղեցին շատ մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցած է Տի­յար­պէ­քիրի հա­յու­թեան գի­տակ­ցութեան վրայ։ «Եկե­ղեցիի վե­րաբա­ցու­մով բազ­մա­թիւ հա­յեր իրենց ինքնու­թիւնը վե­րագ­տած եւ փա­րած էին այս նոր գի­տակ­ցութեան։ Անոնք կը յի­շէին իրենց ծնող­նե­րուն այստեղ մկրտուած ըլ­լա­լու փաս­տը։ Հի­մա քան­դուած այս եկե­ղեցի­ներով այդ յի­շողու­թիւններն են որ ան­գամ մը եւս կը խոր­տա­կուին» կ՚ըսէ թա­ղական խոր­հուրդի ան­դամ Կաֆ­ֆուր Թիւրքայ։ Միւս կող­մէ չէ յստա­կացած բո­ղոքա­կանաց, ասո­րեաց եւ քաղ­դէացի­ներու եկե­ղեցի­ներուն են­թարկուած վնա­սուած­քը։

Թա­ղական Խոր­հուրդի ատե­նապետ Վարդգէս Էր­կիւն Այըք ալ կը յայտնէ թէ գո­յացած վնա­սուած­քին տա­րողու­թիւնը յայտնի չէ մին­չեւ որ չվե­րանայ փո­ղոց ել­լե­լու ար­գելքը եւ քա­ղաքը չվե­րադառնայ իր բնա­կանոն առօ­րեային։

Քա­ղաքա­պետա­րանի շրջա­նակ­նե­րը ցաւ կը յայտնեն թէ այս յար­ձա­կումնե­րը մարդկա­յին կեան­քի կո­րուստնե­րու կող­քին, կը վնա­սեն քա­ղաքի պատ­մա­կան ար­ժէ­քը եւ մա­նաւանդ ալ յի­շողու­թիւնը։