PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Զգուշացէ՛ք, հայու ուրուականն է

Զինեալ հայու ուրուականը անխուսափելի սարսափ մըն է ազգայնամոլ թուրքի համար։ Հայու դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը իւրացնող, իր տրամադրութեան մէջ արդարացնող այդ միտքը մինչեւ օրս կը տառապի նման սարսափով։ Նոյնիսկ կարելի է ըսել, որ այդ սարսափը հասած է հոգեկան հիւանդութեան աստիճանին, որ ծանօթ է «փարանոյա» անուանումով։ Նախորդ շաբաթավերջին իշխանամէտ կարգ մը թերթեր կ՚անդրադառնային ահաբեկչութեան միջազգային մասնագէտ, նախկին գնդապետ, ներկայիս Մալթեփէ Համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Մէսուտ Հաքքը Ճաշինի յայտարարութիւններուն։ Ան իր քաղած տեղեկութիւններուն վրայ հիմնուելով կու տար շահեկան բացատրութիւններ։ «ԱՍԱԼԱ չէ դադրած գործելէ։ Ան վերածուած է ՓՔՔ-ի։ Ես որպէս սպայ պաշտօնավարած եմ այդ տարածքաշրջանը։ ՓՔՔ-ի որոշ միաւորումներ իրականութեան մէջ կը բաղկանան ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկներէ։ Վերջին երկու, երեք ամիսներու բախումներու ընթացքին մեռնող իբրեւ թէ ՓՔՔ-ի դիպուկահարներէն եօթը հայեր էին։ Նոյնիսկ սպաննուած այս հայ զինուորներու դիակներուն Հայաստան չփոխադրուիլը խնդիր յարուցեց Հայաստանի եւ ՓՔՔ-ի միջեւ»։

Փայլուն ածականներով ու մակդիրներով օժտուած «մասնագէտ»ը կը մեկնաբանէ նաեւ իր պնդումին գիտական յենակէտը։ «Թուրքիա սա պահուն աշխարհի հզօրագոյն 17-րդ տնտեսական ուժն է։ Նպատակադրած է մինչեւ 2023 տասներորդ հորիզոնականին հասնիլ։ ՓՔՔ, ՓԵՏ եւ ԱՍԱԼԱ կ՚ուզեն Թուրքիոյ աճը կասեցնել»։ Ճաշին յիշեցուց նաեւ Հանրապետութեան Նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողանի ԱՄՆ-ի մէջ այս համագործակցութեան անդրադառնալը։

Առաջին անգամ չէ որ թուրք ազգային մտայնութիւնը կը ներկայանայ նման պնդումով։ Պետական քարոզչամեքենան անցեալին ալ յաճախ կրկնած է այս վարկածը։ Նոյնիսկ պնդած է ՓՔՔ կուսակցութեան պետ Ապտուլլահ Էօճալանին հայ ծագում ունենալը։ Այսպէսով կը մտադրուի քրտական ազգային շարժումի վարկը նուաստացնել նոյն ինքն իսլամ քիւրտ ժողովուրդի մօտ։

Հայաստանի, սփիւռքի եւ Պոլսոյ հայութիւնը շատ երկար տարիներ այս պնդումները դիտեց իբրեւ ձաբռտուք։ Սակայն երբ հետզհետէ ծանօթացանք քրտաբնակ շրջանակներու մէջ ապրող, բայց իրենց հայ ինքնութեան գիտակցող մարդկանց, տեսանք որ այդ պնդումները մեր կարծածին չափ անհիմն չեն։

Ծագումով հայ ըլլալով հանդերձ իրենց ապրած պայմաններուն մէջ քրտական ազատարգրական շարժումին թափանցած, այդ պատճառով երկարատեւ բանտարկութիւններու դատապարտուած, կեանքի որոշ մէկ հատուածը ապստամբներու հետ միասին լեռները անցուցած, զէնք վերցուցած բազմաթիւ հայեր կան։ Զարմանալով ականատես եղանք թէ, այդ հայերը բաւական լուրջ վերապահութիւն ունին քիւրտերու նկատմամբ։ Անիրաւութիւն պիտի ըլլայ զիրենք քրտասէր կամ քրտամէտ անուանել։ Ինչպէս տարածքաշրջանի ասորիները, քաղդէացիները կամ եզտիները, հայերն ալ հաւատքով միացած են քրտական շարժումին, եւ այս իրողութիւնն է, որ սարսափ կը պատճառէ բոլորին։

Սակայն չենք կրնար անտես առնել ուրիշ իրողութիւն մը։ Էրտողանի կամ Ճաշինի նմաններուն այս տեսակի պնդումները ուրիշ չարութեան մը սադրիչ ծուղակն են։ Ցեղասպանի հոգեբանութիւնը իր մեղքը քաւելու համար պարտաւոր է զոհը մեղադրելու։

Ի զուր են այս բոլորը։ Հայու ուրուականէն փրկուելու միակ միջոցն է ծնկաչոք մեղանչել։ Թէ ոչ այդ ուրուականը յաջորդող սերունդներուն ալ սարսափը կը դառնայ։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ