ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԿԱՊԵԼԱՅ

(Շար.՝ թիւ 94 յօդուածի)

Յոյն ձկնորս-նա­ւապետ Ալե­քոսը զա­ւակն է Եգէակա­նի։ Այդ ծո­վէն ծնած է եւ այդ ծո­վէն սնած։ Ինչ որ «մայր հող» է աշ­խարհի մե­ծամաս­նութեան հա­մար, այս պինդ եւ ալե­մօրուս յի­սուննո­ցին հա­մար «մայր ծով» է։ Եւ, զար­մա­նալի չէ, որ Տէ­րու­նա­կան աղօթ­քի հա­մար ու­նի իր տար­բե­րակը. «Զձուկ մեր հա­նապա­զօրդ տուր մեզ այ­սօր»։ Իսկ իրեն հա­մար կե­նարար խմիչ­քը հեղ մը ու­զօն է, հեղ մըն ալ՝ գի­նին, -իր պա­պենա­կան Հիոս կղզիի սպի­տակ գի­նին, որ օծուած է մազ­տա­քէի քաղցր բոյ­րով։

Ծո­վային եր­կար ճա­նապար­հորդու­թիւննե­րէն երբ վե­րադառ­նան, անոր նա­ւաս­տի­ները մէկ շունչ կ՚եր­թան ծո­վեզե­րեայ կա­պելա­ներ։ Իսկ նա­ւապե­տը սո­վորու­թիւնը ու­նի յա­ճախե­լու իր հին բա­րեկամ, պան­դո­կապետ Եոր­ղո­սի եւ իր կնոջ՝ Թա­սու­լա­յի ստո­րերկրեայ կա­պելան։ Հոն գե­ղեցիկ երգչու­հի­ներու ձայ­նով եւ գի­նիի գո­լոր­շիով պա­րու­րուած՝ կը կազ­դուրուի իր յոգ­նած միտքն ու մար­մի­նը։

-Պա­րոն ստու­գա­բանու­թիւն, այսպէս է մեր կեան­քը։ Շա­բաթ­նե­րով կ՚ալե­կոծինք ծո­վու վրայ։ Իսկ կա­պելա­ներու մէջ կ՚ար­տօ­նենք, որ Բա­գոսը ալե­կոծէ մեզ։ Մեր ու­զո­յի մէջ եւ մեր պա­տուա­կան գի­նիի՝ կեանքն է թագ­նուած, իր ու­րախ եւ տխուր բո­լոր ծալ­քե­րով... Գի­տէ՞ք, թէ իմ հայ­րե­նաբաղձ նա­ւաս­տի­ներս հի­մա ո՛ւր են։ Գիւ­ղա­քաղա­քի աւե­լի մութ կա­պելա­ներու մէջ։ Այդ յոգ­նա­բեկ անա­ռակ­նե­րը այժմ կ՚ալե­կոծին գե­ղեց­կուհիի մը գիր­կին մէջ, ինչպէս նո­րածին երա­խաներ ան­դորրու­թիւն կը գտնեն իրենց մօր գիր­կին մէջ։ Բայց մայ­րա­կան կա­թի տեղ, անոնք կ՚ըմ­պեն գի­նին։

-Պա­րոն նա­ւապետ...

-Ալե­քոս։ Խնդրեմ, գո­նէ հոս ձգե­ցէք պաշ­տօ­նակա­նու­թիւնը, ըսէք՝ Ալե­քոս։

-Պա­րոն Ալե­քոս, ար­դէն բա­ցայայ­տե­ցիք «կա­պելայ» բա­ռին երանգնե­րը. պան­դոկ, գի­նետուն, գի­նեվա­ճառա­նոց, տուն ըմ­պե­լեայ, խմա­րան, աշ­խարհա­ւանդ, անա­ռակա­տուն, հան­րա­տուն...

-Է՜հ, ուր որ քա­նի մը ար­ծաթ վաստկած նա­ւաս­տի­ներ կան, հոն գի­նին ալ պի­տի ըլ­լայ, ու­զօն ալ, անա­ռակու­թիւնն ալ։ Իսկ վա­ղը, այդ սրի­կանե­րը սնան­կա­ցած՝ նա­ւապետ Ալե­քոսին դու­ռը պի­տի զար­նեն պարտք մու­րա­լու հա­մար։

-Բայց Ալե­քոս, «կա­պելայ» բա­ռը աւե­լի հին դա­րերուն ու­նե­ցեր է հա­մեստ պատ­մութիւն, կա­րելի է բո­լորո­վին «ան­մեղ» կո­չել առա­ջին կա­պելա­ները։

-Նկա­տի ու­նիք «կա­պիլիա» կո­չուած խա­նութնե­րը։

-Այո, անոնք որոնք քա­ղաք­նե­րու մէջ, հրա­պարակ­նե­րու մօտ մանր-մունր առար­կա­ներ կը ծա­խէին. ման­րա­վաճա­ռի կրպակ։

-Իմ ման­կութեան նպա­րավա­ճառի, կամ՝ այժմ Պոլ­սոյ մէջ «Au Bon Marche» կո­չուած հսկա­յական խա­նու­թին նա­խահայ­րը...

-Որով­հե­տեւ, «կա­պելայ» բա­ռը սե­ռած է «կա­պիլոս»էն, որ կը նշա­նակէ վա­ճառող, ծա­խող...

-Նաեւ՝ խա­բեբայ։

-Ձեր «կա­պիլէ­վօ» բայն է պատ­ճա­ռը, որուն առա­ջին իմաստն է «պան­դո­կապետ ըլ­լալ, պան­դո­կը բան ծա­խել», իսկ երկրոր­դը՝ «խա­բելով ծա­խել, խար­դա­խել»։ Ալե­քոս, սա­մաթիացի մեր երի­տասարդ լե­զուա­բան Աճա­ռեանը, որ քաջ ծա­նօթ է յու­նաց նուրբ լե­զուին, նկա­տած է, թէ բո­լորին ար­մատն է «կա­պի», -մանր կտոր, ման­րուք-... Մեր իրա­կանու­թեան մէջ կա­պելա­ները օտա­րամուտ են, ինչպէս բա­ռը։ Կի­լիկիոյ հայ թա­գաւոր­նե­րը Այաս նա­ւահան­գիստի մէջ մի­ջազ­գա­յին առեւ­տուրը զար­գացնե­լու հա­մար յա­տուկ ար­տօ­նագիր­ներ շնոր­հած են իտա­լացի եւ ֆրան­սա­ցի վա­ճառա­կան­նե­րուն։ Անոնք, նախ կա­ռու­ցեր են իրենց թա­ղամա­սերը, եկե­ղեցի­ները, ապա դա­տարան­նե­րը, մթե­րանոց­նե­րը, իջե­ւանա­տու­նե­րը եւ վեր­ջա­պէս՝ կա­պելա­ները։ Իսկ այ­սօր, խմե­լու եւ օղի­ներ սպա­ռելու մէջ անմրցե­լի է Ատա­փազար հա­յաբ­նակ քա­ղաքը։ Հոն մեր հայ­րե­նակից­նե­րը օր­նի­բուն կը յա­ճախեն «Մա­նոլին Ծո­վը» անուանի օղե­տու­նը ու հոն կը լո­ղան, կը սուզուին, կը ծփան, եր­բեմն ալ կը խեղ­դուին։ Եւ այդ «Ծով»ն է, որ կ՚ար­դա­րաց­նէ քա­ղաքին «Ատա»,- կղզի-, կո­չու­մը, զի Ատա­փազա­րի հա­յերը շրջա­պատուած ըլ­լալ կը կար­ծեն օղիի ով­կիանո­սով մը։ Բայց, Ալե­քոս, եր­բեմնի այդ պար­կեշտ ման­րա­վաճա­ռը, ըստ երե­ւոյ­թին՝ գրա­ւուած շա­հէն, ժա­մանա­կի ըն­թացքին դար­ձեր է ամէն տե­սակ յա­ճախոր­դի եւ պա­հան­ջի գո­հացում տուող հաս­տա­տու­թիւն մը, -հին Հռո­մի մէջ poppina, անգլիախօս եր­կիրնե­րու մէջ՝ tavern, եւ­րո­պական բազ­մա­թիւ եր­կիրնե­րու մէջ cabaret, ռա­միկ­նե­րու, ստրուկնե­րու, ու­ղե­ւոր­նե­րու գի­նետուն-իջե­ւան մը, ուր ճա­շացան­կը շատ հա­մեստ եւ սահ­մա­նափակ էր. քիչ մը ձի­թապ­տուղ, պա­տառ մը հաց, խա­շած պնակ մը ճաշ, բայց առատ եւ աժան գի­նի։

-Նաեւ, հա­ւաքա­վայր մը՝ գո­ղերու, աւա­զակ­նե­րու եւ... ան­բա­րոյ կի­ներու։

-Չեմ կրնար «ո՛չ» ըսել, քան­զի, գրա­կանու­թեան մէջ կա­պելա­յին ըն­կե­րակիցն է ապօ­րինի վարքն ու կեն­ցա­ղը։ Կա­պելան միշտ ներ­կայ է մեծ քա­ղաք­նե­րու նեղ փո­ղոց­նե­րուն վրայ։ Անոր դռնե­րը բաց են այն բո­լոր հա­սարակ մար­դոց հա­մար, որոնք ծա­րաւը ու­նին բար­ձի մը, բա­ժակի մը եւ իգա­կան տա­քուկ ծո­ցի մը։ Կա­պելան միեւ­նոյն ժա­մանակ սնան­կա­ցած առեւտրա­կան­նե­րու, մեր­ժուած սի­րահար­նե­րու, երազ­կոտ արուես­տա­գէտ­նե­րու եւ օտար զի­նուոր­նե­րու կազ­դուրման կա­յանն է։ Բո­լորը կա­պելայ կու գան կա՛մ ար­ցունք թա­փելու եւ կամ՝ ներշնչում գտնե­լու։ Իսկ պան­դո­կապետ-գի­նեպա­նը, այդ համ­բե­րատար պե­խաւոր, մսոտ եւ պա­րարտ մար­դը, եկե­ղեց­ւոյ մէջ խոս­տո­վանու­թիւններ լսող եւ խրատ­ներ խօ­սող վար­դա­պետի աշ­խարհիկ տար­բե­րակն է։ Բո­լորին հա­մար վստա­հելի ականջ մըն է՝ որ միշտ խօ­սողի կողմն է։

Եոր­ղօն խո­շոր ժպի­տով մը կու գայ, կ՚ող­ջա­գու­րուի Ալե­քոսին հետ։ Թա­սու­լա­յին դառ­նա­լով կը սկսի աղան­դերնե­րու եւ խոր­տիկնե­րու անուններ շա­րել ու կը պա­տուի­րէ, որ անոնք շուտ գան։ Իսկ ու­զօն՝ Եոր­ղո­յին մաս­նա­գիտու­թիւնն է ու ան մե­նաշ­նորհը ու­նի զայն իր ձեռ­քով մա­տու­ցե­լու պա­տուոյ հիւ­րե­րուն։

Ու­զօն կը սկսի հո­սիլ։ - Սա Ալե­քոյին հա­մար, «եա՜ սու»... Եոր­ղո­յին հա­մար, «եա՜ սու»... Մեր հայ բա­րեկա­մին հա­մար, «եա՜ սու»...

-Իսկ ասի­կա մեր բա­նաս­տեղծ Վա­րու­ժա­նին հա­մար, որուն գրի­չը վեր­ջերս ներշնչուած է Պէլ­ճի­քայի գա­րեջու­րե­րէն։ Ար­տօ­նեցէք ար­տա­սանեմ անոր նո­րագոյն եր­կը. «Օ՜, Տա­լիթա... Կարմրա­շառայլ լոյ­սե­րուն մէջ կը վա­ռի կա­պելադ, օ՜, Տա­լիթա։ Բեր գա­րեջուրն եւ թող փրփուրն հո­սանուտ, մատ­ներդ ի վար պըղ­պը­ջա։ Ի՜նչ փոյթ, թէ ես ազ­նուական կը թուիմ, ու­նիմ ձեռ­քեր քնքշե­նի. Եւ ի՜նչ փոյթ, թէ դուն -Տա­լիթա- աղ­ջիկ մ՛ես ջլե­բաց՝ որ բա­նուոր­ներ կ՚ըն­դունի»։

Ալե­քոսն ու Եոր­ղօն միաս­նա­բար բա­ժակ կը վերցնեն քմծի­ծաղով մը. «Կեց­ցէ՛, կա­պելան»։