Ահազանգ յանուն ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը լուրջ տագ­նապ մը կ՚ապ­րի։ Յու­լիս 15-ի յե­ղաշրջման ձա­խող փոր­ձը, զոր «Ալ­լա­հի մէկ շնոր­հը» կո­չած էր Էր­տո­ղան, այդ տագ­նա­պը խո­րաց­նող մե­ծագոյն ազ­դա­կը հան­դի­սացաւ։ Այդ օրէն մին­չեւ այ­սօր ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ան­դա­մակ­ցե­լու ամ­բաստա­նու­թեամբ ձեր­բա­կալուեցան, պաշ­տօ­նէ հե­ռացուեցան, հե­տաքննուեցան տաս­նեակ հա­զարա­ւոր մար­դիկ. թիւ մը, որ գե­րազան­ցած է ար­դէն 12 Սեպ­տեմբեր 1980-ի զի­նուո­րական «յա­ջող» յե­ղաշրջման հե­տեւան­քով նոյն ճա­կատա­գիրին ար­ժա­նացած ան­ձե­րուն թուաքա­նակը։ Բան­տե­րու մէջ ի գործ դրուած սոս­կա­լի կտտանքներն ալ կ՚ամ­րագրուին հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու զե­կոյցնե­րով կամ Եւ­րո­պայէն հնչած զգաս­տութեան կո­չերով։

Ան­ցեալ տա­րուան Յու­նիս 7-ի ընտրու­թիւննե­րուն ար­դիւնքը, որ պաղ ջուր կը լեց­նէր Էր­տո­ղանի միանձնեայ իշ­խա­նու­թիւն հաս­տա­տելու երազ­նե­րուն վրայ, բիւ­զանդա­կան տար­բեր խա­ղերէ, հա­րաւ-արե­ւելեան քրտա­կան քա­ղաք­նե­րուն վրայ կրակ տե­ղաց­նե­լէ, ազ­գայնա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը վե­րազարթնեց­նե­լէ ու հե­տեւա­բար հա­սարա­կու­թեան սար­սա­փի, ահի ու դո­ղի հո­գեբա­նու­թիւն պա­տուաս­տե­լէ վերջ երբ «վե­րանո­րոգուեցաւ» Նո­յեմ­բեր 1-ին կա­յացած նոր ընտրու­թեամբ մը՝ ժո­ղովրդա­վարու­թեան վեր­ջին մոմն ալ մա­րեցաւ։

Ան իր տե­ղը թո­ղեց «Ազ­գա­յին կամք» կո­չուած էր­տո­ղանեան ժո­ղովրդա­վարու­թեան, որու բա­ցար­ձակ, միակ ելա­կէտը քուէտուփն է. գոր­ծա­դիր, օրէնսդիր ու դա­տական իշ­խա­նու­թիւննե­րը պէտք է են­թարկուին այդ միակ ու­ժին, վե­րահսկո­ղու­թիւն իրա­կանաց­նող բո­լոր մար­միննե­րը պէտք է ձե­ւափո­խուին ըստ քուէատու­փէն յոր­դող ար­դիւնքին, մա­մու­լը՝ նոյնպէս։ «Ազ­գա­յին կամք»ի թշնա­միներն են բո­լոր անոնք, որոնք կը փոր­ձեն կաս­կա­ծելի դարձնել, վի­ճար­կել (նոյ­նիսկ երբ ի պաշ­տօ­նէ կը կա­տարեն իրենց հսկե­լու պար­տա­կանու­թիւնը) միակ ու բա­ցար­ձակ այդ իշ­խա­նու­թեան հե­ղինա­կու­թիւնը։

Յու­լիս 15-ի ձա­խող հա­րուա­ծը «Ազ­գա­յին կամք»ին դէմ գոր­ծուած էր, ու­րեմն այդ թուակա­նէն ետք նոյն այդ հա­րուա­ծին յան­ցա­կից­նե­րը կը դառ­նան բո­լոր անոնք, որոնք կը հա­մար­ձա­կին «աչ­քիդ վրայ յօնք կայ» ըսել իշ­խա­նու­թիւննե­րուն։ Հա­րուած­նե­րու դէմ անհրա­ժեշտ է միաս­նութիւն ցու­ցա­բերել. միաս­նութիւն՝ Էր­տո­ղանի շուրջ, միաս­նութիւն՝ «Ազ­գա­յին կամք»ի ար­տա­յայ­տիչ ԱՔՓ-ի շուրջ։ Ան­նա­խադէպ իրա­դար­ձութիւններ էին, օրի­նակ, դա­տական ու հա­մալ­սա­րանա­կան նոր եղա­նակի բաց­ման հան­դի­սու­թեանց կազ­մա­կեր­պումը Ան­քա­րայի նա­խագա­հական ապօ­րինա­պալա­տին՝ Պեշ­թե­փէին մէջ։

«Ազ­գա­յին կամք» ըսուածին սահ­մաննե­րը գծո­ղը նոյնպէս Էր­տո­ղան-ԱՔՓ-ն է։ Ազ­գա­յին կամ­քի ար­տա­յայ­տութիւ­նը կրնայ ըլ­լալ Էր­տո­ղանին ու ԱՔՓ-ին քուէնե­րու 50 առ հա­րիւ­րով ընտրու­թիւնը, սա­կայն ազ­գա­յին կամ­քի ար­տա­յայ­տում մը ան­կա­րելի է որա­կել Կիւլթան Քը­շանա­քի քուէնե­րու աւե­լի քան 55 տո­կոսով Տի­յար­պե­քիրի քա­ղաքա­պետ ընտրուիլը։ Հե­տեւա­բար կա­րելի է զայն ձեր­բա­կալել, բան­տարկել։ Նոյն հա­լածան­քին կա­րելի է են­թարկել քիւրտ ժո­ղովուրդին քուէնե­րով ընտրուած բո­լոր գոր­ծիչնե­րը։

Խոր թշուառու­թեան մէջ է նաեւ չոր­րորդ իշ­խա­նու­թիւնը՝ մա­մու­լը։ Հոկ­տեմբե­րի սկիզ­բին հե­ռատե­սիլի ու ձայ­նասփիւ­ռի 23 ալիք փա­կուե­ցան իշ­խա­նու­թիւննե­րուն ձեռ­քով, յա­ճախ առանց դա­տական քննութեան մը են­թարկե­լու զա­նոնք։ Մնա­ցած քա­նի մը մա­մու­լի մի­ջոց­նե­րուն կա­տարած ինքնագրաքննու­թիւնը անա­սելի չա­փերու վրայ է։ Ձեր­բա­կալեալ լրագ­րողնե­րուն թի­ւը կը հաս­նի 115-ի. թիւ մը, որ Թուրքիային կը պար­գե­ւէ այդ մար­զին յա­ռաջա­տար­նե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լու ամօ­թը։

Մէկ խօս­քով՝ եր­կի­րը վե­րածուած է խեն­թա­նոցի մը։ Եւ այս խեն­թա­նոցին օրա­կար­գի թիւ մէկ նիւ­թը, այ­սօր, երկրին վար­չա­ձեւը նա­խագա­հական դրու­թեան վե­րածելն է։ Ան­ցեալ տա­րուան Յու­նիս 7-ի ընտրու­թիւննե­րէն ետք քրտաբ­նակ քա­ղաք­նե­րուն մէջ ի գործ դրուած պա­տերազ­մի քա­ղաքա­կանու­թիւնը ԱՔՓ-ին Նո­յեմ­բեր 1-ին միահե­ծան իշ­խա­նու­թիւն պար­գե­ւած էր։ Ու հի­մա Թուրքիոյ հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղթը՝ Լո­զանի դաշ­նա­գիրը վի­ճար­կե­լու խո­րապատ­կե­րին՝ Մու­սուլի ու Քեր­քուքի նկատ­մամբ ախոր­ժակնե­րուն սրու­մը, նոր-օս­մա­նեան երազ­նե­րուն ար­ծարծու­մը, անդրսահ­մա­նային պա­տերազ­մի մը ու­րուակա­նը եւ այս մթնո­լոր­տին տակ կա­տարե­լի ընտրու­թիւննե­րը, դժուար չէ գու­շա­կել, Էր­տո­ղանը պի­տի վե­րածեն միապետ-նա­խագա­հի մը։ «Ազ­գա­յին կամք»ի բա­ցար­ձակ յաղ­թա­նակով պի­տի հիմ­նադրուի բռնա­պետու­թիւնը։

«Միու­թիւն յա­նուն ժո­ղով­դա­վարու­թեան» նա­խաձեռ­նութիւ­նը

Ան­ցեալ շա­բաթա­վեր­ջին՝ Հոկ­տեմբեր 23-ին, Եւ­րո­պայի մարդկա­յին իրա­ւանց ատեանի նախ­կին դա­տաւոր, դի­ւանա­գէտ ու երես­փո­խան Ռը­զա Թիւրմե­նի կո­չով մէկ­տե­ղուե­ցան ՃՀՓ-է, ՀՏՓ-է, ՍՀՓ-է եւ ՊՏՓ-է նախ­կին երես­փո­խան­ներ, մտա­ւորա­կան­ներ, գրող­ներ, արուես­տա­գէտ­ներ՝ հիմ­նե­լով «Միու­թիւն յա­նուն ժո­ղովրդա­վարու­թեան» նա­խաձեռ­նութիւ­նը։ Ելոյթ ու­նե­ցող­նե­րու կար­գին էր նաեւ Ռա­քել Տինք։ Ժո­ղովը ըն­դունեց նաեւ յայ­տա­րարու­թիւն մը, ուր կը նշուի, թէ Թուրքիա հետզհե­տէ կը մտնէ միանձնեայ ղե­կավար­ման վար­չա­կար­գի մը մէջ, անար­դա­րու­թիւնը կը դառ­նայ իշ­խող։ «Տաս­նեակ հա­զարա­ւոր մար­դիկ ապօ­րինա­բար կը գոր­ծազրկուին։ Մա­մու­լի ու հա­ղոր­դակցու­թեան մի­ջոց­ներ կը փա­կուին։ Արուես­տա­գէտ­ներ, գրող­ներ, լրագ­րողներ կը ձեր­բա­կալուին։ Ընդդի­մադիր քա­ղաքա­պետու­թիւններ կը յանձնուին պե­տական խնա­մակալ­նե­րու։ Այս կեր­պով ահն ու սար­սա­փը տի­րապե­տող կը դառ­նան հա­սարա­կու­թեան։ Խա­ղաղու­թեան, բա­րեկա­մու­թեան, զօ­րակ­ցութեան զգա­ցումնե­րուն փո­խարէն կը խրա­խու­սուին ոխա­կալու­թիւնը, թշնա­մու­թիւնը, ատե­լու­թիւնն ու բե­ւեռա­ցու­մը»։ Յայ­տա­րարու­թիւնը կը նշէ, որ խորհրդա­րանը փաս­տօ­րէն լու­ծա­րուած է, օրէնսդիր, գոր­ծա­դիր ու դա­տական իշ­խա­նու­թիւննե­րուն հա­ւասա­րակշռու­թիւնը խախ­տուած, անոնց տար­բե­րակ­ման սկզբունքը՝ ջնջուած։

Նա­խաձեռ­նութիւ­նը որ­պէս նպա­տակ կը հռչա­կէ աշ­խա­տիլ դադ­րեցնե­լու ար­տա­կարգ դրու­թիւնը, հա­տու­ցում պա­հան­ջել կա­ռավա­րու­թեան որո­շումնե­րով ստեղ­ծուած հա­սարա­կական վնաս­նե­րուն հա­մար, ընդդի­մանալ միանձնեայ կա­ռավար­ման ուղղեալ բո­լոր քայ­լե­րուն, քրտա­կան հար­ցը լու­ծե­լի դարձնել խա­ղաղա­սիրա­կան մղումնե­րով, դադ­րեցնել ջա­նալ պա­տերազ­մի քա­ղաքա­կանու­թիւնը հա­րեւան­նե­րուն հետ, պայ­քա­րիլ յա­նուն լա­յիքու­թեան, հա­ւասար քա­ղաքա­ցիու­թեան։

Ար­դա­րեւ, վտան­գուած ժո­ղովրդա­վարութեան հա­մար կա­րեւոր քայլ մըն է այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը, սա­կայն այ­սօ­րուան բիրտ մթնո­լոր­տին մէջ յայտնի է որ դա­տապարտուած է մնա­լու շու­քի տակ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ