ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՄԱՐԶ

«Չորս քայլ վեր... սահման է»,

«Չորս քայլ վար... սահման»։

Յովհաննէս Գրիգորեան

(Հատուած՝ «Աղօթք» բանաստեղծութենէն, 1992)

-Բառեր եկան Հայաստան,- «կայսրութիւն», «միապետութիւն», «եռապետութիւն»,- անկոչ հիւրեր արեւելքէն, արեւմուտքէն, ու խոստացան մեծ-մեծ բառեր. «խաղաղութիւն», «երջանկութիւն» …Սակայն, այնքան փոքր էր Հայաստանը, որ այդ վերջինները չէին կրնար տեղաւորուիլ մեր հողակտորի վրայ։ Ու երբ անոնք մեկնեցան երկրի շնորհած բարիքներէն կշտացած, իրենց ետին ձգեցին բառերու փշրանքներ. «ցաւ», «սուգ», «լաց»… Ահա, Գայանէ՛, կիւմրեցի բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանի հանճարը։ Երբ կարդանք այդ մեծ հայրենասէրի գործերը, կ՚իմանանք Հայաստանի պատմութիւնը, ութը-տասը տողի մէջ, պարզ ու պայծառ։ Լաւ, հիմա արտասանէ «Աղօթք»ը։ Իրանդ ուղիղ, արտայայտիչ։

-«Չորս քայլ վեր… սահման է/ Չորս քայլ վար... սահման/։ Աստուած իմ/ այսքան էլ փոքրիկ հայրենիք/ Այսքան էլ փոքրիկ/ Հայաստան…»

-Արտասանէ՛ աղաչական, մօր մը գուրգուրանքով։

-«Նորածինի բարուր է իսկական/ Նորածինի բարուրը գրկել եմ/ Աստուած իմ, մոլորուել կանգնել եմ»…

-Զսպէ՛ ձեռքի շարժումներդ։ Անոնք կը նուազեցնեն իմաստը... Գայանէ՛, գիտե՞ս, Սասանեան Կայսրութենէն եկաւ մէկ այլ բառ, միավանկ, ՄԱՐԶ։ Որ, չափերով շատ փոքր էր, գտաւ բնակութիւն, մինչեւ որ 646 թուականին հարաւէն ներխուժէ ուրիշ մեծ բառ մը. «խալիֆայութիւն»։ «Մարզ» բառը պարսկական է։ Բուն կը նշանակէ «ծայրագաւառ, սահման»։ Ունի հնդեւրոպական հին նախալեզուի արմատ, merg։ Ասորերէն փոխառութիւնը «մարզա», վրացերէնը՝ «մազրա»։ Վրացիներու մօտ «մազրապետի» կը նշանակէ «զօրավար, փոխարքայ, նահանգապետ»։ Բառը լատիններու մօտ դարձաւmargo-եզր, որ marginal, marginaal, marjinal «եզրային, լուսանցքային» բառերուն արմատն է։ Ապա, բառը տակաւ առ տակաւ սկսաւ բազմաթիւ լեզուներ թափանցել, ինչպէս՝ հին իռլանտերէն mruig, նախա-գերմաներէն marko, marka, հին անգլերէն mearc, հին ֆրանսերէն marche, հիւսիսային լեզուներու մէջ mörk… Բոլորին մէջ «սահմանագիծ, սահմանամերձ հողատարածքներ» իմաստով։ Հռովմէացիները երբ առաջին եւ երկրորդ դարերուն կ՚արշաւէին գերմանական ցեղախումբերու վրայ, զանոնք կը կոչէին marcomanni, «ծայրամասերու մարդիկը, լուսանցքայիններ»։ Իսկ գերմանները, իրենց կարգին մերօրեայ Աւստրիոյ տարածքները կը կոչէին Ostmark -Արեւելեան մարզ։ Բառը երբ հանդիպեցաւ «տան» կոչուած ժողովուրդին, վերջինները ուրախութեամբ հիւրընկալեցին զայն եւ իրենց երկիրը կոչեցին «Տանիմարքա»։ Իսկ վիքինկները երբ հասան Հիւսիսային Ամերիկա, զայն կոչեցինMarkland։ Ինչ որ «մարզպան» էր Հայաստանի մէջ, միջնադարեան Անգլիոյ մէջ դարձաւ marquess, իգական marchioness, Ֆրանսայի եւ Սկովտիոյ մէջ marquis, իգական marquise, Գերմանիոյ մէջ Markgraf, իգական Markgräfin, Սպանիոյ մէջ marques, իգական marquesa, Իտալիոյ մէջ marchese, իգական marchesa, չեխական երկրամասերու մէջ markýz, իգական markýza։ Այդպէս կը կոչուին պետութեան մը սահմանամերձ շրջաններուն եւ կեդրոնական հողերուն պահապանները։ Վերջացուր արտասանութիւնը.

-«Ասա ինձ, ի՞նչ անեմ, ո՞ւր գնամ-/ Չորս քայլ վեր՝ աւեր է ու մահ է/ Չորս քայլ վար՝ աւար ու թալան...»։

-Ձայնդ զսպէ ու վերջացուր մեղմացնելով։ Գայանէ, երբ լայնածաւալ Մեծ Հայքը ունէր իր ծայրամասային աշխարհները, -Գուգարքը, Ուտիքը, Արցախը, Փայտարականը, Պարսկահայքը, Կորճայքը, 428 թուականին ինքը դարձաւ «մարզ»։ Ամբողջ երկիրը, հանդերձ իր Այրարատով, Տուրուբերանով, Սիւնիքով, Վասպուրականով, Մոկքով եւ Տայքով մտաւ Սասանեան Իրանի գերիշխանութեան տակ, -վարչական արբանեակ մը-։ Գրական հայերէնի մէջ առաջին անգամ մօտաւորապէս նոյն թուականներուն Խորենացին, Ագաթանգեղոսն, Փարպեցին ու Եղիշէն է, որ գործածեր են զայն։ Մատթէոս Ուռհայեցիի «Ժամանակագրութիւն»ի մէջ կայ «Մարզպետական գունդ» արտայայտութիւնը, իսկ Թովմա Արծրունիի «Պատմութիւն» աշխատասիրութեան մէջ թէ՛ «մարզպան» եւ թէ՝ «մարզպետ» բառերը։ Կարծես, թէ մեր լեզուն մուտք գործելու համար «մարզ» բառը կը սպասէր գիրերու գիւտը։

- Բայց էն ժամանակ դեռ հայ էինք, չէ՞։

- Պատմաբաններու ստուգումով 3 միլիոն հայ։ «Մարզպանական Հայաստանը»ը ունէր յատուկ կարգավիճակ, գլուխը՝ «պարզպան»։ Մարզպաններն ալ շատ անգամ հայ աւագանիի կողմէ նշանակուած հայ իշխաններ էին. Սահակ Բագրատունին, Վահան Մամիկոնեանը, Վարդ Մամիկոնեանը, Մժեժ Գնունին, Կարմիր Վարդան Մամիկոնեանը, Մուշեղ Մամիկոնեանը, Սմբատ Բագրատունին ու վերջինը՝ Վարազտիրոց Բ. Բագրատունին։ Մարզպանական շրջանին հազարապետը, հարկահաւաքները հայեր էին։ Նախարարական ընտանիքները կը պահէին իրենց առանձնաշնորհումները։ Հայ կղերականութիւնը դեռ կ՚առաջնորդէր ու կը հսկէր դպրոցներուն, դատարաններուն։ Իսկ այսօր... «Մարզ»ը երկրագունդի լիակատար շրջան մը կատարելէ ետք, վերադարձաւ Հայաստան, հայացած։ Տե՛ս, Հանրապետութիւնը ունի տասը մարզ- ընտելացած հայրենի մարզեր։

-Որոնք, պատսպարում են երկրի սիրտը, մայրաքաղաքը։

-Լաւ իմացեր ես։ Սակայն, հեգնականը այն է, թէ բացի Կոտայքի մարզէն ամբողջ երկիրը ծայրամաս է, -ըստ Գրիգորեանի «քարտէզի վրայ ընդամէնը արցունքի մի կաթիլ» …Հիմա, ամբողջ բանաստեղծութիւնը փորձէ։ Ուշադի՛ր՝ շեշտերուն, կեցուածքիդ.

«Չորս քայլ վեր... սահման է

Չորս քայլ վար... սահման։

Աստուած իմ

այսքան էլ փոքրիկ հայրենիք

այսքան էլ փոքրիկ

Հայաստան,

նորածինի բարուր է իսկական...

Նորածինի բարուրը գրկել եմ,

Աստուած իմ, մոլորուել կանգնել եմ.

ասա ինձ, ի՞նչ անեմ, ո՞ւր գնամ-

Չորս քայլ վեր՝ աւեր է ու մահ է,

Չորս քայլ վար՝ աւար ու թալան...»

- Գայանէ՛, նկատեցի՞ր, թէ վերջակէտ չկայ։

- Պատմութիւնը դեռ չի վերջացել...

- Ճիշդ այդպէս։ Բառերու պատմութիւնը մե՛ր պատմութիւնն է։ Մշտնջենաւոր հոլով մը։