ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՏԻՏԱՆ

Verbum non gratum*

Հայերէնը հիւրասէր լեզու է։ Փոխառութիւններու առջեւ լայնօրէն ազատամիտ, -թէեւ, պէտք է ընդունիլ, թէ պատմութեան մէջ ունեցեր է օտարամոլութեան պահեր. յունաբանութիւններ, թրքաբանութիւններ, ռուսաբանութիւններ… Ամենայն դէպս՝ ինքնուրոյն է ան։ Ազատատենչ։ Եւ ծայր աստիճան հայրենասէր։ Փա՞ստը։ Հայ ժողովուրդի հակազդեցութիւնն ու գոյատեւման պայքարը ներխուժող «տիտան» բառի դէմ։

Նախ յիշենք, թէ «տիտան» բառը (Τιτάν) յունարէն է եւ յատուկ անուն։ Յունական դիցաբանութեան մէջ ունի յոգնակի գործածութիւն. «Տիտաններ», Τιτάνες։ Անոնք 12 զաւակներն էին երկնքի մարմնաւորում Ուրանոսի եւ Գէա մայր հողի։ Կ՚արժէ յիշել նաեւ, թէ Գէա (արմատը Γη, Գի) բուն կը նշանակէ «հող, երկիր» եւ արմատն է Γεώργιος (Եորղոս), Georg, Georges, Jorge, Jürgen, Yuri եւ Գէորգ անուններուն, որոնք կը նշանակեն «հողագործ»։

Տիտանները վեց քոյր եւ վեց եղբայր էին։ Յունական դիցաբանութեան մէջ յայտնի է «Տիտաններու Կռիւը»։ Անոնք երկրի իշխանութեան համար կռուած են Ողիմպոսի չաստուածներուն դէմ։ Սակայն պարտուած եւ նետուած են Տարտարոս, -աշխարհի ծայրագոյն խորութիւնը, ստորերկրեայ թագաւորութեան ամենաստորին մասը, աքսորավայրերուն ամէնէն սարսափելին։

Իսկ հայոց նախահայրերու յարաբերութի՞ւնը «տիտան» բառի եւ տիտաններու հետ. ո՛չ՝ խաղաղ եւ հիւրընկալական։ Երբ տիտան մը, -Ասորեստանի թագաւոր Տիտանեան Բելը- յայտնուեցաւ մեր սահմաններուն վրայ՝ իշխելու համար հիւսիսի ջրառատ ու բարեբեր մեր լեռնաշխարհին՝ Հայկը, -որ Մովսէս Խորենացիի աւանդումով՝ վայելչակազմ էր եւ թիկնաւէտ եւ ունէր գեղագանգուր մազեր, վառվռուն աչքեր եւ հաստ բազուկներ-, թիւով նուազ բայց քաջ աղեղնաւորներով եւ իր երկու որդիներով, աջին առած Արամանեակը եւ ձախին՝ Կադմոսը, դէմը ելաւ անոր։ Հայկը նետուեցաւ առաջ, մօտեցաւ Բելին, մինչեւ վերջ լարեց իր լայնալիճ աղեղը եւ իր երեքթեւեան նետը արձակեց։ Գոռոզ Տիտանեանը ինկաւ վար, փչեց իր վերջին շունչը։ Ե՞րբ եղաւ այս ճակատումը… Ըստ Հայր Ղեւոնդ Վրդ. Ալիշանի, Քրիստոսէ առաջ 2492 թուականին, Օգոստոս 11-ին։ Եւ, ըստ աւանդութեան, ասիկա է հայ ժողովուրդի ծննդեան թուականը եւ «Հայկական» կոչուած տոմարին սկիզբը։ Եւ այդ օր «տիտան»ը դարձաւ անցանկալի բառ- Verbum non gratum եւ անցանկալի անձ- Persona non grata։ Անոր մուտքը Հայաստան եւ հայկեան բարբառ արգիլուած կամ սահմանափակուած մնաց։ Այդ յաղթանակէն ետք, երկար դարեր «տիտաններ, տիտանուհիներ, տիտանեաններ, տիտանողներ» չհամարձակեցան Հայկական Լեռնաշխարհ մօտենալ, անոնք չերեւեցան հայկական հորիզոնի վրայ։ Եւ հայրենասէր լեզուն չարտօնեց, որ «տիտան» բառը բազմանայ աւելի քան վերոյիշեալ քանի մը բառերը։ Ըստ երեւոյթին մեր լեզուն համակրանք չունի գրաւող հսկաներու նկատմամբ։

Եղան նաեւ ուրիշ օրեր, տիտաններ ծնան ցեղին մէջէն, մայրենի հողէն, պաշտելի հսկաներ գիտութեան, արուեստի եւ իմաստութեան, -անկասկած աւելի քան 12-, մարմնաւորուած որպէս Երուանդներ, Տիգրաններ, Տրդատներ, Մեսրոպներ, Շիրակացիներ, Նարեկացիներ, Մանուէլներ, Ռոսլիններ, Ոսկաններ, Ալիշաններ, Կոմիտասներ, Վարուժաններ… Բաց երկինքէն մանանայի պէս իջան, մեղրի պէս ծորեցան անոնք, քաղցրացուցին ու պայծառացուցին մեր երկինքը։ Ունեցեր ենք նաեւ «մտքի տիտան» արտայայտութիւնը։ Ուշագրաւ է Տաթեւի վանական համալսարանի համար գրի առնուած հետեւեալ յիշատակութիւնը. «Այդ համալսարանում են դասաւանդել միջնադարի համաշխարհային մտքի այնպիսի տիտաններ, ինչպիսիք Յովնան Որոտնեցին եւ Գրիգոր Տաթեւացին։ Յատկապէս վերջինը, որին անուանել են նաեւ «Եռամեծար»։

Ժամանակակից պատմութեան մէջ «տիտան» բառը հրաժարեցաւ երկիր մոլորակին տիրելու գաղափարէն եւ որոշեց ծառայել մարդկութեան։ Նախ 1795 թուականին դարձաւ ընտիր եւ ազնիւ, ամուր եւ արծաթափայլ նորագիւտ մետաղի մը անունը. Տիտանիում, -Մենդելեւի աղիւսակին 22-րդ տարրը։ Ան, որ կ՚օգտագործուի ինքնաթիռաշինութեան, նաւաշինութեան եւ հրթիռաշինութեան մէջ, ինչպէս նաեւ վիրաբուժական եւ ելեկտրական գործիքներ պատրաստելու համար։

«Տիտան» կոչուեցաւ նաեւ արբանեակ մը, -Երեւակ մոլորակի 62 արբանեակներէն ամենէն մեծը։ Ըստ «Հայաստանի եւ Յարակից Շրջանների Տեղանունների Բառարան»ի (Երեւան, 1986-2001), «Տիտան»ը հայկական գիւղ էր Երզնկայ նահանգի Խամուր գաւառի մէջ։ «Տիտան» անունով գիւղեր եղած են նաեւ Տիգրանակերտի եւ Սիւնիքի մէջ։ «Տիտան»ը նաեւ բանաստեղծ, արձակագիր եւ թարգմանիչ Գուրգէն Հայկունիի գրի առած դիւցազներգութիւնն է, 1922 թուականին Մոսկուայի մէջ լոյս տեսած։ Առաքել Բաբախանեանի համար (Լէօ) տիտան է Յովհաննէս Թումանեանը, բանաստեղծ Արտաշէս Յարութիւնեանի համար՝ Մխիթար Սեբաստացին։

«Տիտան» բառը 1912 թուականին փորձեց լեզուներու ովկիանոսին մէջ նաւարկել, որպէս բրիտանական խոշորագոյն նաւ. «RMS Titanic» (Տիտանիկ)։ Անգլերէն լեզուի մէջ այդ անունը ունի «տիտանական, տիտաններու նման վիթխարի» իմաստը։ Այդ հսկայակազմ նաւուն անունն ու նաւուղղութիւնը ներշնչած ըլլալ կ՚երեւին հայ գրողը։ 1924 թուականին Լենինականի մէջ լոյս տեսաւ Գուրգէն Մահարիի բանաստեղծութիւններու եւ կազէլներու երեք հաւաքածոները. «Տիտանիկ I, II եւ III»։ Իսկ 1949 թուականին պոլսահայ նշանաւոր ուսուցիչ, մանկավարժ եւ հրատարակիչ Յովհաննէս Հինդլեանը լոյս ընծայեց մանկապատանեկան պատմուածք մը. «Տիտանիկի Փոքրիկ Նաւաբեկները»։

Երկսայրի է «տիտան»ը։ Եթէ ծառայելու եկած է՝ ցանկալի է, եթէ գրաւելու եկած է՝ Verbum non gratum։

* Անցանկալի բառ։ Արտայայտութիւն, որ շինուած է դիւանագիտական (Անցանկալի անձ) յայտնի եզրի նմանողութեամբ։