ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Քաօսը կը տիրէ առօրեային

 Տիեզերքի եւ այդ տիեզերքի մէջ աշխարհի կազմութեան նախորդող շրջանը կ՚ընդունուի իբրեւ քաօսային շրջան։ Քաօս՝ ու կը տիրապետէ խառնաշփոթութիւն։ Այս հաստատումը ծագեցաւ հազիւ այն ատեն, երբ մարդու միտքը յաջողեցաւ ընկալելու ու դասաւորել աշխարհի ընթացքը։ Այժմ գիտենք որ աշխարհ կը պտըտի արեւի շուրջ եւ այդ պտոյտը կ՚իմաստաւորուի ժամանակի հաշուարկութեամբ։ Երկրագունդի արեւին շուրջ պտոյտը կը հաշուենք տարիով։ Երկրագունդը նաեւ կը պտըտի իր շուրջ, որուն ամէն մէկ պտոյտը կը նշանակէ օր։ Սակայն այս կանոնէն դուրս սպրդածներ անցեալին ալ կային, այսօր ալ կան եւ քար բերնիս վաղն ալ պիտի ըլլան։ Անոնք ձեւով մը սպրդած են աշխարհի կանոնէն։ Եթէ աշխարհի կանոնը պիտի թելադրէ զարգացում, անոնք պիտի գործեն զարգացումի դէմ։ Եթէ աշխարհի կանոնը պիտի թելադրէ փորձառութիւնները իրարու վրայ դնելով գիտութիւն ստեղծել անոնք այդ գիտութեան ալ դէմ պիտի գործեն։ Եթէ գիտութիւնը պէտք է ծառայէ մարդու բարգաւաճման անոնք զանազան միջոցներով այդ նոյն գիտութիւնը պիտի դարձնեն մարդկային փորձանքի։ Այդ է պատճառը որ նախքան այս դժբախտ հաստատումները ակամայ կ՚արտասանուի «քար բերնիս» զգուշացման յայտնի խօսքը։ Մարդը եւ մարդկային մտածելակերպը երկար տարիներ առաջ յաղթահարած ըլլալու էր Աստուծոյ անունով պատերազմիլ կարծելու յիմարութիւնը։ Պէտք է բազում տարիներ առաջուայ վերագրուէր այդ հասկացողութիւնը, ուր մարդիկ պիտի կարծէին մարդասպանութեան սիրալի թուիլ վերացական Աստուածի մը խորհուրդին։ Հեռուստակայանները նախորդ օր կը պատմէին ՏԱԻՇ-ի հարս դառնալու համար Միջին Արեւելք եկած եւրոպացի կանանց մասին։ Ո՜վ Տէր Աստուած այդ ինչ տեսակի շուարում մը պիտի ըլլայ որ մարդ արարածը դիմէ նման քայլի մը։ Եւ այն ալ ո՛չ թէ յետամնաց ու տգէտ աշխարհահատուածէ մը, այլ իբրեւ թէ զարգացած, նոյնիսկ գերզարգացած եւրոպական երկիրներու ծոցէն ելլելով մատնուի նման խաբկանքի մը։

 Երկու օր առաջ նոր ժամանակներու յատուկ ջրհեղեղ մը ապրեցանք մեր քաղաքին մէջ։ Մեծ, շատ մեծ պոռոտախօսութիւններով ծառայութեան դրուած Եւրասիոյ փապուղին քանի մը վայրկեաններու մէջ ջրամոյն եղաւ։ Նոյն ճակատագրին արժանացան նմանապէս մեծ խօսիկութիւններով ծառայութեան դրուած Պոլսոյ մեթրոփոլիթէնը, մեթրոպուսի գիծը, բազմաշերտ փողոցները եւ Պոլիս քաղաքի, իբրեւ թէ արդի դիմագիծը ցոլացնող ամէն ինչ։ Որոշ է որ կառավարական շրջանակները այս բոլորին մէջ պատասխանատուութեան դոյզն իսկ բաժին մը պիտի չունենան։ Վերջապէս եղածը բնական աղէտ մըն էր անոնց համար, որմէ մահկանացուներ չէին կրնար պատասխանատու համարուիլ։ Բայց արդեօք իսկապէս այդպէ՞ս է, թէ ոչ քաղաքաշինութեան նուազագոյն կանոնները իսկ նկատի չունեցող եւ բոլոր ակնկալութիւնները ագահ շահոյթի վրայ հիւսող հասկացողութեան մը բնական հետեւանքը։ Քաղաքը ջրհեղեղի զոհ գացած պահուն լրագրող Ահմէտ Շըք բանտի մէջ բոլորեց զրկանքներու 200-երորդ օրը։ Ան վերջին հինգ տարիներուն բազում անգամներ ձերբակալուեցաւ։ Ձերբակալութեան համար իրեն ուղղուած առաջին մեղադրանքը Ֆեթուլլահի շարժումը անարգելն էր։ Տակաւին տպարան չէր յանձնուած իր հեղինակած «Իմամին Բանակը» անուն ուսումնասիրութիւնը, որ կը պարզէր Ֆեթուլլահի կազմութիւնը եւ գործելակերպը։ Իսկ այժմ ան կը դատուի Ֆեթուլլահական մը ըլլալու մեղադրանքով։

 Նուրիյէ Կիւլմէն եւ Սեմիհ Էօզաքչա անիրաւուելով աշխատանքը կորսնցուցած աւելի քան 150 հազար պաշտօնեաներու ձայնը ըլլալով հացադուլի պայմաններուն մէջ բոլորեցին 130-րդ օրը։

 Այս երբ կեանքը բնականոն կ՚ընթանայ, երկրագունդը իր շուրջ մէկ օրէն եւ արեգակի շուրջ մէկ տարիէն կ՚աւարտէ իր պտոյտը կ՚արժէ հարց տալ՝ քաօսը միայն աշխարհի կազմութեան շրջանը կը բնութագրէ՞, թէ ոչ բոլորս շրջապատուած ենք քաօսին մէջ։