ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՁԵՌՆ

Զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա ի մեզ, Տէ՜ր,

եւ զգործս ձեռաց մերոց յաջողեա՜ մեզ։

«Ձեռն», կամ «ձեռք»՝ ինչպէս որ կը նա­խընտրէք։ Մեր լե­զուի ամե­նէն ձեռ­նե­րէց եւ ձեռնհաս բա­ռերէն մէ­կը։ Բառ մը, որ, ինչպէս ժո­ղովրդա­կան առա­ծը կ՚ըսէ «տա­սը մա­տին վրայ տա­սը ձիրք ու­նի» կամ «տա­սը մա­տից տա­սը հու­նար է կա­թում»։ Այ­սօր մեր ձեռ­քէն եկա­ծը պի­տի ընենք, այս տա­ղան­դա­շատ բա­ռի պատ­մութիւ­նը բա­ցայայ­տե­լու հա­մար։ Բայց, յար­գե­լի ըն­թերցող, ձե­զի կ՚առա­ջար­կեմ նախ ճամ­բորդել Հաղ­պատ, Հիւ­սի­սային Հա­յաս­տա­նի Լո­ռի մար­զի այդ հրա­շագեղ վա­նական հա­մալի­րը, որ Խոս­րո­վանոյշ թա­գու­հիի նա­խաձեռ­նութիւնն էր եւ ըստ աւան­դութեան Տրդատ ճար­տա­րապե­տի ձե­ռակեր­տը։ Մուտքին զբօ­սաշրջիկ­նե­րու հա­մար բա­ցուած կ՚ըլ­լան սե­ղանիկ­ներ։ Գիւ­ղի տի­կին­ներ են, որոնք ձե­ռագործ հիւ­սուածե­ղէն­ներ կը վա­ճառեն։ Հիացէք այդ գոյնզգոյն ձեռ­նոցնե­րուն եւ ան­ձե­ռոց­նե­րուն։ Բո­լորն ալ աչ­քա­ռու են թէեւ, վե­րադառ­նա­լու խոս­տումով հրա­ժեշտ տուէք, որով­հե­տեւ Ս. Նշան եկե­ղեց­ւոյ գա­ւիթէն ներս ձեզ կը սպա­սէ գրա­ւիչ պատ­մութիւն մը։

Ծա­ւալուն է գա­ւիթը եւ ակ­նա­ռու։ Հա­րուստ է նաեւ վի­մագ­րութիւննե­րով։ Հոն ան­մի­ջապէս կը զգանք աշ­խարհիկ կեան­քէն ձեռք քա­շած վա­նակա­նի մը ներ­կա­յու­թիւնը։ Տէր-Ստե­փանոսն է ան, աւա­զանի անու­նով Արու­թին, իսկ Թիֆ­լի­սի աշու­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րէն ներս եւ մա­նաւանդ Թէյ­մուրազ թա­գաւո­րի եւ ար­քա­յազն Հե­րակ­լի պա­լատ­նե­րէն ներս յայտնի որ­պէս Սա­յաթ-Նո­վա։ Անոր կեր­պա­րը մտա­բերենք. մէկ ձեռ­քին բռնած՝ քա­ման­չա, իսկ միւ­սին՝ Աս­տուածա­շունչ։ Մէ­կը կեան­քի առա­ջին կէսն է, միւ­սը՝ երկրորդ կէ­սը։ Եւ այդ պատ­կե­րը մեզ պի­տի առաջ­նորդէ «ձեռք» բա­ռի պատ­մութեան ու­ղի­ներու վրայ. ձեռ­քը՝ հո­գեւոր եւ ձեռ­քը՝ աշ­խարհիկ։

«Ձեռք» բա­ռը հայ­կա­կան գրա­կան լե­զուի մէջ ծնունդ առ­նե­լու հա­մար պէտք ու­նէր ստեղ­ծա­գործ զոյգ մը ձեռ­քի՝ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ձեռ­քե­րուն։ Ըստ Մով­սէս Խո­րենա­ցիի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցին երե­ւեցաւ աջ ձեռ­քի մը թա­թը, որ կը գրէր քա­րի վրայ։ Եւ այդ գիւ­տով հա­յը սկսաւ ար­տա­յայ­տել իր շնորհնե­րը։ Առա­ջինը ի՛նքը եղաւ, Մես­րոպ Մաշ­տո­ցը ու ձեռ­քե­րը եր­կա­րելով աղօ­թեց. «Աս­տուած... դու նա­ւապետ լե՛ր եւ ինձ ձեռնտու»։ Հա­յու յա­ջորդ գոր­ծը եղաւ՝ ստեղ­ծել ձե­ռագիր­ներ։ Ու, որ­քան հա­մեստ էին այդ ձեռ­քե­րը, որոնք տիւ ու գի­շեր, խու­ցե­րու մէջ ստեղ­ծե­ցին մա­գաղա­թեայ սրբու­թիւններ։ 13-րդ դա­րու գրիչ մը ձգած է հե­տեւեալ յի­շատա­կարա­նը. «Ձեռս մա­շի, դառ­նայ ի հող, գիրս մնայ յի­շատա­կող»։ 1225 թուակա­նի ձե­ռագ­րի մը յի­շատա­կարա­նը կ՚ըսէ. «Մա­սունքն հո­ղանայ, ձեռս եր­թայ, գիրս մնայ»։ Իսկ նոյն թուական­նե­րուն մէկ այլ վա­նական, Խա­չատուր Կե­չառե­ցիի ձեռ­քե­րը գե­ղագ­րե­ցին. «Մին ձե­ռօք յեր­կինս լաւ է, քան եր­կու ձե­ռօք դե­գերել»։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, «ձեռք» բա­ռի ստու­գա­բանու­թե­նէն առաջ, նկա­տեցի՞ք, թէ յի­շեցինք հո­գեւոր տո­ղիկ­ներ։ Որով­հե­տեւ, հա­յու մտա­ծողու­թեան մէջ ձեռ­քը սրբու­թիւն է։ Այդ միավան­կի մէջ ազ­գը տե­սեր է արա­րիչը եւ անձնու­րաց սէ­րը։ Յի­շել կ՛ար­ժէ նաեւ, թէ Աս­տուածա­շունչի էջե­րէն ներս «ձեռք» բա­ռը տեղ գտած է 2277 ան­գամ։ Անոր ըն­կե­րակ­ցած են նաեւ «ձեռն» ար­մա­տով 21 բառ, ինչպէս՝ ձե­ռագէտ, ձե­ռագիր, ձե­ռագործ, ձե­ռակապ, ձե­ռակերտ, ձե­ռատունկ, ձեռ­նա­ձիգ, ձեռ­նա­մուխ, ձեռ­նարկել, ձեռնբեկ, ձեր­բա­կալ եւ այլն։ Բո­լոր ալ ցոյց կու տան, թէ բա­ռը ար­դէն Ե. դա­րուն ձեռնհաս էր եւ ձեռ­նե­րեց։

Գա­ւիթէն ներս, մոյ­թե­րու ետին կա­րելի է պատ­կե­րել երի­տասարդ Սա­յաթ-Նո­վայի ստուերը։ Սի­րահար մըն է, որ կը խօ­սի իր ձեռ­քե­րով. «Ձե­ռիտ դաս­տա կա­պած սու­սանբար ու­նիս», «Լի­զուտ գրիչ ու­նիս, ձեռտ՝ գուլգազ (վար­դանման կար­միր) թուխտ», «Առանց քիզ ի՞նչ կ՚օնիմ սոյ­բաթն ու սազն, ձեռ­նէ­մէս վիր կո­ծիմ չան­գիրն մէ­մէկ», «Ձե­ռիտ ու­նիս թաս, լցնիս ու ինձ տաս», «Մի՛ գցի ձեռ­նէ­մէն ձեռն՝ օս­կէ թաս իմ, Սա­յաթ Նո­վա», «Օխտն տա­րի էլ ման գու քամ սազն ձե­ռիս Ղա­րիբի պէս»։ Իսկ, մեռ­նիլ եարի ձեռ­քո՞վ... Հա­ճելի ըլ­լալ կ՛երե­ւի։ Այս են­թադրու­թիւնը կու գայ հե­տեւեալ տո­ղիկէն. «Ղա­բուլ (հա­մաձայն) ու­նէ Սա­յաթ-Նո­վէն՝ թաք (միայն) քու ձե­ռով դուն սպա­նիս»։

Գրա­բարեան «ձեռն» գո­յակա­նը ճկուն էր։ Բար­դութիւննե­րու մէջ ու­նե­ցաւ հինգ երե­ւոյթ. «ձեռն-», «ձեռ­նա-», «ձե­ռա-», «ձեռ-» եւ «ձերբ-»։ Այս ձեռնտուու­թեան շնոր­հիւ ծնունդ առին եր­կուհա­րիւ­րի չափ գոր­ծունեայ բա­ռեր։ Ճիշդ է, որ առ­ձեռն բա­ռարան մը միայն կա­րենար բո­լորը ըն­դունիլ, բայց մենք բա­ւարա­րուինք քա­նի մը պատ­կե­րալից օրի­նակ­նե­րով. բազ­մա­ձեռն, դժուարա­ձեռն, դժո­խաձեռն, դիւ­րա­ձեռն, եր­կայնա­ձեռն, ինքնա­ձեռ­նադրեալ, վեց­ձեռնի, հա­րիւ­րա­ձեռա­նի, յոգ­նա­ձեռ­նութիւն, պա­կասա­ձեռն, սա­կաւա­ձեռն, սկզբնա­ձեռն։ Իսկ այժմ ձե­զի կը ներ­կա­յաց­նենք հա­յոց լե­զուի ամե­նաեր­կար «ձեռք»ը. «առ­ձեռնպատ­րաստա­գոյն»։

Վան­քը ու­նի ձե­ռագ­րա­տուն։ Անոր յա­տակը կան գու­բեր, որոնք փո­րուած են թշնա­մական աս­պա­տակու­թիւննե­րու ժա­մանակ ձե­ռագիր մա­տեան­նե­րը պա­հելու հա­մար։ 11-րդ դա­րուն հիմ­նուած գրա­դարա­նը, պատ­մութիւ­նը կը յի­շէ, թէ իր ժա­մանա­կաշրջա­նի ամե­նահա­րուստն էր։ Կաս­կած չու­նինք, թէ այդ ձե­ռագիր­նե­րէն մէ­կը շա­րակ­նոց մըն էր։ Ու անոր հո­գեգ­րաւ մե­ղեդի­ներու ընդմէ­ջէն «ձեռք» բա­ռը Ս. Նշա­նի գմբէ­թի տակ դա­րեր շա­րու­նակ ար­ձա­գան­գեց. «Ձեռք քո արա­րին եւ ստեղ­ծին զիս ի հո­ղոյ», «Հա­յեա՛, Տէ՛ր, ի ծա­ռայս Քո եւ ի գործս ձե­ռաց Քոց», «Ի գի­շերի համ­բարձէ՛ք զձեռս ձեր ի սրբու­թիւն», «Յա­րարածս ձե­ռաց Քոց խոր­հե­ցայ եւ համ­բարձի առ Քեզ զձեռս իմ»։

«Ձեռք» բա­ռը բնիկ հայ­կա­կան է։ Հա­կառա­կը մտա­ծել ան­հե­թեթ պի­տի ըլ­լար ժո­ղովուրդի մը հա­մար, որ իր բո­լոր ձեռքբե­րումնե­րը սե­փական ձեռ­քով կեր­տած է։ Բա­ռը հա­մեմա­տելի է յու­նա­կան «հիր», «հեր­սի» ու լա­տինե­րէն «հիր» նոյ­նի­մաստ բա­ռերուն հետ։ Լե­զուա­բան­ներ եկած են այն եզ­րա­կացու­թեան, թէ բո­լորին ար­մատներն են «g’her» եւ «g’hers» բա­ռերը, որոնք բուն կը նշա­նակեն «բռնել»։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, դուք գալ շա­բաթ պի­տի տես­նենք, թէ մեր «ձեռք»ը քնա­րական ներշնչում պի­տի տայ Խո­րենա­ցիին եւ Նա­րեկա­ցիին, Սիաման­թո­յին եւ Շի­րազին։ Ան նաեւ պի­տի դառ­նայ հա­րիւ­րա­ւոր դար­ձուածքնե­րու եւ առած­նե­րու առա­տաձեռն շտե­մարան։ Իսկ Սա­յաթ-Նո­վա՞ն... Ան 1759 թուակա­նին պի­տի ձեռ­նադրուի քա­հանայ, իր ձեռ­քէն վար պի­տի իջ­նէ քա­ման­չան, ապա պի­տի դառ­նայ վա­նական ու իր խու­ցին մէջ պի­տի եր­գէ նոր տեսակի երգեր։