ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԲԱՐԻ

Ծննդեան թո­­­­ւականս յայտնի չէ։ Զիս կա­­­­րելի է «տա­­­­րիքոտ» նկա­­­­տել, քան­­­­զի հա­­­­յոց գրա­­­­կան ժա­­­­ռան­­­­գութե­­­­նէն ներս ու­­­­նիմ բա­­­­րեպա­­­­տիւ ան­­­­ցեալ մը։ Առա­­­­ւելա­­­­բար, բա­­­­րեպ­­­­տուղ բա­­­­ղադ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­չը եղած եմ մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիին։ Իմ ոգին մին­­­­չեւ Ե. դար, ազա­­­­տօրէն շրջած է հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան լեռ­­­­նաշխար­­­­հի վրայ, բա­­­­րեպաշտ հայ ժո­­­­ղովուրդի մէջ։ Բնա­­­­ւորու­­­­թի՞ւնս... Ըստ բա­­­­ռարան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու, հեզ, լաւ, ազ­­­­նիւ, անվնաս, նպաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր, նաեւ՝ համ­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րատար, հան­­­­դուրժող, հա­­­­մակեր­­­­պող, կա­­­­րեկ­­­­ցող, առա­­­­քինի, միամիտ ու չա­­­­փազանց ծա­­­­ռայա­­­­սէր։ Կը նե­­­­րէք, մոռ­­­­ցայ ինքզինքս ծա­­­­նօթաց­­­­նել։ Անունս «բա­­­­րի» է, հա­­­­սարակ անուն մը հա­­­­յոց լե­­­­զուի։ Լե­­­­զուա­­­­բանա­­­­կան ար­­­­մատներս յստակ են. բնու­­­­թիւն եւ բնա­­­­ւորու­­­­թիւն։ Բուն անունս «բարք» է։ «Ի» ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւորը ըն­­­­դունած եմ ածան­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­ւորու­­­­մի հա­­­­մար, ինչպէս՝ «աղի», «լե­­­­ղի», «արի», «երկսայ­­­­րի» եւ «եր­­­­կը դի­­­­մի»։

Հա­­­­յու մը օրը ինձմով կը ծա­­­­գի, կը բարձրա­­­­նայ, ապա կը մտնէ մայր ու վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­պէս կը հաս­­­­նի իր հան­­­­գիստին։ Ձեր շրթնե­­­­րը քա­­­­նի՞ ան­­­­գամ կ՚ըսեն «բա­­­­րի լոյս», «բա­­­­րի օր», «բա­­­­րի կէ­­­­սօր», «բա­­­­րի երե­­­­կոյ», « գի­­­­շեր բա­­­­րի», «Աս­­­­տուծոյ բա­­­­րին»։ Ինձմով է, որ կը բա­­­­րեւէք նաեւ ձեր սե­­­­ղան նստած ըն­­­­կերնե­­­­րը եւ ժա­­­­մանող-մեկ­­­­նող ճամ­­­­բորդնե­­­­րը. «բա­­­­րի ախոր­­­­ժակ», «բա­­­­րի գա­­­­լուստ», «բա­­­­րի ճա­­­­նապարհ»։

441։ Ասի­­­­կա է թի­­­­ւը այն բո­­­­լոր բա­­­­ռերուն, որոնք ինձմով կը սկսին։ (Երախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­պարտ եմ հա­­­­յոց լե­­­­զուին, որ ին­­­­ծի տո­­­­ւած է աճե­­­­լու բա­­­­րեն­­­­պաստ պայ­­­­մաններ։) Փոք­­­­րիկ բա­­­­ռարան մը պէտք պի­­­­տի ըլ­­­­լար բո­­­­լորը տե­­­­ղադ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար։ Սա­­­­կայն, կա­­­­րելի է շա­­­­րահիւ­­­­սել առա­­­­ւել պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րալից­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Սկսինք բա­­­­րեկամ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով... Ան­­­­կասկած ու­­­­նիք բա­­­­րու­­­­թիւն սի­­­­րող, բա­­­­րեբաշխ, բա­­­­րեդէմ, բա­­­­րեզարդ, բա­­­­րեժ­­­­պիտ, բա­­­­րեմիտ, մշտա­­­­բարի եւ բա­­­­րէազ­­­­գի բա­­­­րեկամ­­­­ներ։ Դուք կ՚աղօ­­­­թէք բա­­­­րեբաս­­­­տիկ եւ բա­­­­րեկե­­­­ցիկ օրե­­­­րու հա­­­­մար։ Ան­­­­պայման ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած էք նաեւ բա­­­­րեհամ­­­­բոյր, բա­­­­րեյոր­­­­դոր, բա­­­­րիօրի­­­­նակ եւ բա­­­­րիասաց ու­­­­սուցիչ­­­­ներ։ Վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­պէս, գե­­­­ղեցիկ է տես­­­­նել բա­­­­րօր հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիք, ուր տե­­­­ղի կ՚ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նան բա­­­­րեփո­­­­խու­­­­թիւններ եւ բա­­­­րելա­­­­ւումներ։ Ես ճկուն եմ, հա­­­­մակեր­­­­պող։ Բնա­­­­ւորու­­­­թիւնս է։ Նկա­­­­տեցի՞ք,թէ վե­­­­րոյի­­­­շեալ բա­­­­րի բա­­­­ռերը ար­­­­տադրե­­­­լու հա­­­­մար դար­­­­ձած եմ «բա­­­­րի», «բա­­­­րե», «բա­­­­րէ» եւ «բար»։

Աշ­­­­խարհի վրայ Բա­­­­րի մար­­­­դիկ կա՞ն։ Նկա­­­­տի ու­­­­նիմ անոնք, որոնց անու­­­­նը Բա­­­­րի է։ Հա­­­­զուա­­­­գիւտ։ Մին­­­­չեւ միջ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­դար չէ յի­­­­շուած մէ­­­­կը, որ Բա­­­­րի է։ Սա­­­­կայն, ան գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ծական է, ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նագ­­­­րած է լե­­­­զուա­­­­բան Հ. Աճա­­­­ռեանը, Զան­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­զու­­­­րի մէջ։ Կան նաեւ Բա­­­­րիլոյ­­­­սեր, Բա­­­­րիխա­­­­թուններ, Բա­­­­րիշա­­­­հեր, Բա­­­­րիփա­­­­շաներ եւ Բա­­­­րիլոյ­­­­սեան­­­­ներ։ Յի­­­­շէնք նաեւ 20-րդ դա­­­­րու ամե­­­­նավեր­­­­ջին Բա­­­­րին։ Կե­­­­սարա­­­­ցի Քա­­­­րա Պօ­­­­ղոս Մա­­­­նու­­­­կեանի որ­­­­դի, Կի­­­­կի գիւ­­­­ղի բնիկ Բա­­­­րին է ան, որ պսա­­­­կուե­­­­լու հա­­­­մար համ­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րեց, որ մեծ քա­­­­ղաքէն շրջուն գա­­­­հանայ գար, եւ ան, որ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ եր­­­­կու զա­­­­ւակ՝ Ստե­­­­փան եւ Թա­­­­գու­­­­հի։

Փառ­­­­քի օրեր... Շատ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցայ։ Ոս­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­դարէն սկսեալ։ Սուրբ Մես­­­­րոպ Մաշ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ցը Հայր Աս­­­­տուծոյ դի­­­­մելու հա­­­­մար ըն­­­­տիր բա­­­­ռակա­­­­պակ­­­­ցութիւն մը շի­­­­նեց՝ «Նա­­­­ւապետ բա­­­­րի» ու զայն տե­­­­ղադ­­­­րեց շա­­­­րական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ. «... Ծով մե­­­­ղաց իմոց զիս ալե­­­­կոծէ... Նա­­­­ւապետ բա­­­­րի, շնոր­­­­հեա՛ ինձ նա­­­­ւահան­­­­գիստ, Հայր ամե­­­­նակալ»։ «Նա­­­­ւապետ բա­­­­րի»ն, ի՛նչ հրաշք, մին­­­­չեւ այ­­­­սօր կը գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ծուի։ Ամե­­­­նայն հա­­­­յոց կա­­­­թողի­­­­կոս Գրի­­­­գոր Տղան, Ներ­­­­սէս Շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­լիի աւագ եղ­­­­բօր Վա­­­­սիլ Պահ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­ւու­­­­նիի որ­­­­դին, 1173 թո­­­­ւականն էր, գրեց օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­շատ մէկ բա­­­­նաս­­­­տեղծու­­­­թիւն, առա­­­­ջին երկտո­­­­ղը՝ նո­­­­ւիրո­­­­ւած բա­­­­րի խօս­­­­քին. «Ասա­­­­ցից բան մի յայտնի, որ օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կար է, դու ի մի՛տ առ, սի­­­­րելի, քան­­­­զի բա­­­­րի է»։ Լե­­­­ւոն թա­­­­գաւո­­­­րը մեր, եր­­­­րորդը, Հե­­­­թում առա­­­­ջինի աւագ որ­­­­դին, որ քսան տա­­­­րեկա­­­­նին տի­­­­րացաւ «ձիաւոր աս­­­­պե­­­­­­­­­­­­­­­տէ կո­­­­չու­­­­մին, 1282 թո­­­­ւակա­­­­նին, այն օրե­­­­րուն, երբ կը պատ­­­­րաստո­­­­ւէր Եգիպ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­սի սուլթա­­­­նի հետ ստո­­­­րագ­­­­րել հաշ­­­­տութեան պայ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նագիր, գրի առաւ մէկ բա­­­­նաս­­­­տեղծու­­­­թիւն «վասն յի­­­­շատա­­­­կի եւ միաբա­­­­նու­­­­թեան» ու ազ­­­­գին հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­զեան փա­­­­փաքե­­­­ցաւ «մնալ ի յերկրի կե­­­­նօք ընդ եր­­­­կայն աւուրս բա­­­­րու­­­­թեան»։

Ին­­­­ծի հա­­­­մար ի՛նչ պա­­­­տուա­­­­բեր օր էր, երբ վա­­­­նահայր մը իր նոր անա­­­­պատը անո­­­­ւանեց՝ «Բա­­­­րիձո­­­­րի վանք»։ Խի­­­­զան գա­­­­ւառա­­­­կի մէջ էր ասի­­­­կա, որ ու­­­­նէր բա­­­­րեբեր հո­­­­ղեր եւ բա­­­­րեխառն կլի­­­­մայ։ Եւ հոն է, որ, ըստ յի­­­­շատա­­­­կարան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու, 1421 թո­­­­ւակա­­­­նին, եր­­­­կու հա­­­­պէշ քա­­­­հանա­­­­ներ, առաջ­­­­նորդո­­­­ւելով սուրբ հի­­­­գիէն, միածին որ­­­­դիի սի­­­­րով եւ նա­­­­խախ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­թեանբ երկնա­­­­ւոր Հօր, ել­­­­լե­­­­­­­­­­­­­­­լով իրենց երկրէն եկեր են հա­­­­յոց եր­­­­կիր ու հա­­­­սեր են Խի­­­­զան, վան­­­­քի շրջա­­­­կայ­­­­քը։ Նա­­­­հատա­­­­կուեր են։ Այ­­­­լազգնե­­­­րու ձեռ­­­­քով։ Անոնց մար­­­­միննե­­­­րը ամ­­­­փո­­­­­­­­­­­­­­­փուեր են վան­­­­քի մէջ։ Ինչպէս չյի­­­­շատա­­­­կեմ նաեւ Սե­­­­պուհ լե­­­­րան լան­­­­ջին, Սուրբ Գրի­­­­գոր Լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորի­­­­չի հրա­­­­շագոր­­­­ծութեամբ բխած այն աղ­­­­բիւրը, որ անո­­­­ւանո­­­­ւած էր «Բա­­­­րեհամ աղ­­­­բիւր»։ Դա­­­­րանա­­­­ղի գա­­­­ւառի բնա­­­­կիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը շատ ան­­­­գամներ են հոն ուխտի ելած եւ անոր բա­­­­րի ջու­­­­րը ըմ­­­­պած, քան­­­­զի հոն էր նաեւ սուրբի ճգնա­­­­րանը։

Բա­­­­րեբեր տա­­­­րի էր 1869 թո­­­­ւակա­­­­նը։ Այդ տա­­­­րին ծնաւ բա­­­­րի աչ­­­­քեր ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող ամե­­­­նաբա­­­­րի բա­­­­նաս­­­­տեղծը, Յով­­­­հաննէս Թու­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նեանը։ Ամ­­­­բողջ աշ­­­­խարհին բա­­­­րեւ տա­­­­լու հա­­­­մար աշ­­­­խարհ եկած էր կար­­­­ծես։ Իր ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւննե­­­­րուն մէջ ան զիս առա­­­­տօրէն օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծեց. «Բա­­­­րի օր քեզ, ա՛յ խա­­­­նութպան», «Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած բա­­­­րի ճամ­­­­բայ տայ… Գնաս բա­­­­րով», «Եղել է ձեզ նման մի թա­­­­գաւոր, ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցել է եր­­­­կու որ­­­­դի, մի­­­­նը բա­­­­րի», «Հա­­­­րի՛, հա­­­­րի՛ խնո­­­­ցի՛, մէջդ բա­­­­րի խնո­­­­ցի՛», «Աշ­­­­խարհ լցո­­­­ւեց լոյսն ու բա­­­­րին, լոյսն ու բա­­­­րին անա­­­­րատ», «Բա­­­­րի աջո­­­­ղում, ուստա փի­­­­սօ, գլուխս մրսեց ի սէր Աստծոյ»։ Հա­­­­յը ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ նաեւ մէկ այլ բա­­­­րեպաշտ բա­­­­նաս­­­­տեղծ, բա­­­­րեջան մշա­­­­կին եւ հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի բա­­­­րեբեր հո­­­­ղին եր­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­չը, Դա­­­­նիէլ Վա­­­­րու­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նը։ Ան տե­­­­սաւ, որ բո­­­­լոր բա­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րը կը ծնին ար­­­­դար քրտին­­­­քէն. «Ակօս­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ անոնք խինդ կը ցա­­­­նեն, եւ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած իրենց ճակ­­­­տին ակօ­­­­սէն բա­­­­րու­­­­թիւններ կը հնձէ»։ Ան եր­­­­գեց նաեւ հա­­­­ցին բա­­­­րի եր­­­­գը. «... Ու երբ թխեն հար­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­րը հա­­­­ցը բա­­­­րի՝ սի­­­­րեր­­­­գութի՜ւն թող ըլ­­­­լայ»։

Հրա­­­­ժեշտ տալ երբ պէտք է, ականջ տո­­­­ւէք Վա­­­­հան Տէ­­­­րեանին եւ անոր «Հրա­­­­ժեշտ»ին- «կա­­­­զել» մը, որուն առա­­­­ջին երկտո­­­­ղի զոյգ եւ մնա­­­­ցած վեց երկտո­­­­ղերու վերջնա­­­­մասե­­­­րը, հե­­­­տեւե­­­­լով արա­­­­բական եւ պարսկա­­­­կան օրի­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն, կը կրկնո­­­­ւի. «...ասում եմ ես մնաք բա­­­­րով»։ Առա­­­­ւել յու­­­­զիչ է թո­­­­քախ­­­­տէ տա­­­­ռապող այս զգա­­­­յուն գրի­­­­չէն բխած վեր­­­­ջին տո­­­­ղը. «Բա­­­­րի յի­­­­շէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բա­­­­րով, մնաք բա­­­­րով»։ Իսկ, եթէ կ՚ու­­­­զէք երախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­պարտ ըլ­­­­լալ կեան­­­­քին եւ անոր բո­­­­լոր շնորհնե­­­­րուն, բա­­­­ցէք եւ ըն­­­­թերցե­­­­ցէք պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայ բա­­­­նաս­­­­տեղծ Զահ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­տի 1971 թո­­­­ւակիր ժո­­­­ղովա­­­­ծուն՝ «Բա­­­­րի եր­­­­կինք»։ Բա­­­­ցէք նաեւ ձեր ձայ­­­­նասփիւ­­­­ռը ու մեծ հա­­­­ւանա­­­­կանու­­­­թեանբ պի­­­­տի լսէք դա­­­­սակա­­­­նացած եր­­­­կու երգ, «Բա­­­­րի լոյս տի­­­­կին Արուս» եւ ան, որ արա­­­­գիլին նո­­­­ւիրո­­­­ւած է։ Բա­­­­րի վա­­­­յելում բո­­­­լորիդ...

«Բա­­­­րով, արա­­­­գիլ, բա­­­­րի արա­­­­գիլ,

Արա­­­­գիլ գար­­­­նան, արա­­­­գիլ ամ­­­­րան,

Իմ տան մօտ ապ­­­­րիր, բախ­­­­տի արա­­­­գիլ,

Բոյն հիւ­­­­սիր ծա­­­­ռին,

Բար­­­­դու կատարին»։