Կէտիկփաշա եկեղեցին կը նպաստէ ուսման մակարդակի բարձրացման

Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին նախորդ կիրակի Սուրբ Ծննդեան Ութօրէքի պատարագին յայտարարեց նաեւ այս տարուայ համար յատկացուած կրթաթոշակներու տեղեկագիրը։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցած ընդունելութեան պահուն հանդէս եկաւ թաղական խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ յայտնեց, թէ այս տարի կրթաթոշակ տրամադրած են 105 աշակերտներու։ Անոնցմէ 22-ը համալսարանականներ են եւ մնացեալները նախակրթարանի եւ երկրորդական վարժարաններու ուսանողներ։

Յարութիւն Շանլը նշեց, որ տասը տարի առաջ, երբ առաջին անգամ ձեռնարկած էին ուսանողներու եւ անոնց ընտանիքներուն բեռը նուազեցնելու այս աշխատանքին հազիւ կրցած էին 22 աշակերտներուն կրթաթոշակ տրամադրել։ Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարիներուն պիտի կրնան, թէ կրթաթոշակ ստացողներու թիւնը բարձրացնել եւ թէ տրամադրուած կրթաթոշակի քանակը աւելացնել։ Այս մասին Սահակ եպս. Մաշալեան ալ իր կարգին գնահատեց թաղական խորհուրդի աշխատութիւնը, որ կը միտի զօրաւիգ կանգնիլ նոր սերունդի ուսման մակարդակի բարձրացման։