ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԱՍՏԻՃԱՆ

Իմաստութեան սանդղամատերը

Եւ ի՞նչ ընէր «աս­­տի­­­ճան» բա­­ռը, երբ բազ­­մա­­­թիւ երկվանկ գո­­յական­­ներ, նոյ­­նիսկ միավան­­կեր փոք­­րա­­­կազմ, անոր սանդղա­­մատե­­րու վրայ ոս­­տոստե­­լով կը տի­­րանա­­յին աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րու, կը դառ­­նա­­­յին բազ­­մանդամ՝ ու­­նե­­­նալով բարդ եւ ածանց բա­­ռերու հարստու­­թիւն, ապա կը վա­­յելէին պատ­­կե­­­րալից դար­­ձո­­­ւածքնե­­րու եւ ասոյթնե­­րու նա­­խան­­ձե­­­լի պեր­­ճութիւն մը։ Իսկ ի՛նքը, «աս­­տի­­­ճան» բա­­ռը, որ եռա­­վանկ էր եւ բազ­­մա­­­ձայն ու ար­­տա­­­քինով աւե­­լի ներ­­կա­­­յանա­­լի էր միւսնե­­րէն, կը մնար ստո­­րոտը։ Հե­­տեւեալը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, «աս­­տի­­­ճան» բա­­ռի ման­­րա­­­վէպն է՝ Երե­­ւանի Կաս­­կադ հա­­մալի­­րի 572 աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րու վրայ մտայ­­ղա­­­ցուած։

- Պա­­րո՛ն, աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը ելած ժա­­մանակ ետեւ դառ­­նալ ու նա­­յիլ չկա՞յ։

- Չկայ։ Երբ հաս­­նինք գա­­գաթ, կը դառ­­նաք ու ձեր աչ­­քե­­­րուն առ­­ջեւ յան­­կարծ կը յայտնո­­ւի հիաս­­քանչ հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կեր, հո­­րիզո­­նի վրայ Արա­­րատով պսա­­կուած։ Բո­­լորդ պատ­­րա՞ստ էք։ 3... 2... 1..., օ՛ն։

Ոմանք սկսան սու­­րալ, ոմանք առանց վա­­զելու՝ հա­­մաչափ քայ­­լե­­­րով սկսան ել­­լել՝ իրենց շունչը վեր­­ջին աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րուն պա­­հելու հա­­մար։ Իսկ կան աշա­­կերտներ, որոնք մրցիլ կամ աճա­­պարել չեն սի­­րեր։ Լե­­ւոնն ու Տե­­րեւը, քիչ մը ան­­ջատ միւսնե­­րէն, կաթ­­նա­­­գոյն կրա­­քարէ աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը զրու­­ցե­­­լով կը բարձրա­­նան, Շո­­ղիկն ու Անին որո­­շած են ամէն տա­­սը-քսան աս­­տի­­­ճանին փո­­փոխո­­ւող տե­­սարա­­նը ըմ­­բոշխնել, իսկ Փա­­թիլը ամէն քայ­­լա­­­փոխին սկսած է լու­­սանկա­­րել զար­­դա­­­քան­­դակնե­­րը, ցայ­­տաղբիւրնե­­րը եւ ժա­­մանա­­կակից ար­­ձաննե­­րը։ Ան որո­­շած է դա­­սարա­­նի հա­­մար գե­­ղատե­­սիլ պաս­­տառ մը շի­­նել։ Ամե­­նամեայ այս ծի­­սակա­­տարու­­թիւնը ցոյց կու տայ նաեւ աշ­­խարհա­­հայեացքնե­­րու եր­­կու բե­­ւեռ­­ներ. առաջ­­նութիւն մը շա­­հելու հա­­մար սու­­րալ նպա­­տակին, կամ՝ շրջա­­հայեաց դան­­դա­­­ղիլ, ընդ որում վա­­յելել շրջա­­պատի գե­­ղեց­­կութիւննե­­րը (կայ նաեւ այդ եր­­կուքին աս­­տի­­­ճանա­­ւորումնե­­րը)։ Կաս­­կա­­­դէն վեր երբ աս­­տի­­­ճան առ աս­­տի­­­ճան կը յայտնո­­ւի մայ­­րա­­­քաղա­­քը, կը յայտնո­­ւի նաեւ «աս­­տի­­­ճան» բա­­ռի պատ­­մութիւ­­նը...։

Լուսանկար՝ Լարա Խորխորունի

Ծա­­գու­­մը ան­­յայտ է։ Ստու­­գա­­­բան­­ներ եր­­կու կար­­ծի­­­քի մէջ են- իրա­­նակա՞ն է, թէ՝ չէ։ Կը կար­­ծո­­­ւի, թէ սե­­ռած ըլ­­լայ հնդեւ­­րո­­­պական մէկ ար­­մա­­­տէն, որ նշա­­նակեր է «քա­­լել, ել­­լել, սան­­դուխ բարձրա­­նալ»։ Նա­­խապէս ու­­նե­­­ցեր է նաեւ «աշ­­տի­­­ճան» ձե­­ւը։ Սե­­բաս­­տիոյ մէջ «աս­­դի­­­ճան» է եղած, Ջու­­ղա­­­յի եւ Թիֆ­­լի­­­սի մէջ՝ «աս­­լի­­­ջան», իսկ Ար­­ցա­­­խի մէջ՝ «աս­­լը­­­ջան»։ Սուրբ Գիր­­քի առա­­ջին թարգմա­­նու­­թեան մէջ հա­­զիւ նշմա­­րելի է անոր գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը։ Ամե­­նէն ներ­­կա­­­յանա­­լին՝ այն գահն է, որ Սո­­ղոմոն թա­­գաւո­­րը շի­­ներ է. «Եւ վեց աս­­տի­­­ճանք էին աթո­­ռոյն կա­­պեալք ոսկւով»։ Տխուր է բարդ եւ ածանց բա­­ռերու սա­­կաւու­­թիւնը։ Եթէ Սիաման­­թօն բա­­րեխիղճ չըլ­­լար ու անոր չշնոր­­հէր «անաս­­տի­­­ճան» ըն­­տիր ածա­­կանը, պի­­տի ու­­նե­­­նար միայն հինգ-վեց ան­­դամ. բարձրաս­­տի­­­ճան, եր­­կաստի­­ճան, եռաս­­տի­­­ճան, աս­­տի­­­ճանազրկել, աս­­տի­­­ճանա­­ւորում։ Այս հա­­մեստ բա­­նաս­­տեղծին քիչ վերջ պի­­տի վե­­րադառ­­նանք, բայց հի­­մա տես­­նենք, թէ աշա­­կերտնե­­րը ուր հա­­սեր են։ Սպա­­սելիօրէն Նա­­րեկը, Վէ­­մը, Սա­­րինը եւ Շան­­թը ախո­­յեանու­­թեան կը յա­­ւակ­­նին։ Երազ­­կոտնե­­րը մնա­­ցեր են վա­­րերը։

Մար­­դը անդրա­­դար­­ձաւ, թէ «աս­­տի­­­ճան» բա­­ռը կրնար նշա­­նակել նաեւ հա­­սարա­­կական դիրք, պա­­տիւ, հա­­մեմա­­տական մե­­ծու­­թիւն, ան­­կիւնի եւ աղե­­ղի չափ, ժա­­մացոյ­­ցի բա­­ժան­­մունք, տան յարկ, ջեր­­մութեան չափ, իսկ երաժշտու­­թեան մէջ՝ ձայ­­նի բարձրաց­­ման կամ իջ­­ման չա­­փը։ Ուստի, մեր առօ­­րեայ զրոյցնե­­րը հա­­մեմո­­ւած կ՚ըլ­­լան հե­­տաքրքիր խօս­­քե­­­րով, ինչպէս՝ առա­­ջին աս­­տի­­­ճանի կրծքան­­շան կամ շքան­­շան, զար­­գացման աս­­տի­­­ճան, աւա­­գու­­թեան աս­­տի­­­ճան, դի­­ւանա­­գիտա­­կան աս­­տի­­­ճան, գի­­տական աս­­տի­­­ճան, իջ­­նող եւ ել­­լող աս­­տի­­­ճան­­ներ, միտ­­քը 180 աս­­տի­­­ճան փո­­խել, ցել­­սիու­­սի աս­­տի­­­ճան, 451 աս­­տի­­­ճան ֆա­­րեն­­յայտ։ Առա­­ւելա­­բար, բարձրաս­­տի­­­ճան հիւ­­րե­­­րը կ՚իջ­­նեն գոր­­գա­­­ծածկ աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րէն ու հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ վար­­դա­­­պետու­­թեան աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը 14 հատ են։ Ու­­նինք նաեւ «աս­­տի­­­ճան» բա­­ռի հին­­ցած մէկ այլ նշա­­նակու­­թիւն՝ ազ­­գա­­­կանա­­կան մեր­­ձա­­­ւորու­­թիւն։ Հա­­յոց մայ­­րե­­­նին աս­­տի­­­ճանա­­բար հարստա­­ցաւ նաեւ դար­­ձուածքնե­­րով. աս­­տի­­­ճան տալ, աս­­տի­­­ճանը բարձրաց­­նել, աս­­տի­­­ճանը իջեց­­նել։ Ե. դա­­րու պատ­­միչ Ղա­­զար Փար­­պե­­­ցին կը յայտնո­­ւի ու մե­­զի կու տայ «աս­­տի­­­ճան» բա­­ռի առա­­ջին սահ­­մա­­­նու­­մը. «Նշա­­նակ եւ վի­­ճակ որ­­պի­­­սի եւ է բարձրու­­թեան եւ ցա­­ծու­­թեան, կամ մեր­­ձա­­­ւորու­­թեան եւ հե­­ռաւո­­րու­­թեան»։

Արա­­գըն­­թաց քա­­ռեակը կը հաս­­նի գա­­գաթ։ Առա­­ջին աս­­տի­­­ճանին կը տի­­րանայ Վէ­­մը, երկրոր­­դին՝ Նա­­րեկը եւ եր­­րորդին՝ Սա­­րինը։

Օրեր եղան, «աս­­տի­­­ճան» բառն ալ հա­­սաւ գրա­­կան եւ քա­­ղաքա­­կան հա­­յերէ­­նի բար­­ձունքներ։ Նախ դար­­ձաւ կա­­ռավա­­րու­­թիւն քննա­­դատող եւ բա­­րեփո­­խու­­թիւններ ջա­­տագո­­վող քա­­ղաքա­­գէտի իմաս­­տուն խօս­­քեր. «Աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը վե­­րեւից պէտք է սկսել մաք­­րել», «Ցածր է, թէ՚ վստա­­հու­­թեան աս­­տի­­­ճանը պե­­տական մար­­միննե­­րի նկատ­­մամբ, թէ՚ մաս­­նակցու­­թեան աս­­տի­­­ճանը»։ Ապա լսե­­ցինք նոյն աս­­տի­­­ճան ար­­դար երաժշտա­­կան գնա­­հատում մը. «Արամ Խա­­չատ­­րեանի երաժշտու­­թիւնը դժո­­ւար է յաղ­­թա­­­հարել...», հայ­­կա­­­կան բե­­մի լա­­ւագոյն ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րէն պա­­րու­­սոյց Վի­­լեն Գալստեանն էր խօ­­սողը- «նրա երաժշտու­­թեանը պէտք է հաս­­նես աս­­տի­­­ճան առ աս­­տի­­­ճան»։ Օր մը, «աս­­տի­­­ճան» բա­­ռը մար­­դա­­­ցաւ- Մես­­րոպ Մաշ­­տոցն էր ան՝ Ատոմ Եար­­ճա­­­նեանի գրի­­չով լե­­զուի եկած։ «Սուրբին աղօթ­­քը» քեր­­թո­­­ւածին մէջ Մաշ­­տո­­­ցը, Աս­­տուծոյ առ­­ջեւ ինքզինք ար­­ժա­­­նի չտես­­նե­­­լով որե­­ւէ աս­­տի­­­ճանի, կը հա­­ռաչէ այսպէս. «...Ես անաս­­տի­­­ճան ճգնա­­ւոր եւ անթռիչ հռե­­տոր»։ Իսկ Աշուղ Ճի­­ւանին հայ­­րե­­­նիքը տե­­ղադ­­րեց ամե­­նաբարձր աս­­տի­­­ճանի վրայ.

«Ոչ մի տեղ հայ­­րե­­­նիքից բարձր աս­­տի­­­ճան չի լի­­նի»։

Իմաս­­տուն աշու­­ղը տո­­ւաւ նաեւ խրատ մը. «Բախ­­տը աս­­տի­­­ճան չի բե­­րեր»։ Իսկ հա­­սարա­­կական աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րու մեկ­­նութիւ­­նը եկաւ ծաղ­­րա­­­ծուէ մը։ Լեոնիդ Են­­գի­­­բարեանն էր ան, խորհրդա­­յին աշ­­խարհի հռչա­­կաւոր մնջա­­խաղ, կրկէ­­սի դե­­րասան, իմաս­­տութեան ամե­­նաբարձր աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը հա­­սած անձնա­­ւորու­­թիւն. «Սխալ­­ւում են նրանք, ով­­քեր մտա­­ծում են, թէ մար­­դու կեան­­քում գլխա­­ւորը ճա­­նապարհն է։ Ոչ, գլխա­­ւորը՝ աս­­տի­­­ճան­­ներն են։ Մի՛ նե­­ղաց­­րէք աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րին»։

Վեր­­ջին աշա­­կերտներն ալ հա­­սան գա­­գաթ։ Այժմ ամէն մէ­­կը, լուռ, իմա­­ցու­­թեան իր աս­­տի­­­ճանով կը դի­­տէ մայ­­րա­­­քաղա­­քը- մէ­­կը լու­­սանկա­­րի իր գոր­­ծի­­­քով, մէ­­կը ան­­թարթ, իսկ ու­­րիշ մէ­­կը՝ աչ­­քե­­­րը փակ։ Վէ­­մը կը մօ­­տենայ.

- Պա­­րոն, այս աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րու վրայ ինքզինքս աւե­­լի հա­­սունցած կը զգամ։

- Շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն պէտք է յայտնել «աս­­տի­­­ճան» բա­­ռին։ Ան է, որ մե­­զի կը պար­­գե­­­ւէ տե­­սարա­­նի եւ մտքի բարձրու­­թիւններ։ Իսկ դուք աւե­­լի գի­­տակ պի­­տի դառ­­նաք այն օրը, երբ կանգնինք Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի թան­­գա­­­րանի առ­­ջեւ ու լսէք անոր 54 աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րու պատ­­մութիւնը։