ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Նոր համակարգի անհրաժեշտութիւնը

Վերջերս Թուրքիոյ մէջ մեծ արժէք կ՚ընծայուի բոլոր այն հասկացողութիւններուն, որոնք պիտի մտնեն «տեղական» եւ «ազգային» սահմանին։ Այդ առումով կերտուեցաւ նաեւ վարչաձեւ մը, որ կը կոչուի «նախագահական վարչութիւն»։ Այս նոր դրութեան ժողովուրդի մէջ գտած փոխադարձն է «միահեծան վարչութիւն» եզրը։ Սակայն մենք պիտի համարձակինք պնդել, թէ պարտադրուած այդ միահեծան վարչութիւնը իր նախափորձը ունի մեր պատրիարքական դրութեան մէջ։

Երբ երկիրը անցում կատարեց կայսրութենէ դէպի հանրապետութիւն, բնականաբար վարչամեքենան ալ ապրեցաւ շատ կարեւոր փոփոխութիւններ։ Վերջ ի վերջոյ հանրապետութիւնը որպէսզի ցոլացնէ հանրութեան կամքը, ստիպուած էր դէպի ժողովրդավարութիւն տանող կարգ մը փոփոխութիւններու ենթարկուելու։ Իսկ այդ անցումային շրջանին երկրի վարիչները բաւականին կանխատեսումներ չէին ունեցած փոքրամասնութիւններու իրավիճակին մասին։ Կարծես մեր Պատրիարքարանը անբաղձալի ժառանգ մը ըլլար նոր հանրապետութեան գլխուն։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ իշխանութիւնները բաւարարուեցան անոր ազդեցութեան միջոցները սահմանափակելով։ Նախ վերջ տուին Պատրիարքարանի ազգային դիմագիծին եւ զայն ընկալեցին միայն հոգեւոր իշխանութիւն մը ըլլալով, բայց կեանքի իրողութիւնները կը թելադրէին աւելին։ Պատրիարքարանը բացի կրօնական կեդրոն մը ըլլալէ ներկայացուցիչն էր նաեւ երկրի հայ հասարակութեան։ Իսկ այդ ներկայացուցչութիւնը իր կարգին ունէր քաղաքական յատկութիւն։ Այս հակասութիւններու տարափին մէջ գոյացաւ վարչամեքենայ մը, որուն աթոռակալը ի պահանջել հարկին կը վայելէ հոգեւոր կեդրոնի անձեռնմխելիութիւնը, առանց ենթարկուելու որեւէ հակակշիռ ուժի հսկողութեան։

Մինչդեռ մեր աւանդութիւնը կը թելադրէր եւս յատկութիւններ։ Չէ՛ որ մենք այս երկրին մէջ միւս բոլոր հաւաքականութիւններէ աւելի կանուխ տիրացած էին ազգային սահմանադրութեան եւ այդ սահմանադրութիւնը կը պարգեւէր հակակշռող զանազան մարմիններ։

Այսօր արգիլեալ են այդ մարմինները եւ մեզի մնացած է կրօնական համայնքի մը սահմանումով ինքնակամ գործող վարչամեքենայ մը։ Այժմու խորհրդակցական մարմինները չունին անցեալի ընտրուած ազգային ժողովներու ուժն ու կարողութիւնը։ Ուրեմն մեզի մնացած է բոլոր որոշումները պետութեան կողմէ հակակշռի տակ առնուած, բայց իր ազգին նկատմամբ բոլորովին ինքնակամ գործող կազմ մը։

Այդ կազմը թերեւս հանրապետութեան առաջին շրջաններուն այդքան խոտոր չէր թուեր, բայց այսօրուայ պայմաններուն մէջ ներկայ ժամանակներու անհատի դիմաց բնականաբար շատ նեղ սահմանում մըն է առանց հակակշռող մարմիններու վերաքննիչ յատկութեան գործող համակարգը։

Երբ կը պատրաստուինք նոր պատրիարքի մը ընտրութեան պարտաւոր ենք այս եւ նման խնդիրներու մասին նոր միտքեր ածելու, նոր կարծիքներ եւ համապատասխան պահանջներ ձեւաւորելու։

pakrates@yahoo.com