Արդարութիւն պարտական ենք Ճէպէնոյանին

ԱՌԱՏ ՏԻՆՔ

 

Օրերէ ի վեր կը տա­ռա­պիմ Ճիւ­­նէյթ աղ­­բա­­­րիկի ճա­­կատագ­­րի դառ­­նութիւ­­նը մարմնիս բո­­լոր բջիջ­­նե­­­րուն վրայ զգա­­լով։ Թե­­րացած ըլ­­լա­­­լէ ծա­­գած տա­­ռապանք մըն է այս։ Ար­­դա­­­րու­­թիւն պար­­տա­­­կան ենք իրեն։ Զրկանքնե­­րու պա­­հուն բա­­ւակա­­նին իր կող­­քը չըլ­­լա­­­լէն ծա­­գած կսկիծ մըն է, որ կը մա­­շեց­­նէ զիս։ Ժպտա­­ցող դէմ­­քը կը պատ­­կե­­­րուի աչ­­քե­­­րուս առ­­ջեւ ու ես բար­­կութիւ­­նով լե­­ցուն եմ։

Ան իր թա­­խիծն ու բար­­կութիւ­­նը զսպած էր խա­­ղաղու­­թեան մէջ։ Ու­­ժասպառ եմ այս կո­­րուստին դի­­մաց։

Մին­­չեւ երէկ եթէ չէին լսած, այ­­սօր հա­­րիւ­­րա­­­ւոր­­ներ, բիւ­­րա­­­ւոր­­ներ լսե­­ցին անոր կսկի­­ծը։ Տաս­­նեակ­­նե­­­րով, հա­­րիւ­­րա­­­ւոր­­նե­­­րով, հա­­զարա­­ւոր­­նե­­­րով զո­­հուած ժո­­ղովուրդի մը վիշ­­տէն ծա­­գած ալ ըլ­­լայ, ապստամ­­բութիւնը կոյր բռնութեան վե­­րածող կազ­­մա­­­կեր­­պութեան մը՝ «ՓՔՔ»ի խա­­ւարին մատ­­նած կեանք մըն է որ ապ­­րե­­­ցաւ։ Ահա­­բեկ­­չութեան կոր­­ծա­­­նարար ու­­ժին պաշ­­տողնե­­րուն վզին կա­­խուած բո­­լոր շքան­­շաննե­­րը շու­­քի մէջ մնա­­լու դա­­տապար­­տո­­­ւած են Ճիւ­­նէյթ Ճէ­­պէնո­­յանի եւ Ֆի­­լիզ Քութլա­­րի 45 ամեայ ող­­բերգու­­թեան դի­­մաց։ Կար­­ծես թէ այս բո­­լորը բա­­ւարար չէին, ելան «նե­­րողու­­թիւն» խնդրե­­լու հա­­ւանա­­կանու­­թեան մա­­սին յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը կրկնե­­ցին իրենց սխա­­լը։ Վասն այն՝ թէ պէտք է մեծ նկա­­րը տես­­նել, եւ այդ նկա­­րին մէջ նշա­­նակու­­թիւն չու­­նի ման­­րա­­­մաս­­նութիւն հա­­մարո­­ւած կեան­­քի կո­­րուստնե­­րը։ Աւե­­լին՝ իբ­­րեւ թէ ազ­­գայնա­­կանն ալ առի­­թէն օգ­­տո­­­ւելով «տե­­սա՞ք» պի­­տի հարցնէ։

Երկրի իրա­­վիճա­­կը ֆիլ­­մի ժա­­պաւէ­­նի մը նման կ՚անցնի աչ­­քե­­­րուս առ­­ջե­­­ւէն։ Վեր­­ջա­­­ւորու­­թիւնը քա­­ռասուն ան­­գամ դի­­տած եմ բայց չեմ ձանձրա­­ցած դի­­տելէ։ Աւե­­րակ­­նե­­­րուն մէ­­ջէն դուրս բե­­րուած ման­­կան դիակին կը նա­­յինք, մեր ձա­­գո՞ւկն է թէ ոչ։ Գտնե­­լը կորսնցու­­ցած է իր իմաս­­տը բայց մենք ընե­­լիք ոչինչ ու­­նինք, եթէ ոչ փնտռել։

Ճիւ­­նէյթ աղ­­բա­­­րիկը սրտին մէջ քրոջ, հօր, մօր եւ Ալիով... եւ լաւ որ Էլի­­ֆով, լաւ որ Այ­­շէ­­­կիւ­­լով եւ դեռ շա­­տերով... Չէր կրցած այս աշ­­խարհի մէջ իրեն հա­­մար խա­­ղաղ վայր մը գտնել։ Հասկցաւ, պատ­­մեց եւ դու­­ռը մեր երե­­սին շրխկաց­­նե­­­լով ահա ելաւ ու գնաց։