ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՏԱՃԱՐ

Ո՞ւր էին հա­­յոց սրբու­­թիւննե­­րը կու­­տա­­­կուած։ Ո՞ր ամ­­րա­­­կառոյց շի­­նու­­թիւնը պա­­հապա­­ներ էր մեր հո­­գեւոր եւ նիւ­­թա­­­կան հարստու­­թիւննե­­րը։ Պա­­տաս­­խա­­­նը գտնե­­լու հա­­մար, դի­­տենք Հայ­­կա­­­կան լեռ­­նե­­­րու վրայ, բա­­րեբեր դաշ­­տե­­­րու մէջ եւ յոր­­դա­­­հոս գե­­տերու եզեր­­քը կա­­ռու­­ցո­­­ւած մեր հե­­թանո­­սական սիւ­­նա­­­զարդ տա­­ճար­­նե­­­րը։ Մշոյ դաշ­­տի Անա­­հիտի տա­­ճարէն մին­­չեւ ծո­­վեզ­­րեայ Ար­­տա­­­մետի Աստղի­­կի տա­­ճարը, ու Երի­­զայի (Երզնկա) Միհ­­րի տա­­ճարէն մին­­չեւ Քեր­­քէ լե­­րան վրայ Վա­­հագ­­նի տա­­ճարը՝ մեր հար­­ցումին պա­­տաս­­խա­­­նը երկվանկ բառ մըն է. «տա­­ճար»։ Այ­­սօր յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւն մը պի­­տի կա­­տարենք դէ­­պի մայ­­րե­­­նիի ան­­ցեալը ու պի­­տի զրու­­ցենք «տա­­ճար» բա­­ռի մա­­սին։ Զար­­մա­­­նալով պի­­տի տես­­նենք, թէ այդ պար­­զունակ գո­­յակա­­նը դա­­րեր շա­­րու­­նակ իր մէջ պա­­րու­­նա­­­կած եւ պահ­­պա­­­նած է հա­­յու լե­­զուա­­կան գան­­ձե­­­րը։

Որ­­պէս տա­­ճարա­­շէն հնա­­գոյն ազգ, հա­­յերս «տա­­ճար» բառն ալ, ան­­յի­­­շելի ժա­­մանակ­­նե­­­րէն սկսեալ, կա­­ռու­­ցեր ենք մաս առ մաս, վանկ առ վանկ։ Այս բա­­ռը, իրօք, նոյնքան հին ու հո­­յակապ է, որ­­քան մեր նախ­­նի­­­ներու կանգնե­­ցու­­ցած քա­­րաշէն տա­­ճար­­նե­­­րը։

Հե­­թանոս աղօթքնե­­րու, հե­­րոսա­­վէպե­­րու կամ եր­­գե­­­րու մէջ ի՞նչ գոր­­ծա­­­ծու­­թիւն ու­­նէր «տա­­ճար» բա­­ռը։ Դժո­­ւար է ըսել։ Քան­­զի հայ­­կա­­­կան գրա­­ւոր գրա­­կանու­­թեան ար­­շա­­­լոյ­­սին, երբ հայ մա­­տենա­­գիր­­նե­­­րը սկսեր էին քրիս­­տո­­­նէական հա­­ւատ­­քի սուրբ գիր­­քը հա­­յերէ­­նի թարգմա­­նել, Վա­­ղար­­շա­­­պատ քա­­ղաքի մէջ, Միհ­­րի տա­­ճարի տեղ ար­­դէն կա­­ռու­­ցո­­­ւեր էր Սուրբ Հռիփ­­սի­­­մէ եկե­­ղեցին, իսկ Նպատ լե­­րան հիւ­­սի­­­սային ստո­­րոտը, Բա­­գաւա­­նի տա­­ճարին վրայ բարձրա­­ցեր էր եռա­­խորան Սուրբ Յով­­հաննէ­­սը։ Դի­­մենք Սուրբ Գիր­­քին։ Հոն 426 ան­­գամ կը հան­­դի­­­պինք «HYPERLINK «http։//www.arak29.am/bible_28E/l10600.htm» «տա­­ճար» բա­­ռին։ Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի մէջ կան նաեւ «տա­­ճարա­­կապուտ», «տա­­ճարա­­կից» եւ «տա­­ճարա­­պետ» բա­­ռերը։ Եղի­­շէ պատ­­մի­­­չը երբ գրի առաւ «Վասն Վար­­դա­­­նայ եւ Հա­­յոց պա­­տերազ­­մին» պատ­­մա­­­գիր­­քը, «տա­­ճար» բա­­ռով շի­­նեց երեք պատ­­կե­­­րաւոր ար­­տա­­­յայ­­տութիւն. «Սուրբ տա­­ճար», «Ան­­քակ տա­­ճար», «Բարձրա­­գահ տա­­ճար»։ Այ­­նուհե­­տեւ, եկան այլ գրիչ­­ներ ու մեր «տա­­ճար»ին ձօ­­նեցին ըն­­տիր ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ։ Ահա ակ­­նա­­­ռու քա­­նի մը օրի­­նակ. «Ար­­քա­­­յաշէն տա­­ճար», Ասա­­պով, «Տա­­ճար բա­­նին», «Տա­­ճար անե­­ղին», «Անա­­պական տա­­ճար», «Լու­­սա­­­պատ­­կամ տա­­ճար», Խա­­չատուր Խաս­­պէկ Կա­­ֆացի, «Բարձրա­­գոյն եւ պայ­­ծառ տա­­ճար գո­­վելի», «Տա­­ճարս որ­­պէս աղաւ­­նի», «Աննման տա­­ճար գո­­վելի», «Տա­­ճար փա­­ռաց», Վար­­դան Կա­­ֆացի, «Տեն­­չա­­­լի տա­­ճար», Յա­­կոբ Կա­­ֆացի։ Մեր ար­­քունի­­քը այդ օրե­­րուն ու­­նե­­­ցեր է «Տա­­ճար խորհրդոյ», որ կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նէ մե­­րօրեայ խորհրդա­­րանին, կամ՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովին։ Իսկ Կի­­լիկեան Հա­­յաս­­տա­­­նը եւ անոր հա­­յերէ­­նը «տա­­ճար» բա­­ռի նոր տե­­սակի մը ծա­­նօթա­­ցաւ, երբ արեւ­­մուտքէն եկաւ կա­­թոլիկ աս­­պետնե­­րու միաբա­­նու­­թիւն մը, որ կը կո­­չուէր «Տա­­ճարա­­կան­­ներ»։ Մեր ճկուն մայ­­րե­­­նին ծնունդ տո­­ւաւ նաեւ «տա­­ճարաբ­­նակ», «տա­­ճարա­­զարդ», «տա­­ճառաթ­­ռիչ», «տա­­ճարա­­խիտ», «տա­­ճարա­­յար­­դար», «տա­­ճարա­­սիւն» եւ «մե­­հենա­­տաճար» բա­­ռերուն։ Յի­­շեմ նաեւ ածա­­կան մը, որ խիստ պա­­տուա­­բեր է եւ քի­­չերուն կը պա­­տահի- «տա­­ճարա­­շէն»։ Հա­­յոց պատ­­մութիւ­­նը կը յի­­շէ իւ­­րա­­­յատուկ անձ մը, որ ար­­ժա­­­նացեր էր այդ տիտ­­ղո­­­սին. 1672-1752 թո­­ւական­­նե­­­րուն ապ­­րած, ծնունդով Ակնցի, պոլ­­սա­­­հայ Եաղուպ (Յով­­հաննէս) Յով­­հաննէ­­սեան ամի­­րան է ան, որ իր կա­­տարած բա­­րեգոր­­ծութիւննե­­րու հա­­մար Նա­­լեան պատ­­րիար­­քի կող­­մէ յոր­­ջորջո­­ւած է «Տա­­ճարա­­շէն երկրորդ Զօ­­րաբա­­բէլ մը»։

Տա­­ճար բա­­ռի նախ­­նա­­­կան իմաստներն են՝ պա­­լատ, ապա­­րանք, ան­­կե­­­լանոց, հի­­ւանդներ ու ծե­­րեր պա­­հելու յա­­տուկ շէնք, սե­­ղանա­­տուն, շտե­­մարան, ամ­­բա­­­րանոց, սե­­ղան, կո­­չունք։ Ար­­դի գոր­­ծա­­­ծու­­թեան մէջ, ակ­­նարկե­­լով հե­­թանո­­սական շրջա­­նի շի­­նու­­թիւննե­­րը, «տա­­ճար» բա­­ռով կը հասկնանք կռա­­տուն, հե­­թանո­­սական արա­­րողու­­թիւննե­­րու եւ ծէ­­սերու տուն։ Ան նաեւ կը նշա­­նակէ Էջ­­միած­­նի մէջ Ամե­­նայն հա­­յոց կա­­թողի­­կոսի նստա­­վայ­­րը, արո­­ւես­­տի եւ գի­­տու­­թեան կեդ­­րոն, խո­­րին յար­­գանք եւ եր­­կիւղա­­ծու­­թիւն ներշնչող վայր։ «Տա­­ճար» բա­­ռով շի­­ներ ենք նաեւ եր­­կու դար­­ձո­­­ւածք։ «Բե­­րանը տա­­ճար», այ­­սինքն է այն մար­­դը, որ բա­­րի եւ օրհնո­­ւած խօս­­քեր կ՚ըսէ, իսկ մար­­դու բե­­րանը «Բե­­րան չէ, տա­­ճար է», երբ հա­­ճելի եւ ճշմա­­րիտ խօս­­քեր կ՚ըսէ, մաղ­­թանքներ կամ գու­­շա­­­կու­­թիւններ կ՚ընէ։

Միջ­­նա­­­դարու հայ բա­­նաս­­տեղծնե­­րու հա­­մար «տա­­ճար» էր Մա­­րիամ Աս­­տո­­­ւածա­­ծինը։ Անոնք բազ­­մա­­­թիւ աղա­­չական տո­­ղեր ուղղած են Տի­­րամօր.«Զքեզ ու­­նիմ յոյս, տա­­ճար Միած­­նին, սուրբ կոյս», Սի­­մէոն Կա­­ֆացի, «Աս­­տո­­­ւածա­­ծին մա­­քուր տա­­ճար», Կա­­րապետ դպիր, «Ղամ­­բա­­­րափայլ տա­­ճար», «Տա­­ճար լու­­սա­­­տու», «Անա­­րատ տա­­ճար», «Դու իմ տա­­ճար բնա­­կու­­թեան», «Մա­­քուր եւ սուրբ տա­­ճար», Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լի։

1500-ական­­նե­­­րուն երբ հայ­­կա­­­կան տա­­ղասա­­ցու­­թիւնը աշ­­խարհիկ ուղղու­­թիւն կ՚առ­­նէր ու ամէն բա­­ռի երկրա­­ւոր իմաս­­տը կը փա­­ռաբա­­նուէր, «տա­­ճար» բառն ալ կեր­­պա­­­րանա­­փոխո­­ւեցաւ, դար­­ձաւ, ըստ Նա­­հապետ Քու­­չա­­­կի՝ եարի ծո­­ցը։ Ահա աշու­­ղի եւ անոր սի­­րածի ծի­­ծաղա­­շարժ եր­­կխօ­­սու­­թիւնը. (Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, եթէ ձեր սե­­նեակի մէջ այժմ փոքր տա­­րիքի երե­­խաներ կան, հե­­տեւեալ քա­­ռեակը կար­­դա­­­ցէք ցած ձայ­­նով, կամ թե­­լադ­­րե­­­ցէք, որ մէկ վայրկեան դուրս ել­­լեն).

- Քո ծոցդ է ճեր­­մակ տա­­ճար,

քո ծծերդ է կան­­թեղ կի վառ.

Եր­­թամ ես, ժամ­­կոչ ըլ­­լամ,

գամ, լի­­նիմ տա­­ճարիդ լու­­սա­­­րար։

- Գնա, ծօ տղայ տխմար,

չի վայ­­լես տա­­ճարիս լու­­սա­­­րար.

Եր­­թաս դուն խա­­ղով լի­­նաս,

ու թո­­ղուս տա­­ճարս ի խա­­ւար։

Ջա­­ւախ­­քի զա­­ւակ Աշուղ Ճի­­ւանիի հա­­մար «տա­­ճար» էր մօր ծո­­ցը.

Ջուխտակ շա­­մամ­­ներդ դրախտ ծո­ցիդ մէջ,

Կաթ­­նաղբիւր են եղել ինձ հա­­մար, մայ­­րիկ,

Տատ­­րա­­­կի պէս շատ եմ արել ելէջ,

Կրծքիդ վրայ մա­­քուր՝ սուրբ տա­­ճար, մայ­­րիկ։

«Շա­­մամ» բա­­ռը այս եր­­գի մէջ եթէ ան­­տե­­­ղի գտաք, իրա­­ւունք ու­­նիք, քան­­զի ան կը նշա­­նակէ «փոքր սեխ»։ Բայց յի­­շեց­­նեմ, թէ աշու­­ղա­­­կան եր­­գե­­­րու մէջ ան կը նշա­­նակէ «ստինք»։ Նոյն թո­ւական­­նե­­­րուն Պոլ­­սոյ մէջ, արեւմտա­­հայ քնա­­րեր­­գա­­­կան բա­­նաս­­տեղծու­­թեան վեր­­ջին ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ, Պոլ­­սոյ Պէր­­պէ­­­րեան վար­­ժա­­­րանի սան Մատ­­թէոս Զա­­րիֆեանը «տա­­ճար» բա­­ռի մէջ կը տես­­նէր հա­­մամարդկա­­յին միտք. «Պէտք է որ եր­­կիրն ըլ­­լայ միշտ տա­­ճար»։ Պէր­­պէ­­­րեան վար­­ժա­­­րանի հիմ­­նա­­­դիր Ռե­­թէոս Պէր­­պէ­­­րեանի «Դպրոց եւ դպրու­­թիւն» գիր­­քի մէջ «տա­­ճար» էր՝ դպրո­­ցը. «Երգ դպրոցի- Տա­­ճար հրա­­շագործ, վսեմ ձու­­լա­­­րան»։ Ռ. Պէր­­պէ­­­րեանի խօս­­քով՝ դպրոցը նաեւ «Զո­­ւարթ լու­­սոյ տա­­ճար» էր։ Բայց, օր մը արեւմտա­­հայ մտքի տա­­ճարը, ըստ Պա­­րոյր Սե­­ւակի՝ Պոլ­­իսն էր անի­­կա, աւե­­րակ դար­­ձաւ։ «Անլռե­­լի զան­­գա­­­կատուն» բա­­նաս­­տեղծու­­թեան տո­­ղերը կը վկա­­յեն, թէ ի՛նչ ահ­­ռե­­­լի քան­­դում էր ան. «Պո­­լի՜ս, Պո­­լի՜ս... / Դու՝ էն գլխից սրբապղծո­­ւած, / Եղ­­ծո­­­ւա՛ծ, / Կեղ­­ծո­­­ւա՛ծ / Մի չար տա­­ճար, / Իսկ մենք՝ դար­­ձեալ հա­­ւատա­­ցեալ...», «Ահե՜ղ գի­­շեր, / Որ բորբ ներ­­կո­­­ւեց ո՛չ արե­­ւով, / Այլ մեր արեա՜մբ, / Ու կո­­ղոպ­­տեց խո­­րան­­նե­­­րը հայ կա­­ճառի, / Խո­­րան­­նե­­­րը հայ դպրու­­թեան սուրբ տա­­ճարի... Բար­­բա­­­րոսի խուժդուժ ձեռ­­քեր / Սուրբ խո­­րան­­ներ կո­­ղոպ­­տե­­­ցին՝ / Խո­­րան­­նե­­­րը հայ կա­­ճառի, / Հայ դպրու­­թեան սուրբ տա­­ճարի»։ Յօ­­դուա­­ծիս սկիզ­­բը ըսեր էի, թէ «տա­­ճար» բա­­ռը ու­­նի «խո­­րին յար­­գանք եւ եր­­կիւղա­­ծու­­թիւն ներշնչող վայր» իմաս­­տը։ Ահա անոր գե­­ղեց­­կա­­­գոյն եւ ազ­­գա­­­վայել գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը, Վա­­հան Տէ­­րեանի «Մի խառ­­նէք մեզ» հայ­­րե­­­նասի­­րական քեր­­թո­­­ւածի մէջ։ Հոն «տա­­ճար» է դար­­ձած ամ­­բողջ Հա­­յաս­­տա­­­նը.

Չի հաս­­կա­­­նայ ձեր հո­­գին

եւ ծոյլ, եւ օտար,

Տա­­ճար է մեր եր­­կի­­­րը,

սուրբ է ամէն քար։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, հա­­կառակ բո­­լոր որո­­նումնե­­րուս, չյա­­ջողե­­ցայ գտնել գրա­­կան պա­­տառիկ մը, ուր «տա­­ճար» է մեր մայ­­րե­­­նին։ Բայց, մենք գի­­տենք, թէ իրօք տա­­ճար մըն է մեր «նա­­հան­­ջող», «մա­­հացող» լե­­զուն եւ մենք՝ «դար­­ձեալ հա­­ւատացեալ»։