ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԼՈՒՌ

Ինչո՞ւ Պետ­րոս Դու­րեանը ու­զեց «լուռ մե­նանալ», Մատ­­թէոս Զա­­րիֆեանի երազ­­նե­­­րը դեղ­­նե­­­ցան «վիշ­­տի մը լուռ համ­­բոյրէն», եւ Վա­­հան Թէ­­քէեանը մնաց բաց ծո­­վուն մէջ՝ «ան­­հունու­­թեան դէմ լուռ հո­­րիզո­­նին»։ Ըստ հայ բա­­նաս­­տեղծի, լուռ են ժպիտ­­նե­­­րը հա­­յուն, սրտի խօս­­քե­­­րը լուռ, ցա­­ւերը լուռ։ Լուռ են հա­­յու սու­­գը, ար­­տա­­­սու­­քը, շրթունքը...։ Նոյ­­նիսկ լուռ են հայ­­րե­­­նի ու­­ռի­­­ները, նո­­ճինե­­րը, բար­­տի­­­ները։ Մի­­թէ՞ պատ­­ճա­­­ռը «լուռ» բառն է։ Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, զրու­­ցենք «լուռ» բա­­ռի մա­­սին ու փոր­­ձենք հասկնալ, թէ մենք ին­­չո՛ւ ենք այսպէս։

Բնիկ հայ­­կա­­­կան է «լուռ» ածա­­կանը, աճեր է k՛leu «լսել» ար­­մա­­­տէն։ Գրա­­ւոր հա­­յեր­­նի ար­­շա­­­լոյ­­սին զայն լսե­­ցինք հայ­­կա­­­կան մա­­տենագ­­րութեան մէջ։ Ահա այդ օրե­­րէն հա­­սած եր­­կու ար­­ձա­­­գանգ. «Հա­­ւատա­­ցէ՛ք յեր­­րորդու­­թիւնն՝ լուռ հա­­ւատով», «Փա­­ռաւո­­րէ զաս­­տո­­­ւած լուռ բե­­րանով»։ Ապա «լուռ»ը տա­­րածո­­ւեցաւ հա­­յոց լե­­զուաշ­­խարհի մէջ, դար­­ձաւ՝ լռին, լռիկ, լռու­­թիւն։ Օր մը ան ձանձրա­­ցաւ լռա­­կեաց նստե­­լէն, ու­­զեց զրու­­ցա­­­կից ու­­նե­­­նալ։ Բար­­դա­­­ցաւ։ Ծնունդ տո­­ւաւ երազ­­կոտ ածա­­կան­­նե­­­րու. աստղա­­լուռ, ահե­­ղալուռ, յա­­ւեր­­ժա­­­լուռ։

Իր երկհա­­զարա­­մեայ լռու­­թեան մէջ բա­­ռը իմաս­­տի նրբու­­թիւններ ստա­­ցաւ։ Ամէն լռու­­թիւն ու­­նէր իր խորհրդա­­ւոր պատ­­ճա­­­ռը «Սի­­րահար­­նե­­­րը լուռ իրա­­րու նա­­յեցան», ան­­խօս կեր­­պով, «Լուռ ու հան­­գիստ կին է», շատ չխօ­­սող, «Վիշ­­տը լուռ կը կրծէ սիր­­տը», չդրսե­­ւորո­­ւող, «Բար­­տի­­­ները կանգնած են լուռ», ան­­շարժ, անշշուկ, «Լուռ պայ­­քար կայ եր­­կուքին մէջ», առանց ըսե­­լու հաս­­կա­­­ցուող, կա­­տարո­­ւող, «Ան լուռ կ՚ըն­­դունի ամէն վի­­րաւո­­րանք ու նե­­ղու­­թիւն», անտրտունջ։ Մեր նախ­­նի­­­ները իմաս­­տի նոր շեր­­տեր աւել­­ցուցին անոր։ Գրա­­բար հա­­յերէ­­նի մէջ «Լուռ լի­­նել ի թշնա­­մու­­թե­­­նէ» կը նշա­­նակէր թշնա­­մու­­թիւնը դադ­­րեցնել, իսկ «Լուռ լի­­նել յաս­­տի­­­ճանէ»՝ պաշ­­տօ­­­նանկ ըլ­­լալ։ Գրա­­բարա­­խօս մեր նախ­­նի­­­ները ու­­նէին պատ­­կե­­­րալից ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ. «Լուռ բե­­րանով», «Լուռ հա­­ւատք», «Լուռ լե՛ր», «Լուռ լուռ, լուռ մուռ»՝ լռե­­լեայն կեր­­պով։ Հին Հա­­յաս­­տա­­­նի ման­­կա­­­կան դաս­­տիարա­­կու­­թիւնը ու­­նէր իր կար­­գա­­­խօսը. «Զման­­կունս լուռ լուռ ու­­սուցա­­նել», քան­­զի առա­­քինու­­թիւն էր լռու­­թիւնը։ Իսկ երբ «ան­­պի­­­տան» էր խօս­­քը, «ան­­բան» էր միտ­­քը, միջ­­նա­­­դարու իմաս­­տուն հայ­­րե­­­րը խրա­­տեցին լուռ մնալ. «Լուռ կա՛ց եւ լե՛ր ափ ի բե­­րան, / Բանքդ որ խօ­­սիս՝ է ան­­պի­­­տան»։ Այս խոր­­հուրդը մե­­զի աւան­­դեց 1380-1454 թո­­ւական­­նե­­­րուն ապ­­րած տա­­ղեր­­գու, երա­­ժիշտ, հա­­սարա­­կական եւ եկե­­ղեցա­­կան գոր­­ծիչ Առա­­քել Բա­­ղիշե­­ցին։ Դար մը յե­­տոյ, Մել­­քի­­­սեդեկ եպիս­­կո­­­պոսը գրեց, թէ մար­­դը եթէ չէ Սո­­ղոմոն, Պղա­­տոն կամ Սոկ­­րատ՝ պէտք է, որ «Սաս­­տեն նմա, թէ՝ Լուռ կա­­ցիր, ո՛վ ան­­բան»։ Այդ դա­­րերուն հայ կինն էր լուռ։ Ռաֆ­­ֆին այդ երե­­ւոյ­­թը բա­­ցատ­­րեց հե­­տեւեալ ձե­­ւով. «Նրա հա­­մար, որ եթէ նրա­­նից պա­­հան­­ջում էին հնա­­զան­­դութիւն, պա­­հան­­ջում էին լուռ լի­­նել, դա գլխա­­ւորա­­պէս այն նպա­­տակով էր, որ պահ­­պա­­­նուի ըն­­տա­­­նիքի ներ­­դաշնա­­կու­­թիւնը, որ բաղ­­կա­­­ցած էր շատ ան­­դամնե­­րից»։ Վի­­պագի­­րը ապա վեր­­լուծեց հայ կնոջ նե­­րաշ­­խարհը. «Դժո­­ւար կա­­րելի է գտնել մի կին, որ իր զգաց­­մունքը, թէ՛ սէ­­րը, թէ՛ տխրու­­թիւնը եւ թէ բար­­կութիւ­­նը, կա­­րողա­­նար ար­­տա­­­յայ­­տել լե­­զուով։ Այսպի­­սի դէպ­­քե­­­րում... լուռ ար­­տա­­­սու­­քը լի­­նում է նրա սրտի թարգմա­­նը»։ Ազ­­գագրա­­գէտ Երո­­ւանդ Լա­­լայեանը նոյն օրե­­րուն նկա­­րագ­­րեց Ջա­­ւախ­­քի հար­­սա­­­նեկան մէկ սո­­վորու­­թիւն. «Երէց­­կի­­­նը, Աս­­տո­­­ւած սուրբ պսա­­կին ար­­ժա­­­նաց­­նէ, բաղ­­դա­­­ւոր ըլ­­լին, ասում ու մա­­ղում է ալիւ­­րը բո­­լորո­­վին լուռ, որ հար­­սը հա­­մաւոր լի­­նի, շատ չխօ­­սի»։

Լռեց։ Մեր եր­­կի­­­րը որ ու­­նէր քրքջա­­ցող ջու­­րեր, եր­­գող դաշ­­տեր, դղրդա­­ցող լեռ­­ներ՝ լռեց։ Ամ­­պեր եկան, մշուշ ու թա­­խիծ պա­­տեց եր­­կի­­­րը։ Լռեց կեն­­սուրախ քնա­­րը։ «Լու­­ռ» ածա­­կանը ապառ­­նի լռու­­թիւններ եր­­գեց։ Նախ զար­­մա­­­ցանք, թէ ին­­չո՞ւ Պետ­­րոս Դու­­րեանն էր լուռ. «Ին­­ծի կ՚ըսեն - ին­­չո՞ւ լուռ ես», ապա տղան հա­­ռաչեց. «Ես ու­­զե­­­ցի լուռ մե­­նանալ», «Լուռ փո՛սն էր գե­­րեզ­­մա­­­նիս»։ Մի­­սաք Մե­­ծարեն­­ցը նկա­­րագ­­րեց Պոլ­­սոյ երկնա­­կամա­­րը, «Գի­­շերն է լուռ, մու­­թը պա­­տած է չորս դին», ապա նա­­յեցաւ Դու­­րեանի դամ­­բա­­­նին, խա­­ղաղու­­թիւն տե­­սաւ անոր մէջ, «Լուռ, մար­­մա­­­րակերտ դամ­­բա­­­նին խո­­րէն, / Հան­­ճա­­­րի աչ­­քերն ան­­քոյթ կը նա­­յին»։ Պոս­­ֆո­­­րի ջու­­րե­­­րէն վեր, երկնաս­­լաց նո­­ճինե­­րու լռու­­թեան մէջ Տի­­րան Չրա­­քեանը դի­­տեց յա­­ւեր­­ժութիւ­­նը. «Նո­­ճեաց այս լուռ երազն յԱն­­հունն հա­­ռաչո­­ւի»։ Սե­­բաս­­տիոյ մէջ Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նը նկա­­տեց, թէ լուռ են ար­­տե­­­րը, «Լուսնակն իջած է ման­­գա­­­ղուած լուռ ար­­տե­­­րուն մա­­կերե­­սին», եւ լուռ էին Անիի աս­­պետնե­­րը, «Լուռ կը փտին / Աւեր­­նե­­­րու տակ հե­­րոսի բա­­զուկներ»։ Սե­­բաս­­տա­­­ցին ապա սպա­­սեց, որ սէ­­րը գայ. «Հո­­գիս կառ­­չած մտա­­ծու­­մի մը յա­­մառ՝ կը սպա­­սէ գոց պա­­տու­­հա­­­նին ետեւ լուռ … Չե­­կա՜ւ»։

Հա­­յը, բա­­րոյա­­գիտա­­կան նրբու­­թիւն, սէ­­րը վա­­յելեց լռու­­թեան մէջ։ Գե­­ղապաշտ բա­­նաս­­տեղծնե­­րը այդ պատ­­կե­­­րը վե­­րածե­­ցին սի­­րավառ տո­­ղերու. «Եր­­կա՜ր, եր­­կա՜ր նա­­յեցան լուռ / Ալիք­­նե­­­րուն խե­­լագար, / Յե­­տոյ յան­­կարծ միացան լո՜ւռ / Համ­­բոյրի մը մէջ եր­­կար», Ռու­­բէն Սե­­ւակ, «Մա­­զերդ գլխիս իմ հո­­վանեակ, / Ու լուռ, մնջիկ սա­­հին ժա­­մեր», Մկրտիչ Պէ­­շիկ­­թաշլեան, «Ես կը նա­­յիմ ետե­­ւէդ լուռ՝ ժպտա­­դէմ», Լե­­ւոն Քի­­րիշ­­ճեան Լա­­րենց, «Նա­­յիլ ու լուռ նա­­յիլ աչ­­քե­­­րուդ մէջ», Զահ­­րատ, «Եր­­կուքն ալ լուռ կե­­ցան պահ մը. չէին կրնար խօ­­սիլ։ Սա­­կայն եր­­կուքին մէջ կը շարժկլտար կեան­­քը», Հա­­մաս­­տեղ։ Մատ­­թէոս Զա­­րիֆեանն էր կար­­ծես լռու­­թեան ամե­­նէն հնչեղ ձայ­­նը։ Անոր «լուռ» տո­­ղերը կը հա­­ւակ­­նին փոք­­րիկ հա­­տոր կը կազ­­մել։ Թեր­­թեմ անոր էջե­­րը լուռ, քա­­ղեմ եր­­կու ըն­­տիր գո­­հար. «Հատ-հատ կը թա­­փին այս լուռ ծո­­վափին ար­­ցունքներ ան­­տէր», «Լե­­լակի թուփ մը ման­­րիկ՝ հո­­վին տակ լուռ անրջա­­սոյզ կ՚օրօ­­րուի», «Գի­­շերին մէջ, լուռ, ան­­տես, դի­­տել հե­­ռո՜ւն, կուռքի պէս», «Նո­­յեմ­­բեր- թռչուններ, լուռ, կը գաղ­­թեն, սուգն հե­­տեր­­նին», «Իր շրթունքն էր լուռ, սա­­ռած», «Վիշ­­տի մը լուռ համ­­բոյրէն երազ­­ներս դեղ­­նե­­­ցան»։ Իսկ հե­­տեւեալը գրի առ­­նո­­­ւեցաւ հայ­­րե­­­նի Ղարս քա­­ղաքի մէջ 1911 թո­­ւակա­­նին. «Քա­­մին ծաղ­­կունանց շուրթերն է դող­­դոջ շո­­յում, գուրգու­­րում / Եւ լուռ մրմնջում»։ Այս քաղցրիկ կտո­­րը առա­­ջին բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնն է պա­­տանի Եղի­­շէ Սո­­ղոմո­­նեանի՝ ապա­­գայ Չա­­րեն­­ցի։ Ժագ Սա­­յապա­­լեանը (Փայ­­լակ) բա­­ցատ­­րեց, թէ ի՛նչ խոր­­հուրդ կար այս լռու­­թիւննե­­րու մէջ. «Սէ­­րը, պաշ­­տումի վսե­­մու­­թեան հաս­­նող սէ­­րը լուռ է, որով­­հե­­­տեւ կը վախ­­նայ թէ բա­­ռերը պի­­տի պղծեն զին­­քը — տկար, պիղծ բա­­ռերը, որք եր­­բէք չեն կրնար իր բարձրու­­թիւնը ար­­տա­­­յայ­­տել»։

Միշտ չէ որ լռու­­թիւնը ցան­­կա­­­լի է։ Այդ պա­­հը եր­­բեմն վշտա­­ցած մար­­դու ան­­խօս պոռթկումն է։ Այնպի­­սի պահ մը պա­­տահեր է Հա­­մօ Սա­­հեանին. «Լի­­նում են պա­­հեր, որ քիչ է մնում, / Ամէն ինչ թող­­նեմ ու լուռ հե­­ռանամ»։ Իսկ Վա­­հան Թէ­­քէեանը ամ­­բողջ կեան­­քի ըն­­թացքին որո­­ներ է սէր, որ­­պէս առա­­գաս­­տա­­­նաւ ան­­ցեր է կղզի­­ներու մէ­­ջէն առանց ոչ մէ­­կուն խարսխե­­լու, հե­­տեւան­­քը զղջու­­մի խօս­­քեր են. «Բաց ծովն եմ հի­­մա՝ ան­­հունու­­թեան դէմ լուռ հո­­րիզո­­նին, զուր հո­­րիզո­­նին»։

Հայ­­կա­­­կան գրատ­­պութեան առա­­ջին «լուռ» գիր­­քը լոյս տե­­սաւ 1911-ին Պոլ­­սոյ մէջ։ Ան Գրի­­գոր Զոհ­­րա­­­պի նո­­րավէ­­պերու ժո­­ղոուա­­ծուն էր՝ «Լուռ ցա­­ւեր»։ Ապա լոյս տե­­սան՝ «Լուռ սրտի խօս­­քը», «Լուռ ղօ­­ղանջներ», «Բար­­դի­­­ները լուռ», «Շիր­­մա­­­քարի պէս լուռ է երե­­կոն», «Լուռ պա­­տու­­հա­­­նը», «Լուռ վկա­­ներ- Ու­­ղե­­­ւորու­­թիւն՝ Կի­­լիկիա եւ Արեւմտա­­հայաս­­տան»։ Պա­­րոյր Սե­­ւակը 1959 թո­­ւակա­­նին ձայն տո­ւաւ կար­­կա­­­մած բո­­լոր հայ վկա­­ներուն, երբ գրի առաւ ղօ­­ղան­­ջող մէկ գիրք՝ «Անլռե­­լի զան­­գա­­­կատուն»։

Եր­­գա­­­րուես­­տի մէջ ալ հնչեց «լուռ» միավան­­կը։ «Դու ինչպէս մի աստղ» եր­­գի մէջ լուռ էր զղջու­­մը, «Շո­­ղաց մի մո­­լոր կա­­թիլ ար­­ցունքի։ / Սիրտդ լի էր զղջու­­մով մի լուռ», ապա վա­­յելե­­ցինք «Ծա­­ղիկ­­ներ, ծա­­ղիկ­­ներ»ը, «Ես լուռ փնտրում եմ քեզ, / Փնտրում, տեն­­չում եմ քեզ»։ Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը նկա­­տեց, թէ լուռ էր իր սի­­րած ու­­ռե­­­նին, «Գե­­տակի վրայ, / Թե­­քուել է ու­­ռին, / Ու նա­­յում է լուռ, / Վա­­զող ջրե­­րին»։ Իսկ Սիլ­­վա Կա­­պու­­տի­­­կեանը գրի առաւ մախ­­մուր աղջկան մը նկա­­րագ­­րութիւ­­նը՝ մեր հրա­­ժեշ­­տի եր­­գը.

Մախ­­մուռ աղ­­ջիկ,

Քիչ տխուր աղ­­ջիկ,

Աչ­­քերդ հա­­զարա­­խօս,

Շուրթդ լուռ աղ­ջիկ։