ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Այս որո՞ւն մակարդակն է

Իտա­լական գրա­կանու­թեան մէջ շատ յատ­կանշա­կան եր­կու կեր­պարներ են Տոն Գա­միլ­լօ եւ Փե­փոնէ։ Անոնց շունչ տո­ւողը եղաւ եր­գի­ծաբան Գո­ւարէ­շի։ Իտա­լացիք այդ եր­կու անուննե­րուն ծա­նօթա­ցան թեր­թի մը ամա­նորեայ յա­ւելո­ւածի էջե­րէն։ Յե­րիւ­րա­ծոյ այդ կեր­պարնե­րը այնքան հա­րազա­տօրէն կը նկա­րագ­րէին որ իտա­լացի­ներու այդ տա­րինե­րու ըն­կե­րային հա­կադ­րանքը, ըն­թերցող­նե­րու հե­տաքրքրու­թեամբ գո­յացաւ պատ­մո­ւածքնե­րու եր­կա­րատեւ շա­րան մը։

Տոն Գա­միլ­լօ իբ­րեւ քա­ղաքի մե­ծագոյն եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւոր հո­վիւ կը ներ­կա­յաց­նէր աջա­կող­մեան պահ­պա­նողա­կան ճա­կատը։ Իսկ Իտա­լոյ Կո­մու­նիստ Կու­սակցու­թեան ան­դամ Փե­փոնէ նոյն քա­ղաքի քա­ղաքա­պետն էր։ Ընդմիշտ կը պայ­քա­րէին իրա­րու դէմ, բայց հա­մակարգն ալ կ՚ամ­բողջա­նար այդ եր­կուքի կռիւ­նե­րով։ Այդ առու­մով իրա­րու կա­րօտ էին։

Նա­խորդ շա­բաթ ջի­ղերս չե­զոքա­ցու­ցի եւ համ­բե­րու­թեամբ ըն­թերցե­ցի Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապե­տի եւ Գա­րակէօզեան Տան խնա­մակա­լու­թեան ատե­նապե­տի փո­խադար­ձա­բար իրար խոշ­տանգող գրու­թիւննե­րը։

Գրու­թիւննե­րու մեկ­նա­կէտը բամ­բա­սանք եւ մատ­նութիւնն էր։ Այդ աղ­մուկէն օգուտ ակնկա­լող­ներ կող­մե­րը տե­ղեակ պա­հած էին իրա­րու հան­դէպ կա­տարուած մե­ղադ­րանքնե­րէն եւ ինչպէս կը պա­տահի միշտ կայ­ծը վե­րածո­ւած էր հրդե­հի ու հա­մայնքի անո­ւանի եր­կու բա­րերար­նե­րը այ­լեւս հա­ւանա­բար պի­տի չհան­դուրժեն իրա­րու երես տես­նե­լու։

Այդ գրու­թիւննե­րու շա­րու­նա­կու­թեան համ­բե­րու­թեամբ կար­դա­ցի նաեւ բազ­մա­թիւ մեկ­նա­բանու­թիւններ։ Ինձ նման համ­բե­րու­թեամբ կար­դա­ցող­նե­րը կ՚ափ­սո­սային որ­պէս հա­մայնքի վա­րիչ­ներ ներ­կա­յացող մարդկանց մատ­նուած մա­կար­դա­կի ան­կումին։ Այս առու­մով ցա­ւալի էին գրո­ւած­նե­րը եւ ճիշդ էին մա­կար­դա­կի ան­կումի մա­սին մտա­հոգու­թիւննե­րը։ Բայց ար­դեօք մեր նիւ­թը միայն այդ գրու­թիւննե­րու հե­ղինա­կով սահ­մա­նուած է։ Չար­ժէ՞ր ան­գամ մըն ալ քննար­կել իրենց այդ տիտ­ղոսնե­րը շնոր­հող հա­մայնքին մա­կար­դա­կը։ Եթէ խնդի­րը դի­տենք այս երե­սակով ինքնա­բերա­բար պի­տի խօ­սինք Պատ­րիար­քա­րանէն սկսեալ մեր բո­լոր հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու մա­կար­դա­կի սնան­կացման մա­սին։ Յի­շենք որ այս ան­ձե­րը միշտ նոյն մա­կար­դա­կին էին։ Պար­զա­պէս իրենց նո­ւիրա­տուի հան­գա­մանով կ՚ան­տե­սուէր այդ ան­մա­կար­դակ ոճը եւ անոնք պա­տիւ­նե­րու կ՚ար­ժա­նանա­յին ամե­նու­րէք։ Ոչ թէ այ­սօ­րուայ, այլ աւե­լի քան երեք դա­րերու մա­շուա­ծու­թեան մը ցո­լացումն է պար­զո­ւածը։ Միշտ սի­րեցինք բա­րերար­նե­րու գո­յու­թիւնը՝ քա­նի որ այսպէ­սով ձեր­բա­զատո­ւեցանք մեզ­մէ ակնկա­լուած ծանր բե­ռը տա­նելէ։ Հե­տաքրքրա­կան է տես­նել թէ վեր­ջին երեք դա­րերու ըն­թացքին սկսած Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան շրջա­նի ամի­րանե­րէն լու­մա­յափոխ­ներն են որ կ՚իշ­խեն այս հա­մայնքի վրայ իրենց փառք ու պա­տիւը գտնե­լով բա­րերա­րու­թիւն կո­չուած արար­քէն։ Հայ իրո­ղու­թեան մէջ ճիշդ է որ բա­րերա­րու­թիւնը ու­նե­ցած է շատ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն սկսե­լով Գա­լուստ Կիւլպէն­կեանէ կամ Ման­թա­շեանէ մին­չեւ Մել­քո­նեան եղ­բայրներ եւ ու­րիշներ։ Բայց պար­տա­ւոր ենք գոր­ծին հան­դի­պակած կողմն ալ տես­նե­լու։ Իրա­կանու­թեան մէջ ին­չեր զո­հեցինք յա­նուն բա­րերար­նե­րու իշ­խա­նու­թեան։ Վեր­ջա­պէս այդ մի­ջոցաւ մեր հա­մայնքին մէջ գո­յացաւ օրի­նակա­նու­թիւնը զանց առ­նե­լով խնդիր­նե­րը բա­րեկա­մական միջ­նորդու­թիւննե­րով լու­ծե­լու եղա­նակ մը։ Այդ եղա­նակի վեր­ջին օրի­նակը ըլ­լալ կ՚երե­ւի հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թե­նէն խու­սա­փելու եղա­նակ­նե­րը։

Անի­մաստ է ի զուր տեղ բո­ղոքե­լը։ Այս մեր մա­կար­դակն է, որուն մէջ իւ­րա­քան­չիւրս ու­նինք մեր պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան բաժինը։