Համաշխարհային զօրակցութեան կը կարօտինք

ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի զինուորներուն Աֆղանստանը լքելէն ետք «Թալիպան» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը դիւրաւ գրաւեց երկրի վարչութիւնը։ Այդ խառնաշփոթի մէջ բազմահազար աֆղանստանցիներ կը փորձեն տարբեր միջոցներով երկրէն հեռանալ։ «Աֆղան Զօրակցութեան եւ Իրե րօգնութեան Միութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Տոքթոր Զաքիրա Հեքմաթ պատասխանեց «Ակօս»ի հարցումներուն։

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Իշխան Էր­­տինչ- «Թա­­լիպան» երկրի ղե­­կավա­­րու­­թիւնը ձեռք անցնե­­լէ ետք կը փոր­­ձէ հա­­մայն աշ­­խարհին մեղմ պատ­­գամներ փո­­խան­­ցել։ Այդ պատ­­գամնե­­րը իրա­­ւացի չեն գտնո­­ւիր տե­­ղացի ժո­­ղովուրդի կող­­մէ։ Միւս կող­­մէ Թուրքիա կը ցան­­կայ յա­­րաբե­­րու­­թիւն կազ­­մել «Թա­­լիպան»ի հետ։ Ար­­դեօք «Թա­­լիպան» իս­­կա­­­պէս փո­­խուա՞ծ է։

Տոք­­թոր Զա­­քիրա Հեք­­մաթ- «Թա­­լիպան» կ՚ու­­զէ կա­­ռավա­­րու­­թիւն կազ­­մել։ Այդ գոր­­ծընթա­­ցի հա­­մար կը կա­­րօտի այլ եր­­կիրնե­­րու աջակ­­ցութեան։ Ճիշդ է, որ մեղմ պատ­­գամներ կը փո­­խան­­ցէ, բայց կը շա­­րու­­նա­­­կէ մարդկանց մտրա­­կել։ Երեկ տե­­սանիւթ մը դի­­տեցի, ուր ինքնա­­շար­­ժին վրայ Աֆ­­ղանստա­­նի դրօշ պար­­զած մէ­­կը նախ մտրա­­կեցին եւ ապա ձեռ­­նա­­­կապե­­րով տա­­րին։

Ի.Է.- Կա­­նայք սար­­սա­­­փի մատ­­նո­­­ւած են «Թա­­լիպան»ի իշ­­խա­­­նու­­թեան գա­­լէն։ Անոնց դժգո­­հու­­թիւնը եւ զօ­­րակ­­ցութեան ջան­­քե­­­րը թա­­լիպ­­նե­­­րու հա­­մար սպառ­­նա­­­լիք մը կրնա՞յ ըլ­­լալ։

Տ.Զ.Հ.-Կա­­նայք կը կա­­րօտին հա­­մաշ­­խարհա­­յին զօ­­րակ­­ցութեան։ Թա­­լիպի­­ները կի­­ներու ամե­­նափոքր առար­­կութեան հա­­մար կը պա­­տաս­­խա­­­նեն մտրա­­կով, ծե­­ծով ու տան­­ջանքով։ Կի­­ները վա­­խի մէջ տու­­ներ քա­­շուած են։ Ի զուր գա­­ցին 20 տա­­րուայ ջան­­քե­­­րը։ Եթէ հա­­մաշ­­խարհա­­յին մար­­դկութիւ­­նը զօ­­րակ­­ցի Աֆ­­ղան կա­­նանց, ան­­շուշտ որ դրա­­կան ազ­­դե­­­ցու­­թիւն մը կրնայ գո­­յանալ։ Կարգ մը եր­­կիրներէ ներս նման փոր­­ձեր կը նկա­­տուին, բայց եթէ հա­­մաշ­­խարհա­­յին զօ­­րակ­­ցութիւն մը կա­­րելի չըլ­­լայ կա­­նանց դի­­մադ­­րութիւ­­նը դա­­տապար­­տո­­­ւած է ան­­յ ա­­­ջողու­­թեան։

Ի.Է.- Թուրքիոյ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը կը փոր­­ձէ «Թա­­լիպան»ի արարքնե­­րը ըն­­դունե­­լի ձե­­ւաց­­նել։ Երկրէ ներս անոնց յա­­ռաջըն­­թա­­­ցը յաղ­­թա­­­նակ մը ըլ­­լա­­­լով ող­­ջունող­­ներ ալ կան։ Իբ­­րեւ Թուրքիա բնա­­կող աֆ­­ղանստան­­ցի ինչպէ՞ս կը մեկ­­նա­­­բանէք այս բո­­լորը։

Տ.Զ.Հ.- Երբ «Թա­­լիպան» Քա­­պուլ մտաւ հար­­ցազրոյց մը տո­­ւած էի գեր­­մա­­­նական «Deutsche Welle» թեր­­թին։ Այդ հար­­ցազրոյ­­ցէն ետք քննա­­դատա­­կան բազ­­մա­­­թիւ մեկ­­նա­­­բանու­­թիւններ լսե­­ցի։ Այդ քննա­­դատու­­թիւննե­­րու հե­­ղինակ­­նե­­­րը այս ան­­ցուդար­­ձե­­­րուն կը հե­­տեւէին իրենց տու­­նե­­­րէն։ Իսկ մենք ապ­­րե­­­ցանք այդ սար­­սա­­­փը։ Այդ անու­­նը մե­­զի բռնու­­թիւն, տան­­ջանք ու մահ կը յու­­շէ։ Այ­­սօր անոնց մեղմ պատ­­գամնե­­րը պարզ խաբ­­կանքներ են։ Պէտք է տես­­նել թէ իրենց կրօն­­քի ըն­­կա­­­լու­­մը բա­­ցար­­ձա­­­կապէս կապ չու­­նի Ղու­­րա­­­նի թե­­լադ­­րանքնե­­րուն հետ։ Մեր սուրբ գիր­­քի ո՞ր հա­­տուա­­ծին մէջ ար­­գի­­­լուած է աղ­­ջիկնե­­րու ու­­սումը։ Մենք կը խրա­­տենք տես­­նել թա­­լիպ­­նե­­­րու իրո­­ղու­­թիւնը, այլ ոչ թէ անոնց խաբ­­կանքնե­­րը։

Ի.Է.- Վեր­­ջին դէպ­­քե­­­րէն ետք Թուրքիա ապաս­­տա­­­նաց կամ վի­­զայի դի­­մում կա­­տարած Աֆ­­ղան գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու թի­­ւը ի՞նչ է։ Այս երկրի մէջ ինչպէ՞ս կ՚ապ­­րին։

Տ.Զ.Հ.- Թուրքիան վի­­զա չի տար։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ մար­­դիկ ապօ­­րէն ճամ­­բա­­­ներով կու գան։ Օրի­­նակ կ՚ու­­զեմ եղ­­բայրս բե­­րել, բայց հա­­ւանա­­բար ան­­կա­­­րելի է։ Շատ դժո­­ւար շրջան մը կ՚ապ­­րինք։ Թուրքիան միայն իր քաղա­­քա­­­ցինե­­րը կը փո­­խադ­­րէ։ Գաղ­­թի վար­­չութեան ար­­ձա­­­նագ­­րութիւննե­­րու հա­­մաձայն Թուրքիոյ մէջ մի­­ջազ­­գա­­­յին պաշտպա­­նու­­թիւն ստա­­ցած աֆ­­ղան գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու թի­­ւը 180 հա­­զար է։ Ապօ­­րէն եկած­­նե­­­րու մա­­սին յստակ տո­­ւեալ մը չու­­նինք, բայց կ՚են­­թադրենք որ անոնք ալ 120 հա­­զարի շուրջ են։

Ան­­շուշտ որ հան­­գիստ կեանք մը չեն ապ­­րիր Թուրքիոյ մէջ։ Որե­ ­ւէ հաս­­տա­­­տու­­թե­­­նէ նպաստ չեն ստա­­նար։ Միայն որոշ ըն­­տա­­­նիք­­ներ, ամու­­րի կա­­նայք, ան­­չա­­­փահաս զա­­ւակ ու­­նե­­­ցող ըն­­տա­­­նիք­­ներ Եւ­­րո­­­միու­­թեան կող­­մէ «Կար­­միր Քարտ» կրնան ու­­նե­­­նալ։ Նպաստ չստա­­ցող­­նե­­­րը աշ­­խա­­­տան­­քի իրա­­ւունք չու­­նե­­­նալով շատ ցածր աշ­­խա­­­տավար­­ձե­­­րով գործ կը ճա­­րեն։ Աֆ­­ղան գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու վի­­ճակը շատ ծանր են Թուրքիոյ մէջ եւ ամէն օր ար­­տաքսո­­ւելու վա­­խով կ՚ապ­­րին։ Ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու վրայ աֆ­­ղաննե­­րու դէմ ատե­­լու­­թիւն պա­­րու­­նա­­­կող գրու­­թիւննե­­րու կը հան­­դի­­­պիմ։

Ի.Է.- Աֆ­­ղանստա­­նէն աւե­­լի ծա­­ւալուն գաղ­­թի հո­­սանք մը կը սպա­­սուի՞։

Տ.Զ.Հ.- Ամէն ոք կ՚ու­­զէ երկրէն հե­­ռանալ։ Յատ­­կա­­­պէս ու­­սա­­­նած զան­­գո­­­ւածը։ Քա­­պու­­լի օդա­­կայա­­նը թա­­լիպի­­ներու հսկո­­ղու­­թեան տակ է։ Օրի­­նական մի­­ջոց­­նե­­­րով ոչ ոք կրնայ հե­­ռանալ երկրէն։ Շա­­տեր ճա­­րահատ կեր­­պով կը սպա­­սեն ապա­­գայի զար­­գա­­­ցումնե­­րը։

Իմ եր­­կի­­­րը 20 տա­­րի առաջ ալ են­­թարկո­­ւած էր թա­­լիպ­­նե­­­րու իշ­­խա­­­նու­­թեան։ Յատ­­կա­­­պէս կա­­նայք եւ աղ­­ջիկներ մեծ փորձ ու­­նին այդ իշ­­խա­­­նու­­թեան չա­­րիք­­նե­­­րէն։ Քա­­ղաքա­­կիրթ աշ­­խարհ պէտք չէ որ ան­­տե­­­սէ Աֆ­­ղանստա­­նի կա­­նանց ձայ­­նը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ