Պոլսահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիր

Թրքահայ Ուու­­սուցչաց Հիմ­­նարկը Մամ­­լոյ Հա­­ղոր­­դագրու­­թիւն մը հրա­­պարա­­կելով լրա­­ցու­­ցիչ բա­­ցատ­­րութիւններ կը փո­­խան­­ցէ Պոլ­­սա­­­հայ Ու­­սուցիչ­­նե­­­րու Վե­­րապատ­­րաստման Ծրագ­­րի մա­­սին։

Բո­­լորին ծա­­նօթ է թէ Պոլ­­սոյ հայ վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու մէջ կը պաշ­­տօ­­­նավա­­րեն այդ նոյն վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րէն կամ ալ օտար վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րէն շրջա­­նաւարտ բազ­­մա­­­թիւ ու­­սուցիչ­­ներ։ Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով երկրի ուսման ծրագ­­րի հա­­յոց լե­­զուի, մշա­­կոյ­­թի, գրա­­կանու­­թեան եւ պատ­­մութեան մա­­սին ան­­բա­­­ւարա­­րու­­թիւնը, հիմ­­նարկը կա­­րիքը կը զգայ ման­­կա­­­պար­­տիզպա­­նու­­հի, դա­­սարա­­նի ու­­սուցիչ կամ ալ զա­­նազան գի­­տու­­թիւննե­­րու յա­­տուկ ու­­սուցիչ­­նե­­­րու այս նիւ­­թի շուրջ ու­­նե­­­ցած թե­­րու­­թիւննե­­րը կա­­տարե­­լագոր­­ծել։ Նշենք որ սփիւռքա­­հայ ու­­սուցիչ­­նե­­­րու վե­­րապատ­­րաստման կա­­րիքը հա­­մազ­­գա­­­յին բնոյթ ու­­նի, հե­­տեւա­­բար եր­­կար տա­­րինե­­րէ ի վեր Հա­­յաս­­տա­­­նի կրթա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը յա­­րատե­­ւօրէն ծրա­­գիր­­ներ կը պատ­­րաստեն նոյն մտադ­­րութեամբ։ Այս ծի­­րէն ներս պէտք է դա­­սել նաեւ Գե­­րապայ­­ծառ Լե­­ւոն Զէ­­քիեանի Վե­­նետի­­կեան ամառ­­նա­­­յին դա­­սըն­­թացքնե­­րը կամ ալ Կիւ­­պէնկեան Հիմ­­նարկի նոյն բնոյ­­թի կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը։ Թրքա­­հայ Ուու­­սուցչաց Հիմ­­նարկի եր­­դի­­­կին տակ ու­­սուցիչ­­նե­­­րու վե­­րապատ­­րաստման ծրագ­­րի վա­­րիչն է Նա­­թալի Պաղ­­տատ։

Վե­­րամու­­տին սկսող աշ­­խա­­­տանոց­­նե­­­րը ար­­դէն հա­­սած են ու­­թե­­­րորդ շաբ­­թո­­­ւան ու կը նա­­խատե­­սուի ըն­­թացք ու­­նե­­­նայ մին­­չեւ տա­­րեվերջ։ Իրենց մաս­­նակցու­­թիւնը կը բե­­րեն, պոլ­­սա­­­հայ վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու զա­­նազան մա­­կար­­դակնե­­րու ու­­սո­­­ւոցիչ/ու­­սուցչու­­հի­­­ներ, որոնք ըստ իրենց դա­­սաւան­­դած մա­­կար­­դա­­­կին եւ մաս­­նա­­­ճիւ­­ղին բաժ­­նո­­­ւած են խումբե­­րու։

Առայժմ կազ­­մո­­­ւած են հինգ խումբեր, 63 ու­­սուցիչ­­նե­­­րով։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր խումբ շա­­բաթը ան­­գամ մը կը մէկ­­տե­­­ղուի, առ­­ցանց կեր­­պով։

Աշ­­խա­­­տանոց­­նե­­­րու ըն­­թացքին ո՛չ միայն լե­­զուա­­կան դա­­սեր կը կա­­տարո­­ւին, այլ նաեւ կ՚ու­­սումնա­­սիրո­­ւին մշա­­կու­­թա­­­յին, գրա­­կան կամ գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան նիւ­­թեր։

Տա­­րեվեր­­ջին մաս­­նա­­­կից ու­­սուցիչ­­ներ պի­­տի ստա­­նան մաս­­նակցու­­թեան թեր­­թիկներ։

Մինչ այդ, այս աշ­­խա­­­տանոց­­նե­­­րուն առըն­­թեր, մաս­­նա­­­կից ու­­սուցիչ­­նե­­­րուն հետ մերթ ընդ մերթ պի­­տի կա­­տարո­­ւին զա­­նազան գոր­­ծունէու­­թիւններ, դէմ առ դէմ, հա­­մավա­­րակին նե­­րած չա­­փերով։

Այս գոր­­ծունէու­­թիւննե­­րէն առա­­ջինը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ ան­­ցեալ շա­­բաթ։ Աշ­­խա­­­տանոցի ու­­սուցիչ­­նե­­­րէն խումբ մը, միաս­­նա­­­բար մաս­­նակցե­­ցան «Քիմ Վար Օրա­­տա Մուհսին Պէյ» թա­­տերա­­խաղի ներ­­կա­­­յաց­­ման։

Այս ծրագ­­րո­­­ւած եւ խումբ մը ու­­սուցիչ­­նե­­­րուն մաս­­նակցու­­թեամբ կա­­տարո­­ւած աշ­­խա­­­տանոց­­նե­­­րուն առըն­­թեր պի­­տի կա­­տարուին նաեւ հա­­մայնքիս բո­­լոր ու­­սուցիչ­­նե­­­րուն ուղղեալ, զա­­նազան նիւ­­թե­­­րու շուրջ, այլ աշ­­խա­­­տանոց­­ներ կամ սէ­­մինար­­ներ եւս։

Ան­­ցեալ շա­­բաթ օր, իրա­­կանա­­ցաւ ասոնցմէ առա­­ջինը։ 23 Հոկ­­տեմբեր 2021 Շա­­բաթ օր, Կիւլպէն­­կեան Հիմ­­նարկի Արեւմտա­­հայե­­րէնի տա­­րած­­ման եւ վե­­րակեն­­դա­­­նաց­­ման ծրա­­գիր­­նե­­­րու պա­­տաս­­խա­­­նատու Տի­­կին Անի Կար­­մի­­­րեան, «Զնտուկ» կայ­­քէ­­­ջի ծա­­նօթաց­­ման նպա­­տակաւ, եր­­կու զատ նիս­­տե­­­րով մէկ­­տե­­­ղուե­­ցաւ հա­­մայնքիս ման­­կա­­­պար­­տէզ, նա­­խակրթա­­րան եւ միջ­­նա­­­կար­­գի ու­­սուցիչ­­նե­­­րով։ Տի­­կին Անի Կար­­մի­­­րեան թէ՛ տե­­ղեկու­­թիւն տո­­ւաւ «Զնտուկ»ի մա­­սին եւ թէ ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան մօ­­տեցումնե­­րուն եւ փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րուն մա­­սին փո­­խանա­­կում ու­­նե­­­ցաւ ու­­սուցիչ­­նե­­­րուն հետ։

Ապա­­գայ օրե­­րուն զա­­նազան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րով պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կուին նման գոր­­ծունէու­­թիւններ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ