Պատրիարք Հայրը Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եւ Ս. Սարգիս Եկեղեցիներուն մէջ

Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը, որ հո­վուա­պետա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնո­ւի Տիգ­րա­նակեր­տի մէջ, 26 Հոկ­տեմբեր 2021, Երեք­շաբթի, մի­ջօրէին այ­ցե­լու­թիւն շնոր­հեց Ս. Կի­րակոս եւ Ս. Սար­գիս Եկե­ղեցի­ներուն։ Մեր Հո­գեւոր Պե­տին կող­քին էին Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեան, Գա­ւազա­նակիր Արժ. Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւրզեան, Գա­ւառի Տե­սուչ Արժ. Տ. Աւե­տիս Քհնյ. Թա­պաշեան, Բրկ. Եու­սուֆ Ուր. Դպ. Թա­պաշեան, ինչպէս նաեւ Էր­կիւն Այը­քի Ատե­նապե­տած Ս. Կի­րակոս Եկե­ղեց­ւոյ Ծխա­կան Խոր­հուրդէ ան­դամներ։

Մեր Հո­գեւոր Պե­տը առա­ջին հեր­թին այ­ցե­լեց Ս. Սար­գիս Եկե­ղեցին եւ իր հե­տեւորդնե­րով միատեղ շրջե­ցաւ եկե­ղեց­ւոյ հա­մալի­րը։ Եկե­ղեցին Ս. Կի­րակոս Եկե­ղեց­ւոյ հետ ճար­տա­րապե­տու­թեամբ բա­ւակա­նին նմա­նողու­թիւններ ու­նին, սա­կայն եւ այնպէս տա­րողու­թեամբ աւե­լի փոքր։ Այ­ցե­լու­ներ դժբախ­տա­բար ակա­նատե­սը եղան եկե­ղեց­ւոյ անմխի­թար վի­ճակին եւ յայտնի դար­ձաւ, թէ՝ Ս. Սար­գիս Եկե­ղեցին եւս կը կա­րօտի լուրջ վե­րանո­րոգու­թեան աշ­խա­տու­թիւննե­րուն։ Կու­սա­կալու­թեան տրո­ւած այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին, Մե­ծայարգ Կու­սա­կալը եւս ակ­նարկած էր եկե­ղեց­ւոյ նո­րոգու­թեան եւ այս մէ­կը կը դառ­նար խրա­խու­սա­կան։

Բաց աս­տի, եկե­ղեց­ւոյ շրջա­կայ­քը կար մխի­թարա­կան երե­ւոյթ մը։ Ծխա­կան Խոր­հուրդի ան­դամներ, Մեր Հո­գեւոր Պե­տին ցոյց տո­ւին եկե­ղեց­ւոյ կից ազ­գա­պատ­կան եր­կու բնա­կարան­նե­րը, որոնք վե­րանո­րոգուած ըլ­լա­լով պատ­րաստ էին գոր­ծա­ծու­թեան։ Այս բնա­կարան­նե­րը նաեւ հնա­րաւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէին, որ­պէսզի յօ­գուտ Ս. Կի­րակոս Եկե­ղեց­ւոյ եկա­մու­տի աղ­բիւր գոր­ծա­ծուին։ Պատ­րիարք Հայ­րը, յետ քննարկման, մաղ­թեց որ հնա­րաւո­րու­թիւններ ստեղ­ծո­ւին եւ Ս. Սար­գիս Եկե­ղեցին եւս վե­րանո­րոգո­ւի։

Ս. Կի­րակոս Եկե­ղեցի

Պատ­րիարք Հայրն ու ըն­կե­րակից­նե­րը, Ս. Սար­գիս Եկե­ղեցիէն ուղղո­ւեցան եկե­ղեց­ւոյ մեր­ձա­ւոր Ս. Կի­րակոս Եկե­ղեցին, որ Տիգ­րա­նակեր­տի նշա­նաւոր եօթ­նա­խորան տա­ճարն է։

Մեր Հո­գեւոր Պե­տը, ու­րա­խու­թեամբ ակա­նատե­սը եղաւ եկե­ղեց­ւոյ մէջ տա­րուած աշ­խոյժ աշ­խա­տու­թեան։ Գոր­ծա­ւոր­ներ, ամե­նայն կա­նոնա­ւորու­թեամբ կ՚աշ­խա­տէին, աշ­խա­տու­թեան պա­տաս­խա­նատու Զիւլֆի­քար Հա­լիֆէօղ­լո­ւԻ հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Եկե­ղեցին ար­տաքնա­պէս եւ ներքնա­պէս պա­տուած էր փայ­տա­մածե­րով։ Հա­լիֆէօղ­լուն, բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Պատ­րիարք Հօր եւ մին­չեւ այ­սօր կա­տարո­ւած վե­րանո­րոգու­թեան աշ­խա­տու­թիւննե­րուն մա­սին ըն­դարձակ տե­ղեկու­թիւններ փո­խան­ցեց։ Յայտնի էր, որ եկե­ղեցիէն ներս լուրջ եւ բծախնդիր աշ­խա­տու­թիւն տա­րուած էր։ Իսկ վե­րանո­րոգու­թեան գոր­ծընթա­ցին մէջ անու­րա­նալի էր Պե­տական նիւ­թա­կան եւ բա­րոյա­կան ներդրու­մը։

Պատ­րիարք Հայրն ու հո­գեւոր հայ­րեր, ու­րա­խու­թեամբ վե­րահա­սու եղան, թէ՝ եկե­ղեց­ւոյ բլած բո­լոր սե­ղան­նե­րը, հի­նին նմա­նողու­թեամբ նո­րոգո­ւած էին եւ գոր­ծա­ւոր­ներ ար­դիական ձե­ւով կը կա­տարէին ոս­կեդրման աշ­խա­տու­թիւննե­րը։ Եկե­ղեց­ւոյ ցե­ղու­նը առա­ւել եւս ամ­րա­ցած եւ պա­տերը նո­րոգո­ւած էին։ Հո­գեւոր հայ­րեր, ի տես այս գե­ղեցիկ մթնո­լոր­տին գո­հու­թիւն յայտնե­ցին Աս­տուծոյ եւ յա­ջոր­դա­բար Ամե­նապա­տիւ Սրբա­զան Պատ­րիարք Հօր առաջ­նորդու­թեամբ կա­տարո­ւեցաւ գո­հաբա­նական կարճ աղօ­թասա­ցու­թիւն մը։ Վե­րանո­րոգու­թեան աշ­խա­տու­թիւննե­րուն շա­րու­նա­կած եկե­ղեց­ւոյ մէջ հնչած «Հայր Մեր»ը, Պատ­րիարք Հօր, Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյս հո­գեւոր իրա­ւասու­թեան սահ­մաննե­րուն մէջ գտնո­ւող Ս. Կի­րակոս Եկե­ղեց­ւոյ մէջ ար­տա­սանած գո­հու­թեան առա­ջին մաղ­թանքը դար­ձաւ։

Ս. Կի­րակոս Եկե­ղեց­ւոյ Մայր Տա­ճարի մէջ կա­տարո­ւած քննար­կումնե­րէ յե­տոյ, Պատ­րիարք Հայ­րը առաջ­նորդո­ւեցաւ եկե­ղեց­ւոյ հա­մալի­րին մէջ գտնո­ւող Ս. Յա­կոբ Մծբնայ Հայ­րա­պետ Մա­տու­ռը, ուր եւս վե­րանո­րոգու­թեան աշ­խա­տու­թիւննե­րը լա­ւապէս կ՚ըն­թա­նային։ Ո՛չ միայն եկե­ղեց­ւոյ հա­մալի­րը, այլ նաեւ եկե­ղեց­ւոյ շրջա­կայ տա­րած­քաշրջա­նը եւս նո­րոգո­ւած ըլ­լա­լով ար­դիական տեսք մը կը պար­զէր։ Եկե­ղեց­ւոյ շրջա­կայ­քը նոր բնա­կարան­ներ եւ խա­նութներ կա­ռու­ցո­ւած էին։ Իսկ անոնց կար­գին, կար երեք յար­կա­բաժին­նե­րով կա­ռոյց մը, որ եւս վե­րանո­րոգուած ըլ­լա­լով վե­րածո­ւած էր Ս. Կի­րակոս Եկե­ղեց­ւոյ եկամ­տա­բեր կա­լուած­նե­րէն միոյն։ Պատ­րիարք Հայ­րը, այս առ­թիւ գնա­հատեց նաեւ Էր­կիւն Այը­քի գլխա­ւորած Ծխա­կան Խոր­հուրդի ան­դամնե­րը եւ յայտնեց, թէ՝ ակա­նատե­սը եղած էր եկե­ղեց­ւոյ մէջ տա­րուած հսկայ աշ­խա­տու­թեան եւ խոր­հուրդի ան­դամներ ան­մասն չէին մնար պա­տաս­խա­նատո­ւու­թե­նէ։

Այս մէ­կը առիթ եղաւ, որ վար­չա­յին­ներ եւս շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեն Պատ­րիարք Հօր եւ իր ըն­կե­րակից­նե­րուն։ Անոնք յա­տուկ ձե­ւով իրենց որ­դիական երախ­տա­գիտու­թիւնը յայտնե­ցին Ամե­նապա­տիւ Պատ­րիարք Հօր, քա­նի ինք փու­թա­ցած էր Իս­թանպու­լէն մին­չեւ Տի­յար­պա­քըր, ան­ձամբ այ­ցե­լելու հա­մար Ս. Կի­րակոս Եկե­ղեցին եւ քննե­լու՝ կա­տարո­ւած աշ­խա­տու­թիւննե­րը։

Բաց աս­տի Մեր Հո­գեւոր Պե­տը, հա­կիրճ հար­ձազրոյց մը ու­նե­ցաւ տե­ղական մամ­լոյ սպա­սաւոր­նե­րուն հետ եւ յայտնեց, թէ՝ ան­ցեալ տա­րինե­րուն բա­րեզար­դո­ւած եկե­ղեցին ահա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րու պատ­ճա­ռաւ անմխի­թար վի­ճակի մատ­նո­ւած էր։ Սա­կայն մեծ մխի­թարա­կան երե­ւոյթ էր, քա­նի եկե­ղեցին Պե­տական նիւ­թա­կան ներդրու­մով վերստին բա­րեզարդման գոր­ծընթաց­քին մտած էր։ Ըստ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան տե­սու­թեան, աշ­խա­տու­թիւննե­րը լաւ ըն­թացքի մէջ էին։ Պատ­րիարք Հայ­րը, յայտնեց, թէ՝ աշ­խա­տու­թիւննե­րը եթէ կա­նոնա­ւորա­պէս ըն­թա­նան Ս. Զատ­կի շրջա­նին եկե­ղեց­ւոյ նա­ւակա­տիքի արա­րողու­թիւնը մեծ շու­քով պի­տի կա­տարուի։ Մեր Հո­գեւոր Պե­տը, շեշ­տեց թէ՝ այս ծրագ­րով, նաեւ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք մը վերստին ի յայտ պի­տի գայ Տի­յար­պա­քըրի մէջ։

Կա­տարո­ւած քննար­կումնե­րէն յե­տոյ, եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակը թե­յասե­ղան եւ պտղա­սեղան սար­քո­ւեցաւ։ Յա­ջոր­դա­բար, Պատ­րիարք Հայրն ու հո­գեւոր հայ­րեր, եկե­ղեց­ւոյ մեր­ձա­ւոր պատ­մա­կան ճա­շարա­նի մը մէջ Ծխա­կան Խոր­հուրդի կող­մէ ճա­շասե­ղանով հիւ­րա­սիրո­ւեցան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ