Ասորիները տեսանելի կը դառնան

Միջագետ­­քի հնա­­գոյն ժո­­ղովուրդնե­­րէն են ասո­­րինե­­րը, որոնք քիւրտե­­րու նման ազ­­գա­­­յին կազ­­մա­­­կեր­­պութեան բա­­ւակա­­նին ուշ տի­­րանա­­լու պատ­­ճա­­­ռաւ ան­­տե­­­սուած են հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­սար­­ակութեան կող­­մէ։ Ասո­­րի ինքնու­­թեան գլխա­­ւոր բա­­ղադ­­րի­­­չը մնա­­ցած է կրօն­­քը։ Հա­­կառակ որ անոնք իրենց բնօր­­րա­­­նի մէջ դա­­րերու ըն­­թացքին կեր­­տած են մեծ մշա­­կոյթ մը, յաջո­­ղած են մին­­չեւ օրս հասցնել իրենց յա­­տուկ այ­­բուբեն մը եւ սա­­կայն ասո­­րի եկե­­ղեց­­ւոյ լու­­ծին տակ չեն կրցած իրենց ազ­­գա­­­յին դի­­մագի­­ծը ձե­­ւաւո­­րել։ Այդ գոր­­ծընթացքը վի­­ճակե­­ցաւ Ի. դա­­րու վեր­­ջին տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րէն սկսեալ դէ­­պի Եւոր­­պա­­­կան եր­­կիրներ գաղ­­թող եւ այնտեղ հո­­գեւորական­­նե­­­րու լու­­ծէն ձեր­­բա­­­զատո­­ւած քա­­ղաքա­­կան միտ­­քի մը զար­­գա­­­ցու­­մով։

Կա­­րելի է ըսել որ վեր­­ջին յիս­­նա­­­մեակը մեծ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի ասո­­րի ինքնու­­թեան ալ աւե­­լի տե­­սանե­­լի դառ­­նա­­­լուն մէջ։

Այժմ մեր ձեռ­­քին կը գտնո­­ւի նոր հրա­­տարա­­կու­­թիւն մը՝ Թու­­մա Չե­­լիքի «Ասորի Բնակ­­չութիւ­­նը Թու­­րապտի­­նի Մէջ» անուն գիր­­քը։

Թու­­մա Չե­­լիք ինք եւս տե­­ղացի մը ըլ­­լա­­­լով այս ու­­սումնա­­սիրու­­թեան մէջ կը սեր­­տէ ասո­­րինե­­րու պատ­­մութիւ­­նը յատ­­կա­­­պէս ալ Մի­­տեաթ, Մծբին, Կո­­զաթօ, Տե­­րիք, Տու­­նի­­­սար, Շամ­­րախ եւ այլ գա­­ւառ­­նե­­­րու պատ­­մութիւննե­­րու լոյ­­սին տակ։

Թու­­մա Չե­­լիք այս աշ­­խա­­­տու­­թեան ըն­­թացքին ան­­շուշտ որ կ՚օգ­­տո­­­ւի նաեւ իր անձնա­­կան փոր­­ձա­­­ռու­­թե­­­նէն ՝ քա­­նի որ ան եւս ծնած է այդ տա­­րած­­քաշրջա­­նի վրայ եւ ըն­­տա­­­նեկան յար­­կի տակ ներշնչած իրեն փո­­խան­­ցո­­­ւած պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին եւ հո­­գեբա­­րոյա­­կան աւան­­դութիւ­­նը։ Չե­­լիքի գիր­­քը նաեւ նոր սե­­րունդի ասորինե­­րուն հա­­մար իրենց պատ­­մութիւ­­նը սեր­­տե­­­լու եւ մա­­նաւանդ բնօր­­րա­­­նը ճանչնա­­լու իմաս­­տով ալ կա­­րեւոր նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ