Քաւալա կը մերժէ դատարանը

Մօտ չորս տա­րի է որ, ան­հիմն մե­ղադ­րանքնե­րով բան­տարկու­թեան մատ­նուած Օս­ման Քա­ւալա։ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի իր հաս­ցէին ուղղած «Սո­րոսի աւել­ցուկ» նա­խատին­քէն ետք իր ցա­սու­մը յայտնե­լով յայ­տա­րարեց թէ յետ այ­սու պի­տի չմաս­նակցի դա­տական նիս­տե­րուն։ «Ար­դար դա­տավա­րու­թեան մը հա­ւանա­կանու­թիւնը բո­լորո­վին վե­րացած է։ Այս պայ­մաննե­րու տակ անի­մաստ կը գտնեմ դա­տական նիս­տե­րու մաս­նակցե­լով ինքնա­պաշտպա­նու­թիւն ներ­կա­յաց­նե­լը» ըսաւ Օս­ման Քա­ւալա։

Ան յայտնեց որ երկրէ ներս հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու թա­փան­ցիկ կեր­պով աջակ­ցե­լու հա­մար եւ օրէնքնե­րու թոյ­լատրած եղա­նակ­նե­րով հիմ­նո­ւած Բաց Հա­սարա­կու­թեան Հիմ­նարկի վար­չութեան մէջ ինք ալ պաշ­տօն ստանձնած էր։ «Այդ հիմ­նարկի նա­խագա­հու­թիւնը եր­բեք չեմ ստանձնած։ Ոչ հիմ­նարկը, ոչ ալ Ճորճ Սո­րոսը ներ­կա­յաց­նող դիր­քի մը մէջ եղած եմ։ Սո­րոսի Թուրքիա այ­ցե­լու­թիւննե­րու ըն­թացքին հիմ­նակրի միւս վար­չա­յին­նե­րուն հետ միասին ես ալ ժո­ղով­նե­րուն ներ­կայ գտնո­ւած եմ։ Այդ ժո­ղով­նե­րը մեր հիմ­նարկի գոր­ծունէու­թիւննե­րուն մաս կը կազ­մէին։ Որ­քան որ գի­տեմ յար­գե­լի Էր­տո­ղան խնդրոյ առար­կայ հիմ­նարկի հիմ­նադրու­թե­նէն աւե­լի կա­նուխ թո­ւակ­նի մը ծա­նօթա­ցած է Սորոսի հետ։ Սո­րոսի վեր­ջին այ­ցե­լու­թիւնը կա­յացած էր 2015-ի Նո­յեմ­բե­րին։ Այդ տա­րինե­րուն ալ Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան ան­դամ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու եւ նա­խագահ Էր­տո­ղանի խորհրդա­տու­նե­րու երկխօ­սու­թիւնը շա­րու­նա­կուած է։ Ես այդ հան­դի­պումնե­րուն ներ­կայ չեմ գտնո­ւած եւ ար­ծարծո­ւած նիւ­թե­րէն ալ տե­ղեակ չեմ։ Ին­ծի վե­րագ­րո­ւած մե­ղադ­րանքնե­րը փաս­տե­րէ զուրկ ըլ­լա­լով հան­դերձ չորս տա­րի է որ ճա­ղերու ետին ձեր­բա­կալո­ւած կը մնամ։ Նա­խագա­հին տա­կաւին չդա­տապար­տո­ւած եւ դա­տավա­րու­թիւնը շա­րու­նա­կուող մէ­կու մը հաս­ցէին նո­ւաս­տա­ցու­ցիչ եւ նա­խատա­կան խօս­քե­րը ար­ժա­նապա­տու­թանս յար­ձա­կում կը հա­մարեմ։ Այդ ելոյթնե­րը կը մի­տին դա­տակազ­մի վրայ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­լու։ Այս պայ­մաննե­րու մէջ, քա­նի որ ար­դար դա­տավա­րու­թիւն մը ան­կա­րելի դար­ձած է, հա­մոզո­ւած եմ որ անի­մաստ է դա­տական նիս­տե­րու մաս­նակցիլ եւ ինքնա­պաշտպա­նու­թիւն ներ­կա­յաց­նել։ Օրի­նական պե­տու­թիւն պաշտպա­նող քա­ղաքա­ցի որ­պէս ար­դա­րադա­տու­թեան են­թարկո­ւած այս իրա­վիճա­կը օրի­նակա­նաց­նե­լէ հե­ռու պի­տի մնամ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ