Գիտական միջոցառում Կեդրոնականի մէջ

Այս տա­րո­ւայ Նո­­պելեան մրցա­­նակի բժշկա­­գիտա­­կան դափ­­նե­­­կիր­­ներն էին փրո­­ֆէօմոր­­ներ Ար­­տեմ Փա­­թափու­­թեան եւ Տէյ­­վիտ Ճու­­լիուս։

Կեդ­­րո­­­նական վար­­ժա­­­րանի գի­­տու­­թեան ակումբը եր­­կու գիտ­­նա­­­կան­­նե­­­րը ծա­­նօթաց­­նե­­­լու եւ անոնց Նո­­պելի մրցա­­նակը նո­­ւաճե­­լուն պատ­­ճառ դար­­ձած գի­­տական հե­­տազօ­­տու­­թիւնը ծա­­նօթաց­­նե­­­լու հա­­մար 27 Հոկ­­տեմբեր չո­­րեք­­շաբթի բա­­նախօ­­սու­­թիւն մը կազ­­մա­­­կեր­­պեց վար­­ժա­­­րանի սրա­­հին մէջ։

Այստեղ գի­­տական ակումբի ան­­դամ աշա­­կերտնե­­րը ծա­­նօթա­­ցու­­ցին 1967-ին հա­­ճըն­­ցի եւ Շե­­պին Գա­­րահի­­սար­­ցի ար­­մատնե­­րէ սե­­րած Ար­­տեմ Փա­­թափու­­թեանը։ Մայ­­րը Հայ­­կուհի Աճե­­մեան նա­­խակրթա­­րանի տնօ­­րէն է եւ ու­­սուցիչ։ Իսկ Հայրը Սար­­գիս Փա­­թափու­­թեան գրող եւ հա­­շուա­­կալ։ Քոյ­­րը Հու­­րի Փա­­թափու­­թեան ճար­­տա­­­րապետ է եւ անգլե­­րէնի ու­­սուցիչ։ Իսկ եղ­­բայրը Արա Փա­­թափու­­թեան հա­­մակարգչի մաս­­նա­­­գէտ է եւ աւե­­լի քան 30 գիւ­­տե­­­րու հե­­ղինակ։

Ար­­տեմ Փա­­թափու­­թեան յա­­ճախած է Պէյ­­րութի Տե­­միր­­ճեան եւ Յո­­վակի­­մեան-Մա­­նու­­կեան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րը։

Քա­­ղաքա­­ցիա­­կան պա­­տերազ­­մի տա­­րինե­­րուն Փա­­թափու­­թեան­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նիքը պար­­տադրա­­բար գաղ­­թած են ԱՄՆ։

1990 թո­­ւին Ար­­տեմ Փա­­թափու­­թեան կ՚աւար­­տէ Լոս Ան­­ճէ­­­լըսի Գա­­լիֆոր­­նիա Հա­­մալ­­սա­­­րանը մաս­­նա­­­գիտա­­նալով բջի­­ջային կեն­­սա­­­գիտու­­թեան մէջ։

2000-2014 թո­­ւական­­նե­­­րուն իր ակա­­դէմա­­կան զար­­գա­­­ցու­­մը կը շա­­րու­­նա­­­կէ «Սքրիփս» Հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու Ինստու­­տուտի եւ «Նո­­վար­­դիս» հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու հիմ­­նարկի եր­­դի­­­կին տակ։ Նո­­պելի մրցա­­նակը նո­­ւաճե­­լուն պատ­­ճառ դար­­ձած է իր յայտնա­­բերած մո­­լեքիւլնե­­րը, որոնք ջեր­­մութեան եւ ճնշու­­մի նման ազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րը ըն­­կա­­­լող յատ­­կութիւն ու­­նին եւ անո­­ւանո­­ւած են «Փիեզօ1» եւ «Փիեզօ2» կո­­չու­­մով։

Փա­­թաթու­­թեանի հետ նոյն մրցա­­նակը կի­­սող Տէյ­­վիտ Ճու­­լիուս ալ գտած է ջեր­­մութեան զգա­­յուն TRPV1 ըն­­կա­­­լու­­չը։ Այս ըն­­կա­­­լու­­չի յայտնա­­բերու­­մը եւ գոր­­ծե­­­լու եղա­­նակին գիւ­­տը յա­­րատեւ ցա­­ւերու կանխման առու­­մով մեծ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի։ Ան նաեւ պի­­տի նպաս­­տէ բազ­­մա­­­թիւ հի­­ւան­­դութիւննե­­րու բուժման ծա­­ռայող դե­­ղամի­­ջոց­­նե­­­րու զար­­գացման։

Ըն­­տա­­­նեկան եւ աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին մի­­ջավայ­­րէն զա­­նազան լու­­սանկար­­նե­­­րով ճո­­խացած զե­­կոյ­­ցի ըն­­թացքին ար­­տա­­­սանո­­ւեցաւ նաեւ Ար­­տեմ Փա­­թափու­­թեանի մրցա­­նակա­­տու­­չութեան ար­­տա­­­սանած ճա­­ռախօ­­սու­­թիւնը։

«18 տա­­րեկա­­նիս ԱՄՆ եկած լի­­բանան­­ցի գաղ­­թա­­­կան մը ըլ­­լա­­­լով նոյ­­նիսկ չէի կրնար երա­­զել թէ գի­­տու­­թեան ձօ­­նուած կեանք մը պի­­տի ու­­նե­­­նամ։ Ման­­կութեան եւ պա­­տանու­­թեան տա­­րինե­­րը պա­­տերազ­­մի պայ­­մաննե­­րու մէջ ան­­ցած մէ­­կը ըլ­­լա­­­լով կեան­­քը միշտ լուրջի առած եմ։ Իբ­­րեւ գիտ­­նա­­­կան այս պա­­հուն ես զիս բա­­ւական եզա­­կի կը զգամ եւ երախ­­տա­­­պար­­տութեամբ կ՚ըն­­դունիմ այս մրցա­­նակը»։

Մի­­ջոցա­­ռու­­մը նոյն գի­­շեր ժա­­մը 21.00 առ­­ցանց դրու­­թեամբ կը ներ­­կա­­­յացո­­ւի նաեւ հա­­սարա­կու­թեան։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ