ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պարիսպները չար ու բարի

Մարդկա­յին պատ­մութեան մէջ պա­րիսպնե­րը պաշտպա­նու­թեան ամե­նահին մի­ջոց­նե­րէն մէ­կը եղած է։ Մար­դիկ դուրսէն գա­լիք չա­րիքը կան­խե­լու հա­մար նախ իրենց բնա­կարա­նը՝ հետզհե­տէ քա­ղաքը եւ նոյ­նիսկ ալ աւե­լի չա­փազան­ցե­լով երկրի սահ­մաննե­րը պա­րիսպնե­րով պա­տած են։ Չի­նացի­ներ բար­բա­րոս­նե­րու ար­շա­ւան­քէն ազա­տուե­լու հա­մար կա­ռու­ցե­ցին աշ­խարհի ամե­նաեր­կար պա­րիս­պը, որ նոյ­նիսկ տե­սանե­լիլ է Անջրպետէն։

Պա­րիս­պի այս գոր­ծա­ծու­թիւնը վա­ղուց ժա­մանա­կավ­րէպ դար­ձած է։ Այժմու քա­ղաք­նե­րը զուրկ են պա­րիսպնե­րէ։ Զուրկ են որով­հե­տեւ այժմու ար­շա­ւանքնե­րու դի­մաց, որոնք կը կա­տարուին շատ ան­գամ օդա­յին ու­ժե­րով, կոր­ծա­նիչ ինքնա­թիռ­նե­րով, պա­րիս­պը հե­ռու է պաշտպա­նու­թիւն ապա­հովե­լէ։

Ար­դի ժա­մանակ­նե­րու պա­րիսպնե­րը ոչ թէ թշնա­մու ար­շա­ւանքնե­րու, այլ խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րուն դէմ կը բարձրա­նայ։ Այդ տե­սակի օրի­նակ մըն է Պեր­լի­նի Պա­տը, որ կա­ռու­ցո­ւեցաւ յետ պա­տերազ­մեան շրջա­նին ան­ջա­տուած Գեր­մա­նիան խորհրդան­շող մարդկա­յին ամօթ մը ըլ­լա­լով։ Պեր­լի­նի Պա­տը Սթա­լինեան բռնա­պետու­թեան հե­տեւանքն էր։ Խորհրդա­յին Միու­թեան փլու­զումէն ետք գեր­մա­նացի­ներ մեծ ցնծու­թեամբ փլե­ցին այդ պա­տը, աղիւսնե­րը իբ­րեւ յի­շատակ պա­հելով։

Պա­տի խոր­հուրդը քա­նի հա­սաւ մեր օրե­րուն հետզհե­տէ աւել­ցաւ անոր ամօ­թի իմաս­տը։ Պա­տէն յոյս ակնկա­լող առա­ջին անա­մօթն էր Իս­րա­յէլի պե­տու­թիւնը, որ պա­րիսպներ կը հիւ­սէր երկրի Պա­ղեստնաբ­նակ հա­տուա­ծին դէմ։ Հե­տաքրքրա­կան է թէ ան­ցեալին Վար­շո­վայի մէջ այդ նոյն պա­տը կը հիւ­սո­ւէր հրեանե­րու թա­ղամա­սը մե­կու­սացնե­լու հա­մար։

Մե­րօրեայ երկրորդ անա­մօթ պե­տու­թիւնը եղաւ ԱՄՆ, որ Թրամ­բի իշ­խա­նու­թեան դժբախտ օրե­րուն ձեռ­նարկեց Մեք­սի­քայի սահ­մա­նագի­ծը պա­րս­պա­պատել Հա­րաւա­յին Ամե­րիակէն եկած գաղ­թա­կան­նե­րու ներ­խուժու­մը կան­խե­լու հա­մար։

Պա­տի խոր­հուրդը որ­դեգրեց նաեւ Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թիւնը, Թուրքիոյ հա­րաւա­յին ու արե­ւելեան սահ­մաննե­րը չորս մեթր բարձրու­թեամբ պա­րս­պա­պատե­լով։

Այդ նոյն հո­սան­քը վե­րայայտնո­ւեցաւ Եւոր­պա­յի մէջ եւ այս ան­գամ Լե­հաս­տան որո­շեց Պե­լառու­սի սահ­մա­նը ան­թա­փանց դարձնել պա­րիսպնե­րու մի­ջոցաւ։ Ան­ցեալին պա­րիս­պը իբ­րեւ պաշտպա­նու­թիւն բա­րի իմաստ ու­նէր։ Իսկ այժմ այդ նոյն մի­ջոցը ու­նի հա­կամարդկա­յին բնոյթ։ Չէ որ ան ցցո­ւած է պա­տերազմնե­րէ, սո­վէ, թշո­ւառու­թե­նէ փախ­չող ճա­րահատ մարդկանց դի­մաց։ Ափ­սո­սան­քով կը նկա­տենք թէ օգ­նութեան կա­րօտ­նե­րու դի­մաց պատ կա­ռու­ցող չար միտ­քը հա­մատա­րած երե­ւոյթ մըն է։ Եր­կիրներ կար­ծես կ՚ու­զեն անա­ղարտ պա­հել իրենց տա­րած­քը։ Կա­րելի չէ հա­շտուիլ այն հաս­տա­տու­մին հետ թէ մարդկանց ազ­գա­յին, կրօ­նական եւ մշա­կու­թա­յին տար­բե­րու­թիւննե­րով հան­դերձ հա­մատեղ ապ­րի­լը ան­կա­րելի կը տես­նէ։ Փո­խարէ­նը կ՚առա­ջար­կէ միատար­րութիւն։ Բան մը, որ հիմ­նո­վին հա­կառակ է նոր ժա­մանակ­նե­րու պա­րտադրան­քին։

Ցարդ խօ­սեցանք շօ­շափե­լի պա­տերու մա­սին։ Բայց ան­դին կար ոչ նիւ­թա­կան պա­տեր, որոնք դար­ձեալ բարձրա­ցած են մարդկանց մտքե­րուն մէջ։ Այս տե­սակի պա­տի մը հե­տեւանքն էր որ նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը կը մեր­ժէր հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի օրե­րուն կեդ­րո­նական Ասիա աք­սո­րուած համ­շէ­նահա­յերու Հա­յաս­տան վե­րադար­ձի ցան­կութիւ­նը։ Այդ մեր­ժումի գլխա­ւոր գոր­ծօնն էր համ­շէ­նահա­յերու իս­լա­մադա­ւան ըլ­լա­լը։

Նման պատ­կե­րը կը տես­նենք ազ­գա­յին ինքնու­թիւնը վե­րահաս­տա­տած հա­յերու երկքա­ղաքա­ցիու­թեան դի­մումնե­րու ըն­թացքին ալ։

Ըստ երե­ւոյ­թի եր­կար պայ­քար պի­տի մղենք որ­պէսզի փշրենք խտրա­կան չար միտքի հետեւանքով գոյացած պարիսպները։

pakrates@yahoo.com