Կրթական մշակներու զօրակցութիւնը Սաթենիկ Նշանին

Քաղաքակրթու­թեան զար­գա­ցումնե­րու հե­տեւան­քով հա­մաշ­խարհայ­նա­ցած սկզբունքներ, դիւ­րութիւններ եւ դժո­ւարու­թիւններ ու­նե­ցող աս­պա­րէզ­նե­րէն մէկն է ու­սուցչու­թիւնը։ Իւ­րա­քան­չիւր երկրի պայ­մաննե­րու հա­մապա­տաս­խան կեր­պով ան կը ստա­նայ տա­նելի եւ ան­տա­նելի հո­գեր։ Այդ ծի­րէն ներս Թուրքիոյ հայ վար­ժա­րան­նե­րու ու­սուցիչ­ներն ալ ու­նին իրենց հո­գերը, որոնց թե­րեւս կա­րեւո­րագոյնն է ան­տէ­րու­թիւնը, որուն ետին կա­րելի է տես­նել ան­կազմա­կեր­պութիւ­նը։ Հայ վար­ժա­րարննե­րու ուուսցիչ­նե­րը զուրկ են իրենց շա­հերը պաշտպա­նելու նո­ւիրո­ւած կազ­մա­կեր­պութե­նէ մը։ Այդ է պատ­ճա­ռը որ հա­մարեա իւ­րա­քան­չիւր ուսման տա­րուայ սկզբին կամ աւար­տին ակա­նատես կ՚ըլ­լանք անոնց ապօ­րէն գոր­ծազրկման լու­րե­րուն։ Սա իրո­ղու­թիւն է թէ ու­սուցի­չը բո­լորո­վին ան­պաշտպան է իր գոր­ծա­տիրոջ դի­մաց, որ մեր օրի­նակով կը ներ­կա­յանայ թա­ղակա­նի կամ խնա­մակա­լի տես­քով։

Նա­խորդ տա­րի կրկին ապ­րե­ցանք աղմկա­յարոյց պաշ­տօ­նազրկու­թիւն մը, երբ Էսաեան վար­ժա­րանի բազ­մա­մեայ տնօրէնու­հին Սա­թենիկ Նշան կա­մայա­կան որո­շու­մով մը կը հե­ռացո­ւէր իր պաշ­տօ­նէն։ Թա­ղական խոր­հուրդը նոյն որո­շու­մով պաշ­տօ­նէն կը հե­ռաց­նէր նա­խակրթա­րանի բաժ­նի տնօ­րէնու­հին եւ քա­նի մը ու­սուցիչ­ներ եւս։ Աւե­լին՝ կը զլա­նար անոնց ար­դար իրա­ւունքը հա­տու­ցե­լէ։

«Չկայ չա­րիք չ՚ու­նե­նայ բա­րիք» կ՚ըսէ ժո­ղովրդա­կան առա­կը։ Ար­դա­րեւ Սա­թենիկ Նշա­նի պաշ­տօ­նազրկու­թիւնը հա­մայնքէ ներս յա­ռաջա­ցու­ցած է որոշ ընդվզում եւ զօ­րակ­ցութեան գի­տակ­ցութիւն։ Այդ գի­տակ­ցութիւ­նով է որ մեր վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը մէկ­տե­ղուե­ցան ընթրի­քի սե­ղանի մը շուրջ եւ բո­լորին անու­նով յու­շա­նուէր մը յանձնե­ցին Սա­թենիկ Նշա­նին։

Մեր վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը ընթրի­քի սե­ղանին շուրջ յա­գեցու­ցին իրենց կա­րօտը Սա­թենիկ Նշա­նէն, որու հա­մար ար­տա­սանո­ւած բա­ժակա­ճառե­րու մէջ ընդգծո­ւեցան մշտա­կան բա­րեկա­մու­թեան զգա­ցումնե­րը։ Սե­ղանի շուրջ էր նաեւ յա­րաբե­րաբար աւե­լի երի­տասարդ, բայց նոյնպէս բարձր գնա­հատո­ւած կրթա­կան մշակ մը՝ Առ­լին Եշիլ­թե­փէ, որ եղած էր Սա­թենիկ Նշա­նի ան­մի­ջական գոր­ծա­կից­նե­րէն մին եւ Էսաեան վար­ժա­րանի միջ­նա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէնու­հիի պաշ­տօ­նէն նոյ­նա­ժամա­նակ հե­ռացո­ւած՝ աղմկա­րար ձե­ւով։

Մեր վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րու հա­սարա­կաց մաղ­թանքն էր, որ պոլ­սա­հայ կրթա­կան հա­մակար­գէն չպակ­սին Սա­թենիկ Նշա­նի նման նո­ւիրեալ­ներ, որ­պէսզի մեր նոր սե­րունդնե­րը կա­րողա­նան վա­յելել սէր, հո­գածու­թիւն ու խնամք՝ ինչպէս բարձր մաս­նա­գիտա­կան կա­րողու­թիւնով, այնպէս ալ մարդկա­յին ամ­բողջա­կան առա­քինու­թիւնով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ