Լուսահոգի Յարութիւն Շանլըին ձօնուած գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ

Կէտիկ­փա­­­շայի Ս. Յով­­հաննէս Եկե­­ղեց­­ւոյ կազ­­մա­­­կեր­­պութեամբ, 4 Դեկ­­տեմբեր 2021, ժա­­մը 16.00-ին, Գումգա­­բուի Պէզ­­ճեան Սրա­­հին մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ՝ Լու­­սա­­­հոգի Յա­­րու­­թիւն Շան­­լըին ձօ­­նուած «Harutyun Şanlı» գիր­­քին շնոր­­հանդէ­­սը։ Կէ­­տիկ­­փա­­­շայի Թա­­ղային Խոր­­հուրդը, հա­­մավա­­րակի շրջա­­նին վախ­­ճա­­­նած իր ատե­­նապե­­տի բազ­­մա­­­բեղուն կեանքն ու գոր­­ծունէու­­թիւնը յի­­շատա­­կելով, ձեռ­­նարկած էր նման գիր­­քի մը պատ­­րաստու­­թեան եւ սոյն շնոր­­հանդէ­­սը առիթ կը դառ­­նար որ գիր­­քը ներ­­կա­­­յանար հան­­րութեան։

Հան­­դի­­­սու­­թիւնը հո­­վանա­­ւորեց եւ նա­­խագա­­հեց Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, որուն կող­­քին ներ­­կայ էին նաեւ Հրա­­տարակ­­չա­­­կան Յանձնա­­խումբի Տե­­սուչ՝ Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղ. Սե­­րով­­բեան, Կէ­­տիկ­­փա­­­շայի Եկե­­ղեց­­ւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ու­­զունեան, Պատկ. Կրօ­­նական Ժո­­ղովոյ Ատե­­նապետ՝ Արժ. Տ. Զա­­ւէն Քհնյ. Պչաք­­ճեան, Գա­­ւազա­­նակիր՝ Արժ. Տ. Շիր­­վան Քհնյ. Միւրզեան, Լու­­սա­­­հոգի Յա­­րու­­թիւն Շան­­լըի կո­­ղակի­­ցը՝ Էօժէն Շան­­լը եւ զա­­ւակ­­նե­­­րը՝ Վրէժն ու Գա­­րինը, ինչպէս նաեւ ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րը, Մու­­րատ Էօզ­­չէ­­­լիքի ատե­­նապե­­տած Կէ­­տիկ­­փա­­­շայի Ս. Յով­­հաննէս Եկե­­ղեց­­ւոյ Թա­­ղային Խոր­­հուրդի ան­­դամնե­­րը, գիր­­քի պատ­­րաստու­­թեան իրենց ներդրու­­մը բե­­րած կա­­մաւոր­­ներ եւ մե­­րազն ժո­­ղովուրդի ան­­դամներ։ Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով հա­­մավա­­րակի պայ­­մաննե­­րը, սահ­­մա­­­նափակ մաս­­նա­­­կու­­թեամբ իրա­­կանա­­ցաւ հան­­դի­­­սու­­թիւնը։

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը, հո­­գեւո­­րակա­­նաց եւ վար­­չա­­­յին­­նե­­­րու առաջ­­նորդու­­թեամբ ուղղո­­ւեցաւ դէ­­պի սրահ եւ հան­­դի­­­սու­­թիւնը սկսաւ Նո­­րին Ամե­­նապա­­պուու­­թեան ար­­տա­­­սանած Տէ­­րու­­նա­­­կան Աղօթ­­քով։ Յա­­ջոր­­դա­­­բար հանգստեան աղօթ­­քով յի­­շատա­­կուե­­ցաւ Յա­­րու­­թիւն Շան­­լըն, որ­­մէ յե­­տոյ հան­­դի­­­սու­­թիւնը սկսաւ գոր­­ծադրո­­ւիլ։ Խօս­­նա­­­կի պար­­տա­­­կանու­­թիւնը ստանձնած էր Սէր­­տա Աս­­լան, որ նաեւ գրքի պատ­­րաստու­­թեան սե­­մին իր գոր­­ծօն մաս­­նակցու­­թիւնը բե­­րած էր։

Բաց­­ման խօս­­քով հան­­դէս եկաւ Ատե­­նապետ Մու­­րատ Էօզ­­չէ­­­լիքը եւ յա­­նուն վար­­չութեան ող­­ջունեց ներ­­կա­­­ները։ Իր խօս­­քին մէջ որ­­դիական ակ­­նա­­­ծանօք շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց Ամե­­նապա­­տիւ Սրբա­­զան Պատ­­րիարք Հօր, Կէ­­տիկ­­փա­­­շայի Եկե­­ղեց­­ւոյ ծրագ­­րին իր բե­­րած օրհնու­­թեան հա­­մար։ Բաց աս­­տի շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց, բո­­լոր անոնց որոնք գրքի պատ­­րաստու­­թեան սե­­մին իրենց աջակ­­ցութիւ­­նը բե­­րած էին աշ­­խա­­­տու­­թեան։

Յա­­ջոր­­դա­­­բար իր ելոյ­­թը ու­­նե­­­ցաւ գրքի հե­­ղինակ Սէր­­լի Նշա­­նեանը եւ առա­­ջին հեր­­թին շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց հան­­գուցեալի ըն­­տա­­­նիքին, հան­­գուցեալի բա­­րեկամ­­նե­­­րուն եւ գրքի կա­­մաւոր­­նե­­­րուն, որոնք իրենց գրի առած յի­­շատակ­­նե­­­րով ու ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րով առիթ ըն­­ծա­­­յած էին որ սոյն գիր­­քը առա­­ւել եւս խօ­­սուն վկա­­յու­­թիւն դառ­­նար հան­­գուցեալի մա­­սին։ Ըն­­թերցող­­ներ գրքին մէջ թէ՛ պի­­տի ըն­­թերցէին հան­­գուցեալի մա­­սին եւ թէ՛ նկար­­նե­­­րու ճամ­­բով պի­­տի թար­­մացնէին իրենց յի­­շատակ­­նե­­­րը։ Առ այդ յայտնեց, նաեւ թէ՝ Բա­­նաս­­տեղծ Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցի տո­­ղերէն ուղղո­­ւելով, գրի առ­­նել սկսած էր հան­­գուցեալի մա­­սին։ Բաց աս­­տի, աշ­­խա­­­տու­­թեան պատ­­րաստու­­թեան ըն­­թացքը, կը պա­­րու­­նա­­­կէր յու­­զումնա­­խառն պա­­հեր, նկա­­տի ու­­նե­­­նալով հան­­գուցեալի մա­­հը։ Իր խօս­­քե­­­րու աւար­­տին, մաղ­­թեց որ ըն­­թերցող­­ներ գրքի ճամ­­բով յի­­շատա­­կեն հան­­գուցեալը։

Սէր­­տա Աս­­լան, բաց­­ման ելոյթնե­­րէն յե­­տոյ յի­­շեցուց, թէ՝ հան­­դի­­­սու­­թե­­­նէ եր­­կու օրեր առաջ պի­­տի նշո­­ւէր հան­­գուցեալի տա­­րեդար­­ձը, եթէ ան ի Տէր ննջած չըլ­­լար։ Հե­­տեւա­­բար, գիր­­քի շնոր­­հանդէ­­սը եւ գիր­­քը, որ­­պէս յի­­շատա­­կելի նո­­ւէր կը մա­­տու­­ցո­­­ւէր հան­­գուցեալի ըն­­տա­­­նիքին եւ բո­­լոր հա­­րազատ­­նե­­­րուն։ Այս յի­­շեցու­­մէ յե­­տոյ, գոր­­ծադրո­­ւեցաւ երաժշտա­­կան կարճ յայ­­տա­­­գիր մը։ Այ­­նուհե­­տեւ՝ Մա­­րալ Չաղ­­լը­­­չու­­պուքճու եր­­գեց Պետ­­րոս Դու­­րեանի «Տրտունջ» եր­­գը, որ­­մէ յե­­տոյ՝ Թա­­թիանա Պոս­­թան, Սե­­ւան Ակօ­­շեանի բե­­րած եր­­գե­­­հոնի ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ եր­­գեց «Տուն իմ հայ­­րե­­­նի» եր­­գը։

Երաժշտա­­կան յայ­­տագրէն յե­­տոյ բարձրա­­խօսը յանձնո­­ւեցաւ Տ. Զա­­ւէն Քա­­հանա­­յին, որ ան­­ցեալին եր­­կար տա­­րիներ Կէ­­տիկ­­փա­­­շայի Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ ստանձնած էր հո­­գեւոր հո­­վուու­­թեան պաշ­­տօն։ Տէր Հայ­­րը յայտնեց, թէ՝ յու­­զումնա­­խառն զգա­­ցումնե­­րով կը դի­­մէ ներ­­կայ հա­­սարա­­կու­­թեան, սա­­կայն միւս կող­­մէ ու­­րախ էր, որ նման աշ­­խա­­­տու­­թեամբ մը պի­­տի ան­­մա­­­հանար հան­­գուցեալ Յա­­րու­­թիւնի անու­­նը։ Յետ ձեռ­­նադրու­­թեան Մես­­րոպ Պատ­­րիար­­քը զինք նշա­­նակած էր Կէ­­տիկ­­փա­­­շայի Եկե­­ղեցին եւ առա­­ջին զրոյցնե­­րուն ըն­­թացքին Տէր Հայ­­րը ակա­­նատե­­սը եղած էր եկե­­ղեց­­ւոյ ըն­­տա­­­նիքին սի­­րալիր վե­­րաբեր­­մունքին եւ տա­­րիներ շա­­րու­­նակ այս բո­­լորին մէջ իր ներ­­կա­­­յու­­թիւնը զգա­­լի կը դարձնէր հան­­գուցեալը։ Հա­­ւատար­­մութեան եւ վստա­­հու­­թեան վրայ հիմ­­նա­­­ւորո­­ւած յա­­րաբե­­րու­­թեան մէջ հան­­գուցեալի նշա­­նաւոր խօսքն էր. «Հարց չկայ. Կը կար­­գա­­­ւորենք»։

Հան­­դի­­­սու­­թեան աւար­­տին հուսկ բան­­քը ար­­տա­­­սանեց Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը եւ յայտնեց, թէ՝ հան­­գուցեալի յի­­շատա­­կը պան­­ծացնե­­լու հա­­մար գրի առ­­նո­­­ւած էր սոյն գիր­­քը։ Սա­­կայն Պատ­­րիարք Հայ­­րը յայտնեց նաեւ, թէ՝ այս գիր­­քը գրի առ­­նո­­­ւած էր նաեւ բո­­լորիս հա­­մար։ Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով որ հա­­մայնքա­­յին կեան­­քէ ներս մե­­ծագոյն խնդիր­­նե­­­րէն մին էր, սպա­­սար­­կե­­­լու պատ­­րաստ հո­­գիներ գտնե­­լը։ Իր ժո­­ղովուրդին հար­­ցե­­­րուն հետ յու­­զո­­­ւող, անոնց լուծման հա­­մար ջանք վատ­­նող եւ աշ­­խա­­­տող, նոյ­­նիսկ իր ըն­­տա­­­նեկան կեան­­քէն զի­­չող ան­­հատնե­­րու կա­­րիքը ու­­նէր այս հա­­մայնքը։ Բաց աս­­տի նման ան­­ձե­­­րուն իրենց կեան­­քի օրե­­րուն նոյ­­նիսկ պէտք է զգաց­­նել, թէ՝ անոնք ար­­ժէ­­­քաւոր են եւ իրենց յի­­շատա­­կը մնա­­յուն ներ­­կա­­­յու­­թիւն պէտք է դառ­­նայ։ Թէ՛ կեան­­քի օրե­­րուն եւ թէ՛ հան­­գուցեալ դառ­­նա­­­լէ յե­­տոյ ար­­ժէ­­­քաւոր են նման ծա­­ռայա­­սէր ան­­ձինք։ Հե­­տեւա­­բար, Յա­­րու­­թիւնը լաւ օրի­­նակ մըն էր ծա­­ռայա­­սիրու­­թեան ոգիին եւ ըն­­թերցող­­ներ վստա­­հաբար պի­­տի ներշնչո­­ւէին իր­­մով։

Պատ­­րիարք Հայ­­րը յի­­շեցուց նաեւ, թէ՝ երբ գիր­­քի ծրա­­գիրը ծնունդ առաւ, շա­­տեր ու­­զե­­­ցին բա­­ներ մը գրել եւ իրենց յի­­շատակ­­նե­­­րուն ընդմէ­­ջէն ներ­­կա­­­յաց­­նել Յա­­րու­­թիւնը։ Հե­­տեւա­­բար այս աշ­­խա­­­տու­­թիւնը առիթ պի­­տի դառ­­նար, որ ան գտնո­­ւէր նաեւ իր հա­­րազատ­­նե­­­րուն գրա­­դարան­­նե­­­րուն մէջ եւ իր յի­­շատա­­կով ապ­­րէր անոնց մօտ։ Դժբախ­­տա­­­բար իր վախ­­ճա­­­նու­­մը զու­­գա­­­դիպած էր հա­­մավա­­րակի շրջա­­նին, սա­­կայն այս հան­­դի­­­սու­­թիւնը առիթ եղաւ որ ծա­­փահա­­րու­­թիւննե­­րով յի­­շատա­­կուի հան­­րութեան առ­­ջեւ։ Իր խօս­­քե­­­րու աւար­­տին, մաղ­­թեց որ ծա­­ռայա­­սէր նման ան­­ձեր շատ­­նան հա­­մայնքա­­յին կեան­­քէ ներս։

Հան­­դի­­­սու­­թեան աւար­­տին, հան­­դի­­­սաս­­րա­­­հին մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ նաեւ ըն­­դունե­­լու­­թիւն մը, որուն ըն­­թացքին ներ­­կա­­­ներ առիթն ու­­նե­­­ցան առա­­ջին ան­­գամ մօ­­տէն տես­­նե­­­լու Յա­­րու­­թիւն Շան­­լըի ձօ­­նուած իմաս­­տա­­­լից գիր­­քը։

Հարկ է նշել, թէ՝ Կէ­­տիկ­­փա­­­շայի Եկե­­ղեց­­ւոյ նա­­խաձեռ­­նութեամբ Յա­­րու­­թիւն Շան­­լըն յի­­շատա­­կելու հա­­մար հաս­­տա­­­տուած էր հրա­­տարակ­­չա­­­կան յանձնա­­խումբ մը, որուն գլխա­­ւորած էր Լու­­սա­­­հոգի Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեան, իսկ հա­­մակար­­գո­­­ղը եղած՝ Սէր­­տա Աս­­լան։ Սէր­­լի Նշա­­նեանի գրի առած գրքին, հրա­­տարա­­կու­­թեան խորհրդա­­տուն է՝ Յո­­վակիմ Աբե­­ղան, իսկ Թրքե­­րէն բնա­­գիր­­նե­­­րու սրբագ­­րութիւննե­­րը կա­­տարած՝ Սար­­գիս Հէ­­մէն­­կիւլ։ Բաց աս­­տի կող­­քի պատ­­րաստու­­թիւնն ու էջադ­­րութիւ­­նը կա­­տարած է Սար­­վէն Տա­­նէն։ Նաեւ բազ­­մա­­­թիւ ան­­ձինք թէ՛ բա­­նիւ, թէ՛ գրիւ ներդրու­­մով եւ թէ՛ նկար­­նե­­­րով օժան­­դա­­­կած են գիր­­քի կազ­­մութեան։ Փա­­փաքող­­ներ, Կէ­­տիկ­­փա­­­շայի Եկե­­ղեցիին դի­­մելով կրնան ստա­­նալ գիր­­քէն օրի­­նակ­­ներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ