Լսելով յուշարձաններու պատգամը

ՀԻՒՍՆԻՒ ԿԻՒՐՊԷՅ

Հաստատ իրողութիւն է թէ յոյներ, հայեր, քիւրտեր եւ ասորիներ իրենց բնօրրանի տեղացի ժողովուրդներն են։ Անոնք ի դէմ բոլոր աւերներու, իրենց խոր հետքերը թողած են այդ հողերուն վրայ։

Իդարու սկիզբներուն, բազմազգի եւ բազմակրօն աշխարհագրութեան մը մէջ միազգանի պետութիւն մը հիմնելու նախաձեռնութիւնը ցաւալի հետեւանքներ ունեցած է։ Ազգային պետութեան ծրագրի հեղինակները իրենց ռազմավարութիւնը կառուցած են երեք սիւներու վրայ։

Ա- Տարածքաշրջանի Քրիստոնեայ տարրերը, այսինքն յոյները, հայերը եւ ասորիները տեղ չունին այս նոր կազմին մէջ։ Անոնք այս կամ այն եղանակով պիտի հեռացուին երկրի տարածքէն։ Պիտի արտօնուի միայն հսկելի քանակով բնակչութեան մը գոյութիւնը պահել, որպէսզի ի պահանջել հարկին օգտագործուին իբրեւ պատանդ։

Բ- Ազգային ծագումը, մայրենին ինչ որ ալ ըլլայ, բոլոր Մահմետական տարրերը պիտի ձուլուին Սուննի- Հանեֆի դաւանանքի մէջ ու պիտի թրքանան։

Գ- Մահմետական համարուող բայց այս ձուլման քաղաքականութեան դիմադրող քրտախօսները կամ ալեւիները պիտի ենթարկուին ծանր ճնշումներու ու հալածանքներու։ Անոնց կամքը պիտի կոտրուի մայրենի լեզուի, հաւատքի, մշակոյթի, արուեստական արտադրութիւններու խորտակոմով ու պատուազրկութեամբ։ Այսպէս ժամանակի ընթացքին պիտի ապահովուի նաեւ իրենց այլասերումը։ Փրոֆ. Պասքըն Օրան այս երրորդ տարբերակը կը բնութագրէ «խառն դրութիւն» եզրով ու կ՚ըսէ հետեւեալը՝. «Երբ ձուլման ռազմավարութիւնը ակնկալուած արդիւնքը չի տար, ապա կը գործադրուի էթնիկ եւ կրօնական մաքրագործումը։ Թուրք ազգային պետութիւնը երբ յուսալքուեցաւ Տէրսիմի շրջանը այլասերելու իր նպատակին մէջ, գործադրեց 1937- 1938 թուականներու կոտորածները եւ տարագրութիւնը։

Կրօնական ու մշակութային ինչքերու խորտակումէն ամենածանր տուժածները եղան Ղըզըլպաշ քիւրտերը։ Պատճառաբանելով թէ իրենք կը պաշտեն քարերուն, ծառերուն, ջուրին եւ բնութեան զանազան երեւոյթներուն, խորտակած են եւ կը շարունակեն խորտակել իրենց ուխտավայրերը։ Ներքեւի նկարը վար ապացոյցն է այդ սբապղծութեան։

Այս ժայրաբեկորը կը կոչուի Քալէ Սըփի եւ իրեն կը վերագրուի որոշ սրբութիւն։ Կը յիշատակուի երեկոյան աղօթքներու մէջ։ Զաւակազուրկ կանայք կամ վիժում ապրածներ տարեց ու այրի պարաւի մը առաջնորդութեամբ եօթ անգամ կը դառնան այս ժայրի շուրջ եւ աղօթքներ կ՚աղերսեն։ Կ՚արիւնեն իրենց հետ բերած աքլորի բբուկը եւ «նիյազ» (կարագով խարկուած ու երկաթի վրայ խանծուած խմորեղէն) կը բաժնեն։ Նկարը կ՛ապացուցէ ժայռի բեկանումը եւ գրառումներով կատարուած սրբապղծութիւնը։

Նման վայրագութեամբ արմատախիլ եղած են սրբավայր ըլլալով յարգուած բազմադարեան ծառեր եւս։ Շատ աւելի ծանր է գերեզմաններու վիճակը։

Նոյ­նը պա­տահած է հա­յոց եկե­ղեցի­ներու, մա­տուռնե­րու, վան­քըերու կամ գե­րեզ­մաննե­րու հա­մար։ Իս­թանպու­լէ դուրս բա­ւակա­նին քիչ են մեր օրե­րուն հա­սած հայ­կա­կան պատ­մամշա­կու­թա­յին կա­ռոյցնե­րը։ Մնա­ցած­ներն ալ կ՚օգ­տա­գոր­ծո­ւին իբ­րեւ ախոռ կամ յար­դա­նոց։

Կը նկա­տենք թէ առա­ջին հեր­թին վնա­սուած­նե­րը կրօ­նական շի­նու­թիւններ են։ Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան ժա­ռան­գորդ Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան փոր­ձով գի­տենք թէ հա­սարա­կու­թեան մը կրօ­նակա­նան ոչնչա­ցու­մին կը յա­ջոր­դէ լե­զուա­կան ոչնչա­ցու­մը։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ պե­տու­թեան կրօ­նական հա­կումնե­րուն հա­կասող բո­լոր սրբու­թիւննե­րը պի­տի խոր­տա­կուին։ Այս հաս­տա­տու­մը ի զօ­րու է ոչ միայն քրիս­տո­նեայ հա­ւատ­քին, այլ ալե­ւի կամ էզի­դինե­րու պա­րագա­յին ալ։ Եթէ նպա­տակադ­րո­ւած է ժո­ղովուրդնե­րուն պե­տու­թեան նա­խապա­տուու­թիւն տո­ւած հա­ւատ­քին մէջ ձու­լո­ւիլը, բնա­կանա­բար պէտք է աւե­րուին անար­ժան հա­մարո­ւած հա­ւատի սրբա­վայ­րե­րը։ Այս հաս­կա­ցողու­թիւնը պե­տու­թեան ան­գիր բայց պաշ­տօ­նական քա­ղաքա­կանու­թիւնն է։

Ժո­ղովուրդնե­րու պատ­մութիւ­նը, մշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րը եւ հա­ւատ­քի վայ­րե­րը ՄԱԿ-ի եւ անոր մշա­կու­թա­յին կազ­մա­կեր­պութիւ­նը հան­դի­մացող ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի կող­մէ երաշ­խա­ւորո­ւած են։ Այդ երաշ­խի­քին մաս­նակցած է նաեւ Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թիւնը։ Ու­րեմն խոր­տա­կու­մը, որ կը շա­րու­նա­կուի այդ երաշ­խի­քով հան­դերձ սա շատ աւե­լի լուրջ խնդիր մըն է եւ նիւթ կը դառ­նայ մի­ջազ­գա­յին յան­ցա­գոր­ծութեան։ Ար­դեօք կա­րելի՞, է թէ այդ սրբու­թիւննե­րու նկատ­մամբ ան­հանդուրժող գտնո­ւող­նե­րը քա­ղաքա­կիրթ աշ­խարհի պա­տուա­ւոր մէկ ան­դա­մը հա­մարո­ւին։ Եր­կիրներ կամ հան­դուրժո­ղական եւ ժո­ղովրդա­վարա­կան հաս­կա­ցողու­թեան մը պի­տի հե­տեւին եւ մաս­նի­կը պի­տի ըլ­լան քա­ղաքա­կիրթ աշ­խարհին կամ ալ թա­լիպ­նե­րու նման պի­տի մատ­նո­ւին միջ­նա­դարեան խա­ւարին։

Իդէմ այս բո­լորին Թուրքիոյ տե­ղացի, բնիկ ժո­ղովուրդնե­րը կար­ծես այս օրե­րը նա­խատե­սած ըլ­լան, որ­պէս կան­խա­միջոց իրենց հետ­քե­րը թո­ղեր են ան­հա­սանե­լի բար­ձունքնե­րու կամ խիտ ան­տա­ռապատ տա­րածքնե­րու վրայ։ Կար­ծես այսպէ­սով աղա­ղակած կ՚ըլ­լան «Հոս էինք, հոս կ՚ապ­րէին­ք» ըսելով։ Ներ­քե­ւի նկա­րին մէջ կը տես­նենք Քի­ղը եւ Տէր­սի­մի Փիւ­լիւմիւր գա­ւառի մի­ջեւ ան­տա­ռածածկ տա­րած­քի մը վրայ ժայ­ռա­փոր յու­շարձան­նե­րը։ Դի­տումնա­ւոր կեր­պով կը խու­սա­փիմ այդ վայր աւե­լի յստակ նկա­րագրելէ։

Յատկապէս անոնցմէ մէկը հսկայ ժայռի մը գագաթնամասի տաշուելով ձեւաւորուած է, որուն կեդրոնին հսկայ խաչ մը փորագրուած։ Կողքին կը նկատուի նաեւ աւելի փոքր չորս խաչեր։ Որեւէ գրութեան չեմ հանդիպած։ Այս հսկայ ժայռի արեւմտեան հատուածին աւելի փոքր խաչքար մը եւս կը նկատուի։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ