Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետութիւնը օժանդակեց 700 կարիքաւոր ընտանիքներուն

Իսթան­պուլի Մայր Քա­ղաքա­պետու­թեան Հա­սարա­կական Ծա­ռայու­թեան Բա­ժան­մունքի Ատե­նապետ Եաւուզ Սալ­թը­քի հե­տաքրքրու­թեամբ եւ ներդրու­մով, Ամա­նորի մեր­ձա­ւոր այս օրե­րուն Մայր Քա­ղաքա­պետու­թիւնը կա­րիքա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րուն օժան­դա­կեց։ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյս Ըն­կե­րային Օժան­դա­կու­թեան Յանձնա­խումբը, որ հա­մավա­րակի առա­ջին իսկ մէկ օրէն կա­մաւոր սպա­սաւոր­նե­րով իր ծա­ռայու­թիւնը կը մա­տու­ցա­նէ, իր են­թա­յանձնա­խումբե­րէն՝ Պա­րենի Յանձնա­խումբի ան­դամնե­րու աշ­խա­տու­թեամբ, քա­ղաքա­պետու­թեան օժան­դա­կու­թեան տոմ­սե­րը 4 Դեկ­տեմբեր 2021-էն սկսեալ կա­րիքա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րուն հասցնել սկսած է։

Ինչպէս ծա­նօթ է, Եաւուզ Սալ­թըք, 10 Մարտ 2021ին Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լելով Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հօր հետ տե­սակ­ցած եւ Աթո­ռոյս Ըն­կե­րային Օժան­դա­կու­թեան Յանձնա­խումբի մա­սին տե­ղեկու­թիւններ ստա­ցած էր։ Ստա­ցուած տե­ղեկու­թեանց լոյ­սին տակ, իր գո­հու­նա­կու­թիւնը յայտնած էր եւ յա­ջոր­դա­բար օժան­դա­կու­թեան տոմ­սեր ի սպաս դրած յանձնա­խումբի գոր­ծա­ծու­թեան։

19 Հոկ­տեմբեր 2021-ին յանձնա­խումբի վա­րիչ­նե­րը Սալ­թը­քին փո­խադարձ այ­ցե­լու­թիւն տա­լով, աշ­խա­տու­թեանց մա­սին ման­րա­մասն տե­ղեկու­թիւններ փո­խան­ցե­լէ յե­տոյ, իրենց շնոր­հա­կալու­թիւնը յայտնած էին։ Հան­դիպման ըն­թացքին, Սալ­թըք, կա­րիքա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու նկատ­մամբ ցու­ցա­բերո­ւած հե­տաքրքրու­թեան, ծա­ռայու­թեան պար­տա­ճանա­չու­թեան եւ կար­գա­պահու­թեան փո­խարէն իր ու­րա­խու­թիւնը յայտնե­լով, ըսած էր, թէ՝ նման օժան­դա­կու­թիւններ յա­ջոր­դիւ եւս պի­տի շա­րու­նա­կուէին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ