ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Անգին

Ո՞ր ածա­կանը յար­մար պի­տի գար, երբ ամէն բա­նէ աւե­լի յար­գի է ազ­գին լեռ­նաշխար­հը, մայ­րը, գի­րերու գիւ­տա­րարը, եւ այն ամէ­նը, որ անոր մտքի թան­կա­գին յղա­ցումն է…։ Հա­յը որո­շեց գին չնշա­նակել անոնց։ Մեր մայ­րե­նին այդ բո­լորը, - նե­րառեալ Աղ­թա­մարը ու Անին, - եր­կիւղա­ծու­թեամբ անո­ւանեց՝ «ան­գին»։ Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ ազ­գը կը հպար­տա­նայ ազ­գա­սիրու­թեան ամե­նաբաձր պա­տուին ար­ժա­նացած իր ան­գին զա­ւակ­նե­րով, երբ հա­յոց մտքի ար­գանդէն ան­գին նոր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւններ ծնունդ կ’առ­նեն, որո­շեցի այ­ցե­լել մեր գրա­կանու­թեան պա­րարտ այ­գին ու քա­ղել ըն­տիր տո­ղիկ­ներ ու ձե­զի պար­գե­ւել ըն­տիր փունջ մը։

«Ան­գին» բա­ռը, հա­կառակ իր «ան» մաս­նի­կին, ըստ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին եւ բա­րոյա­կան ըմբռնու­մի, դրա­կան բառ է։ Ան «գին»ի բա­ցակա­յու­թիւնն է, ուր առար­կան վա­ճառ­քի առար­կայ չէ։ Ան ո՛չ թէ զուրկ, այլ՝ վեր է նիւ­թա­կան բո­լոր չա­փերէն։

Ան­գին բա­ռը հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան մէջ ու­նե­ցաւ ջեր­մա­գին երկրպա­գու­ներ։ Թեր­թե­ցէք մա­տեան­նե­րու էջե­րը ու դուք կը տես­նէք, թէ սե­ւազ­գեստ երէց­նե­րէն մին­չեւ սի­րավառ աշուղներ, բո­լոր հա­յերը իրենց ան­գին շնոր­հը, գրիչն ու շունչը նո­ւիրեր են իրենց ան­գի­նին։ Այժմ տես­նենք, թէ ո՞ր գե­ղեցի­կը ար­ժա­նացաւ այդ ածա­կանին։

Մեր հե­ղինակ­նե­րը 10-րդ դա­րուն նկա­տեցին «ան­գին»ը։ Անոնցմէ առա­ջին­նե­րէն էր Նա­րեկա­ցին, որ մե­զի պար­գե­ւեց «ան­գին գանձ» ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Հայր սուրբը նկա­տի ու­նէր բա­րոյա­կան, հո­գեւոր գան­ձը։ Հինգ դար յե­տոյ, փո­խուե­ցաւ մեր աշ­խարհա­հայեաց­քը, բա­ցուե­ցան մեր աչ­քե­րը, ու մեր լեռ­նաշխար­հի նիւ­թա­կան գե­ղեց­կութիւննե­րը մե­զի հա­մար մէկ առ մէկ «ան­գին» դար­ձան։ Սա­հակ Սի­րացու տա­ղասա­ցը իր հո­ղեղէն սի­րածին նա­յեցաւ ու ըսաւ. «Աչ­քերդ կան­թեղ է, ու­ներդ կա­մար… / Ակ­ռա­ներդ մար­գա­րիտ, ալ­մաստ, ան­գին քար»։ Յա­կոբ Սսե­ցին ըսաւ, թէ որ­քան ըն­տիր է իր եարը. «Ա՜յ ան­գին գո­հար, դու դժար (դժո­ւար) գտո­ւար»։ Պէտ­րոս անուն տա­ղասա­ցը, իր սի­րածի սէ­րէն հար­բած՝ որո­շեց եր­թալ շնոր­հա­կալ ըլ­լալ «զՔրիս­տոս Աս­տո­ւած», որ իրեն պատ­րաստեր է «Գար­նան վարդ… եաղութ, զմրութ, ան­գին ճօ­հար»։ Նոյնքան գե­ղեցիկ ու պաշ­տե­լի էին այլ աշուղնե­րու եարե­րը. «Լե­զուդ ի բե­րանդ, ան­գին ջաւ­հար է», Գրի­գորիս, «Քո ստեղ­ծո­ղին տամ գո­հու­թիւն… Ան­գին զար ջու­հա­րէն անոյշ», Քո­սայ Երէց, «Երբ որ զե­րեսդ տե­սանէ, արե­գական լոյսն ար­գե­լի, / Երբ խշրվե­ներդ կու նա­յի, լու­սինն եղեւ ան­գին գե­րի», Մար­տի­րոս Խա­րասար­ցի, «Ան­գին մար­գա­րիտ ի մէջ սա­տաֆին / Բո­լորեալ լու­սին, աստղ առա­ւօտին», Ղա­զար Սե­փաս­տա­ցի, «Քո սէրն է ան­գին ղու­մաշ», միջ­նա­դարեան տաղ։ 1768 թո­ւակա­նին Կ.Պոլ­սոյ մէջ երբ մա­հացաւ Պաղ­տա­սար Դպի­րը, լոյս տե­սաւ «Տա­ղարան փոք­րիկ» գիր­քը, ուր տեղ գտան «սի­րոյ եւ կա­րօտա­նաց» եր­գեր։ Այդ ան­գին գոր­ծե­րէն մէ­կը նո­ւիրո­ւած էր հե­ռաւոր սի­րոյ։ Բա­նաս­տեղծը խոր թա­խիծով հեծկլտաց. «Ո՛չ մե­ռած, ո՛չ կեն­դա­նի, կի­սամե­ռեալ եմ… / Իմ աննման ան­գին ակն, մի՚ մո­ռանար զիս»։ Հա­լէպ ծնած ու մեծ­ցած Յով­հաննէս Ղա­լէմ­քա­րը 1650-ական­նե­րուն քա­հանայ ձեռ­նադրո­ւեցաւ։ Ան ամուսնա­ցաւ Ալ­մաստ անու­նով օրիոր­դի մը հետ։ Գե­ղեցիկ կի­նը, սա­կայն երի­տասարդ տա­րիքին, 1660-ական թո­ւական­նե­րուն վախ­ճա­նեցաւ։ Բա­նաս­տեղծ հո­գեւա­րակա­նը, այդ կո­րուստի դառ­նութեամբ գրեց. «Ո՛վ մահ, հետ ինձ ինչ արիր, իրից­կինս ինձմէ բա­ժանե­ցիր, / Մնա­ցի խեղճ, ողոր­մե­լի, զիս իւր տե­սուն զրկե­ցիր… Է՛, Ալ­մաստ, ան­գին ճու­հար, ի մէջ դու մտացս գտո­ւար, / Երեք օր պառ­կար, մե­ռար, օր յիս­նէ շու­տով բաժ­նե­ցար»։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, ձեզ կը վստա­հեց­նեմ, եթէ թեր­թէք Սա­յաթ-Նո­վայի դաւ­թա­րը ու նա­յիք աշու­ղի գրա­կան ժա­ռան­գին, դուք կը տես­նէք, թէ ահա­գին են «ան­գին» եարին նո­ւիրո­ւած գո­վասանքնե­րը։ Սա­յաթ-Նո­վան անմրցե­լի է «ան­գին» ածա­կանի գոր­ծա­ծու­թեան մէջ։ Եարը եւ անոր ատամ­նե­րը Հնդկաս­տա­նէն եկած, կամ «ան­տակ ծո­վի մի­ջէն հա­նած» ան­գին քար, լալ, ակ, ալ­մաս եւ գով­հար է. «Դու ան­գին քար իս, գո­վելի… Ան­տակ ծո­վի մի­չէն հա­նած ան­գին գով­հար իս, գո­վելի… Ան­գին լալ իս… Հե­քաթ­նե­րու ան­գին ակ իս… Լի­զուտ քաղցր, բա­ռըտ քաղցր, ակռքնի­րըտ ան­գին քար ա»։

Գե­ղեց­կուհին ու անոր հետ ան­ցած պա­հերը «ան­գին» ածա­կանով նկա­րագ­րե­լու աւա­նդու­թիւնը շա­րու­նա­կեց գե­ղապաշտ սե­րունդը։ Ահա քա­նի մը հեշ­տա­գին խօսք.

«Ո՜հ , ան­գին, ար­բանք մ’է այս որ կը խնկէ իմ հո­գին… Ու ի՜նչ սի­րով ըմ­պե­ցի ջո՚ւրդ ան­գին», Ռու­բէն Սե­ւակ, «Երբ մա­րեցաւ - աստղը բա­րի՝ / Գլուխս իր ու­սին դրի… / Ահ, լոկ այդ տե՜ղ / -Թա­ւի՚շ ան­գին», Մատ­թէոս Զա­րիֆեան, «Քեզ եմ կան­չում ես նո­րից, իմ հե­ռաւո՚ր, իմ ան­գին… Ննջիր, ի՛մ ան­գին», Վա­հան Տէ­րեան։

«Ան­գին» ածա­կանը միշտ չէ, որ երկրա­ծին գե­ղեցի­կին նո­ւիրո­ւեցաւ։ Կար­նոյ Սա­լաձոր գիւ­ղի մէջ ծնած Դա­ւիթ Սա­լաձոր­ցի «որ­բուկ» տա­ղասաց-քա­հանան, 1600-նե­րուն նա­յեցաւ Մա­րիամ Աս­տո­ւածած­նի սրբա­պատ­կե­րին ու գրեց. «Դու ես եաղութ, դուն ես ջօ­հար… դուն ան­գին քար. / Կոյս Մա­րիամ Աս­տո­ւածա­ծին»։ Դվնկի Մա­նու­կը «ան­գին» ածա­կանով գո­վաբա­նեց բա­ղիշե­ցի Վար­դան վար­դա­պետը. «Ան­գին մար­գա­րիտ կու թա­փի. / Բե­րան Վար­դան վար­դա­պետին, / Ան­գին մար­գա­րիտ կու խօ­սի. / Բե­րան Վար­դան վար­դա­պետին»։ Այդ օրե­րուն, պան­դուխտ հա­յը կա­րօտա­կէզ կը յի­շէ իր ան­գին եր­կի­րը ու կ’եր­գէ «Ղա­րիպի տա­ղեր»։ Պան­դուխտը չու­րա­խանար, երբ օտա­րը իրեն առա­ջար­կէ տե­սակ-տե­սակ հարստու­թիւններ. «Եթէ զշա­քարն է մա­ղած ու բե­րած ինձ կե­րակուր կու տան, չու­րա­խանայր… Եթէ դար­պաս է շի­նած ոս­կով՝ զար­դա­րած ան­գին մար­գարտով, չու­րա­խանայր»։ Եփ­րէմ Ղա­փան­ցին բա­ցատ­րեց, թէ ս. Թո­րոս եւ ս. Մի­նաս եկե­ղեցի­ները Էտիր­նէ քա­ղաքի պա­հապան­ներն են. «Զի այս եր­կուքս ան­գին ակ­ներ, / Են պա­հապան միշտ վասն մեր»։ 1610 թո­ւակա­նին բա­նաս­տեղծ Դա­ւիթ Եպիս­կո­պոս Գե­ղամե­ցին «Ողբք ի Ջու­ղա» եր­կա­րաշունչ քեր­թո­ւածի մէջ նկա­րագ­րեց քա­ղաքի տա­ճար­նե­րու պեր­ճութիւ­նը. «Աւե­տարանքն եւ սուրբ խա­չերն / Ան­գին ակամբք էր զար­դա­րած»։ Ան­տէր հա­յուն վիշ­տը նկա­րագ­րեց նաեւ Պետ­րոս Դու­րեանը. «Ալ չկա՜յ վառ թագդ առ­ջի, / Որուն ականց տեղ ան­գին ՝ / Դառ­նա­թախիծ մտած­մանց / Քրտունքներ սառ՝ քար կտրած ՝ / Կնճռոտ ճա­կատդ պճնե­ցին»։ Առա­քել Շո­ռոթե­ցի ար­քե­պիս­կո­պոս տա­ղեր­գուն քննեց մարդկա­յին բնու­թիւնը, ապա խրա­տեց, թէ որ­քան ալ «գա­զանա­նանք» եւ «կռո­ւի դի­մակ» հագ­նինք, պահ մը պէտք է որ նմա­նինք հրեշ­տա­կին ու «Պահ մի սի­րեմք մի­մեանց ան­գին»։

1900-նե­րուն, «ան­գին» ածա­կանը հա­յոց լե­զուի մէջ գո­յական­ներ որա­կելու լայն դաշտ ուե­ցաւ։ Իր տիկ­նոջ ուղղած նա­մակին մէջ Գրի­գոր Զօհ­րա­պը գրեց «ան­գին գանձ». ան նկա­տի ու­նէր ըն­տա­նիքը. «Խենթ եմ որ ասանկ ան­գին գան­ձեր ձեռ­քիս մէջ, քո­վիկս ու­նիմ եւ ինքզինքս աշ­խարհքիս է՚ն դժբաղդ մար­դը կը հա­մարիմ», Փա­րիզ, 1908։ Գե­ղամ Բար­սե­ղեանի հա­մար Վա­նայ ծո­վու ափ մը կղզին էր «ան­գին». «Ըսէ՛, ըսէ՛, ով ան­գին ու վի­րաւոր Աղ­թա­մար»։ Հայր Ղե­ւոնդ Ալի­շանը Մես­րոպ Մաշ­տո­ցին եւ Անի քա­ղաքա­մօր ար­ժա­նի տե­սաւ «ան­գին» ածա­կանը. «Ազ­գիս դպրու­թեան ան­գին հայրն եւ հե­ղինակն Ս. Մես­րովբ- Մաշ­տոց», (Հայ­բուսակ կամ հայ­կա­կան բու­սա­բանու­թիւն, 1895), «Մեր ազ­նիւ եւ ան­գին Անի», (Նշմարք հայ­կա­կանք, 1870)։ Օր­թա­գիւ­ղի ս. Հռիփ­սի­մեանց վար­ժա­րանի աշա­կեր­տուհի­ներու պար­գե­ւաբաշ­խութեան հան­դէ­սի հա­մար գրած եր­գի մէջ Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշլեանը հա­յու­հի­ներէն ակնկա­լեց, որ անոնք փունջ մը քա­ղեն, «վա­յելուչ պար առ­նեն» ու վշտա­հար Հա­յաս­տա­նին մօ­տենան, ապա քա­ղեն «Փունջ մ՚ալ ան­գին իմաս­տից» եւ զայն իրեն մա­տու­ցեն։ Հայ առա­ջին կին խմբա­գիր եւ լրագ­րող Էլ­պիս Կե­սարա­ցեանը Պոլ­սոյ կայ­սե­րական Պէ­շիկ­թաշ թա­ղի իր բնա­կարա­նի գրա­սեղա­նի վրայ հա­յու­հի­ներու բա­րոյա­կան կրթու­թեան հա­մար բաց նա­մակ մը գրի առաւ ու ըսաւ. «Ցան­կա­լի է մար­դոյս ազ­գա­սիրա­կան կամ բա­րեսի­րական հռչա­կը… ան­գին համ­բա­ւը»։ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի հա­մար ամե­նէն թան­կա­գին փայ­լը բա­նուո­րի կա­թիլ մը քրտիքնք էր. «Մա­յիս Մէկ. Ին­ծի՛ եկէք, ես կա­խարդն եմ Մա­յիսին. Ձեր քրտինքն ես կ՛ընեմ գո­հար ցօղն ան­գին»։ Եղի­շէ Չա­րեն­ցը քեր­թուած մը ձօ­նեց ամե­նէն սրբա­զան էակին՝ մօր. «Յի­շում եմ դէմ­քը քո ծեր, մայր իմ անոյշ ու ան­գին, / Լոյս խոր­շոմներ ու գծեր, մայր իմ անոյշ ու ան­գին»։

«Ան­գին» ածա­կանը 1900-ական թո­ւական­նե­րու սկիզ­բը Պոլ­սոյ մէջ, ի՜նչ պա­տիւ երկվանկ ածա­կանի մը հա­մար, դար­ձաւ հա­յու­հի­ներու անուն՝ «Ան­գի­նէ»։ Իսկ որ­պէս հա­զուա­գիւտ բառ, հա­ճեցաւ իր սի­րուն երե­սը ցոյց տալ քա­նի մը գիր­քի կող­քի վրայ. «Ան­գին քա­րը», Թիֆ­լիս, 1916, «Ան­գին. քեր­թո­ւած­ներ», Գա­հիրէ, 1946, «Մայր իմ անոյշ ու ան­գին. բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րի ժո­ղոուա­ծու. դպրո­ցական մի­ջին եւ բարձր տա­րիքի հա­մար», Երե­ւան, 1984։

«Ան­գին» ածա­կանը շող­շո­ղաց նաեւ հայ­կա­կան եր­գա­րուես­տի մէջ։ Այս բա­ռով եր­գա­հան­ներ գո­վեր­գե­ցին Հա­յաս­տա­նը, ըն­տիր ըն­կե­րը, եւ ան­շուշտ՝ սի­րու­նա­տես եարը։ Ահա քա­նի մը երգ հա­յոց ան­զուգա­կան եր­գա­րանէն. «Շէն շի­նարար իմ Հա­յաս­տան, ան­գին գո­հար իմ Հա­յաս­տան», «Ան­գին ըն­կեր իմ բա­րեկամ, դու իմ սրտում ես յա­ւէտ», «Դուն ստեղ­ծո­ւել ես ինձ հա­մար, ան­գին ծա­ղիկ իմ նոր բու­սած», «Խա­բար բե­րէք ան­գին եարէն, ին­չո՞ւ այդպէս խռով գնաց»։ Իսկ այ­սօր հրա­ժեշ­տի հա­մար կ՚առա­ջար­կեմ Աւե­տիք Իսա­հակեանի ան­զուգա­կան «Պին­կէօլ» եր­գը լսել եւ ու­րա­խանալ, թէ հայ տա­ղանդներ կը շա­րու­նա­կեն իրենց մտքի ար­գանդի եր­կունքով ան­գին ար­ժէքներ յղա­նալ։

Ան­գին եարիս լոյս երե­սին կա­րօտ եմ,

Նա­զուք մէջ­քին, ծով-ծա­մերին կա­րօտ եմ.

Քաղցր լե­զուին, անոյշ հո­տին կա­րօտ եմ,

Սեւ աչ­քե­րով էն եղ­նի­կին Պինկէօլի։