ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Բանալի

Հայաստանի մէջ բեմադրիչ Ռուբէն Յովհաննիսեանն է, որ ունի բանալիներու ամենամեծ հաւաքածոն։ Ինքը «մոլի» հաւաքող է. ունի 5 հազարէ աւելի բանալի,- երկաթուղային եռակողմ բանալիներ, գանձարկղի արտասովոր երկար բանալիներ, հին Երեւանի տուներու, սնտուկներու բանալիներ եւ այլն։ Պարոն Յովհաննիսեանը ունի՞ արդեօք իմաստութեան, ուրախութեան, խաղաղութեան, փակ սահմաններու, փակ ճանապարհներու, արգելափակուած միջանցքներու բանալիները… Չենք գիտեր։ Սակայն, այսօր, երբ հայրենի տասնեակ մը տնազուրկ ընտանիքներ կը ստանան նոր բնակարաններու բանալիներ ու երբ կառավարութիւնը միջազգային բանալիներ կ’օգտագործէ հանրապետութեան արտաքին քաղաքական հարցերը հանգուցալուծելու համար, ես ալ որոշեցի բացայայտել «բանալի» բառի պատմութինը ու տեսնել, թէ ինչ սիրտեր եւ լեզուներ բացեր է այդ եռավանկը, ու գրական ի՜նչ գանձեր ամբարած ու պահած է մեզի համար, Ոսկեդարէն մինչեւ այսօր։

Երկինքէն իջաւ երեք բանալի

Մինչեւ քրիստոնէութեան մուտքը Հայաստան, հայը կը ճանչնար բանալիներու քանի մը անհրաժեշտ տեսակ. ամրոցի բանալի, արքունի գանձատան բանալի, եւ քաղաքի դարպասներու բանալի,- բոլորն ալ մետաղեայ, մեծկակ եւ ծանր։ Ապա նոր կրօնքի քարոզիչները, սա զարմանալի էր մեր հեթանոս նախնիներու համար, սկսան խօսիլ «անտեսանելի» եւ «անկողոպտելի» բանալիներու մասին։ Անուն ալ ունէին անոնք. «արքայութեան բանալի», «երկինքի բանալի»,- բոլորն ալ վերացական եւ թեթեւ։ Այդ օր, ահա, երկինքէն իջաւ երեք բանալի։ Իրօք, Աստուածաշունչ մատեանի մէջ «բանալի» բառը յիշուած է երեք անգամ, ինչպէս՝ «Բանայր զդուրս վերնատանն. եւ առին զբանալին եւ բացին», «ի վերայ բանալեացն, ընդ առաւօտս առաւօտս բանային զդրունս անկաւ յերկնից»։

Փոխաբերական բանալիներ

Ոսկեդարու հայ գրիչը չուշացաւ «բանալի» բառին փոխաբերական իմաստներ տալու։ Մեր մատեաններու մէջ տեսանք քնարական թուացող արտայայտութիւններ։ Անոնց ամենէն պատկերալիցներէն մէկն է՝ «Բանալի ականջաց սրտի»։ Ուշ միջնադարուն Վարդան Այգեկցին «Արմատ հաւատոյ» երկի մէջ ըսաւ. «Բանալի եմ սրտի քո, որդեակ իմ»։ Գրիգոր Մագիստրոսը բացատրեց, թէ մարդու կեանքը անցողիկ է երազի պէս, պղպջակի պէս, իսկ ի՞նչ բան կը բանայ մշտնջենական կեանքի դուռը… Մագիստրոսը բացատրեց պարզալեզու բանաստեղծութեամբ մը.

Կեանքն մարդոյ իբրու երազ

Զէտ պղպջակ է փառք մարդոյ,

Որ թէ դիպի օդ մահական

Աղօթքն է այս տան բանալի։

Ներսէս Շնորհալիի համար խաչն էր «բանալի»։ Բանաստեղծ սուրբը «Տաղ սուրբ խաչին Քրիստոսի, տեառն Ներսիսի ասացեալէ տաղը գրի առաւ ու բացատրեց. «Նոր դրախտին եկեղեցւոյ, ծառ կենաց տնկեալ ի մէջ, / Երկակի ներհակաց տիպ, մահաբերին տընկոյն ձեւով / Րոպէից բանաւորաց, բանալի եղեր դրախտին»։ Յարգելի ընթերցող, նկատեցի՞ք, թէ տաղի առաջին երեք սկզբնատողերը ունին Ն, Ե, Ր տառերը։ Պատճառն այն է, որ Շնորհալին իր անուան տառերով գրած է այս բանաստեղծութիւնը։

Բանալի արքայութեան

Տաթեւ վանքի վանահայր, աստուածաբան, իմաստասէր, եկեղեցական գործիչ, Տաթեւի համալսարանի դասախօս Գրիգոր Տաթեւացին 1400 թուականին գրի առաւ հետաքրքրական մէկնութիւն, թէ ինչպէս երկու եզ պէտք է լուծի համար, եւ ինչպէս արծիւի համար երկու թեւ պէտք է որ թռչի, նոյնպէս հաւատք եւ գործ պէտք է մարդուն, որպէսզի բարձրանայ երկնքի արքայութեան։ Սուրբը շարունակեց. Հաւատքը արմատ է, գործը պտուղ, մէկը առանց միւսի անպիտան է եւ անկատար։ Ապա Տաթեւացին տուաւ հետեւեալ խրատը. «Հաւատն բանալի է արքայութեանն. եւ գործքն որպէս շարժելով բանամք զդուռն եւ մտանեմք»։

Սատանայի երեք բանալիները

Գրիգոր Տաթեւացի նաեւ բացատրեց, թէ սատանան ունի երեք բանալի. առաջինը՝ զօրութիւն ընդդէմ տկարներուն. երկրորդ՝ իմաստութիւն ընդդէմ տգէտներուն. երրորդ՝ չարկամք ընդդէմ բարիներուն։ Դրախտը, որ փակ չէր՝ վնասակարը դիւրութեամբ ներս մտաւ։ Իսկ կոյս Մարիամը, շարունակեց Տաթեւացին, այնպէս փակեալ էր, մնաց «Պարտէզ փակեալ», քանզի ան պաշտպանուած էր անբանալի երեք պարիսպով. Հօր զօրութիւնը, որդւոյ իմաստութիւնը եւ հոգւոյ բարի եւ սուրբ կամքը։

Մատեաններու բանալին

Այնքան բազմաթիւ են այն մատեանները, որոնց յիշատակարանի մէջ գրիչը,- յաճախ անարժան, անպիտան, մեղաւոր եւ ախտաւոր,- այդ աշխատանքը տեսաւ որպէս արքայութեան բանալի եւ փափաք յայտնեց, որ պատուիրողն ալ արժանանայ անոր։ Ահա 1494 թուականին, Եղեգեաց անապատի (մենաստան, վանք) մէջ գրի առնուած Աւետարանի մը յիշատակարանի վերջին խօսքերը. «… Բանալի դրանն արքայութեան, եւ գանձ յերկինս անկողոպտելի, եւ առ Քրիստոս միջնորդ եւ բարախօս»։

Փոխաբերական բանալի

Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանը 1652 թուականնին Պոլսոյ մէջ երկարաշունչ տաղով մը գովաբանեց Փոքր Ասիոյ Նիկոմիդիա փառահեղ քաղաքը։ Բանաստեղծը բացատրեց, թէ ո՚վ որ կ’ուզէ քաղաքներու իշխանուհիին՝ Պոլսոյ տիրանալ, նախ պէտք է որ տիրանայ Նիկոմիդիոյ. «Տես զի եւ զգլուխ արեւելեան, / Վերջ է եւ ոտք արեւմտեան, / Բանալի է Բիւզանդիոյ»։ Իսկ Սայաթ Նովան երգեց, թէ իր լեզուն է բանալի. «Լեզուս՝ բանալի / Չի թողնի անբախտ։ / Իմ լեզուն, որ կայ, / Շատ փակ կը բանայ»։ Իսկապէս մեր լեզուի մէջ «բանալի» բառը կը նշանակէ նաեւ որեւէ վայրի գրաւման համար կարեւոր դիրք, կետ, տեղ եւ այլն։ Սա բառիս ռազմական նշանակութիւնն է։ Ան նաեւ գործիքներ լարելու յարմարանք է՝ «ժամացոյցի բանալի», «դաշնակի բանալի», ձայնանիշերու տողի սկիզբին դրուող նշան է ան՝ «սոլի բանալի», գաղտնիք լուծելու հնարաւորութիւն է ան, ելք կամ՝ միջոց՝ «փրկութեան բանալի», եւ անմէկնաբանելի նշաններու մէկնութիւնն է ան՝ «ծածկագիրերու բանալի»։ Սիամանթոյի «Սուրբին աղօթքը» բանաստեղծութեան մէջ Մեսրոպ Մաշտոցը, կը յիշէ՞ք, կ’աղերսէր բանալի մը, որ կրնար մէկնաբանել հայու հոգին. «Ես՝ անլար քնար, / Դեռ անբարբառ Հայկազնեանց հոգիին / Բացատրութեան Բանալի՜ մը կ՚աղերսեմ»։ «Ներբողական»-ի մէջ Մաշտոցը ի՚նքը դարձաւ բանալի. «Օշականի անհո՜ւն մեռեալ, / Դո՚ւն՝ սրբագիր թարգմանիչ, / Ոսկեդարու ադամանդեա՜յ բանալի»։ Ըստ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի Ս. Ներսէս Շնորհալին էր մեր հոգեւոր ժառանգի թանկագին բանալին. «Մեծ երախտագիտուութեան պարտքով մ՚ալ պէտք է ճանչնամք զինքն իբրեւ բարոյական բանալի մը մեր եկեղեցւոյ»։ Իսկ Ժամանակակից գրականութեան մէջ պոլսահայ Զահրատն էր բանաստեղծ բանալին. «Ես… բանալի միջնադարեան ես գրչագիր / հին սուրբերու / հին կուռքերու / ձեր ամէնուն / մեր ամէնուն / եւ բոլորին / անկարելի երջանկութեան թարգմանիչ»։

13-րդ բանալին

Բանալիով բարոյական պատմուա՞ծք… Այդ մէկը կատարեց Յովհաննէս Թումանեանը, երբ գրի առաւ «Ոսկի բանալին» մանկական հէքիաթը։ Պարզ է ան։ Օր մը անտառի որբուհիին կը յայտնուի Լուսմերիկը, ոգեղէն կին, որ գլուխին վրայ ունէր շողշողուն պսակ։ Լուսմերիկը աղջնակին կը վստահի 12 բանալի ու կ’ըսէ. «Ահա քեզ եմ տալիս իմ բնակարանի բանալիները։ Ահա 13 բանալի։ Էս 12 բանալին որ տեսնում ես, 12 սենեակն էլ բաց կ’անես ու ման կը գաս, կը նայես, իսկ էս ոսկի բանալին 13-րդ դռանն է, էս բանալին ամուր կը պահես, էն դուռը բաց չես անիլ, եթէ բաց արիր, իմացիր, որ անբախտ կը լինես»։ Աղջնակը, հետաքրքիր որդեակ, 12 բանալիներով 12 սենեակ բանալէ ետք, կը մաշի 13-րդի յոյզով։ Օր մը, կը թուլանայ, կը հանէ 13-րդ բանալին, ոսկի բանալին։ Թումանեանը կը շարունակէ. «Բանալին որ մին ու մին պատրաստ ձեռին էր, կողպեքի մէջը կոխեց, իսկ երբ որ բանալին կողպեքի մէջն էր, էլ ինչ էր մնում, պտտեց, բաց արաւ»։ Այնուհետեւ աղջնակը կը զրկուի արքայութենէն։ Դաս բոլորիս համար. ամէն բանալի երջանկութիւն չի բերեր։ Կան բանալիներ, որոնք չարիքի դուռ կը բանան։

Թուղթէ բանալիներ

Հայկական գրատպութեան առաջին երեք բանալիները, թէեւ ժանգոտած տեսք ունին, բայց կորսուած չեն։ Անոնք դեռ կրնան կատարել իրենց պաշտօնը ու… գիտութիւնը արձակել իրենց կապանքներէն։ Առաջինն է աշխարհագրական աշխատասիրութիւն մը. «Բանալի համատարածի աշխարհացուցին», Ամստերդամ, 1696։ Երկրորդը հոգեւոր գիրք մըն է. «Գիրք մտածական աղօթից, բանալի ջերմեռանդակերտ», Կ. Պոլիս, 1701, ապա Մարսիլիա, 1708։ Երրորդն է գիտական աշխատասիրութիւն մը. «Բանալի գիտութեան», Ս. Պետերբուրգ, 1788։ Այնուհետեւ բազմացան լուսաւորութեան «բանալի»ները. , «Բանալի հայ-գաղղիերէն քերականութեան», «Բանալի գործնական քերականութեան հայկական լեզուի», «Ոսկեղէն բանալի անգլիական լեզուի», «Բանալի օսմանեան լեզուի», «Բանալի թուաբանութեան», բոլորը Պոլսոյ մէջ, «Բանալի ընթերցանութեան», Զմիւռնիա, «Ամուսնական իտէալ կեանքի խորհուրդն ու բանալին», Աղէքսանդրիա, «Բանալի գանձոց», Նոր Ջուղա, «Կովկաս. Նուաճման բանալին; Վրաց-ռուսական տեղեկատուական պատերազմը եւ Հայաստանը», Երեւան։

Բանալին կարպետի տակ

Ո՞վ չէ պահած իր տան բանալին կարպետի, ծաղկամանի կամ՝ պատուհանի տակ- որպէսզի ինքը կամ՝ ցանկալի անծանօթը կարենայ ներս մտնել դրիւրութեամբ։ Մերօրեայ բանաստեղծ Դաւիթ Վանեանը ստեղծեց գրական նման պատկեր մը։ Ան ցանկացաւ, որ իր սիրուհին բանալին պահէ կարպետի տակ։ «Գինոտ էին / շրթունքներդ, համով էիր եւ դու, / Չմտածես, / բան չեմ ասի ոչ մի օտար մարդու, / Բայց բանալիդ / կը թաքցնես ձեր կարպետի տակին, / Հենց մութն ընկաւ, / կարօտակէզ՝ քեզ կը գտնեմ կրկին»։

Ուշացած բանալիներ

Հայաստանեան մամուլի մէջ քիչ չեն քաղաքական բանալիներու մասին լուրերը։ Չես գիտեր, ուրախանաս, թէ տխրիս. «Հայաստանի անվտանգութեան բանալիները Հայաստանու՞մ են, թէ՞ Հայաստանից դուրս», «Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման բանալիներն այսօր Մոսկուայում են»։ Բայց մենք ուրախանանք իրենց նոր տան բանալիները ստացող ընտանիքներու լուրերով. «Տեղահանուած վեց ընտանիք ստացել է նորակառոյց բնակարանների բանալիները», «Չորրորդ կարգի վթարային երկու շէնքերի բնակիչները ստացան նոր բնակարանների բանալիներ», «Գիւմրու օր տօնակատարութեան ժամանակ բնակարանի բանալիներ ստացան աղէտից տուժած վեց ընտանիքներ»։

Ղարսի բանալին

Բեմադրիչ Ռ. Յովհաննիսեանի գուրգուրանքով եւ ակնածանքով պահած բանալիներու մէջ պատուաւոր տեղ կը գրաւեն Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած հայերու տուներու բանալիները։ Յովհաննիսեանը կը բացատրէ. «Բանալին ու կողպեքը օջախի խորհրդանիշներն էին։ Կարելի է ասել, որ վերցնում էին իրենց անցեալի բանալին՝ յուսալով, որ մի օր կը վերադառնան ու կը դնեն կողպեքներն իրենց տեղը»։ Ահա միեւնոյն իրական պատմութեան վրայ է հիւսուած Արամայիս Սահակեանի «Բանալի» երգը։ Այս երգի բառերով ձեզի հրաժեշտ տալէ առաջ կը մաղթեմ, որ ձեր բանալին բանայ բարիքներու դուռը իսկ փականքի տակ պահէ բոլոր չարքերը.

Հոռոմ տատը ղարսեցի էր,

Ծեր էր եւ շա՜տ կանացի էր,

Նա գաղթած էր եւ կարծում էր

Ղարսի տունը կա՚յ…

Վերջին պահին, երբ գնում է,

Խոր գրպանից լուռ հանում է

Մի բանալի... Եւ յանձնում է

Թոռներին ներկայ։

-Սա,- ասում է,- բալեք, ի՚մն է,

Հիմա ձե՚րն է, բոլորի՜նն է՝

Ղարսի մեր տան բանալին է՝

Պահէ՛ք՝ պէտք կը գայ...