Շիշլիի թաղերու պատմութեան շնորհահանդէս

Թուրքիոյ հա­­սարա­­կական ըն­­կա­­­լումնե­­րուն մէջ քա­­ղաքա­­պետա­­րանը մին­­չեւ եր­­կու կամ երեք տաս­­նեակ տա­­րիներ առաջ կա­­ռավա­­րական կա­­ռոյ­­ցի մը բնոյ­­թը ու­­նէր։ Աշ­­խարհի նոր դրո­­ւած­­քին մէջ, երբ հա­­մատա­­րած տի­­րող փառ­­քը դար­­ձաւ ամ­­բո­­­խավա­­րու­­թիւնը, իս­­կոյն փո­­խուե­­ցաւ նաեւ քա­­ղաքա­­պետա­­րանի ըն­­կա­­­լու­­մը։ Ընտրո­­ւած քա­­ղաքա­­պետ­­ներ նա­­խապա­­տուու­­թիւն տո­­ւին ընտրող­­նե­­­րու զան­­գո­­­ւածին ուղղո­­ւած ծա­­ռայու­­թիւննե­­րու։

Այդ շրջա­­նին էր, որ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը եւս վա­­յելե­­ցին քա­­ղաքա­­պետա­­րան­­նե­­­րու ըն­­ձե­­­ռած դիւ­­րութիւննե­­րը։ Կը յի­­շեմ Աւագ հինգշաբ­­թին, որուն խոր­­հուրդն է այ­­ցե­­­լել եօթ եկե­­ղեցի­­ներ, քա­­ղաքա­­պետա­­րան­­նե­­­րը հան­­րա­­­շարժներ կը տրա­­մադ­­րէին հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րու սպա­­սարկման։

Նման ծա­­ռայու­­թիւննե­­րու մէջ յատ­­կա­­­պէս փայ­­լե­­­ցաւ Շիշ­­լիի եր­­բեմնի քա­­ղաքա­­պետ Մուսթա­­ֆա Սա­­րըկիւլ։ Ան նոյ­­նիսկ գոր­­ծը հաս­­ցուց այնքան ցած մա­­կար­­դա­­­կի, որ հետզհե­­տէ հեգ­­նա­­­կան ծի­­ծաղ դար­­ձած էր անոր տե­­ղի-ան­­տե­­­ղի «քոյ­­րիկներ, աղ­­բա­­­րիկ­­ներ ես ձեզ շատ կը սի­­րեմ» կա­­ղապար նա­­խադա­­սու­­թիւնը։

Այ­­սօր Շիշ­­լիի քա­­ղաքա­­պետա­­րանի աթո­­ռին վրայ կայ լուրջ ու գի­­տակից անձնա­­ւորու­­թիւն՝ յան­­ձին Մո­­ւամ­­մէր Կիւ­­լէ­­­րի։ Ան կը խու­­սա­­­փի շռնդա­­լից ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րէ, բայց մեծ ջանք կը վատ­­նէ քա­­ղաքա­­պետա­­րանի պաշ­­տօննե­­րուն զու­­գա­­­հեռ իր ներ­­կա­­­յացու­­ցած աւա­­նի պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րը վեր առ­­նե­­­լու հա­­մար։

10 Հոկ­­տեմբեր երեք­­շաբթի, ցե­­րեկուայ ժա­­մերուն Քուրթու­­լուշի յու­­նաց նա­­խակրթա­­րանի պար­­տէ­­­զին մէջ կա­­յացաւ յա­­տուկ շնոր­­հանդէս մը, քա­­ղաքա­­պետա­­րանի ջան­­քե­­­րով գրո­­ւած ու հրա­­տարա­­կուած 14 գիր­­քե­­­րու։

12 հե­­ղինակ­­ներ իրենց նիւթ ընտրած են Շիշ­­լիի զա­­նազան թա­­ղամա­­սերը, անոնց ոչ ակա­­դեմա­­կան եղա­­նակով ներ­­կա­­­յացուած պատ­­մութիւ­­նով ու վկա­­յու­­թիւննե­­րով։ Կա­­րելի է ըսել թէ հե­­ղինակ­­նե­­­րը ընդհան­­րա­­­պէս օգ­­տո­­­ւած են նա­­խապէս կա­­տարո­­ւած զա­­նազան աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րէ, անոնց կար­­գին նաեւ ան­­հա­­­տական վկա­­յու­­թիւննե­­րէ։

Քա­­ղաքա­­պետ Մո­­ւամ­­մէր Կիւ­­լէր այս առ­­թիւ կա­­տարած ելոյ­­թին մէջ նշեց նաեւ իրենց կող­­մէ ծրագ­­րո­­­ւած բա­­նաւոր պատ­­մութիւննե­­րու նա­­խագի­­ծը։ Ան ընդգծեց թէ նկա­­րահա­­նուած տե­­սակ­­ցութիւննե­­րը հա­­սանե­­լի են քա­­ղաքա­­պետա­­րանի կայ­­քէ­­­ջին վրայ։ Կիւ­­լէն աւել­­ցուց որ թա­­ղամա­­սերու շար­­քը պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կէ ընդլայ­­նիլ նե­­րառե­­լով այ­­սօր բա­­ցակայ թա­­ղամա­­սերը։

Շնոր­­հանդէ­­սը ծրա­­գիրը հա­­մակար­­գողնե­­րու, գիր­­քե­­­րու հե­­ղինակ­­նե­­­րու եւ վեր­­ջա­­­պէս Շիշ­­լիի քա­­ղաքա­­պետ Մո­­ւամ­­մէր Կիւ­­լէ­­­րի ելոյ­­թով հա­­սաւ իր աւար­­տին։ Մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը ժո­­ղովա­­վայ­­րէն հե­­ռացան իրենց հետ ու­­նե­­­նալով 14 գիր­­քե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող ծրար­ներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ