Այբի ու Բենի Ծածուկ Պատմութիւնը

Ծայրակապ եւ այբբենական ստեղծագործութիւններ հայկական տաղաչափութեան մէջ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

norayrdaduryan@gmail.com

Հայ­կա­կան գի­­րերը իրենց ձե­­ւաւո­­րու­­մով եւ լե­­զուն ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու կա­­տարե­­լու­­թեամբ կը զար­­մացնեն մեզ։ Ասի­­կա է պատ­­ճա­­­ռը, որ մենք պաշ­­տե­­­լու աս­­տի­­­ճան կը սի­­րենեք այդ նշա­­նագի­­րերը եւ անոր գիւ­­տա­­­րարը։ Իսկ, աւե­­լի զար­­մա­­­նալին այն է, որ այդ գի­­րերը գե­­ղեցիկ անակնկալ­­ներ կը պա­­րու­­նա­­­կեն իրենց գրա­­կան ան­­ցեալի մէջ։ Այդ տա­­ռերը ու­­նին գոր­­ծա­­­ծու­­թեան երկրորդ, աւեի ծա­­ծուկ, գրե­­թէ գաղտնի պատ­­մութիւն մը։ Այ­­սօր կը փա­­փաքիմ վա­­րագոյ­­րի ետեւ մնա­­ցած քա­­նի մը երա­­ժիշտ կամ բա­­նաս­­տեղծի մա­­սին խօ­­սիլ ու մէջ­­բե­­­րել անոնց ըն­­տիր տո­­ղիկ­­նե­­­րը։

Վա­­րագոյ­­րի ետեւ նստած անու­­նը

Հայ երա­­ժիշտներ, բա­­նաս­­տեղծներ, հայ­­կա­­­կան տա­­ռերը գոր­­ծա­­­ծեցին իրենց ինքնու­­թիւնը ծած­­կե­­­լու հա­­մար։ Հայ հե­­ղինա­­կը իր եր­­կի մէջ քօ­­ղար­­կեց իր ստո­­րագ­­րութիւ­­նը՝ զայն յայտնա­­բերե­­լու հա­­ճոյ­­քը ու­­շա­­­դիր աչ­­քե­­­րուն վստա­­հելով։ Այդ շնոր­­հա­­­լինե­­րէն մէ­­կը եւ առա­­ջինը 8րդ դա­­րու երաժշտու­­հի, բա­­նաս­­տեղծու­­հի, Դո­­ւին մայ­­րա­­­քաղա­­քի կա­­թողի­­կոսա­­րանի աւա­­գերէց Սա­­հակի դուստր Սա­­հակը դուխնտ էր։ Սա­­հակը դուխտ աղջնա­­կը իր մա­­նուկ հա­­սակին ստա­­ցաւ «զվարս կու­­սութեան», ապա առանձնա­­ցաւ Գառ­­նիի ձո­­րի քա­­րայ­­րի մը մէջ, ապ­­րե­­­ցաւ ճգնա­­կեցու­­թեամբ եւ իր հա­­մեստ, քա­­րակերտ բնա­­կատե­­ղիի մէջ ալ կնքեց իր մահ­­կա­­­նացուն։ Երաժշտու­­հին ու­­նե­­­ցեր է աշա­­կերտներ եւ անոնց դա­­սաւան­­դած է վա­­րագոյ­­րի ետեւ նստած։ Մե­­զի աւան­­դո­­­ւած իր միակ գոր­­ծը Աս­­տո­­­ւածա­­մօր ձօ­­նուած երգ մըն է։ Ծայ­­րա­­­կապ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն է ան, ուր իւ­­րա­­­քան­­չիւր տո­­ղի սկզբնա­­տառե­­րը եթէ վե­­րէն վար ըն­­թերցո­­ւին՝ կը յայտնա­­բերեն հե­­ղինա­­կի անու­­նը։ Այս տե­­սակ եր­­կե­­­րը կը կո­­չուին «անո­­ւանա­­կապ»։ Այսպէս են եր­­գի խօս­­քե­­­րը.

Ս րբու­­հի Մա­­րիամ…

Ա նդաս­­տան հո­­գեւոր…

Հ աս­­տա­­­տու­­թիւն երկնի…

Ա ստա­­նօր եր­­կինք…

Կ ենացն փայ­­տիւն…

Դ ո՛ւռն երկնից…

Ո ւրա՚խ լեր…

Ի՛ ւթա­­կան, եղա­­կան…

Խ որ­­հուրդ կե­­նաց…

Տ ո՛ւք զփառս…։

Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լին ալ յայտնի է իր անո­­ւանա­­կապ տա­­ղերով։ Վար­­դա­­­նանց սուրբե­­րու հա­­մար իր յօ­­րինած «Նո­­րահ­­րաշ պսա­­կաւոր» շա­­րակա­­նի քա­­ռեակ­­նե­­­րը կը սկսին հե­­ղինա­­կի անու­­նի տա­­ռերով.

Ն որահ­­րաշ պսա­­կաւոր…

Ե րկնա­­ւոր թա­­գաւո­­րին…

Ր ենա­­կան լու­­սով…

Ս րբա­­փայլ զգես­­տուք…

Է ական բար­­ւոյն դիտ­­մամբ…

Ս տա­­ցեալ զհա­­ւատոյ վա­­հան…

Ի հոտ անուշ…

Ե րկո­­քումբք հա­­րազա­­տօք…

Ր ամ­­կա­­­կան խումբ հա­­զարաց…

Գ ոհու­­թեամբ փա­­ռատ­­րութիւն…։

Իսկ, եր­­բէք կա­­րելի չէ Հայ­­կա­­­կան պա­­տարա­­գի զգես­­տա­­­ւոր­­ման շա­­րակա­­նի հե­­ղինա­­կի անու­­նը մոռ­­նալ։ Պատ­­ճա­­­ռը այն է, որ, ինչպէս գու­­շա­­­կեցիք յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, այդ ծանր եւ տօ­­նական եր­­գի իւ­­րա­­­քան­­չիւր երկտո­­ղի սկզբնա­­տառը կը յայտնեն Հա­­ղար­­ծի­­­նի վան­­քի 1200-ական թո­­ւական­­նե­­­րու յայտնի վա­­նական, երա­­ժիշտ, գիտ­­նա­­­կան եւ բա­­նաս­­տեղծ Տա­­րօնա­­ցիի անու­­նը.

Խ որ­­հուրդ խո­­րին

Ա նճա­­ռահ­­րաշ զօ­­րու­­թեամբ

Չ ար­­չա­­­րանօք

Ա նձրե­­ւածին բա­­ժակ

Տ ան քում վա­­յելէ

Ո ր զա­­րար­­չա­­­գործ բա­­զուկս...

Ւ ւսմամբ թագ ՚ի գլուխ

Ր ամից բո­­լորից…

Գաղտնի գա­­րու­­նը

Սկզբնա­­տառե­­րու մէջ միշտ չէ, որ հե­­ղինա­­կի անունն է թաք­­նո­­­ւած։ Կան բա­­նաս­­տեղծու­­թիւններ, որոնք քա­­ղաքա­­կան պատ­­ճառնե­­րով, կամ՝ գաղտնի սի­­րոյ ամօթ­­խա­­­ծու­­թեամբ, պա­­րու­­նա­­­կեր են պատ­­գամներ։ Այդ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րէն ամե­­նէն նշա­­նաւո­­րը, բո­­լորիս յայտնի՝ Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցի «Պատ­­գամ» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնն է։ 1920-30ական­­նե­­­րու Խորհրդա­­հայ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ տի­­րող քա­­ղաքա­­կան վի­­ճակը՝ հայ­­րե­­­նասի­­րական գործ մը ստեղ­­ծե­­­լու վա­­խը պատ­­ճառ եղաւ, որ Չա­­րեն­­ցը իր պատ­­գա­­­մի տա­­ռերը տե­­ղադ­­րէ տո­­ղերու երկրորդ գի­­րի մէջ։ Սա «Գիրք ճա­­նապար­­հի» ժո­­ղովա­­ծուի մէջ լոյս տե­­սած «Ով, հայ ժո­­ղովուրդ, քո միակ փրկու­­թիւնը քո հա­­ւաքա­­կան ոյ­­ժի մէջ է» գաղտնա­­գիրն էր։ Հնա­­րամիտ լու­­ծում.

Ն«ո»ր լոյս ծա­­գեց աշ­­խարհին.

Ո՞«վ» այդ արե­­ւը բե­­րեց։ —

Ա«հ»ա ոս­­կեայ մի արեւ՝

Ճ«ա»ռա­­գու­­մով իր հրէ՝

Ա«յ»գա­­բացի պուրպու­­րէ

Հա­­յը ու­­նե­­­ցաւ նաեւ աւե­­տաբեր եւ ցնծա­­լից գա­­րուններ։ 1683–1768 թո­­ւական­­նե­­­րուն ապ­­րած պոլ­­սա­­­հայ բա­­նաս­­տեղծ, երա­­ժիշտ, ման­­կա­­­վարժ, գիտ­­նա­­­կան, հրա­­տարա­­կիչ, ազ­­գա­­­յին եւ կրթա­­կան լու­­սա­­­ւոր­­ման շարժման գոր­­ծիչ Պաղ­­տա­­­սար Դպի­­րի «Պա­­րուց թռչնոց տուք աւե­­տիս» տա­­ղը օծո­­ւած է գար­­նա­­­նային լա­­ւատե­­սու­­թեամբ։ Բա­­նաս­­տեղծը կը գո­­վաբա­­նէ վար­­դի բոյ­­րը, սո­­խակի դայ­­լայլը եւ կեն­­սա­­­սիրու­­թիւնը։ Գա­­րու­­նը ու­­րա­­­խու­­թիւն կը պատ­­ճա­­­ռէ անոր։ Այդ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը ու­­նի «ՊԱ­­ՀԱՐ» ծայ­­րա­­­կապը։ Պա­­հար կը նշա­­նակէ գա­­րուն.

Պ արուց թոչ­­նոց տո՜ւք աւե­­տիս…

Ա րի՛, պիւլպի՜ւլ, ով խղճա­­լի…

Հ եզիկ հնչեալ գար­­նան հող­­մոյն…

Ա յլա­­զանեալ երեսք դաշ­­տաց…

Ր ամից կու­­սից պսակ փայ­­լեալ…

Այբն ասէ՝ այ­­սօր ըմ­­պենք…

Միջ­­նա­­­դարեան հայ­­կա­­­կան բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը հա­­րուստ է 36 տո­­ղանոց գոր­­ծե­­­րով։ Ըստ երե­­ւոյ­­թին, մեր տա­­ղասաց­­նե­­­րը որ­­պէս երախ­­տա­­­պար­­տութեան խոր զգա­­ցում, ցան­­կա­­­ցեր են այ­­բուբե­­նի իւ­­րա­­­քան­­չիւր տա­­ռը պա­­տուել՝ գրե­­լով «այբբե­­նական» քեր­­թո­­­ւած­­ներ՝ Այ­­բէն մին­­չեւ Քէ։ Այս տե­­սակ գոր­­ծե­­­րու հնա­­գոյննե­­րէն է 7-րդ դա­­րու բա­­նաս­­տեղծ, Գարդմանք աշ­­խարհի մէջ ապ­­րած Դաւ­­թակ Քեր­­թո­­­ղի աշ­­խարհիկ բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւն ու­­նե­­­ցող «Ողբ ի մահն Ջե­­ւան­­շե­­­րի մե­­ծի իշ­­խա­­­նին» ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւ­­նը։ Բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը քնա­­րական փա­­ռաբա­­նու­­թիւնն է դա­­ւադ­­րա­­­բար սպան­­նո­­­ւած Աղո­­ւան­­քի զօ­­րավար Ջե­­ւան­­շե­­­րի քա­­ջագոր­­ծութիւննե­­րու։ Եր­­կա­­­րաշունչ պատ­­մութիւն է ան, 36 տուն (բաղ­­կա­­­ցած երկտո­­ղերէ, քա­­ռեակ­­նե­­­րէ, ելն.), որու իւ­­րա­­­քան­­չիւր տու­­նը հայ­­կա­­­կան տա­­ռերն են՝ այբբե­­նակարգ.

Ա ստո­­ւածա­­ծին բա­­նին…

Բ եկումն մեծ…

Գ լո­­րեցաւ վէմն…

Դ ար­­ձաւ ի դառ­­նութիւն…

Ե րկին հա­­սի…

Զ ան­­գիւտ կորստեալ…

Է ր նստեալ…

Ը նդ ամե­­նայն եր­­կիր…

Այբբե­­նական բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու հա­­րուստ աւան­­դին իր ծա­­ռայու­­թիւնը բե­­րաւ նաեւ Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լի հայ­­րա­­­պետը։ Անոր «Առա­­ւօր լու­­սոյ» եր­­գը նոյնպէս կը հե­­տեւի այդ աւան­­դութեան.

Ա ռա­­ւօտ լու­­սոյ…

Բ ղխումն ի Հօ­­րէ,

Գ անձդ ողոր­­մութեան,

Դ ուռն ողոր­­մութեան,

Ե րրեակ միու­­թիւն,

Զ ար­­թիր, Տէր, յօգ­­նել…

Ուշ-միջ­­նա­­­դարու աշ­­խարհիկ գրիչ­­նե­­­րը աւե­­լի կեն­­սուրախ էին քան մեր վա­­նական եւ վա­­նահայր քեր­­թողնե­­րը։ Հայ աշուղնե­­րը փա­­ռաւո­­րեցին բնու­­թիւնը, կինն ու գի­­նին։ Երկրա­­յին կեան­­քը վա­­յելե­­լու խրա­­խոյ­­սով, անոնք յօ­­րինե­­ցին ցնծուն եր­­գեր։ 1600-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն Դա­­ւիթ (Որ­­բիկ) Սա­­լաձոր­­ցին «Տաղ սե­­ղանոյ եւ ու­­րա­­­խու­­թեան» եր­­գի մէջ նկա­­րագ­­րեց բա­­րեկեն­­դա­­­նի ծի­­սակա­­տարու­­թիւնը.

Ա րե­­ւելք առա­­ջին

Եւ արեւ­­մուտք որ է վեր­­ջին՝

Բ արե­­խում է գի­­նի

Եւ յոյժ փայ­­լուն սե­­ղան ի լի՛

Գ երա­­գոյն լաւ մա­­զայ

Եղով տապ­­կած ձուկն թա­­զայ.

Դ ար­­ձեալ հա­­յիր թէ ի՞նչ կայ.

Հալ­­վայ, բո­­րակ, եւ փախ­­լա­­­ւայ…

Սա­­լաձոր­­ցին ու­­նէր իր նա­­խոր­­դը՝ 1500-ական­­նե­­­րուն Չմշկա­­ծագի ապ­­տա­­­ռապատ լեռ­­նե­­­րու մէջ ապ­­րած Մար­­տի­­­րոս Խա­­րասար­­ցին։ Հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան մէջ Խա­­րասար­­ցին էր առա­­ջինը, որ եր­­գեց խնջոյ­­քը, ու­­րա­­­խու­­թիւնը եւ սե­­ղանի վա­­յել­­քը։ Ահա, անոր գրի­­չին պատ­­կա­­­նող «Տաղ վասն ու­­րա­­­խու­­թեան» եր­­գը.

Այբն ասէ՝ այ­­սօր ըմ­­պենք…

Բէն ասէ՝ բե­­րէք գի­­նի…

Գիմն ասէ՝ գի­­նիս անոյշ…

Խէն ասէ՝ խնդամք այ­­սօր…

Կէնն ասէ՝ կա­­րաս բա­­ցէք…

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, այբբե­­նական բա­­նաս­­տե­­­ծու­­թիւննե­­րը հե­­ռաւոր ան­­ցեալի ճա­­շակ են։ Իսկ անո­­ւանա­­կապ քեր­­թուած­­նե­­­րը…, (Փե­­տուր… / Արե­­գակ… / Թաւ­­շեայ… / Ի զուր… / Լու­­սե­­­րես…) դեռ ու­­նին կա­­րելի է ըսել սա­­կաւա­­թիւ գոր­­ծա­­­ծու­­թիւն։ Երկրոր­­դա­­­կան վար­­ժա­­­րանի (լի­­սէ, աւագ դպրոց) ան­­փորձ տղա­­ները զանոնք կը շա­­րու­­նա­­­կեն շա­­րահիւ­­սել իրենց սի­­րելի­­ներու անուննե­­րը ոտա­­նաւոր­­նե­­­րու մէջ գաղտնի պա­­հելու հա­­մար։ Սա­­կայն, բո­­լորը, Այ­­բը, Բէ­­նը, Գի­­մը… Փիւ­­րը եւ Քէն, կը մնան հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան փայ­­լուն, ազ­­նիւ, թան­­կա­­­գին, իմաս­­տա­­­լից, լու­­սա­­­ւոր անձնա­­ւորու­­թիւննե­­րը։

Այ­­սօր ձե­­զի հրա­­ժեշտ կը փա­­փաքիմ տալ վեր­­յի­­­շելով Պաղ­­տա­­­սար Դպի­­րի յայտնի մէկ եր­­գով, որուն եղա­­նակը մին­­չեւ այ­­սօր պահ­­պա­­­նուած է եւ ժա­­մանակ առ ժա­­մանակ ան հայ­­կա­­­կան դա­­սական, հե­­ղինա­­կային եր­­գա­­­րեւոս­­տի սի­­րահար եր­­գիչ եւ երգչու­­հի­­­ներու կող­­մէ կը հնչէ արո­­ւես­­տի բարձր բե­­մերու վրայ։ Ծայ­­րա­­­կապ են անոր խօս­­քե­­­րը, իսկ հե­­ղինա­­կը ըն­­թերցո­­ղի ու­­շա­­­դիր աչ­­քե­­­րուն վստա­­հած է, թէ ի՚նչ գաղտնիք կը պա­­րու­­նա­­­կեն անոր սկզբնա­­տառե­­րը.

Ի ննջմա­­նէդ ար­­քա­­­յական,

Զար­­թի՜ր, նա­­զելի իմ, զար­­թի՜ր,

Պատ­­կեր սի­­րուն, տիպ բո­­լորակ,

Լրա­­ցելոյ լուսնոյն քա­­տակ,

Այդ քո տե­­սիլդ, զոր դու ու­­նիս,

Արար ծա­­ռայ քեզ զգե­­րիս,

Ղա­­բին սրտ՚իւ քա­­նի՞ կո­­ծամ,

է ՜ վարդ կար­­միր եւ ան­­թա­­­ռամ,

Տապ եւ խոր­­շակ ժա­­մանե­­ցին,

Զթեր­­թիկ գե­­ղոյդ այ­­րել կա­­մին

է ՜ աննման իմ գո­­վելիս,

Ի մէջ ականց գեղ քո՝ մագ­­նիս…

Զար­­թի՜ր, նա­զելի իմ, զար­թի՛ր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ