«ՀՄԸՄ Պարտէզ»ին ճամբաներով (2)

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Ճիշդ հի­­մա «ՀՄԸՄ պար­­տէզ»ին դրան առ­­ջեւն եմ։ Դրան վրայ մեծ տա­­ռերով գրո­­ւած է «Նա­­տի ալ Եար­­մուք»։ Աս «Ալ Եար­­մուք» կո­­չուա­­ծը արա­­բական պատ­­մութեան մէջ կա­­րեւոր պա­­տերազ­­մի մը անունն է։ Թէ ի՞նչ կապ ու­­նի ՀՄԸՄ-ին հետ՝ չեմ գի­­տեր, ո՞վ գի­­տէ։ Ճիշդ ետեւս, մայ­­թին մէջ­­տե­­­ղը ելեկտրա­­կանու­­թեան փայ­­տէ սիւն մը կայ։ Յա­­ճախ կը մտա­­ծէի, թէ ո՞վ է այդ «խե­­լացի» ճար­­տա­­­րապե­­տը, որ այս սիւ­­նը տնկած է ճիշդ դրան առ­­ջեւ։

Ըսեմ, որ հա­­գուած եմ այդ տա­­րուան մո­­տայի՝ նո­­րաձե­­ւու­­թեան կօ­­շիկը՝ կա­­շիէ Տոկ­­սայթ, որ, ի մի­­ջի այ­­լոց, գնած եմ «Յո­­վիկ շուզ»էն։ «Յո­­վիկ շուզ»ն ալ ինձմէ հինգ մեթր հե­­ռաւո­­րու­­թեան վրայ է հի­­մա։ Պզտիկ խա­­նութ մըն է, որ սա­­կայն յե­­տոյ շատ պի­­տի մեծ­­նայ ու հռչա­­կաւոր դառ­­նայ։ Դար­­ձեալ այդ օրե­­րու մո­­տայէն հա­­գուած եմ ճինզ՝ գոց գոյ­­նի ճինզ տա­­բատ, բաց գոյ­­նի ճինզ շա­­պիկ։ Անու­­շա­­­հոտս ալ այդ օրո­­ւան շատ հռչա­­կաւոր Քեն­­զոն է՝ պզտիկ կա­­պոյտ շի­­շով։ Քա­­նի հո­­տերու մա­­սին խօ­­սեցայ, ըսեմ, որ Քեն­­զո­­­յիս հետ մրցակ­­ցութեան մէջ է այս վայրկեանին ձախ կող­­մէն Ապու Յա­­կոբին սու­­ճուխի՝ եր­­շի­­­կի հո­­տը եւ աջ կող­­մէն «Սո­­մար» անու­­շա­­­վաճա­­ռին թխած մա­­րին­­կա­­­ներուն հո­­տը։

Վեր­­ջին շար­­ժումներս կ’ընեմ, ամէն ին­­չը տե­­ղին է՝ շա­­պիկս, մա­­զերս, ճա­­կատիս դրած ակ­­նոցս. մէկ խօս­­քով՝ պատ­­րաստ եմ թի­­թիզ-թի­­թիզ քա­­լելու ՀՄԸՄ-ի պար­­տէ­­­զին մէջ։ Երեք աս­­տի­­­ճան դէ­­պի վար, եւս երեք աս­­տի­­­ճան, դար­­ձեալ երեք աս­­տի­­­ճան, ու ար­­դէն եր­­կա­­­թէ դրան առ­­ջեւն եմ։ Աջ կողմս խո­­տածածկ բաց տա­­րածք է։ Ար­­ծո­­­ւիկ­­նե­­­րը եւ փոք­­րիկ գայ­­լիկնե­­րը շատ յա­­ճախ հոս բաց խմբա­­յին կ’ընեն։ Բայց տա­­րիներ յե­­տոյ, ու ըստ մո­­տայի պա­­հանջքին, այստեղ պի­­տի տե­­ղադ­­րեն մեծ սե­­նեակ մը։ Սե­­նեակին մէջ սկիզ­­բը պի­­տի տե­­ղադ­­րեն մօ­­տաւո­­րապէս քսան հատ հա­­մակար­­գիչ, ու երի­­տասարդնե­­րը ժա­­մերով «Քաունթըր սթրայք» պի­­տի խա­­ղային՝ փո­­լիս­­նե­­­րը ընդդէմ գո­­ղերուն։ Մէկ խօս­­քով՝ պա­­տերազմ ու կռիւ. «Լան պա­­տին ետե­­ւը պա­­հուը­­տեր է, էշէակ», «Ռումբը նե­­տէ՛», «Դա­­նա՛կը գոր­­ծա­­­ծէ, հայ­­վան»։ Ու այսպէս ժա­­մերով կռիւ կ’եր­­թար։ Սա­­կայն քա­­նի մը տա­­րի յե­­տոյ մո­­տան պի­­տի փո­­խուէր ու նոյն այդ քոմ­­փիու­­թըրնե­­րով կռո­­ւող տղա­­քը պի­­տի վե­­րածուէին փրո­­ֆեսիոնալ պի­­լիարտ խաղ­­ցողնե­­րու։ Քոմ­­փիու­­թըրնե­­րը պի­­տի վե­­րանա­­յին ու իրենց տեղ պի­­տի տե­­ղաւո­­րուէին մեծ ու կո­­կիկ պի­­լիար­­տի սե­­ղան­­ներ։

Ձախ կողմս առա­­ջին սթրա­­թեճիք սե­­ղանն է, որ կը նա­­յի դէ­­պի թե­­նիսի դաշ­­տը։ Այստեղ շատ յա­­ճախ ար­­ծո­­­ւիկ­­նե­­­րը նստած կ’ըլ­­լան ու ինչ-որ բան կը ծա­­խեն՝ ան­­դա­­­մագ­­րութեան քարտ, նա­­խաճաշ՝ ֆուլ կամ արա­­բական աւան­­դա­­­կան անու­­շե­­­ղէն­­նե­­­րէն՝ շա՛ապիաթ, ընթրիք՝ ղաուրմա... եւ այլն։ Քա­­նի մը քայլ առ­­ջեւ աջ կողմս տե­­ղաւո­­րուած է պաղ ջու­­րի առա­­ջին սառ­­նա­­­րանը, որ շատ յա­­ճախ կտրո­­ւած ելեկտրա­­կանու­­թեան պատ­­ճա­­­ռով պաղ ջուր չէր տար։ Նոյն աջ կող­­մին վրայ այ­­լեւս պի­­տի սկսի սե­­ղան­­նե­­­րու եւ աթոռ­­նե­­­րու բա­­ժինը։ Եր­­կա­­­թէ սե­­ղան մըն է, ինչ-որ գոյ­­նով ներ­­կո­­­ւած ու շուրջը՝ ամե­­նապարզ ճեր­­մակ փլաս­­թի­­­քէ աթոռ­­ներ։ Սե­­ղանին ծայ­­րը ճեր­­մակ ներ­­կով թիւ մը գրո­­ւած կ’ըլ­­լայ։ Այս թի­­ւէն միայն Ապու Հա­­սանը՝ շեֆ-կար­­սո­­­նը գլուխ կը հա­­նէ։ Ձախ կողմս՝ նո­­րէն յա­­տուկ սե­­ղան մը։ Երկրորդ սթրա­­թեճիք սե­­ղանն է կ’երե­­ւի, որ ամէն մարդ կ’ու­­զէր հոն նստիլ, որով­­հե­­­տեւ դի­­մացը բաց դաշտ է՝ ով որ պար­­տէզ կը մտնէ-կ’ել­­լէ, ան­­պայման այնտե­­ղէն պի­­տի անցնի։ Այս սե­­ղանէն սկսեալ պէտք է այ­­լեւս դան­­դաղ քա­­լել, հպարտ, մէկ աչ­­քին ծայ­­րով նա­­յիլ՝ ով կայ-չկայ, միւս աչ­­քին ծայ­­րով հե­­տեւիլ՝ ով կը նա­­յի կոր ին­­ծի եւ ով ու­­շադրու­­թիւն ըրաւ, որ ես եկայ։ Դան­­դաղ, հան­­գիստ. «Բա­­րեւ, ինչպէ՞ս էք»... «Բա­­րեւ»... «Մէկ հատ վեր ել­­լեմ, ջուր խմեմ ու ետ կու գամ»... «Կու գամ, կու գամ, ան­­պայման»։

Քայ­­լերս կը շա­­րու­­նա­­­կեմ ու կը հաս­­նիմ պար­­տէ­­­զին կեդ­­րո­­­նական մա­­սը։ Աջ կողմս քար­­տուղա­­րի ու հա­­շուա­­պահի գրա­­սեղանն է, ետե­­ւը՝ մեծ ման­­ղա­­­լը եւ խո­­հանո­­ցը, կեդ­­րո­­­նական երկրորդ պաղ ջու­­րի սառ­­նա­­­րանը, տղոց թո­­ւալե­­թը՝ բաղ­­նի­­­քը, որ միշտ զի­­ջած է մաք­­րութեամբ կող­­քի աղ­­ջիկնե­­րու թո­­ւալե­­թին, իսկ առ­­ջեւս՝ եր­­րորդ ամե­­նասթրա­­թեճիք սե­­ղանը։ Յե­­տոյ հասկցայ, որ այստեղ կը նստէին միայն պա­­տաս­­խա­­­նատու եղ­­բայրներն ու ըն­­կերնե­­րը։ Ձախ կողմս նո­­րէն սե­­ղան­­նե­­­րու եւ աթոռ­­նե­­­րու տա­­րածք մը կայ՝ չգրո­­ւած օրէն­­քով ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու յատ­­կա­­­ցուած։ Քիչ մը առ­­ջեւ՝ հռչա­­կաւոր ան­­կիւն մըն է. երբ ՍԵՄ-ի տղա­­քը կը ստանձնէին պար­­տէ­­­զին ռա­­տիոկա­­յանը, հոն կը տե­­ղաւո­­րուէին եր­­կու-երեք ըն­­կե­­­րու­­հի ու կը պատ­­րաստէին օրո­­ւան ծրա­­գիրը։

Վեր­­ջին մա­­սը մնաց, որ ին­­ծի հա­­մար աւե­­լի շատ աք­­սո­­­րի պատ­­կեր ու­­նէր։ Հոն կը նստէին այն մա­­մանե­­րը, որոնք պէտք է հե­­տեւէին իրենց երե­­խանե­­րու խա­­ղի ըն­­թացքին, որով­­հե­­­տեւ վե­­րը տե­­ղաւո­­րուէր էր փոք­­րիկնե­­րու խա­­ղավայ­­րը։ Սկաուտնե­­րը ժո­­ղով կ’ընէին հոն, պա­­տաս­­խա­­­նատու մար­­միննե­­րը՝ նոյնպէս։ Մէկ խօս­­քով՝ գործ չկայ վե­­րը։

«ՀՄԸՄ պար­­տէզ»ը նմոյշ մըն է հա­­լէպա­­հայե­­րուն քով տա­­րածո­­ւած հռչա­­կաւոր «պար­­տէզ» հաս­­կա­­­ցու­­թեան։ Հա­­կառակ անոր, որ ՀՄԸՄ-ի պար­­տէ­­­զին մէջ ծա­­ռեր կան, բայց եր­­բեք պայ­­ման չէ, որ միւս «պար­­տէզ»նե­­րուն մէջ կա­­նաչու­­թիւն կամ ծա­­ռեր ըլ­­լան։ Պար­­տէզներ կան, որոնք պար­­զա­­­պէս դպրո­­ցի մը կամ ակումբի մը բա­­կին մէջ են։ Ան­­շուշտ, այդ ալ ըսեմ, որ ամէն մէ­­կը ու­­նի իր պար­­տէ­­­զը, ու «մեր պար­­տէզ»ին ու «ձեր պար­­տէզ»ին խա­­ղը միշտ ալ կար։ Հա­­կառակ այս ամէն ին­­չին՝ «պար­­տէզ»նե­­րը հա­­լէպա­­հայու­­թեան հա­­մար ամե­­նահո­­գեհա­­րազատ վայ­­րերն էին, այդ հաս­­կա­­­ցու­­թեան ընդգրկած բա­­զում բա­­րի ապ­­րումներով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ