Երբ Օննիկ սխալ թաքսի մը կ՚առնէ

Իբրեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան ծանօթ իրաւաբան Օրհան Քեմալ Ճենկիզ վերջերս ընթերցողներու ներկայացաւ «լաւագոյն դերասան» անուն գիրքով։ Գիրքը կը բաղկանար չորս անջատ պատմուածքներէ, որոնցմէ մին՝ «Սխալ թաքսի» ներշնչուած էր անցեալներուն ինծի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին «յաճախ կը խուսափիմ անունս պարզելէ, նկատի ունենալով հաւանական տարակարծութիւնները ըսած եմ»։ Նախապէս մարդու իրաւունքներու նիւթերով բազում անգամներ զրուցած Օրհան Քեմալ Ճենկիզի հետ այս անգամ կը խօսիմ իր վերջին գիրքի մասին։

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

Ե.Տ.-Նախ կ՚ու­զեմ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնել թէ իմ խօս­քե­րէն ներշնչո­ւելով նման պատ­մո­ւածք մը գրած ես։ Ճիշդ է, որ կը խու­սա­փիմ հայ ինքնու­թիւնս տե­ղի-ան­տե­ղի պար­զե­լէ, քա­նի որ խիստ հա­ւանա­կան է, թէ խօ­սակիցս հարց տայ «Օտար է՞ք» ըսե­լով։ Գա­լով ձեր պատ­մո­ւած­քին, կը պատ­մէ՞ք թէ ինչպէս զար­գա­ցաւ դէպ­քե­րու շա­րու­նա­կու­թիւնը։

Օ.Ք.Ճ.- Ին­ծի շատ ցնցիչ թո­ւացած էր ձեր այդ հար­ցազրոյ­ցի, թէ ամ­բողջ բո­վան­դա­կու­թիւնը եւ թէ յատ­կա­պէս ինքնու­թիւնը յայտնե­լէ խու­սա­փելու խնդի­րը։ Հա­ւատա­ցած եմ որ կեան­քը, հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րը, զգա­ցական մեր­ձե­ցու­մով աւե­լի ճիշդ կ՚ըն­կա­լենք, քան միտ­քով։ Ձեր այդ նա­խադա­սու­թիւնը ամե­նապարզ կեր­պով կը նկա­րագ­րէր Թուրքիոյ մէջ հայ ըլ­լա­լով ապ­րե­լու պայ­մաննե­րը։ Այդ պա­հուն յի­շած էի Հրանդ Տին­քի զի­նուո­րական ծա­ռայու­թեան շրջա­նին են­թարկուած խտրա­կանու­թիւնը։ Հրանդ ալ ամե­նապարզ կեր­պով նկա­րագ­րած էր թէ, երբ իր­մէ զրկո­ւեցաւ տաս­նա­պետի կո­չու­մը, ինչպէս լաց եղած էր պա­տի մը ետին։

Կար­դա­ցածս տպա­ւորած էր զիս։ Եր­կար մտա­ծած էի թէ եթէ Եդո­ւարդ Տան­ձի­կեան իր անու­նը յայտնէր թաք­սիի վա­րոր­դին, ին­չե՞ր կրնա­յին պա­տահիլ։ Մա­նաւանդ ալ երբ անու­նը յայտնէր սխալ թաք­սիի մը մէջ։ Ահա­ւասիկ պատ­մո­ւած­քի կմախ­քը կազ­մո­ւեցաւ, այդ հար­ցումին պա­տաս­խան որո­նելու մի­ջոցաւ։

Հար­ցազրոյ­ցի մը ըն­թացքին Մի­լան Քունտէ­րային կը հարցնեն թէ գրած­նե­րը ար­դեօք իր ապ­րածնե՞րն են։ Քունտէ­րա կը պա­տաս­խա­նէ «Վէ­պերուս կեր­պարնե­րը ին­ծի հետ չի­րակա­նացած հա­ւանա­կանու­թիւննե­րու հե­տեւանք են» ըսե­լով։ Ես կը մտա­ծէի, թէ խնդի­րը մին­չեւ ո՞ւր կրնայ հաս­նիլ։ Ամէն ինչ ըն­թա­ցաւ այդ հար­ցումի են­թադրու­թիւննե­րով։

Ե.Տ.- Պատ­մո­ւած­քի հե­րոսը Օն­նիկ առե­ւան­գո­ւած է հրո­սախումբի մը կող­մէ, որոնք իր­մէ կը պա­հան­ջեն հայ­կա­կան ինչքե­րու ցու­ցակ մը։ Իսկ երբ խնդի­րը կը փո­խան­ցո­ւի դա­տարան, այս ան­գամ զինք կը մե­ղադ­րեն «թրքու­թիւնը նա­խատել»ու յան­ցանքով։ Կար­ծես ձե­ւով մը ամ­փո­փած էք մօտ ան­ցեալը։

Օ.Ք.Ճ.- Դի­տած էի «Լոստ» անուն սե­րիալ մը, որուն մէջ յան­կարծա­կի յայտնո­ւած ծուխ մը կը պա­տէր չորս կողմ եւ կը խեղ­դէր բո­լորին։ Փսի­քանա­լիզի մեծ վար­պետ Ճան­կէ փո­խառ­նե­լով կրնամ ըսել թէ այդ ծու­խը կղզիի շուքն էր։ Իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ կամ ազգ շուք մը ու­նի։ Առանց այդ շու­քը ըն­կա­լելու կա­րելի չէ ան­հա­տը կամ հա­սարա­կու­թիւնը հասկնալ։ Ես հա­մոզո­ւած եմ թէ 1915-ի պա­տահար­նե­րը Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան շու­քին հե­տեւանքն է։ Որ­քան որ ու­րա­ցուի այդ իրո­ղու­թիւնը, շու­քը կը շա­րու­նա­կէ թու­նա­ւորել։

Հրանդ այդ ամ­բողջ զօ­րամա­սի մէջ տաս­նա­պետի կո­չու­մին միայն իր­մէ զլա­ցուած ըլ­լա­լը պատ­մած պա­հուն ո՛չ թէ միայն հայ ըլ­լա­լու խնդի­րը, այլ ամ­բողջ երկրի հո­գեվի­ճակը կը ցո­լաց­նէ։ Ար­դա­րեւ եթէ Օն­նի­կին պա­տահած­նե­րը ու­րիշնե­րուն տա­րօրի­նակ չի թո­ւիր, եթէ զու­գա­հեռ­ներ կը կազ­մէ երկրի պատ­մութեան հետ, մենք ահա կը նշմա­րենք այդ ծու­խը։

Ե.Տ.- Գիր­քի միւս հե­քեաթ­ներն ալ ըն­կե­րային հար­ցե՞ր կը քննեն։

Օ.Ք.Ճ.- Ես իմ մաս­նա­գիտա­կան բո­լոր տա­րինե­րուն աշ­խա­տած եմ մար­դու իրա­ւունքնե­րու նիւ­թե­րով։ Այդ դա­տերը, գո­յացած ծա­նօթու­թիւննե­րը կամ ակա­նատես եղած դէպ­քերս խո­րապէս ազ­դած են իմ վրայ։ Երբ կը փոր­ձես գրա­կան բնոյ­թով բա­ներ մը ար­տադրել, տպա­ւորու­թիւն թո­ղած այդ դէմ­քե­րը կամ դէպ­քե­րը կեր­պա­րանա­փոխո­ւած ձե­ւով ալ ըլ­լայ կը խու­ժէ ձեր յի­շողու­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ