Ասորի համայնքի նոր եկեղեցիի բացումը կատարուեցաւ

Ասորի Ուղղա­փառ հա­մայնքը ու­նե­ցաւ նոր եկե­ղեցի մը, որ կա­ռու­ցուեցաւ Եշիլ­գիւղի մէջ։ Ինչպէս ծա­նօթ է, ան­ցեալ շա­բաթ կա­տարո­ւած էր պաշ­տօ­նական բաց­ման հան­դի­սու­թիւնը, իսկ 15 Հոկ­տեմբեր 2023, Կի­րակի առա­ւօտ կա­տարո­ւեցաւ կրօ­նական հան­դի­սու­թիւննե­րը, նա­խագա­հու­թեամբ Ասոր­ւոց Նո­րին Սրբու­թիւն Մո­րան Մոր Իգ­նա­տիոս Էֆ­րէմ Բ. Պատ­րիար­քի։

Հան­դի­սու­թեան մաս­նակցե­ցաւ Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը, ըն­կե­րակ­ցութեամբ Հոգշ. Տ. Յո­վակիմ Աբղյ. Սե­րով­բեանի։ Արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցաւ նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Ար­քեպս. Աթէ­շեան։

Պաշ­տա­մունքի բաց­ման հան­դի­սու­թե­նէն ետք անդրա­նիկ Ս. Պա­տարա­գը մա­տոյց Ասոր­ւոց Պատ­րիար­քը, առըն­թե­րակա­յու­թեամբ Իսթան­պուլի, Ան­գա­րայի եւ Իզ­մի­րի Գերշ. Մոր Ֆի­լիւքսի­նոս Եու­սուֆ Չէ­թին եւ Թու­րապտի­նի Գերշ. Մոր Թի­մոդէոս Սա­մուէլ Աք­թաշ Մետ­րո­պոլիտ­նե­րու։ Ներ­կայ էին ար­տա­սահ­մա­նէն հիւր մետ­րո­պոլիտ­ներ, քա­հանա­ներ, ինչպէս նաեւ քա­ղաքիս քոյր եկե­ղեցի­ներու ներ­կա­յացու­ցիչներ։

Քա­րոզեց Ասոր­ւոց Նո­րին Սրբու­թիւն Մո­րան Մոր Իգ­նա­տիոս Էֆ­րէմ Բ. Պատ­րիար­քը։

Ի ժամ Ս. Պա­տարա­գի խօսք տրուեցաւ մեր Հո­գեւոր Պե­տին, որ յի­շեցուց աւե­տարա­նական Անի­րաւ Դա­տաւո­րի առա­կը։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը ըսաւ, որ անի­րաւ դա­տաւո­րը, որ Աս­տուծմէ չէր վախ­նար եւ մար­դոցմէ չէր ամչնար, սա­կայն այ­րի կնոջ յա­մառ խնդրանքնե­րուն տե­ղի տո­ւաւ։ Մեր Երկնա­ւոր Հայ­րը, որ մեզ կը սի­րէ, որ­քան տե­ղի պի­տի տայ եւ մեր խնդրանքնե­րը պի­տի ըն­դունի։ Պատ­րիարք Հայ­րը ըսաւ, որ յա­մառու­թիւնը մեղք է, սա­կայն կայ սրբա­զան յա­մառու­թիւն կո­չուած բան մը, որ ըրաւ Ասո­րի հա­մայնքը եւ այ­սօր տի­րացաւ այս աղօ­թավայ­րին։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը շնոր­հա­ւորեց Ասոր­ւոց Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Մոր Ֆի­լիւքսի­նոս Եու­սուֆ Չէ­թին Մետ­րո­պոլի­տը եւ ողջ հա­մայնքը, որոնց աղօթքնե­րուն եւ աշ­խա­տանքնե­րուն ար­դիւնքն է նո­րակա­ռոյց Մոր Էֆ­րէմ Եկե­ղեցին։

Մեր Հո­գեւոր Պե­տը, իր, հո­գեւոր դա­սու եւ հա­մայնքի անու­նով շնոր­հա­ւորեց Ասո­րի հա­մայնքը եւ յա­նուն Աթո­ռոյս նո­ւիրեց ար­ծա­թեայ գե­ղեցիկ զոյգ բուրվառ­ներ։

Եկե­ղեցա­կան արա­րողու­թեան աւար­տին կա­տարո­ւեցաւ շէն­քի մուտքի յի­շատա­կարա­նի բա­ցու­մը։

Ապա Ֆլո­րիայի Գրաուն Բլա­զա ճա­շարա­նին մէջ եկե­ղեցի­ներու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու եւ ար­տա­սահ­մա­նեան հիւ­րե­րու հա­մար սար­քո­ւեցաւ սի­րոյ սե­ղան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ