Շնորհալիի 850-ամեակի Հռոմի ձեռնարկները կը յետաձգուին

Նկատի ու­նե­նալով 19 Սեպ­տեմբե­րէն սկսեալ Ատրպէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան արարքնե­րը եւ Ար­ցա­խի հա­յաթա­փու­մը, «Աս­տո­ւածա­յին Շնոր­հաց Հա­յոց Առա­քեալ» Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի վախ­ճանման 850-րդ տա­րելի­ցին նո­ւիրո­ւած ձեռ­նարկնե­րը, որոնք Հռո­մէական կա­թոլիկ եւ Հայ եկե­ղեցի­ներու կազ­մա­կեր­պութեամբ եւ Ֆրան­սիս պա­պի, Գա­րեգին Բ. կա­թողի­կոսի, Արամ Ա. կա­թողի­կոսի եւ Ռա­ֆայէլ Պետ­րոս Մի­նասեան ԻԱ. պատ­րիար­քի օրհնու­թեամբ եւ ներ­կա­յու­թեամբ՝ տե­ղի պի­տի ու­նե­նային Հռո­մի մէջ, 30 Նո­յեմ­բե­րէն 2 Դեկ­տեմբեր, անո­րոշ ժա­մանա­կով յե­տաձ­գո­ւած են։

Կ՚աղօ­թենք, որ Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի հայ­րա­պետի բա­րեխօ­սու­թեամբ Աս­տո­ւած զօ­րաց­նէ մեր ազ­գի բո­լոր զա­ւակ­նե­րը յաղ­թա­հարե­լու մեր դի­մագ­րա­ւած մար­տահրա­ւէր­նե­րը՝ որ­պէսզի Ար­ցա­խէն բռնի տե­ղահա­նուած եւ Հա­յաս­տան ապաս­տա­նած մեր եղ­բայրնե­րուն ու քոյ­րե­րուն մար­դա­սիրա­կան օգ­նութիւն ցու­ցա­բերե­լը վե­րածենք հա­մահայ­կա­կան զօ­րաշար­ժի եւ Ար­ցա­խի վե­րատի­րաց­ման հրա­մայա­կանով թի­կունք կանգնինք մեր հայրենիքին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ