Կրկին անգամ հայրենիք կորսնցնել

«Ակօս»ի վաս­տա­կաւոր լու­սանկա­րիչ Պերճ Արա­պեանի հետ որո­շեցինք այ­ցե­լել Հա­յաս­տան եւ ուղղա­կի զրոյցնե­րով լսել ար­ցա­խահա­յու­թեան ներ­կան եւ ապա­գայի հան­դէպ ըն­կա­լումնե­րը եւ սպա­սումնե­րը: Հոդվածաշարի երկրորդ մասը կարող եք կարդալ այս շաբաթ։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Հասած ենք աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան եր­րորդ օրը։ Առա­ւօտուայ նա­խաճա­շէն վերջ այս ան­գամ մե­զի կ՚ու­ղեկցի «Վե­կա» ըն­կե­րու­թե­նէն մեր սի­րելի բա­րեկամ Ար­տա­կը, որուն հետ տա­րինե­րու եր­կա­րող ըն­կե­րու­թիւն մը ու­նինք յա­ճախ հան­դի­պելով Իս­թանպուլ կամ Երե­ւան։ Ճամ­բորդու­թեան ըն­թացքին ար­տակ եւս բա­ցատ­րութիւններ կու տայ թէ իր ալ մաս կազ­մած ըն­կե­րու­թիւնը առա­ջին օրէն իսկ մաս­նակցած է իրենց պա­պենա­կան երկրէն բռնի տե­ղահա­նուած ար­ցա­խահա­յու­թեան կա­րիք­նե­րու հո­գալու գոր­ծին։ Բաղ­դատմամբ Կո­րիսի, դէ­պի Ար­տա­շատ տա­նող ճա­նապար­հը շատ աւե­լի կար­ճա­տեւ է։ Մեր ինքնա­շար­ժը կանգ առաւ Հա­մայնքա­պետա­րանի մօտ եւ իս­կոյն հան­դի­պեցանք պա­րոն Ար­մէ­նին։ Երի­տասարդ պաշ­տօ­նեան բազ­մազբաղ էր տար­բեր բնոյ­թի բա­զում հար­ցե­րով։ Չէր լռեր իր բջջա­յին հե­ռախօ­սը եւ չէին պակ­սեր այս կամ այն հար­ցի հա­մար իրեն դի­մող­նե­րը։ Այդ եռու­զե­ռին մէջ Ար­մէն մէկ կող­մէ ալ մե­զի կը փո­խան­ցէր հիմ­նա­կան տե­ղեկու­թիւններ։ Այսպէս կ՚իմա­նայինք թէ հա­մայնքա­պետա­րանը ապա­հոված է ընդհա­նուր առ­մամբ 5300 շունչ մար­դու կամ այլ խօս­քով 1208 ըն­տա­նիք­նե­րու անհրա­ժեշտ բո­լոր մի­ջոց­նե­րը։ Անոնցմէ ոչ մէ­կը անօ­թեւան է։ Բո­լոր երա­խանե­րը դպրոց կը յա­ճախէն եւ բո­լորին կը հաս­նի օրա­կան երեք ժում սնունդ։ «Սնունդի բաշ­խումը եր­կու եղա­նակ ու­նի։ Կեդ­րո­նի բնա­կիչ­ներ կու գան այս տե­ղէն կ՚ապա­հովեն իրենց սնունդը փո­խան ստո­րագ­րութեան։ Իսկ գիւ­ղե­րու պա­րագա­յին մենք կ՚ու­ղարկենք դէ­պի գիւ­ղա­պետ եւ հոն­կէ է, որ կը ստա­նան այս օրո­ւայ բա­ժինը»։

Ար­մէ­նի այս բա­ցատ­րութիւննե­րու ըն­թացքին ակա­նատես եղանք իրենց բա­ժինը ստա­նալու հա­մար հա­մայնքա­պետա­րան այ­ցե­լող­նե­րուն։ Այդ ըն­թացքի մէջ պե­տական կար­գադրու­թիւնը ան­սայթաք կ՚ըն­թա­նայ։ Այդ հան­դի­պու­մը մե­զի ալ առիթ տո­ւաւ եկող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու հա­մար։

Ըստ երե­ւոյ­թի հա­մակեր­պած էին իրենց մատ­նո­ւած դրու­թեան։ Տա­րեց ամու­սիններ էին եւ աւե­լի պա­հան­ջե­լու ոչ ձգտում ու­նէին, եւ ոչ ալ այդ աւե­լիին հաս­նե­լու հա­մար պայ­քա­րելու կա­րողու­թիւն։ Երախ­տա­պարտ էին իրենց ստա­ցած­նե­րով։ Զգա­ցի թէ հար­ցումնե­րը ձանձրա­ցու­ցիչ պի­տի թո­ւէր այս տա­րիքոտ մարդկանց հա­մար։ Աւե­լի լաւ էր իրենց դի­մային ար­տա­յայ­տութիւննե­րէն հե­տեւո­ղու­թիւններ քա­ղել։ Թե­րեւս զա­ւակ­ներ ու­նե­նային, որոնք այս պա­հուն հե­ռաւոր ափե­րու վրայ ան­զօր ըլ­լա­յին իրենց ծնո­ղաց հոգ­սե­րը վե­րաց­նե­լու։ Չու­զե­ցի «Որ­դի­ներս Ռու­սաստան են, գոր­ծերնին չի թոյ­լատրեր որ մեր մօտ ըլ­լան»ի նման նա­խադա­սու­թիւններ լսել։ Յա­ջողու­թիւն մաղ­թե­լով եւ իրա­րու յե­նելով հե­ռացան մեզ­մէ։

Լեռ­նիկ երի­տասարդ մի մարդ էր, հա­զիւ 41 տա­րեկան, բայց ներ­կայ օրե­րու թա­խիծը եւ կսկի­ծը ծան­րօ­րէն կը ճնշէին անոր ու­սե­րուն։ «Բեն­զի­նի լից­քա­կայա­նի պայ­թումի պա­հուն թէ աւագ եւ թէ միջ­նեկ եղ­բայրներս ու իրենց որ­դի­ները հոն էին։ Աւագ եղ­բօրմէս եւ իր որ­դի­ներէն ոչ մէկ լուր լսած եմ։ Միջ­նեկ եղ­բայրս շատ ծանր այ­րո­ւածքնե­րով փո­խադ­րե­ցին Երե­ւան, բայց անոր ալ կեան­քը փրկել կա­րելի չե­ղաւ։ Նոյնպէս ան­յայտ կո­րած է նաեւ իր որ­դին»։

Այժմ Լեռ­նիկ ալ իր ըն­տա­նիքի հետ բնա­կելու վայր մը ճա­րելը ամե­նակա­րեւոր խնդիր ըլ­լա­լով կը դի­տէ։ Ապա կրնայ անցնիլ աշ­խա­տան­քի նաեւ։

Ար­մէն կը յայտնէ թէ Հա­մայնքա­պետա­րանի շրջա­նակով 2000-է աւե­լի ան­ձե­րու հա­մար կա­րելի է աշ­խա­տանք ապա­հովել։ «Սա­կայն իրենց նա­խապա­տուու­թիւնը բնա­կարա­նի հարցն է։ Հա­զիւ այդ հար­ցը լու­ծե­լէ ետք է, որ աշ­խա­տան­քի մա­սին պի­տի մտա­ծեն» կ՚ըսէ Ար­մէն։

Գա­լով բնա­կարա­նի խնդրին, այստեղ ալ կա­րեւոր զգու­շա­ցում մը կայ սահ­մա­նամերձ տա­րածքնե­րէն հե­ռու մնա­լու առու­մով։ Մեր ներ­կա­յու­թեան էր, որ առա­ջար­կո­ւեցաւ Նու­պա­րաշէ­նի գիւ­ղե­րէն մէ­կուն առ­նո­ւազն եր­կու ըն­տա­նիքի բնա­կու­թեան յար­մար տուն մը, բայց ոչ ոք ցան­կա­ցաւ այդ գիւ­ղը եր­թալ, քա­նի որ ան սահ­մա­նամերձ տա­րածք էր։

Մեր այս զրոյցնե­րու պա­հուն էր, որ մուտք գոր­ծեց «Վե­կա» ըն­կե­րու­թեան բեռ­նա­տար մե­քենան, որուն բեռ­ցո­ւած էր բազ­մա­թիւ ան­կո­ղին­ներ եւ ան­կողնա­յին պա­րագա­ներ։ Երի­տասարդներ իս­կոյն փու­թա­ցին եկած բե­ռը դէ­պի հա­մայնքա­պետա­րանի շտե­մարա­նը փո­խադ­րե­լու։ Ար­տակ յայտնեց թէ ամե­նամեծ կա­րիքը կայ ան­կողնա­յին պա­րագա­ներու հան­դէպ։ «Մենք եւս ապա­հոված ենք մահ­ճա­կալ­ներ, բայց տա­կաւին կա­րիքը կը շա­րու­նա­կուի»։ Ար­տա­կի այս բա­ցատ­րութեան հաս­տա­տու­մը եղաւ մեր այ­ցե­լու­թիւնը դէ­պի հա­րեւան տա­րած­քի ման­կա­պար­տէ­զին։

Եղա­նակը թոյլ չէր տար, որ երե­խէք օգ­տո­ւին ման­կա­պար­տէ­զի բա­կի խա­ղավայ­րէն։ Բայց ին­չը՞ ար­գելք կրնար ըլ­լար որ անոնք ու­րախ ճի­չերով իրենց սքու­թըրնե­րու վրայ սու­րա­յին ման­կա­պար­տէ­զի նրբանցքին։ Յա­ճախ բա­խէին իրա­րու եւ ծի­ծաղ­նե­րու մէջ գե­տին գլո­րէին։

Անոնց ու­րա­խու­թիւնը թա­փան­ցած էր նաեւ մեզ։ Կը դի­տէի անոնց ու­րախ խա­ղը։ Նոյն պա­հուն Պերճ ալ կը փոր­ձէր այդ խա­ղի երե­ւոյ­թը ան­մա­հաց­նել իր առած լու­սանկար­նե­րով։ Նշմա­րեցի թէ բո­լորիս դէմ­քե­րուն յայտնո­ւած էր լայն ժպիտ մը։ Նոյ­նիսկ այդ բա­խումնե­րու պա­հուն հա­ւանա­կան վի­րաւո­րու­մի մը դէմ զի­րենք զգու­շացնող չա­փահաս­ներն ալ կը բաժ­նէին այդ նոյն լայն ժպի­տը։

Երբ տղոց խա­ղը մէկ կողմ դնե­լով մտանք ման­կա­պար­տէ­զի սե­նեակ­նե­րուն մէջ, ժպի­տը իր տե­ղը թո­ղուց թա­խիծի։ Այստեղ տխուր էր պատ­կե­րը, երբ երեք ըն­տա­նիք­նե­րու 18 ան­դամներ կը բաժ­նէին ման­կա­պար­տէ­զի ըն­դարձակ դա­սարան­նե­րէն մէ­կը, ուր միակ կա­րասին էր կողք կող­քի դի­զուած մահ­ճա­կալ­նե­րը։ Չա­փահաս մար­դիկ, իւ­րա­քան­չիւրը անո­րոշու­թեան ճի­րան­նե­րուն մէջ, կը փոր­ձէր օր աւար­տին հասցնել, որ­պէսզի յա­ջորդ օր նոյն անո­րոշու­թիւնը կրկին ու կրկին ապ­րին։ Անոնցմէ մէ­կը հի­ւանդ էր եւ կա­րողու­թիւն չու­նէր նոյ­նիսկ ան­կողնէն դուրս գա­լու։ Այս սե­նեակին մէջ մե­ծամաս­նութիւն կը կազ­մէին կա­նայք։ Բո­լորն ալ իր կար­գին պատ­մե­լիք հա­զարա­ւոր հո­գեր ու­նէին։ Հոս եւս լսե­ցինք դու­ռը կղպե­լով դուրս գա­լու եւ ճիշդ հա­կառա­կը դուռն ու պա­տու­խա­նը բաց թող­նե­լով տու­նէն հե­ռանա­լու դրո­ւագ­ներ։

Ար­դէն տե­սած էինք ինչ որ կը կար­ծէինք։ Այդ պա­հուն մարդ ակա­մայ կը յի­շէ պատ­մութեան հին էջե­րը։ Ես ան­ձամբ այդ էջե­րու մէկ մա­սը լսե­լով գի­տեմ իմ նախ­կիննե­րէն։ Բայց պատ­մութիւ­նը դա­ժան է եւ նման պատ­կե­րի եւս ակա­նատես եղած եմ այս ան­գամ 1990-ական տա­րեթի­ւերուն, երբ հոսք մը կար նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նէն դէ­պի Թուրքիա, օտար ափե­րու վրայ աշ­խա­տու­թիւն փա­րելու հա­մար։

Այ­սօ­րուայ նման կը յի­շեմ քա­ռայարկ շէն­քը Գումգա­բուի մէջ, ուր այ­ցե­լած էինք Սա­թիկի՝ մեր սի­րելի Հո­վիկի ու Գա­յիանէի առա­ջին զաւ­կի՝ Սա­թենի­կի ծնունդը շնոր­հա­ւորե­լու հա­մար։ Այդ օր ալ մե­րօրեայ պան­դուխտներ հա­ւաքո­ւած էին սե­նեակի մը շուրջ, իւ­րա­քան­չիւրը իր հետ բե­րած էր զա­նազան թխո­ւած­քե­ղէն, շա­քարե­ղէն եւ խմիչքներ։ Ան­դին տա­րեց վրա­ցու­հի մը օճա­խի վրայ կը պատ­րաստէր հա­ւու ճաշ մը։

Հի­մա ալ նման պատ­կեր մըն է գո­յացա­ծը, կար­ծես թէ հա­լածո­ւած ժո­ղովուրդի մը բե­կոր­նե­րը դա­տապար­տո­ւած ըլ­լան որոշ հեր­թա­կանու­թեամբ նոյն զրկանքնե­րը ճա­շակե­լու։

Այդ տրա­մադ­րութիւ­նով ու­զե­ցինք հե­ռանալ ման­կա­պար­տէ­զէն, երբ Պերճ իմաց տո­ւաւ ըսե­լով թէ պէտք է այ­ցե­լենք վե­րի յար­կի նման սե­նեակ մը եւս։

Բո­լորիս ալ աչ­քե­րը թաց էր

  Երբ այս երկրորդ սե­նեակէն դուրս կու գա­յինք բո­լորիս ալ աչ­քե­րը թաց էր։ Հոս ծա­նօթա­ցանք ըն­տա­նիքի մը հետ, որոնք թէ Ստե­փանա­կերտ եւ թէ հա­րեւան գիւ­ղի մէջ ու­նէին եր­կուքն ալ երկյար­կա­նի տու­ներ։ Եօթը հո­գիէ բաղ­կա­ցող ըն­տա­նիքի մէջ աւագ որ­դին Բժշկա­կան հա­մալ­սա­րանի եր­րորդ դա­սարա­նի ու­սա­նող է, իսկ դուստրը ին­նե­րորդ դա­սարա­նի աշա­կերտ։ Մնա­ցեալ երեք երա­խանե­րը ալ աւե­լի փոքր տա­րիքի են։ Թէ աւագ որ­դին եւ թէ դուստրը այս պա­հուն ընդհա­տած են իրենց ու­սումը։ «Ես քո­լէժի աշա­կերտ էի, բայց հի­մա Ար­տա­շատի մէջ ստի­պուե­ցայ սո­վորա­կան երկրորդ վար­ժա­րան եր­թալ»։ Այսպէս կը յայտնէ իր զրկան­քը աշա­կեր­տուհին։ Իսկ ըն­տա­նիքի հայ­րը կ՚ափ­սո­սայ ամէն ինչ ետին թո­ղած ըլ­լա­լուն։

Ար­ցա­խի հա­յաթա­փու­մը ու­նի միակ նշա­նակու­թիւն մը, որն է հայ ժո­ղովուրդի իր հա­րազատ երկրի կո­րուստը։ 108 տա­րիներ վերջ կրկնո­ւող այս դէպ­քը լոկ այս յատ­կութիւ­նով խիստ խո­ցելի է իւ­րա­քան­չիւր հա­յու հա­մար։

Բա­զում փոր­ձե­րով մին­չեւ օրս կ՚ապ­րինք արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի կո­րուստին պատ­ճա­ռած կսկի­ծը։ Այստեղ նշա­նակու­թիւն ու­նի այն, որ հա­յը որ­պէս մշակ ժո­ղովուրդ սեր­տօ­րէն կա­պուած է իր հա­րազատ հո­ղին։ Այդ հո­ղի վրայ կեր­տած է մշա­կոյթ։ Հողն ու հայ­րե­նի եր­կի­րը նոյն փո­խաբե­րական իմաստն ու­նին։ Հե­տեւա­բար հայ­րե­նազրկու­թիւնը եւ հա­ցազրկու­թիւնն ալ դիւ­րաւ կը նոյ­նա­նան իբ­րեւ կո­րած ար­ժէ­քի խորհրդա­նիշ։

Մենք հան­դի­պումնե­րու ըն­թացքին փոր­ձե­ցինք ան­ձե­րու ան­հա­տական կո­րուստնե­րը ընդգծել եւ իբ­րեւ ամ­բողջա­կան պատ­կեր փո­խան­ցել մեր ըն­թերցող­նե­րուն։

Անձնա­կան, ան­հա­տական նաեւ ըն­տա­նեկան կո­րուստի կող­քին կայ նաեւ ազ­գա­յին, հա­ւաքա­կան կամ ամ­բողջա­կան կո­րուստ մըն ալ։

Տե­սակ­ցութիւննե­րու ըն­թացքին մեր խօ­սակից­նե­րը յա­ճախ անդրա­դար­ձան նաեւ կո­րուստի այս տե­սակին ալ։ Անոնք ներ­կայ պա­հուն յայտնո­ւած են իրո­ղու­թեան եւ զգա­ցակա­նու­թեան մի­ջեւ հա­կասու­թիւննե­րու մէջ։ Ոմանք այդ զգա­ցակա­նու­թե­նէ դրդո­ւած կու յու­սան թէ պայ­մաննե­րը կը բա­րելա­ւուի ու առիթ կ՚ու­նե­նան վե­րադառ­նալ իրենց հայ­րե­նի եր­կի­րը եւ վերստին կը շէ­նաց­նեն ըն­տա­նեկան օճա­խը։ Այդ նոյն յոյ­սը տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ սնու­ցած էին նաեւ բազ­մա­թիւ սաս­նե­ցիներ, իգ­տիրցի­ներ, ալաշ­կերտցի­ներ եւ այլք, որոնք վեր­ջա­պէս հա­մակեր­պե­ցան իրենց ապաս­տա­նած հո­ղերու վրայ նոր կեանք կեր­տե­լու գա­ղափա­րին։

Կարգ մը ար­ցա­խահա­յեր այդ հա­մոզու­մին հաս­նե­լու հա­մար տաս­նա­մեակ­նե­րու կա­րօտ ալ չեն։ Անոնք հա­մոզո­ւած են թէ Ար­ցա­խը այ­լեւս կո­րու­սեալ հայ­րե­նիք մըն է իրենց հա­մար, որուն յի­շատա­կը վառ պի­տի պա­հեն յա­ջոր­դող սե­րունդնե­րուն ալ։

(Հոդվածաշարի առաջին մասի համար):

Ցեղային զտումը, իբրեւ ցեղասպանութեան տարբերակը


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ