Հանրապետութեան դարադարձը բեւեռացած հասարակութեան մէջ

29Հոկտեմբերին ամբողջ երկրի մէջ նշուեցաւ հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակը։

Դարադարձը բնականաբար կը պահանջէր սովորականէն աւելի մեծ եռանդով յիշատակում։ Սակայն Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը այդքան ալ հաշտ չէր հանրապետութեան հետ, քանի որ ան վերջ դրած էր կրօնական հիմքերու վրայ կառուցուած պետական համակարգին։ Օսմանեան Սուլթանի հետ գահընկէց եղած էր խալիֆայի աստիճանը եւս, որ թագաւորին կը պարգեւէր ամբողջ մահմետականութեան առաջնորդի կոչումը։

Մնաց որ հանրապետութիւնը ապագայի նկատմամբ իր հեռանկարը ուղղած էր դէպի արեւմտեան քաղաքակրթութիւն։ Այդ պատճառաւ ալ արդէն բեւեռացած հասարակութեան մէջ հանրապետական տօնը ընդդիմադիրներու համար դրօշակի մը վերածուեցաւ, որ պիտի ճօճէին յետադիմական շարքերուն դիմաց։ Բարեբախտաբար նման անելներէ դուրս գալու նիւթին մէջ մեծ վարպետութիւն ունի նախագահ Էրտողան եւ այս անգամ ալ առիթէն օգտուեցաւ առանց կողմերէն մէկը խրտչեցնելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ