Ճան Աթալայ դարձեալ ճաղերու ետին

Թուրքիոյ դա­­տական հա­­մակար­­գը, որ հետզհե­­տէ ալ աւե­­լի կը հե­­ռանայ իրա­­ւագի­­տու­­թեան բո­­լոր սկզբունքնե­­րէ, վեր­­ջերս ան­­գամ մը եւս գայ­­թակղե­­ցու­­ցիչ որո­­շում մը առ­­նե­­­լով մեր­­ժեց Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան ատեանի վճի­­ռի կի­­րար­­կումը։

Երկրի բարձրա­­գոյն դա­­տարա­­նը հան­­դի­­­սացող Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան ատեանը քննար­­կե­­­լով իրա­­ւապաշտպան Ճան Աթա­­լայի թղթած­­րա­­­րը, որո­­շում կա­­յացուց ան­­մի­­­ջապէս ազատ ար­­ձակման, 50 հա­­զար ԹԼ բա­­րոյա­­կան տու­­գանքի հա­­տուցման եւ երես­­փո­­­խանա­­կան ան­­ձեռնմխե­­լիու­­թեան վեր­­ջա­­­նալէն ետք կրկին դա­­տուե­­լուն։

Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան ատեանը իր այս որո­­շու­­մը ու­­ղարկեց 13-րդ Եղեռ­­նա­­­դատ ատեան, անհրա­­ժեշտ գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը կա­­տարե­­լու հա­­մար։

Գլխա­­ւորու­­թեամբ Աթա­­լայի փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու, հա­­սարա­­կու­­թիւնը յու­­սադրո­­ւած էր թէ յա­­ջոր­­դող ժա­­մերու ըն­­թացքին ազատ կ՚ար­­ձա­­­կուի Թուրքիոյ Բա­­նուո­­րական Կու­­սակցու­­թեան Հա­­թայի երես­­փո­­­խան Ճան Աթա­­լայ։ Սա­­կայն ի զուր մնա­­ցին այդ յոյ­­սե­­­րը, քա­­նի որ դա­­տարա­­նը դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով ձգձգեց որո­­շու­­մը եւ 30 Հոկ­­տեմբեր եր­­կուշաբ­­թի օր ալ նիւ­­թը փո­­խան­­ցեց Վճռա­­բեկ ատեան։

Կա­­տարո­­ւածը բա­­ցի ող­­բերգա­­կան ըլ­­լա­­­լէ, հետզհե­­տէ դար­­ձած է ծի­­ծաղե­­լի երե­­ւոյթ մը երկրի ար­­դա­­­րու­­թեան հա­­մակար­­գի սնան­­կացման ապա­­ցոյց մը ըլ­­լա­­­լով։

Նա­­խապէս նման մե­­ղադ­­րանքնե­­րով դա­­տուած զա­­նազան քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչներ ճիշդ ալ նման վճիռ­­նե­­­րով ազատ ար­­ձա­­­կուած էին։ Յայտնի է որ 13-րդ Եղեռ­­նա­­­դատ ատեանը այս բո­­լորը զանց կ՚առ­­նէ ոչ թէ իր ազատ կամ­­քով, այլ գոր­­ծադրո­­ւած ճնշումնե­­րու բեր­մամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ