Հանրապետութեան Տօնին Առթիւ Շնորհաւորութիւններ

Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին առ­թիւ քա­ղաքիս մէջ 28 Հոկ­տեմբեր 2023, Շա­բաթ, ժա­մը 20.00-ին Ոս­կեղջիւ­րի Րիք­սոս Թէր­սա­նէ սրա­հին կա­յացաւ Իս­թանպու­լի Կու­սա­կալ Տա­վուտ Կիւ­լի սար­քած շնոր­հա­ւորա­կան ըն­դունե­լու­թիւնը։ Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը, իր կող­քին ու­նե­նալով Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեանը, մաս­նակցե­ցաւ սոյն ըն­դունե­լու­թեան եւ շնոր­հա­ւորեց Մե­ծայարգ Կու­սա­կալը։

Իսկ 29 Հոկ­տեմբեր 2023, Կի­րակի, ժա­մը 9.30-ին Կու­սա­կալու­թեան մէջ սար­քո­ւած պաշ­տօ­նական շնոր­հա­ւորա­կան ըն­դունե­լու­թեան յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռի մաս­նակցե­ցան Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ Թա­ղային Խոր­հուրդի Ատե­նապետ՝ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան եւ ան­դամնե­րէն՝ Մի­նաս Արսլան։

Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը, Կի­րակի առա­ւօտ, իր կող­քին ու­նե­նալով Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւագ Քա­հանան, ժա­մը 10.00-ին օդա­յին ճամ­բով մեկ­նե­ցաւ Ան­գա­րա եւ 12.30-ին Պէշ­թէ­փէյի Նա­խագա­հական Պա­լատի մէջ շնոր­հա­ւորեց Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ՝ Վսե­մաշուք Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տօ­ղանը։ Սոյն ըն­դունե­լու­թեան ներ­կայ էին նաեւ Յու­նաց Բար­թո­ղիմէոս Տիեզե­րական Պատ­րիար­քը, Հրէից Րա­բու­նա­պետ՝ Րավ Իզաք Հա­լէվա, Ասո­րի Ուղղա­փառաց Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Մոր Ֆի­լիւքսի­նոս Եու­սուֆ Չէ­թին Մետ­րո­պոլիտ։ Հայ հա­մայնքէն ներ­կայ էին Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նոցի Հո­գաբար­ձութեան Ատե­նապետ՝ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու, Գա­րակէօզեան Տան Խնա­մակա­լու­թեան Ատե­նապետ՝ Տիգ­րան Կիւլմէզ­կիլ, Ժա­մանակ Օրա­թեր­թի Աւագ Խմբա­գիր՝ Արա Գո­չու­նեան։

Ըն­դունե­լու­թեան մաս­նա­կից հո­գեւո­րական­ներ ժա­մը 15.00-ին Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի մաս­նա­ւոր օդա­նաւով Իս­թանպուլ հա­սան եւ ուղղուեցան Վոս­փո­րի Արե­ւելեան ափին՝ Վահ­տէտտի­նի Ապա­րան­քի պար­տէ­զը ու մաս­նակցե­ցան պաշ­տօ­նական հիւ­րե­րու ներ­կա­յու­թեամբ սար­քո­ւած հան­դէ­սին, որու ըն­թացքին ներ­կա­ներ հե­տեւե­ցան Ծո­վային Ու­ժե­րու Հրա­մանա­տարու­թեան են­թա­կայ նա­ւատոր­մէն 100 մար­տա­նաւե­րու շքեր­թին, նաեւ օդա­յին ու­ժե­րու սա­ւառ­նակնե­րու հան­դի­սաւոր թռիչքնե­րուն։

Բաց աս­տի մեր Հո­գեւոր Պե­տը գրա­ւոր շնոր­հա­ւորա­կան մը ու­ղարկեց Հան­րա­պետու­թեան Վսե­մաշուք Նա­խագա­հին եւ յա­նուն հայ հա­մայնքին բա­րեմաղ­թութիւններ յղեց օրո­ւան տօ­նին առիթով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ