Պատերազմը վերջացաւ հապա թշնամութիւնը՞

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Այսօր մեր ուղղու­­թիւնը հա­­րած է դէ­­պի Կիւմրի։ Նա­­խապէս ալ նման զգա­­ցումնե­­րը ապ­­րած ըլ­­լա­­­լուս չեմ զար­­մա­­­նար։ Կիւմրի քա­­ղաքի անու­­նը յի­­շելով իմ մէջ կը վե­­րակեն­­դա­­­նանան ան­­ցեալի յա­­տուկ բա­­զում ապ­­րումներ։ Միտքս կ՚եր­­թայ 1986-ի Սեպ­­տեմբեր ամ­­սուն եւ ես ինձ կը գտնեմ Գա­­յիանէ քոյ­­րի­­­կի հետ Կիւմրիի շու­­կան։ Լա­­ւաշ կը գնենք ազե­­րի կնոջ­­մէն, որուն կը հան­­դի­­­մանէ Գա­­յիանէ քոյ­­րի­­­կը։ Ին­­չո՞ւ բար­­կա­­­ցար կը հարցնեմ Գա­­յիանէին եւ սիրտս կը նեղ­­նայ իր պա­­տաս­­խա­­­նով։ «Թող հա­­յերէն խօ­­սի, այստեղ Ռու­­սաստան չէ»։ Այդ տա­­րինե­­րուն Կիւմրիի շու­­կա­­­յին մէջ կա­­րելի է, հան­­դի­­­պել մա­­լաքան­­նե­­­րուն, որոնք եւս ռու­­սա­­­խօս էին։ Գա­­յիանէն շու­­տով ձեր­­բա­­­զատո­­ւած էր այդ բար­­կութեան կար­­ճա­­­տեւ նո­­պայէն եւ աչ­­քով ցոյց կու տար հայ շար­­ժանկա­­րի առաս­­պե­­­լական դե­­րասան Մհեր Մկրտի­­չեանը, կամ կիւմրե­­ցինե­­րու անո­­ւանու­­մով Ֆրունզի­­կը, որ նոյն շու­­կա­­­յին մէջ գնումներ ընե­­լով ման կու գար։ Այ­­սօ­­­րուայ նման կը յի­­շեմ Գա­­յիանէի հպարտ պար­­ծանքը երբ մատ­­նա­­­ցոյց կ՚ընէր նո­­րակա­­ռոյց ինը յար­­կա­­­նի շէն­­քե­­­րը։ Շէն­­քեր՝ որոնք հա­­զիւ եր­­կու տա­­րի անց գետ­­նին պի­­տի հա­­ւասա­­րէին ահա­­ւոր երկրա­­շար­­ժի հե­­տեւան­­քով։ Ար­­դէն այդ երկրա­­շար­­ժէն ետք իմ Կիւմրիուայ յի­­շատակ­­նե­­­րու մէջ քա­­ղաքը իր փլա­­տակ­­նե­­­րով պի­­տի դրոշ­­մո­­­ւէր միայն։ Փլա­­տակ­­նե­­­րով՝ եւ մեր մատ­­նո­­­ւած ահ­­ռե­­­լի ձնձու­­մով։ Օրը օրին չէինք գի­­տակ­­ցած պա­­տահա­­ծին ահ­­ռե­­­լիու­­թեան։ Հա­­զիւ քա­­նի մը օր անց ուշքի եկանք թէ ինչ պա­­տահած էր այդ չքնաղ քա­­ղաքի մէջ։ Քա­­րու­­քանդ եղած էին Գա­­յիանէին այդքան մեծ հպար­­տութիւն պատ­­ճա­­­ռող ինը յար­­կա­­­նինե­­րը։ Այս ան­­գամ բո­­լորը կը խօ­­սէին գո­­ղացո­­ւած ցե­­մեն­­տի մա­­սին։ Յի­­շատակ­­նե­­­րը կը խու­­ժէին մտքիս եւ չէին ար­­տօ­­­նէր որ միտքս սե­­ւեռեմ ներ­­կայ աղէ­­տին։ Աղէ­­տի սաստկու­­թեան գի­­տակ­­ցե­­­լով հա­­մոզո­­ւեցանք թէ պար­­տա­­­ւոր ենք բա­­ներ մը ընե­­լու։ Բա­­ներ մը՝ բայց ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս։ Կը յի­­շեմ որ նախ փու­­թա­­­ցինք խորհրդա­­յին զբօ­­սաշրջու­­թեան եւ Օդա­­յին ճա­­նապար­­հորդու­­թեան ըն­­կե­­­րու­­թեան «Աէրօֆ­­լոտ»ի գրա­­սենեակը։ Այնտեղ լսե­­ցինք որ Մոս­­կո­­­ւայէն յա­­տուկ հրա­­հանք ստա­­ցած են երկրա­­շար­­ժի աղէ­­տեալ­­նե­­­րուն հա­­մար ու­­ղարկո­­ւած բե­­ռը եւ անձնա­­կազ­­մը անվճար տեղ հասցնե­­լու հա­­մար։ Այ­­լեւս ար­­գելք մը չէր մնա­­ցած որ շարժման անցնինք եւ օգ­­նութիւ­­նը փու­­թացնենք Հա­­յաս­­տան։

Ապա որո­­շեցինք նաեւ օգ­­նութիւ­­նը փո­­խադ­­րող բեռ­­նա­­­տար­­նե­­­րուն ըն­­կե­­­րակ­­ցիլ մին­­չեւ Հա­­յաս­­տան։ Այս նիւ­­թով կա­­մաւոր եղած էինք ես, Եդո­­ւարդ Թով­­մա­­­սեան եւ բժիշկ Պար­­գեւ Պա­­լըմեան։ Մեր սո­­վետա­­կան վի­­զայի կար­­գադրու­­թեան խնդի­­րը յանձնո­­ւեցաւ Կար­­պիս Ու­­ղուրլո­­ւեանին։ Ինչ-ինչ պատ­­ճառնե­­րով չստա­­ցուե­­ցաւ այն վի­­զան։ Բեռ­­նե­­­րը փո­­խադ­­րո­­­ւեցան Թուրքիոյ Կար­­միր Մա­­հիկի երեք բեռ­­նա­­­տար­­նե­­­րով, իսկ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ անոնք դի­­մաւո­­րեցին Կար­­պիս Ու­­ղուրլո­­ւեան եւ Գէորգ Պիւ­­յիւքյա­­կոբեան, որոնք Մոս­­կո­­­վայի ճամ­­բով նա­­խապէս ժա­­մանած էին Հա­­յաս­­տան։

Յի­­շատակ­­նե­­­րը կրկին կը տո­­ղան­­ցեն մտքիս մէջ դար­­ձեալ դէ­­պի 1986 թո­ւական, երբ Երե­­ւանէն Կիւմրի տա­­նող մայ­­րուղիէն շե­­ղելով Օն­­նի­­­կի ինքնա­­շար­­ժը կանգ առած էր Ու­­ճան գիւ­­ղի հրա­­պարա­­կը, Զօ­­րավար Անդրա­­նիկի յու­­շարձա­­նի մօտ։ Այդ կար­­ճա­­­տեւ դա­­դարի պա­­հուն զրու­­ցած էինք տա­­րեց գիւ­­ղա­­­ցինե­­րու հետ, որոնք Զօ­­րավար Անդրա­­նիկի կա­­մաւոր­­նե­­­րու շա­­ռաւիղ­­ներն էին։ Պատ­­մե­­­ցին թէ ինչպէս յա­­ջողած էին նախ յու­­շարձա­­նը տե­­ղադ­­րել եւ ապա այդ մա­­սին իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու թոյլտո­­ւու­­թիւնը ապա­­հովել։

Այժմ Սու­­րէն վար­­պե­­­տի ինքնա­­շար­­ժը կը սու­­րայ կրպու­­ղիի վրայ եւ մենք ճամ­­բու աջափ­­նեայ հա­­տուա­­ծին կը բա­­րեւենք երկրա­­շար­­ժի աղէ­­տեալ­­նե­­­րու օգ­­նութիւն փու­­թացնե­­լու առա­­քելու­­թեան պա­­հուն ջար­­դո­­­ւած ինքնա­­թիռի զո­­հեալ անձնա­­կազ­­մը։ Այս յու­­շարձա­­նը կա­­ռու­­ցո­­­ւած է խոր­­տա­­­կուած ինքնա­­թիռի բե­­կոր­­նե­­­րով իբ­­րեւ երախ­­տիք նախ­­կին Եու­­կոսլա­­ւիոյ քա­­ղաքա­­ցի փրկա­­րար­­նե­­­րուն։ Վեր­­ջա­­­պէս հա­­սած ենք Կիւմրի եւ կանգ կ՚առ­­նենք հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութեան մը մօտ, որ կը կո­­չուէր «Մայր Աթոռ Կիւմրիի Հա­­յոր­­դեաց Տուն»։ Այստեղ եւս դի­­մաւո­­րուե­­ցանք կազ­­մա­­­ւորու­­թեան վա­­րիչ­­նե­­­րու կող­­մէ եւ իրենցմէ լսե­­ցինք Կիւմրի ապաս­­տա­­­նած գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու մա­­սին։ Հա­­մեմա­­տաբար աւե­­լի նո­­ւազ են Կիւմրի եկող գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րը, որոնք ինչպէս նա­­խորդ այ­­ցե­­­լավայ­­րե­­­րուն այստեղ եւս գտած են կեան­­քը շա­­րու­­նա­­­կելու անհրա­­ժեշտ բո­­լոր մի­­ջոց­­նե­­­րը։ Սա­­կայն ով կրնայ պնդել թէ այդ մի­­ջոց­­նե­­­րուն տի­­րանա­­լը պի­­տի կա­­րենայ սփո­­փել հայ­­րե­­­նիքի կո­­րուստը։ Ու­­րեմն այստեղ դար­­ձեալ մեզ սպա­­սողը ապ­­րո­­­ւած այդ մեծ կո­­րուստնե­­րու դի­­մաց մխի­­թարու­­թեան կա­­րօտ տնա­­զուրկ ժո­­ղովուրդ մըն էր։

Այս այ­­ցե­­­լու­­թիւնը առիթ պար­­գե­­­ւեց որ մենք առա­­ջին ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով հան­­դի­­­պինք հա­­րազա­­տի մը, որուն գո­­յու­­թե­­­նէն տե­­ղեակ էինք բայց չէինք ար­­ժա­­­նացած ան­­ձամբ ծա­­նօթա­­նալու։

Միւս կող­­մէ միտքս տեն­­չող հար­­ցում մըն էր Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ «Հա­­յոր­­դեաց տուն» անո­­ւանու­­մը։ Հա­­յաս­­տա­­­նէ ներս իմաստ կրնար ու­­նե­­­նալ «Ռու­­սորդեաց տուն», «Ասո­­րոր­­դեաց տուն» կամ «Էզ­­դիոր­­դեաց տուն» անո­­ւանումնե­­րը, իբ­­րեւ փոք­­րա­­­մաս­­նութեան հա­­մայնքնե­­րու հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ։ Ամէն պա­­րագա­­յի այս տե­­սակ նիւ­­թե­­­րը վի­­ճաբա­­նիլը բա­­ւական դժո­­ւար է հա­­յաս­­տանցի­­ներու հետ։ Մենք՝ որ­­պէս փոք­­րա­­­մաս­­նութեան ան­­դամներ գերզգա­­յուն ենք խտրա­­կանու­­թիւն նկա­­րագ­­րող բո­­լոր ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րու հան­­դէպ, իսկ երկրի մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը կազ­­մողնե­­րը չեն անդրա­­դառ­­նար իսկ այդ թա­­գուն խտրա­­կանու­­թեան։

Վեր­­ջա­­­պէս այստեղ դար­­ձեալ հան­­դի­­­պեցանք այս կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ապաս­­տա­­­նած ար­­ցա­­­խահայ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու։ Հոն եւս նկա­­տեցինք կազ­­մա­­­կեր­­պեալ աշ­­խա­­­տու­­թիւն, բռնի տե­­ղահա­­նուած ժո­­ղովուրդի մատ­­նո­­­ւած դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը կա­­րելի եղած չա­­փով չէ­­զոքաց­­նե­­­լու հա­­մար։ Այստեղ ապա­­հովո­­ւած է նաեւ ճա­­շաս­­րա­­­հի մը դրու­­թիւն եւ նաեւ զա­­նազան բնոյ­­թի օգ­­նութիւննե­­րը բաշ­­խե­­­լու հա­­մար կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած կեդ­­րոն։

Կիւմրիին յա­­ջոր­­դեց մեր վեր­­ջին այ­­ցե­­­լավայ­­րը Ծաղ­­կա­­­ձորի հան­­դի­­­պումնե­­րը։ Ծաղ­­կա­­­ձոր հա­­յաս­­տա­­­նեան մարմնա­­մար­­զութեան կա­­րեւոր կեդ­­րոննե­­րէն մէ­­կը դար­­ձած է։ 1980-ի Մոս­­կո­­­վեան ողիմ­­պիական խա­­ղերու նա­­խօրեակին այստեղ կա­­ռու­­ցո­­­ւած էր յա­­տուկ հա­­մալիր մը, ուր կը պատ­­րաստո­­ւէին բա­­ցի Հա­­յաս­­տա­­­նէն, Խորհրդա­­յին Միու­­թեան զա­­նազան հան­­րա­­­պետու­­թիւննե­­րէն ժա­­մանած մար­­զիկներ։ Բայց մենք ուղղո­­ւած ենք ոչ թէ սպորտ պա­­զա, այլ Երե­­ւանի Պե­­տական Հա­­մալ­­սա­­­րանի եր­­բեմնի հանգստա­­տու­­նը։ Վե­­րանո­­րոգ­­ուած հսկայ շէն­­քի մը մուտքին ենք եւ մեր հա­­յաս­­տանցի բա­­րեկամ­­նե­­­րը հոս եւս բե­­րած են ապաս­­տա­­­նեալ­­նե­­­րուն հա­­մար մատ­­չե­­­լի, տնա­­յին եւ մա­­նաւանդ ալ խո­­հանո­­ցային սար­­քեր։ Եկած ապ­­րանքը ձեռք ձեռ­­քի կը փո­­խադ­­րո­­­ւի շէն­­քէն ներս եւ կը պատ­­րաստո­­ւի ստա­­ցագիր­­նե­­­րը։ Կրկին ան­­գամ կը վկա­­յենք թէ այս գոր­­ծընթա­­ցին մէջ կը տի­­րէ լուրջ թղթա­­բանու­­թիւն մը։ Օգ­­նութիւն առա­­քող­­նե­­­րը իրենց բե­­րած­­նե­­­րուն հա­­մար, իսկ օգ­­տուող­­նե­­­րը իրենց ստա­­ցած­­նե­­­րուն հա­­մար կը ստո­­րագ­­րեն որոշ փաս­­տա­­­թուղթեր։ Մեր վե­­րադառ­­նա­­­լէն ետք է, որ մա­­մու­­լի էջե­­րէն վե­­րահա­­սու կ՚ըլ­­լանք Ար­­ցա­­­խէն բռնի տե­­ղահա­­նուած­­նե­­­րուն Հա­­յաս­­տանի քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն ստա­­նալու հա­­մար կա­­տարած դի­­մումնե­­րուն։ Ահա­­ւասիկ իրո­­ղու­­թիւն մը, որուն չէինք անդրա­­դար­­ձած մեր Հա­­յաս­­տա­­­նեան աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին օրե­­րուն։ Այս ժո­­ղովուրդը շուրջ 30 տա­­րինե­­րէ ի վեր Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան քա­­ղաքա­­ցիներ էին եւ այժմ այդ հան­­րա­­­պետու­­թիւնը իր սե­­փական կա­­ռավա­­րու­­թեան որո­­շու­­մով լու­­ծո­­­ւած է։

Այսքա­­նը բա­­ւարար է հասկնա­­լու հա­­մար թէ որ­­քան անհրա­­ժեշտ կա­­րիք մըն է ու­­նե­­­նալ Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն։

Ծաղ­­կա­­­ձորէն վե­­րադար­­ձը նաեւ մեր վեր­­ջին գի­­շերն էր Երե­­ւանի մէջ։ Այդ գի­­շերը ար­­ժե­­­ւորե­­ցինք տե­­ղացի բա­­րեկամ­­նե­­­րու հետ հա­­մախմբո­­ւելով։ Ինչպէս նա­­խորդ յօ­­դուած­­նե­­­րուն մէջ ալ նշած էինք, դէ­­պի Հա­­յաս­­տան ճամ­­բորդու­­թեան մե­­ծագոյն դժո­­ւարու­­թիւնն է ինքնա­­թիռ­­նե­­­րու, թռիչ­­քի կամ վայ­­րէ­­­ջի ժա­­մերը։ Ար­­դա­­­րեւ առա­­ւօտո­­ւայ ամե­­նակա­­նուխ ժա­­մերուն լու­­սա­­­ծագէն ալ առաջ հա­­սանք Զո­­ւարթնոց Օդա­­կայա­­նը եւ երկժա­­մեայ թռիչ­­քով հա­­սանք Իս­­թանպուլ։

Վե­­ցօրեայ աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին այ­­ցե­­­լու­­թիւնը աւար­­տին հաս­­ցուցած էինք, բայց մեր ապ­­րած տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը եւ յու­­շե­­­րը յայտնի է, որ տա­­կաւին եր­­կար տա­­րիներ կ՚ազ­­դեն մեր վրայ։

Մարդկա­­յին կամ տա­­րած­­քա­­­յին կո­­րուստնե­­րը որ­­քան ալ ան­­հա­­­մեմա­­տելի ըլ­­լան, պա­­տահա­­ծը իր էու­­թեամբ նոր ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն մըն էր։ Այս ան­­գամ թէեւ աւե­­լի պատ­­շաճ կը հնչէր «ցե­­ղային զտում» եզ­­րը, բայց մենք ան­­գամ մը եւս կը յի­­շէինք Հրանդ Տին­­քի հե­­տեւեալ հաս­­տա­­­տու­­մը. «Եթէ նոյ­­նիսկ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը բամ­­պակնե­­րու փա­­թաթե­­լով ամե­­նահանգստա­­ւէտ նոյ­­նիսկ ոս­­կեայ ինքնա­­թիռ­­նե­­­րով իր բնօր­­րա­­­նէն վերցնէք եւ ու­­րիշ եր­­կիր մը տա­­նիք, նոյնն է, կա­­տարո­­ւածը ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն է»։

Այս աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին ծրա­­գիրը որո­­շած էինք զերծ պա­­հել քա­­ղաքա­­կան բո­­լոր բնոյ­­թի բա­­նավէ­­ճերէ։ Խնդի­­րը պի­­տի դի­­տար­­կէինք միայն ու միայն մարդկա­­յին երե­­սակով։ Բայց հի­­մա որ այս տո­­ղերը կը շա­­րադ­­րենք, ան­­խուսա­­փելի կը դառ­­նայ քա­­ղաքա­­կան վեր­­լուծումներն ալ։

Հա­­զիւ քա­­նի մը օր առաջ էր որ Թուրքիոյ նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան Հայ-Թրքա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն ակ­­նարկե­­լով կ՚ըսէր թէ այդ նիւ­­թի մէջ յա­­ռաջըն­­թա­­­ցը կա­­խեալ է Հա­­յաս­­տա­­­նի Ատրպէյ­­ճա­­­նի հան­­դէպ պար­­տա­­­կանու­­թիւննե­­րը կա­­տարե­­լէն։

Այս լսե­­լով յի­­շեցի 44-օրեայ պա­­տերազ­­մի աւար­­տին Էր­­տո­­­ղանի առա­­ջար­­կով մեկ­­նարկած Սեր­­տար Քը­­լըչ- Ռու­­բէն Ռու­­պի­­­նեան բա­­նակ­­ցութիւննե­­րը։ Այդ օրե­­րուն Հա­­յաս­­տա­­­նեան մա­­մու­­լի գոր­­ծիչներ մեզ հետ կապ հաս­­տա­­­տելով կը հարցնէին թէ որ­­քա­­­նով ան­­կեղծ է Էր­­տո­­­ղանի առանց նա­­խապայ­­մա­­­նի բա­­նակ­­ցութիւննե­­րու մա­­սին ըսած­­նե­­­րը։

Այժմ պա­­հը եկած է ան­­գամ մը եւս ընդգծե­­լու մեր այդ օրե­­րու հաս­­տա­­­տու­­մը։ «Եր­­բեք մի՛ վստա­­հիք»։

Կան պա­­հեր, ուր մարդ ակա­­մայ կը մտա­­ծէ երա­­նի սխա­­լած ըլ­­լա­­­յի։

(Վերջ)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ