Խաչքար Մաստարա (13-րդ դար)

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

ՀՀԱրա­գածոտ­նի մար­զի Թա­լինի տա­րածաշրջա­նի Մաս­տա­րա գիւ­ղի հիւ­սի­սային եզ­րի գե­ղատե­սիլ բար­ձունքի վրայ վեր կը խո­յանայ միջ­նա­դարեան Հա­յաս­տա­նի խաչ­քա­րային արո­ւես­տի գլուխգոր­ծոցնե­րէն մէ­կը՝ կար­միր տու­ֆէ կեր­տո­ւած, հիւ­սա­ծոյ քան­դակնե­րով զար­դա­րուած խաչ­քա­րը։ Թո­ւագ­րո­ւած է 13-րդ դա­րով։ Ու­նի շուրջ 4,5 մեթր ընդհա­նուր բարձրու­թիւն։ Լայ­նա­նիստ քի­ւի հիւ­սի­սային կո­ղին փո­րագ­րո­ւած է 12 տո­ղանի ար­ձա­նագ­րութիւն, որով Խա­չոտ անուամբ վար­դա­պետը կը յայտնէ, որ ին­քը ծնունդով մաս­տա­րացի է եւ կանգնե­ցու­ցած է այդ ահ­ռե­լի աս­տո­ւածըն­կալ սուրբ նշա­նը ի բա­րեխօ­սու­թիւն իր ծնող­նե­րուն, եղ­բայրնե­րուն, քոյ­րե­րուն, ողջ ազ­գա­տոհ­մին եւ իրեն։ Խա­չոտ վար­դա­պետը 1217 թ. մէկ այլ խաչ­քար կանգնե­ցու­ցած է Թա­լինի են­թաշրջա­նի Վե­րին Բազ­մա­բերդ գիւ­ղի մէջ` իր երկրպա­գող­նե­րու փրկու­թեան հա­մար։

2014 թո­ւակա­նին «ՈՒ­ՆԵՍՔՕ»-ի մարդկու­թեան ոչ նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան ներ­կա­յացուցչա­կան ցան­կը Հայ­կա­կան խաչ­քա­րի արո­ւես­տը, Խաչ­քա­րի խոր­հուրդը եւ խաչ­քա­րագոր­ծութիւ­նը» թե­մային նո­ւիրո­ւած եր­կու նա­մակա­նիշ դրո­ւած է շրջա­նառու­թեան, որոնցմէ մէ­կը Մաս­տա­րայի այս խաչ­քարն է։

Ժո­ղովրդա­կան շրջա­նակ­նե­րուն ըն­դունուած է «Սի­րահար­նե­րու խաչ­քար» անո­ւանու­մը։

Մաս­տա­րայի այս խաչ­քա­րը իր յօ­րինուած­քով լա­ւագոյնս կը բնո­րոշէ 13-րդ դա­րի խաչ­քա­րային արո­ւես­տը։ Անոր նա­յելով՝ կը թո­ւի թէ վար­պե­տը որո­շած է քա­րի վրայ զբա­ղուիլ ասեղ­նա­գոր­ծութեամբ, այն ալ թե­լը ոչ մի տեղ չկտրե­լու պայ­մա­նով։ Խաչ­քա­րի ամե­նաբ­նութագ­րա­կան տար­րե­րէն կա­րելի է հա­մարել խո­շոր ու ման­րամշակ կլոր վար­դեակը, որու տրա­մագի­ծը շուրջ 80 սմ է։ Վար­դեակի վրայ յե­նուող բազ­մա­թել հիւ­սա­ծոյ լայն ժա­պաւէն­նե­րով կազ­մո­ւող եւ խա­չի ստո­րին թե­ւի եր­կու կող­մե­րուն մէ­կական շքեղ ոճա­ւորո­ւած ծաղ­կե­փունջե­րու վե­րածո­ւող ուղղա­ձիգ ար­մա­ւազար­դը, ար­մա­ւային եւ շու­շա­նային ձե­ւաւո­րումնե­րով ոճա­ւորո­ւած խա­ղողի ող­կոյզնե­րը, քա­ռակու­սի, շե­ղան­կիւն, վե­ցանիստ, ու­թա­նիստ պատ­կերնե­րէն կազ­մո­ւող հիւ­սա­ծոյ եզ­րա­գօտին, հարթ նեղ ճակ­տէն եւ ըն­դարձակ քան­դա­կազարդ քի­ւը։

Ահա այսպի­սին է հի­նէն Հա­յաս­տա­նի սիր­տը հա­մարո­ւող Արա­գածոտ­նի գե­ղատե­սիլ բար­ձունքնե­րէն մէ­կուն վրայ վեր յառ­նող հայ­կա­կան միջ­նա­դարեան խաչ­քա­րային արո­ւես­տի մեկ­նաբնու­թագրա­կան խորհրդա­նիշ­նե­րէն մէ­կը՝ հրա­շազան, փա­ռահեղ եւ տիեզե­րական։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ