Ազիզիէ՝ երրորդ ոտքի ճամբան

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Երեք ամիս է ինչ, որ տու­­­նէն չեմ ելած։ Պատ­­­ճա­­­­­­­ռը՝ տե­­­սողու­­­թեանս կո­­­րուստն էր, բա­­­ռացի՝ տե­­­սողու­­­թեանս կո­­­րուստը։ Սիրտ չու­­­նիմ մար­­­դոց հան­­­դի­­­­­­­պելու ու նոյն պատ­­­մութիւ­­­նը պատ­­­մե­­­­­­­լու, ան­­­շուշտ եւ՝ նոյն խոր­­­հուրդնե­­­րը լսե­­­լու։ Քա­­­նի օր է՝ մա­­­մաս կ՛առա­­­ջար­­­կէ, որ նոր ճեր­­­մակ փայ­­­տով միասին իջ­­­նենք ու Ազի­­­զիէի փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րը շրջե­­­լու մեր հին աւան­­­դութիւ­­­նը նո­­­րոգենք։

«Ես ասի չեմ գոր­­­ծա­­­­­­­ծեր։ Ասի կոյ­­­րե­­­­­­­րուն հա­­­մար է... կամ ալ ծե­­­րուկնե­­­րու։ Չեմ ու­­­զեր։ Կար­­­ծես թէ եր­­­րորդ ոտք է...»։

***

Բայց կար­­­ծես այ­­­սօր հա­­­մոզո­­­ւեցայ։ Տու­­­նին մեջ «թըխ-թըխ, թըխ-թըխ» քա­­­լել կը փոր­­­ձեմ կոր։ Ուալ­­­լա կար­­­ծես խոշ է։ Փոր­­­ձեմ։

«Մա­­­մա, կ՛իջ­­­նե՞ս, քիչ մը Ազի­­­զիէ քա­­­լենք»։

Մա­­­մայիս ժպի­­­տը առանց աչ­­­քե­­­­­­­րու կը տես­­­նեմ։ Իրեն հա­­­մար հրա­­­շալի էր. երեք ամիս առաջ տե­­­սողու­­­թիւնը կորսնցու­­­ցած իր անդրա­­­նիկ զա­­­ւակը փո­­­փոխու­­­թիւն ցոյց տո­­­ւաւ ու որո­­­շեց վեր­­­ջա­­­­­­­պէս վե­­­րադառ­­­նալ իր առա­­­ջուայ աշ­­­խոյժ կեան­­­քին։

«Եալ­­­լա Սա­­­ղօ, եր­­­կու վայրկեանէն պատ­­­րաստ կ՛ըլ­­­լամ»։

Ազի­­­զիէ ենք՝ մեր շէն­­­քին առ­­­ջե­­­­­­­ւը։ Դան­­­դաղ կը քա­­­լենք ես, մա­­­մաս ու եր­­­րորդ ոտքս։ «Թըխ-թըխ, թըխ-թըխ». կար­­­ծես ձայնն ալ աղո­­­ւոր է, ու­­­շադրու­­­թիւն կը գրա­­­ւէ։ Ձախ կող­­­մը ար­­­ծա­­­­­­­թագործ Պե­­­տիկին խա­­­նութն է։ Աջ կող­­­մը՝ Մաղ­­­սա­­­­­­­լըթ Զահ­­­րա’ը, մի քա­­­նի քայլ առ­­­ջեւ, ան­­­կիւնը Ճես­­­սին՝ հա­­­գուստի հռչա­­­կաւոր խա­­­նու­­­թը։ Առ­­­ջե­­­­­­­ւը՝ Ճոր­­­ճը, յե­­­տոյ՝ Մու­­­նի­­­­­­­րը ու յե­­­տոյ՝ Թաք­­­սի Պաղ­­­տա­­­­­­­տը։ Կը թե­­­քուինք դէ­­­պի ձախ՝ մին­­­չեւ կա­­­թոճի Ռիատը։ Մին­­­չեւ հի­­­մա ամէն ինչ լաւ է։ Կը պատ­­­րաստուինք փո­­­ղոցը անցնե­­­լու։ Յան­­­կարծ կը զգամ՝ թան­­­թիկ մը մեզ կը կեց­­­նէ։ Ան­­­շուշտ այստեղ պէտք է ըսեմ, որ «թան­­­թիկ» հաս­­­կա­­­­­­­ցու­­­թիւնը Հա­­­լէպի մեջ ին­­­ծի հա­­­մար այդ ժա­­­մանակ կը նշա­­­նակէր յի­­­սուն տա­­­րեկա­­­նէն վեր, քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ, բծախնդիր տի­­­կին մը, անու­­­նը ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս Մա­­­րի Ռոզ կամ Քի­­­լին կամ Իվոն կամ Թե­­­րեզ... Ու խօ­­­սած տա­­­սը բա­­­ռէն չորս հա­­­տը միայն արա­­­բերէն է։

«Պոն սո­­­ւար մա­­­տամ Մու­­­նա, քի՞ֆ էք»։

Մա­­­տամ Մու­­­նան մա­­­մաս է։ «Համտ ըլ­­­լահ», կը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ։

Յան­­­կարծ ձայ­­­նը կը վե­­­րածո­­­ւի փսփսու­­­քի։ Չեմ լսեր կոր՝ ի՞նչ կը խօ­­­սին, բայց յայտնի է, որ զրոյ­­­ցի գլխա­­­ւոր թե­­­ման ես եմ։ Փսփսուք, փսփսուք ու ցաւ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տող բա­­­ցական­­­չութիւն. «Ուաաաա՜խ, ծ,ծ,ծ,ծ։ Եա՜ ալ­­­լաաաա՜հ»։

Նո­­­րէն փսփսուք, նո­­­րէն բա­­­ցական­­­չութիւն։ Ու յան­­­կարծ թան­­­թի­­­­­­­կին դէմ­­­քը ական­­­ջիս դու­­­ռին դի­­­մացն է։

«Սա­­­վա՞, Սա­­­ղօ», շատ բարձր ձայ­­­նով կը պո­­­ռայ։ Անակնկա­­­լի կու գամ ու շատ բնա­­­կան ձե­­­ւով ետ կը քա­­­շուիմ ու կը փոր­­­ձեմ հան­­­գիստ ձայ­­­նով պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նել պար­­­զա­­­­­­­պէս հասկցնե­­­լու հա­­­մար, որ այո, կոյր եմ, չեմ տես­­­ներ կոր այ­­­լեւս, բայց լսո­­­ղու­­­թիւնս տեղն է ու նոր­­­մալ։

«Մեր­­­սի, մեր­­­սի թան­­­թիկ, լաւ եմ»։

Առա­­­ջուը­­­նէ քիչ մը աւե­­­լի ցած ձայ­­­նով կ՛ըսէ. «Զօ­­­րաւոր եղի՛ր, աղօ­­­թէ՛ Աս­­­տուծոյ, շատ լաւ մա­­­մա ու­­­նիս ու Աս­­­տուած ամէն ին­­­չի կա­­­րող է»։

Գլուխս կը շար­­­ժեմ ու եր­­­րորդ ոտքս ալ կը սկսիմ ձե­­­ւով մը շար­­­ժել մա­­­մայիս հասկցնե­­­լու հա­­­մար՝ «եալ­­­լա, մամ, կը բա­­­ւէ»։

Փո­­­ղոցը ան­­­ցանք, Մու­­­սալլա­­­ճաթ Հա­­­տիսէին դի­­­մացն ենք՝ առա­­­ջին հա­­­մով սթիք-պաղ­­­պա­­­­­­­ղակ բե­­­րող խա­­­նու­­­թը։ Քիչ մը առ­­­ջեւ՝ Տիս­­­քո­­­­­­­թեք Մա­­­զենը, որը դեռ թրքա­­­կան CD կը ծա­­­խէ ու դեռ տղա­­­քը խել­­­քերնին հե­­­տը դրած են, որ­­­պէսզի ձե­­­ւով մը սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կեն թրքա­­­կան եր­­­գի տա­­­րածու­­­մը Հա­­­լէպի մեջ։ Կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կենք քա­­­լելը, ու թըխ-թըխ-ի ձայ­­­նը ար­­­դէն խո­­­շիս կու գայ կոր։ Դի­­­մացս ծաղ­­­կա­­­­­­­վաճառ Մըր­­­ճա­­­­­­­նէն է, որ Հա­­­լէպի զոյ­­­գե­­­­­­­րու հար­­­սա­­­­­­­նեկան շռայ­­­լութեամբ հարստա­­­ցաւ։ Կող­­­քը՝ Փից­­­ցա Զաուիէն, որ, ըստ ստա­­­մոք­­­սիս՝ Հա­­­լէպի ամե­­­նահա­­­մով փից­­­ցա պատ­­­րաստող խա­­­նութնե­­­րէն մէկն էր։

Շունչ մը կ՛առ­­­նեմ ու մա­­­մային հետ կը պատ­­­րաստո­­­ւիմ դի­­­մացի մայ­­­թը անցնե­­­լու հա­­­մար։ Սա­­­նապել փու­­­ռը՝ իր հրա­­­շալի ֆրան­­­սա­­­­­­­կան պա­­­կեթով ու քրո­­­ւասա­­­նով, ժե­­­լիպո­­­նի եւ մարշմել­­­լո­­­­­­­յի՝ Հա­­­լէպի առա­­­ջին խա­­­նու­­­թը, որ առաջ գրա­­­դարան էր, ու Ժի­­­րար­­­տը, որուն քով ան­­­պայման պէտք է կե­­­նամ։ Աս մար­­­դը շատ քլաս էր, խա­­­նութն ալ իր անու­­­նին էր։ Ֆրան­­­սա­­­­­­­կան սի­­­րուն-սի­­­րուն կա­­­թոներ կը ծա­­­խէր։ Կա­­­թոնե­­­րուն անուններն ալ ֆրան­­­սե­­­­­­­րէնով գրո­­­ւած էր։ Կը յի­­­շեմ՝ երբ քո­­­վը կը մտնէի, ծա­­­խելու սիրտ չու­­­նե­­­­­­­ցողի պէս ոտ­­­քի կ՛ել­­­լէր, Պալ­­­զա­­­­­­­քի գիր­­­քը մէկ կողմ կը դնէր ու վե­­­րէն նա­­­յելով կը հարցնէր. «Հրամ­­­մե­­­­­­­ցէ՛ք, ինչպէ՞ս կրնամ օգ­­­նել»։ Ամե­­­նասի­­­րած կա­­­թոս կ՛ընտրէի ու, առանց ֆրան­­­սե­­­­­­­րէն անու­­­նը կար­­­դալ կա­­­րողա­­­նալու, մա­­­տիկովս ցոյց կու տա­­­յի.

«Աս­­­կէ հա­­­ճի՛ս... Մեր­­­սի պո­­­քու»։ Էհ, Ժի­­­րարտ, Ժի­­­րարտ, ադ ի՞նչ կա­­­թոնե՜ր էին։

Մա­­­մաս կար­­­ծես երե­­­ւակա­­­յու­­­թիւնս կար­­­դաց ու ցած ձայ­­­նով ական­­­ջիս կը փսփսայ. «Հա­­­մով էին չէ՞ ասոր կա­­­թոնե­­­րը։ Շատ քաղցր էին, հա»։

«Այո, այո», կ՛ըսեմ ու կը յի­­­շեմ յա­­­ւեր­­­ժա­­­­­­­կան ճա­­­կատա­­­մարտս շա­­­քարի ու ին­­­սուլի­­­նի մի­­­ջեւ։ Կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կենք քա­­­լել ու ար­­­դէն Փրի­­­մոյի ան­­­կիւնն ենք։ Փրի­­­մոն լո­­­ւաց­­­քա­­­­­­­տուն էր, որ այ­­­լեւս չկայ։ Դի­­­մացը հռչա­­­կաւոր քա­­­նի մը խա­­­նութ են՝ Ֆա­­­թայեր Սա­­­հան, Համ­­­պըրկըր Մի­­­քին ու Էյ. անտ Թի. ռե­­­քոր­­­տինկը։

Կարճ զրոյ­­­ցէ մը վերջ մա­­­մային հետ կ՛որո­­­շենք ոչ թէ Ազի­­­զիէի թա­­­լա’ան (զա­­­ռիվե­­­րը) բարձրա­­­նալ, այլ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կել ՀՄԸՄ պար­­­տէզ հասցնող ճամ­­­բան։ Պե­­­նեթ­­­թո­­­­­­­նը ան­­­ցանք, ֆառ­­­ռուճ Սե­­­ւանն է իր քլա­­­սիք քար­­­թոն ֆրիի տու­­­փով ու պճլիկ փլաս­­­թիք պա­­­տառա­­­քաղով։ Սո­­­մար անու­­­շա­­­­­­­վաճառն է յե­­­տոյ՝ քիչ առա­­­ջուայ ճա­­­կատա­­­մար­­­տիս երկրորդ կա­­­յարա­­­նը, Յո­­­վիկ շու­­­զը, ՀՄԸՄ պար­­­տէ­­­­­­­զին մուտքը ու հո՛փ՝ երկրորդ թան­­­թի­­­­­­­կը դի­­­մաց­­­նիս կ՛ել­­­լէ։

«Բա­­­րեւ տի­­­կին Մու­­­նա, ինչպէ՞ս ես։ Սա­­­ղոն ի՞նչպէս է»։

Ան­­­շուշտ Սա­­­ղոն ես եմ, որ ճիշդ տի­­­կին Մու­­­նա­­­­­­­յին քո­­­վը կե­­­ցեր է։ Տի­­­կին Մու­­­նան ալ այստեղ իրար կ՛անցնի. «Քա հոս է, հար­­­ցո՛ւր»։

Թան­­­թի­­­­­­­կը, իրար ան­­­ցած, ձեռ­­­քով-ոտ­­­քով, փսփսու­­­քով մա­­­մայէս կը փոր­­­ձէ հասկնալ, թէ նոր­­­մալ կը խօ­­­սի՞, հան­­­գի՞ստ է, կը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ՞։ Մա­­­մաս ալ... մէկ ան­­­գա­­­­­­­մէն կը լսեմ մա­­­մայիս ձայ­­­նը. «Քա հա՜, հա՜»։ Ու թան­­­թի­­­­­­­կը վեր­­­ջա­­­­­­­պէս բարձր ձայ­­­նով կը հարցնէ. «Վա՜յ Սա­­­ղօ, տղաս, ինչպէ՞ս ես։ Քա ի՞նչ եղաւ, տղաս»։ Ու յան­­­կարծ կը սկսի փսփսու­­­քը մա­­­մայիս հետ։ Փսփսուք, փսփսուք, յե­­­տոյ նոյն բարձր ձայ­­­նը կ՛ուղղո­­­ւի ին­­­ծի. «Աչք է, տղաս, աչք։ Աղօ­­­թէ՛, աղօ­­­թէ՛։ Աս­­­տո­­­­­­­ւած պա­­­պան կը լսէ։ Ամէն օր եր­­­կու հատ Հայր մեր, երեք հատ Մա­­­րիամ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծին։ Ու չվախ­­­նա՛ս, հա՜»։

Գլուխս կը շար­­­ժեմ ու նոյն ժա­­­մանակ եր­­­րորդ ոտքս, որ­­­պէսզի մա­­­ման հասկնայ, որ եղաւ... պըխ­­­մըշ եղայ, քա­­­լենք։

Ապու Յա­­­կոբի սու­­­ճուխի գրգռիչ հո­­­տերն են, փից­­­ցա Հաու­­­սը, Շամս կա­­­զիէն, Մա­­­տինըթ մա­­­լահին, որ այ­­­լեւս չկայ, ու կրկին մեր տու­­­նը։

Հա­­­տիկ-հա­­­տիկ աս­­­տի­­­­­­­ճան­­­նե­­­­­­­րը կը բարձրա­­­նամ, թըխ-թըխ, տուն կը մտնեմ ու կը տե­­­ղաւո­­­րուիմ սի­­­րած աթո­­­ռիս վրայ։ Փայ­­­տիկս կը ծա­­­լեմ, կը դնեմ կողքս ու ժպտա­­­լով եր­­­կար շունչ մը կ՛առ­­­նեմ։ Մա­­­մաս, նո­­­րէն կար­­­դա­­­­­­­լով միտ­­­քերս, կը հարցնէ. «Յոգ­­­նե­­­­­­­ցու­­­ցիչ էր, չէ՞»։ Կը խնդամ։ «Պէտք է կա­­­մաց-կա­­­մաց վար­­­ժո­­­­­­­ւիս, Սա­­­ղօ՛»։

Սի­­­րելի փայ­­­տիկս՝ եր­­­րորդ ոտքս, նո­­­րէն կը բա­­­նամ, թըխ-թըխ գե­­­տին զար­­­նե­­­­­­­լով, մա­­­մային կ՛ըսեմ. «Ան­­­պայման, մա՛մ։ Կեան­­­քը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի։ Ու ես ալ շուտ կը վար­­­ժո­­­­­­­ւիմ, բայց կը սպա­­­սեմ, որ իրենք ալ վար­­­ժո­­­­­­­ւին։ Թըխ-թըխ, թըխ-թըխ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ