Գեղարուեստի եւ մշակոյթի մտորումներ. Լեռնա Պապիկեանի «Ստեղծագործական պար/մարմնաւորուած մանկավարժութիւն» գիրքին մասին

ՄԵՐԻ ԹԵՔ ՏԵՄԻՐ

Ինչպէ՞ս կա­­­րելի է կա­­­տարո­­­ղական արո­­­ւես­­­տը գրու­­­թեան մը պատ­­­շա­­­­­­­ճեց­­­նել, եւ եթէ նոյ­­­նիսկ պատ­­­շա­­­­­­­ճեցո­­­ւի, կա­­­րելի՞ է զայն դա­­­սաւան­­­դել գրու­­­թեան ճամ­­­բով։ Բար­­­ռե­­­­­­­սիա գո­­­լէք­­­թի­­­­­­­վի ան­­­դամ, արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ, ման­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­վարժ եւ գրող Լեռ­­­­նա Պա­­­­պիկեանի «Ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­կան պար/մարմնա­­­­ւորո­­­­ւած ման­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­վար­­­­ժութիւն» գիր­­­­քը գրե­­­­թէ ամ­­­­բողջա­­­­կան պա­­­­տաս­­­­խան կու տայ այս հար­­­­ցումին։ Գիր­­­­քը ու­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­ցոյց կա­­­­րելի է հա­­­­մարել պա­­­­րով հե­­­­տաքրքրո­­­­ւող ման­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­վարժնե­­­­րուն եւ պա­­­­րի մի­­­­ջոցով մար­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­նի իրա­­­­զեկու­­­­թիւնը ու­­­­սումնա­­­­սիրել ու­­­­զողնե­­­­րուն։ Նա­­­­խաբա­­­­նին մէջ, ուր Պա­­­­պիկեան կը խօ­­­­սի թա­­­­գաժահր հա­­­­մաճա­­­­րակի օրե­­­­րու մե­­­­կու­­­­սացման շրջա­­­­նին գրե­­­­լու ըն­­­­թացքին մա­­­­սին եւ կը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նէ գիր­­­­քին բո­­­­վան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թիւնը, ան կը յայտնէ, որ պարն ու շար­­­­ժումը լոկ կա­­­­տարո­­­­ղու­­­­թեան մը նո­­­­ւազեց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու մօ­­­­տեցու­­­­մը պա­­­­րարո­­­­ւես­­­­տը կը հե­­­­ռաց­­­­նէ իր փի­­­­լիսո­­­­փայու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն եւ պատ­­­­մութե­­­­նէն. Պա­­­­պիկեան նաեւ կը խօ­­­­սի մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին ժա­­­­ռան­­­­գութեան մէջ վե­­­­րոն­­­­շեալ յատ­­­­կութեան նշա­­­­նակու­­­­թեան մա­­­­սին։ Ի դէպ, սե­­­­րունդէ սե­­­­րունդ մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին ժա­­­­ռան­­­­գութեան փո­­­­խան­­­­ցումը Լեռ­­­­նա Պա­­­­պիկեանին ընդգծած կա­­­­րեւո­­­­րագոյն գա­­­­ղափար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն մէկն է, բան մը, որ ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­կան իր ճա­­­­նապար­­­­հորդու­­­­թիւնը իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­յատուկ կը դարձնէ։

Խո­­­­րանա­­­­լով ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­կան պա­­­­րի ծա­­­­գումնա­­­­բանու­­­­թեան մէջ, գիր­­­­քին առա­­­­ջին բա­­­­ժինը մե­­­­զի հա­­­­ւանա­­­­բար կը յու­­­­շէ իրո­­­­ղու­­­­թիւն մը, որ մենք ան­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­սած կրնանք ըլ­­­­լալ՝ ժա­­­­մանա­­­­կակից պա­­­­րի հա­­­­մատա­­­­րած ըն­­­­դունե­­­­լու­­­­թեան պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռով։ Ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­կան պա­­­­րը կրթա­­­­կան մարզ մը չէ, որ ծնած է այ­­­­սօ­­­­­­­­­­­­­­­րուան ար­­­­դիակա­­­­նու­­­­թեան հաս­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցողու­­­­թեան հետ, այլ, ինչպէս Պա­­­­պիկեան կը հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տէ, անոր ար­­­­մատնե­­­­րը կը հաս­­­­նին մին­­­­չեւ մար­­­­դու պատ­­­­մութեան սկիզբնե­­­­րը։ Անի­­­­կա ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութեան ձեւ մըն է, որ զար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ցած է դա­­­­րերու վրայ՝ նա­­­­խապէս օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ւած քա­­­­րայ­­­­րաբնակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու կող­­­­մէ իբ­­­­րեւ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութեան մի­­­­ջոց, ինչպէս նաեւ՝ ծի­­­­սակա­­­­տարու­­­­թիւննե­­­­րու ըն­­­­թացքին։ Խոր­­­­քին մէջ, ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­կան պա­­­­րը, որ կը կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նանայ մար­­­­դու ֆի­­­­զիքա­­­­կան ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութեան վրայ, նաեւ ինքզինք կը բա­­­­ցայայ­­­­տէ իբ­­­­րեւ մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին դրսե­­­­ւորում՝ նկա­­­­տի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալով, որ, ինչպէս որե­­­­ւէ գե­­­­ղարո­­­­ւեստ, պա­­­­րարո­­­­ւես­­­­տը կը ներշնչո­­­­ւի զա­­­­նազան նիւ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­րէ, օրի­­­­նակ՝ առաս­­­­պե­­­­­­­­­­­­­­­լաբա­­­­նու­­­­թիւն, բնու­­­­թիւն, եւ ձեւ ու կեր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րանք կը ստա­­­­նայ տո­­­­ւեալ ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թեան յա­­­­տուկ մի­­­­ջավայ­­­­րին ներ­­­­քեւ։ Միւս կող­­­­մէ, թէեւ ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­կան պա­­­­րը ժա­­­­մանա­­­­կի ըն­­­­թացքին զար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ցած է որո­­­­շակի մօ­­­­տեցումնե­­­­րու եւ մե­­­­թոտ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ընդմէ­­­­ջէն, սա­­­­կայն իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւր ան­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­տի պա­­­­րի ընդմէ­­­­ջէն ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայտչու­­­­թիւնը եւ ստեղ­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ւած մարմնա­­­­կան եւ ոգե­­­­ղէն ամ­­­­բողջա­­­­կանու­­­­թիւնը ի վեր­­­­ջոյ կը վե­­­­րածո­­­­ւին իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­յատուկ եւ ինքնա­­­­տիպ ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութեան մը։ Յա­­­­ջորդ բա­­­­ժին­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացուած մե­­­­թոտ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ու­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­ցոյց մը կը հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սանան ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­կան պա­­­­րի մի­­­­ջոցով ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւիլ եւ մար­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­նը աւե­­­­լի լաւ ճանչնալ ու­­­­զողնե­­­­րուն հա­­­­մար։ Այլ խօս­­­­քով, ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացո­­­­ւած թեք­­­­նիքնե­­­­րը կը ծա­­­­ռայեն ֆի­­­­զիքա­­­­կան եւ հո­­­­գեկան ամ­­­­բողջա­­­­կանու­­­­թիւնը աւե­­­­լի հասկնա­­­­լու եւ այս հաս­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցողու­­­­թեան մի­­­­ջոցով վե­­­­րաձե­­­­ւաւո­­­­րուե­­­­լու։ Այս կէ­­­­տին մէջ կա­­­­րեւոր դեր կը խա­­­­ղան Լեռ­­­­նա Պա­­­­պիկեանի եր­­­­կար տա­­­­րինե­­­­րու տե­­­­ղական թէ՛ մի­­­­ջազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին գետ­­­­նի վրայ ձեռք բե­­­­րած մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գիտա­­­­կան եւ անձնա­­­­կան փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թիւննե­­­­րը եւ դրա­­­­կան ու իր գի­­­­տելիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը բաժ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու պատ­­­­րաստա­­­­կամ մօ­­­­տեցումնե­­­­րը։ Պա­­­­պիկեան, որ ժա­­­­մանա­­­­կակից կա­­­­տարո­­­­ղական արո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտ է եւ որուն ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւննե­­­­րուն մէջ կը տես­­­­նենք նաեւ իր ման­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­վար­­­­ժի եւ ու­­­­սումնա­­­­սիրո­­­­ղի կող­­­­մը, կը տի­­­­րապե­­­­տէ պա­­­­րի բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ տե­­­­սական եւ գործնա­­­­կան թեք­­­­նիքնե­­­­րու, որոնք կը նե­­­­րառէ իր դա­­­­սաւան­­­­դութիւննե­­­­րուն մէջ։ Այ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւամե­­­­նայ­­­­նիւ, ինչպէս նա­­­­խապէս նշե­­­­ցինք, Պա­­­­պիկեանի ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւննե­­­­րուն մէջ նոյնքան կա­­­­րեւոր են իր մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին ժա­­­­ռան­­­­գութեան ու ար­­­­մատնե­­­­րուն ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ցոլա­­­­ցու­­­­մը։ Այդ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ցոլումնե­­­­րուն մենք կը հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պինք իր գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ, ինչպէս որ՝ իր գիր­­­­քին մէջ։

14 Սեպ­­­­տեմբեր 2023-ին, Բար­­­­ռե­­­­­­­­­­­­­­­սիա գո­­­­լէք­­­­թի­­­­­­­­­­­­­­­վի տա­­­­րած աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանքնե­­­­րուն ծի­­­­րին մէջ, Պա­­­­պիկեան կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պեց առ­­­­ցանց զրոյց մը (ուե­­­­պինար)՝ «Ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­կան պա­­­­րը որ­­­­պէս մտա­­­­յին եւ ֆի­­­­զիկա­­­­կան ազա­­­­տագ­­­­րութեան եւ հա­­­­ւասա­­­­րու­­­­թեան վար­­­­ժութիւն» վեր­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գիրով։ Ուե­­­­պինա­­­­րին ըն­­­­թացքին ան նկա­­­­րագ­­­­րեց իր գոր­­­­ծին զար­­­­գացման ըն­­­­թացքը եւ մեծ ոգե­­­­ւորու­­­­թեամբ յի­­­­շեց Կո­­­­միտաս Վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետը, որ տեղ գտած է նաեւ իր գիր­­­­քին մէջ։ Գիր­­­­քին մէջ ան կը յայտնէ, որ 1912 թո­­­­ւակա­­­­նին Կո­­­­միտաս Վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետ Էսա­­­­յեան վար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­րանի ու­­­­սուցիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն դա­­­­սախօ­­­­սու­­­­թիւն տո­­­­ւած է աշա­­­­կեր­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կեդ­­­­րոն երաժշտա­­­­կան եւ պա­­­­րարո­­­­ւես­­­­տի կրթու­­­­թեան մա­­­­սին։ Այս տե­­­­ղեկու­­­­թիւնը ոչ միայն կ՚ոգե­­­­ւորէ Պա­­­­պիկեանը, այլ նաեւ կը յու­­­­զէ. «1912 էր, Թաք­­­­սի­­­­­­­­­­­­­­­մի Էսա­­­­յեան վար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­րան… շատ յու­­­­զո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցայ, երբ կար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­ցի ասոր մա­­­­սին, ձե­­­­ւով մը անակնկա­­­­լի եկած էի՝ միաժա­­­­մանակ տխրու­­­­թիւն մը տի­­­­րեց վրաս։ Նման գան­­­­ձի մը կո­­­­րուստը… այս հո­­­­ղերուն վրայ նման գի­­­­տակ­­­­ցութիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած ըլ­­­­լալ, եւ մեր կար­­­­գին փոր­­­­ձել վե­­­­րապատ­­­­մել ատի­­­­կա այնպէս մը, որ կար­­­­ծես բնաւ չէ պա­­­­տահած, կար­­­­ծես բնաւ չէ ապ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած, աւե­­­­լի քան դար մը ետք, իս­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պէս ազ­­­­դեց վրաս»։ Բնա­­­­կանա­­­­բար, Լեռ­­­­նա Պա­­­­պիկեանի գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մեր տե­­­­սած մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին ակունքնե­­­­րուն այս մտո­­­­րումնե­­­­րը միայն Կո­­­­միտա­­­­սի օրի­­­­նակով չի սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նափա­­­­կուիր իր գիր­­­­քին մէջ։ Ան քա­­­­նի մը տա­­­­րի առաջ Պեր­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­նի մէջ «Այ­­­­բուբե­­­­նի հետ պար» ծրա­­­­գիրով իր ար­­­­մատնե­­­­րուն վե­­­­րադար­­­­ձի հար­­­­ցին կը մօ­­­­տենայ թե­­­­րեւս պատ­­­­մութեան սկիզ­­­­բէն՝ այ­­­­բուբե­­­­նի մի­­­­ջոցով։ Մար­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­նի շար­­­­ժուձե­­­­ւերով գի­­­­րերը կեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լը յատ­­­­կանշա­­­­կան օրի­­­­նակ է գե­­­­ղարո­­­­ւես­­­­տի մէջ հե­­­­տազօ­­­­տու­­­­թեան եւ դա­­­­սաւանդման իր իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­յատուկ ճա­­­­նապար­­­­հորդու­­­­թեան վե­­­­րաբե­­­­րեալ։ Աւե­­­­լին, Պա­­­­պիկեան այս փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թիւնը ինքզին­­­­քին չի պա­­­­հեր, այլ հնա­­­­րաւո­­­­րու­­­­թիւն կու տայ, որ իր կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պած սե­­­­մինար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մեծ ու փոքր մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կից­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը յայտնա­­­­բերեն իրենց անձնա­­­­կան փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թիւնը՝ իրենց եւս մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կից դարձնե­­­­լով այս ճա­­­­նապար­­­­հորդու­­­­թեան։ Այս կի­­­­րառու­­­­թեան հիմ­­­­քին մէջ կը գտնուի արո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտին գի­­­­տակ­­­­ցութիւնն ու զգայ­­­­նութիւ­­­­նը։ Բա­­­­ւական ար­­­­ժէ­­­­­­­­­­­­­­­քաւոր է արո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտին անձնա­­­­կան մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանու­­­­թեան ընդմէ­­­­ջէն հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սատե­­­­սին, ակնդի­­­­րին եւ գրո­­­­ղին ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նել թէ ի՛նչ գո­­­­յու­­­­թիւն ու­­­­նի եւ ի՛նչ մոռ­­­­ցո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է, ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նել ար­­­­մատնե­­­­րուն գո­­­­յու­­­­թիւնը. այս կը կեր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րանա­­­­փոխէ ու կը հարստաց­­­­նէ արո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտը։ Պա­­­­պիկեան մխրճուելով այ­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­նարա­­­­նի աշ­­­­խարհին, որ խոր­­­­քին մէջ վե­­­­րացա­­­­կան աշ­­­­խարհ մըն է, կ՚իրա­­­­կանաց­­­­նէ վե­­­­րադարձ դէ­­­­պի իր ակունքնե­­­­րը եւ հնա­­­­րաւո­­­­րու­­­­թիւն կու տայ մե­­­­զի ապ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­լու մեր անձնա­­­­կան փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թիւննե­­­­րը այս գի­­­­րերուն ընդմէ­­­­ջէն, այ­­­­սօ­­­­­­­­­­­­­­­րուան մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանու­­­­թիւննե­­­­րով։ Մինչ մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին ժա­­­­ռան­­­­գութեան մէջ լե­­­­զուին կա­­­­րեւո­­­­րու­­­­թիւնը ար­­­­ծարծե­­­­լը աւե­­­­լորդ է, միջ­­­­մարզա­­­­յին (interdisciplinary) մա­­­­կար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կի վրայ ան ցոյց կու տայ նա­­­­խապէս ան­­­­յե­­­­­­­­­­­­­­­տացող բա­­­­նի մը վե­­­­րապ­­­­րումը՝ օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­լով ըն­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­զո­­­­­­­­­­­­­­­ւած գե­­­­ղարո­­­­ւեստներ՝ ո՛չ միայն մտա­­­­յին, բայց այս ան­­­­գամ նաեւ մարմնա­­­­կան եւ հո­­­­գեւոր ամ­­­­բողջա­­­­կանու­­­­թեամբ։ Այս գծով, սխալ պի­­­­տի չըլ­­­­լայ ըսե­­­­լը, որ Լեռ­­­­նա Պա­­­­պիկեան բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կող­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նի արո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտ է, որ չի տա­­­­տամ­­­­սիր իր արո­­­­ւես­­­­տը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լէ, կեան­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րու վրայ ազ­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­լէ եւ շարք մը նա­­­­խապա­­­­շարումներ կոտ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­լէ, այնքան որ­­­­քան կա­­­­տարո­­­­ղական արուես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտ է։ Ուստի, յօ­­­­դուա­­­­ծը կ՚եզ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­փակեմ կրկնե­­­­լով Էնն Կրին Կիլ­­­­պերթի (Anne Green Gilbert) մաղ­­­թանքով, որ յայտնած է գիր­­­քին նա­­­խաբա­­­նին մէջ ու կը մաղ­­­թեմ, որ Պա­­­պիկեանին գիր­­­քը այլ լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու թարգմա­­­նուի եւ գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րը ու­­­ղե­­­­­­­ցոյց դառ­­­նան այ­­­լա­­­­­­­զան մշա­­­կոյթնե­­­րէ եկած մարդկանց հա­մար։

Թարգմա­նեց՝ Արազ Գո­ճայեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ