Կազայի մէջ մարդկութիւնն է, որ կ՚ոչնչանայ

Երբ լրա­ցած է «Հա­մաս»ի յար­ձա­կու­մով մեկ­նարկած եւ ապա Պա­ղէս­տին եր­կի­րը բնաջնջե­լու վե­րածուած դա­ժան պա­տերազ­մին առա­ջին ամի­սը, զո­հերու թի­ւը գե­րազան­ցած է 10 հա­զարը։

Այդ զո­հերուն հա­մարեա կէ­սը ան­չա­փահաս­ներ, նոյ­նիսկ մա­նուկներ են։ Առ­նո­ւազն այդքան մա­նուկ կամ երա­խայ ալ ծնո­ղազուրկ մնա­ցին։ Ապար­դիւն են ՄԱԿ-ի հնչե­ցու­ցած զի­նադա­դարի կո­չերը։ Իս­րա­յէլի կա­ռավա­րու­թիւնը թաքցնե­լու կա­րիք ան­գամ չի տես­ներ, որ իր վերջնա­կան նպա­տակը Կա­զայի գրա­ւումն է։ Ար­դէն քա­ղաքի ժո­ղովուրդի կէ­սէն աւե­լին լքած են իրենց տու­նե­րը եւ կը փոր­ձեն ապաս­տա­նիլ դէ­պի Եգիպ­տոս։

Ան­գամ մը եւս ակա­նատես կ՚ըլ­լանք քա­ղաքակրթու­թիւննե­րու բա­խու­մին, քա­նի որ ԱՄՆ, ԵՄ եւ անոնց ազ­դե­ցու­թեան գօ­տիին մէջ գտնո­ւող բո­լոր եր­կիրնե­րը ան­վե­րապահ կեր­պով կ՚աջակ­ցին իս­րա­յէլեան անխնայ յար­ձա­կումնե­րուն։

Հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան առու­մով խիստ մտա­հոգիչ է պար­զո­ւած պատ­կե­րը, որ կը սպառ­նայ հա­մամարդկա­յին բո­լոր ար­ժա­նիքներու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ